Մելքոն Կիւրճեան

Հրանդ (Մելքոն Կիւրճեան) (1859[1][2], Հաւաւ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 1915[1][2], Անգարա, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ գրող, ուսուցիչ։

Մելքոն Կիւրճեան
Ծնած է 1859[1][2]
Ծննդավայր Հաւաւ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 1915[1][2]
Մահուան վայր Անգարա, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[3][1]
Ուսումնավայր Սկիւտարի Ճեմարան[1]
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հրապարակախօս

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Բալուի Հաւաւ գիւղը։ Նախակրթութիւնը հոն ստացած՝ կու գայ Պոլիս ու կը մտնէ Սկիւտարի ճեմարանը։ Աւարտելով՝ հոն կը դառնայ ուսուցիչ։

1888 թուականէն՝ կ՛աշխատակցի «Արեւելք»ին։ Հոն, ապա նաեւ «Մասիս»ի եւ «Հայրենիք»ի մէջ, Ա. Արփիարեանի մղումով կը հրատարակէ «Նամակներ Պանդուխտի Կեանքէն» շարքը, որ կը գտնէ լայն արձագանգ, քաղաքաբնակ հայութեան մօտ արթնցնելով խեղճ պանդուխտ հայրենակիցներու հանդէպ եղբայրական զօրակցութեան զգացումները։ Նոյն տարիներուն, կը գրէ նաեւ պատմուածքներ իր սերունդի գրագէտներուն հարազատ այլ նիւթերով։

1893 թուականին ամիս մը կը բանտարկուի՝ յեղափոխական գործի մասնակցութեան կասկածով (արդարեւ մտած էր դաշնակցական կազմակերպութեան մէջ)։

1896 թուականին, կրկին վտանգուած, կ՛անցնի արտասահման, ու Վառնա (Պուլկարիա) դպրոց մը կը բանայ գաղթական հայ մանուկներուն համար։

1898 թուականին կը վերադառնայ Պոլիս, բայց կրկին կը ձերբակալուի, վեց ամիս կը բանտարկուի ու ապա կ՛աքսորուի ներքին նահանգները, ուր պիտի մնայ տասը տարի։

Իրօք 1908 թուականին, Սահմանադրութենէն ետք, Հրանդին կը յաջողի վերադառնալ մայրաքաղաք, ուր կը գործէ դարձեալ իբր ուսուցիչ հայ լեզուի ու գրականութեան, նաեւ իբր հմուտ դասախօս՝ գրաբարի։

Լոյս կ՛ընծայէ պատմուածքներ Պոլսոյ թերթերուն՝ «Բիզանդիոն»ի, «Ազատամարտ»ի եւ «Երկունք»ի մէջ։ Ֆրանսերէնէն կը թարգմանէ փիլիսոփայական լուրջ գործ մը՝ «Յիսուսի Կեանքը» (Օկիւսթ Ռընանի)։

1910 թուականին, կ՛ընտրուի պատգամաւոր՝ մասնակցելու կաթողիկոսական ընտրութեան։ Էջմիածինէն վերադարձին՝ «Արեւելք»ի մէջ, երկար յօդուածաշարքով, կը հրատարակէ իր տպաւորութիւնները։

1915 թուականի Ապրիլին կը ձերբակալուի եւ Թուրքիոյ խորերը քշուած՝ երկու ամիս ետք կը սպաննուի։

Իր գործերէն Խմբագրել

1931 թուականին, Փարիզի «Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ» ընկերակցութիւնը, մամուլէն հաւաքելով կը հրատարակէ Հրանդի մաս մը գործերէն։ Ընդհանուր խորագիր՝ «Պանդուխտի Կեանքէն»։

Պանդուխտին Կեանքը Խմբագրել

Քրոնիկը հաւաքական կեանքի մէկ երեսը ցոլացնող այն գրութիւնն է, որուն իբր մօտաւոր համապատասխան՝ մեր ներկայ գրականութեան մէջ, ունինք ակնարկը։ «Արեւելք» թերթին շուրջ խմբուած գրողներու սերունդը կը հաշուէր բնիկ հայաստանցի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Պոլիս խուժող հայ գիւղացիութեան ճակատագիրով մտահոգ, անոնք իրենց գրական արտադրութիւններուն մէջ անշուշտ լայն տեղ պիտի տային այս հարցին։ Ծագումով պոլսեցի գրագէտներ եւս, ինչպէս Գր. Զօհրապ, երբեմն նոյնքան զգայուն պիտի դառնային անոր հանդէպ։

Քրոնիկի տիպական օրինականեր կը բերէ մեզի՝ Հրանդի «Նամակներ Պանդուխտի Կեանէն» շարքը։ Պանդուխտ պատանիի մը վերաբերող այս հատուածը ամենախօսուն ձեւով կ՛արտահայտէ իր տագնապը, նաեւ զգալու եւ գրելու ոճը։

Ա՛լ տեղ չմնաց, տեղ չկայ խաներուն մէջ. լցուած են իրարու վրայ ամէն կողմէ, ամէն քաղաքէ ու գիւղէ՝ նոր մարդիկ, նոր պատանիներ... Նորեկ պանդուխտներու մեծ թիւը կը կազմեն 14-16 տարեկանները, խեղճուկ հագուած, ոտքերուն հինցած պատռտած կօշիկ մը, որոնք 15-20 օր լեռ ու քար, սար ու ձոր կտրելով Պոլիս հասեր են։ Կը նստին օրերով, կը սպասեն ամիսներով. պարտքով ճամբայ ելած, պարտքով շոգենաւի վարձք հատուցած, հիմա ալ պարտքով պարապ կը նստին, դեռատի պատանիներ, զրկուած սիրելիներէ եւ կենսական օդէն ալ։

Օր մը, խանի մը սենեակը կը մտնէի. նորահաս պատանի մը անկողնին վրայ մէկ քով կռթնած էր ձեռքը դրած գլխին ու մտախոհ։ «Բան մը չունիմ» ըսելով ծածկեց ինձմէ իր վշտագին սիրտը, թէեւ ես դժուարութիւն չունէի իմանալու։ Մայրը թուղթ ղրկած էր, հէք կինը պարտքեր ու պէտքեր դրած էր զաւկին առջեւ. իսկ տղան ոչ միայն գործ չունէր, այլեւ գործելու ալ կրթուած չէր տակաւին...

Երկեր Խմբագրել

  • Գրաբար լեզու: Միջին ընթացք, Կ. Պոլիս, 1913, 160 էջ:
  • Կործանւող յեկեղեցի, Թիֆլիս, 1926, 32 էջ:
  • Ամբողջական երկեր, հատ. Ա, Փարիզ, 1931, 220 էջ:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 80:
  • Մինաս Թէօլէօլեան, Դար Մը Գրականութիւն, Ա․ հատոր (Բ․ տպագրութիւն), 1977, Պոսթըն, էջ 341 - 344:
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 2.
  3. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 270. — ISBN 978-2-905686-93-0