Մելանի Ռընէ (1 Սեպտեմբեր 1990(1990-09-01)[1], Ժընեւ, Զուիցերիա), մաւրիտական ծագումով զուիցերիացի երգահան, երգչուհի է, որ ներկայացուցած է Զուիցերիան Եւրոտեսիլի 2015 երգի մրցոյթին իր "Time to Shine" (Շողալու ժամանակն է) երգով[2]:

Մելանի Ռընէ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Մելանի Ղենէ, ծնած է 1 Սեպտեմբեր 1990-ին Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ երաժիշտներու ընտանիքի մէջ[3]: Դեռ վաղ հասակէն ան երաժշտական հակում ունէր եւ 7 տարեկանէն սկսկեալ սկսած է իր առաջին երաժշտական քայլերը առնելու՝ հանդէս գալով տարբեր ծրագիրներու մէջ։ 9 տարեկանէն ան արդէն դաշնամուրի նուագածութեամբ իր առաջին երգերը կ՛երգէր։

2003-2009-ններու ընթացքին, Մելանի կը սորվի Զուիցերիոյ նյոն քաղաքի երաժշտական դպրոցներէն մէկուն մէջ։ Երիտասարդ արուեստագէտը հոս կը սորվի երգահանութիւն, բեմականացում եւ այլն։ Կը մասնակցի երգի, պարի, դաշնամուրի, թատերական դասերու։ Ան նաեւ կը մասնակցի ֆրանսացի յայտնի երգահան, Քլաուդ Լեմեսլի դասաւանդած դասերուն։

2008-ին, Մելանի Ռումինիոյ Պրասով քաղաքին մէջ կը մասնակցի միջազգային "le Cerf d’Or" (Ոսկէ եղնիկ) փառատօնին[3]: Նոյն տարին ան հրաւէր կը ստանայ փառատօնի 40-րդ ամեակին մասնակցելու համար։ Փետրուար 2009-ին, Էլիան Տամպղէի հետ միասին, երգչուհին կը մասնակցի "Y’a pas l’feu au lac" (Լճին մէջ հրդեհ չկայ) միջազգային մրցոյթին, ուր կը ներկայացնէ Շառլ Ազնաւուրի հեղինակաւոր երգերը։ Մայիս 2009-ին, Մելանի կը ներակայցանէ Զուիցերիացի հեղինակաւոր "Ճորճ Կրեկորի" միջազգային փառատօնին եւ առաջին դիրքը կը գրաւէ իր "Il chante aves les anges" (Ան հրեշտակներու հետ կ՛երգէ) երգով։ Այս նոյն երգով, ան մայիս 2010-ին ռումանական հեռուստաալիքի կողմէն կը հիւրընկալուի։

Սեպտեմբեր 2010-ի, ան կ՛ուղղուի Անգլիա եւ իր ուսումը կը շարունակէ հանրաճանաչ ACM (Ժամանակակից երգի ակադեմիա)-ի մէջ, հոս ան կը բարելաւէ իր բեմական կեցուածքը, երաժշտական գեղարուեստական գործունէութիւնը եւ ճաշակը։ Ուսման ընթացքին ան կը հիմնէ իր սեփական խումբը (French Konnection, որ հետագային կը վերանուանուի իբրեւ The Motherfunkers եւ համատեղ հանդէս կու գան տարբեր ակումբներու մէջ։

2012-ին ան կը շարունակէ իր ուսումը անգլիական այլ հանրաճանաչ BIMM (Ժամանակակից երգի Պրինկթոնի) համալսարանին մէջ։ Իր ոգեւորուածութեան եւ տաղանդի շնորհիւ, ան կը դառնայ Project Lumière խումբի անդամ։ Մելանի իր ուսման ընթացքին նաեւ կ՛աշխատի շարք մը այլ խումբերու հետ՝ հանդէս գալով եւ՛ որպէս առուակ-ձայներգիչ, եւ՛ որպէս մեներգչուհի։

2015-ին, ան կը մասնակցի Եւրոտեսիլի 2015 երգի մրցոյթի զուիցերիական նախընտրական փուլին։ 31 յունուար-ին, ան որպէս յաղթող կը յայտարարուի եւ իրաւունք կը ստանայ Զուիցերիան ներկայացնելու Վիեննայի մէջ կայանալիք Եւրոտեսիլի 2015 երգի մրցոյթին իր "Time to Shine" (Շողալու ժամանակն է) երգով։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել