Մեղարա (յուն․՝ Μέγαρα), արեւմտեան Ատիկէի քաղաք։ Կը գտնուի Սարոնիքոս ծոցին հիւսիսային ափերուն եւ Աթէնքին ու Կորնթոսի միջեւ։ Մեղարէոն քաղաքապետութեան կեդրոնն է։ Բնակչութեան թիւը 23 456 է, իսկ քաղաքապետութեան՝ 36 924։ Մեղարան կառուցուած է երկու բլուրներու վրայ եւ հեռուէն կղզիի երեւոյթը ունի։

Քաղաք
Մեղարա
Μέγαρα
Մեղարա
Երկիր  Յունաստան[1]
Երկրամաս [[Ատիկէ, Յունաստան]]
Տարածութիւն 322,21 քմ²
ԲԾՄ 4 մեթր
Պաշտօնական լեզու Յունարէն
Բնակչութիւն 23 456 մարդ
Կը գտնուի ափին Սարոնիքոս ծոցին
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 2296
Փոստային ցուցանիշ 191 00
Պաշտօնական կայքէջ megara.gr
«Թէաղենիսի աղբիւր»․ Մեղարա
Տիմիթրային քարայրը
Մեղարա․ Ականջօղ, Ք․Ա․ 620, Լուվր թանգարան
Մեղարացի աղջիկ, գործ 1910-ի, Վիգենտիոս Պոքացիապիս
Մեղարացի տղամարդ, գործ 1930-ի,Նիքոլաս Սփերլինկ
Մեղարայի դիրքը

Պատմական ակնարկ Խմբագրել

Անուանում Խմբագրել

Հնադարէն Մեղարա անունը ամփոփոխ մնացած է։ Անունին ծագման տարբերակներէն գլխաւորներն են՝

Իրոտոթոս եւ Ստեփան Բիւզանդացին Մեղարա անունը կը վերագրեն Փոսիտոնաս աստուծոյ զաւկին՝ Մեղարէա հերոսին։ Վերջինս կ՛ օգնէ Մեղարայի Նիսօ թագաւորին յաղթէ Կրետէի Մինոաս թագաւորին, սակայն կռիւի դաշտին կը սպաննուի եւ հոն կը թաղուի․ այդ պատճառով քաղաքը Մեղարա կ՛ անուանուի։ Ուրիշ տարբերակի մը համաձայն, Փաֆսանիաս Մեղարացիներուն կարծիքը արձանագրելու ատեն, զայն կ՛ առնչէ «մեղարա»ներուն հետ՝ այսինքն Տիմիթրա աստուածուհիին (որ հնադարէն կը պաշտուէր) տաճարներուն հետ, հիմնուած Տիմիթրային ի պատիւ։

Դիցաբանութիւն Խմբագրել

Մեղարան կը բնակուի Նոր Քարէ դարուն շրջանէն։ Միկինեան շրջանին Ատիկէի 4 շրջաններէն մէկն էր․ շրջանները կը կառավարէին Փոսիտոնաս աստուծոյ 4 զաւակները։ Դիցաբանութիւնը կը պատմէ թէ քաղաքը բնակած ու թագաւորած են հին ժողովուրդներ, ինչպէս օրինակ՝ Քարես եւ Լելեղես։ Մինչեւ այսօր, քաղաքին կարգ մը շրջանները այդ անուներով կ՛ անուանուին։

Փաֆսանիաս արձանագրած է թէ Ք․Ա․ 1000-ական թուականներուն, նախ քան Տորեացիներուն աշրաւանքը, Մեղարան հզօր Աթէնքին ենթակայ էր։

Հնագոյն տարիներ Խմբագրել

Տորեացիներու Յունաստանի ցամաքամասը արշաւանքէն ետք, Մեղարա կը հաստատուին տորեան ցեղեր։ ԱՆոնք քաղաքէն կը վտառեն հին բնակիչները՝ Յոնիացիներ եւ Վիոթիացիներ։ Նոր բնակիչները Մեղարիս կը կոչուին եւ նոր պետութիւն կը հաստատեն, որուն կեդրոնը Մեղարան կը հասնդիսանայ։

Ք․Ա․ 8-րդ եւ 6-րդ դարերուն ընթացքին յաջորդաբար կը կռուին Աթէնքին եւ Կորնթոսին դէմ։ Իսկ 6-րդ դարուն Սալամինա կղզին կռուախնձոր կը դառնայ Աթէնքին եւ Մեղարային միջեւ։ Ք․Ա․ մօտաւորապէս 625-ին, բռնատէր Թէաղենիսի ժամանակ, քաղաքին մէջ ենթակառոյցներ կը շինուին եւ պատմութեան մէջ յայտնի են իբրեւ «Թէաղենիսի աղբիւր» Κρήνη του Θεαγένη․ հետքերը մինչեւ այսօր կան քաղաքին մէջ։[2]

Գաղթօճախներու հիմնում Խմբագրել

Մեղարացիները տեղի նեղութեան եւ հզօր դրացիներուն (Սալամինա, Աթէնք, Կորնթոս․․․) պատճառով, կը ստիպուին գաղթել եւ հիմնել բազմաթիւ գաղթօճախներ։ Յունաստանի երկրորդ գաղթակայաններու հիմնումի շրջանին, անոնք բաւական գաղթօճախներ կը հիմնեն արեւելեան Թրակիա, Փրոփոնտիտա, Վոսպոր (Բիւզանդիոն՝ արեւմտեան ափ եւ արեւելեան ափին Հալքիտոնա՝ այսօրուան Քատըքիոյ), Սեւ Ծով (հարաւը՝ Նիքոմիտիա, Պոնտոսի ափերուն Իրաքլիա ի Փոնտի, հիւսիսը Խրիմի թերակղզի՝ Հերսոնիսոս Դավրիքեան եւ այսօրուան Ռումանիոյ ափերուն՝ Քալատիս - այսօրուան Մանկալիա) եւ Սիչիլիա (Մեղարա Իվլէա (յուն․՝ Μέγαρα Ὑβλαία))։

Հին բնակիչներուն մէկ մասը Սիցիլիա կղզին (Իտալիա) կը գաղթեն եւ կը հիմնեն յունական գաղթօճախը (Սիցիլիոյ արեւելեան ծայրամաս)։

Հռոմէական շրջան Խմբագրել

Ք․Ա․ 146-ին հռոմէացիները Մեղարան կը գրաւեն։ Հռոմէական ազգամիջեան պատերազմին ընթացքին, Ք․Ա․ 45-ին, Մեղարային մեծ մասը կը քանդուի։ Քաղաքը մեծ վնասներ կը կրէ 396-ին գոթերու արշաւանքներուն ընթացքին։

Բիւզանդական շրջան Խմբագրել

Բիւզանդական շրջանին Մեղարա իր հին փառքը չունի։ Կը կառուցուին բիւղանդական ոճի եկեղեցիներ, վանքեր, որոնցմէ շատեր մինչեւ այսօր պահպանուած են, ինչպէս օրինակ՝ Երա Մոնի Այիու Իէրոթէու եւ Երա Մոնի Այիու Իոանի Մաքրինու։

Նորագոյն եւ ժամանկակից շրջան Խմբագրել

Օսմանեան բռանտիրութեան շրջանին, կը ձեւաւորուին մեղարացիներուն սովորութիւնները, որոնք մինչեւ մեր օրերուն պահպանուած են․ պարեր՝ «Թրաթային պար»ը, «Րուսալիա», «Մայիտես»․ ինչպէս նաեւ մեղարացիներուն տոհմային զգեստները։

1922-ին Մեղարա կը հաստատուին Փոքր Ասիոյ Աղետէն փրկուած գաղթականներ․ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերուն (Հիոս եւ Ինուսես յունական կղզիներուն դիմացը) գտնուող Մելի քաղաքէն։ Անոնք կը հիմնեն Մելի բնակավայրը, Մեղարային հարաւը։

Բնակավայրեր Խմբագրել

Այիա Թրիատա, Փաղէ, Ալեփոհորի, Վենիզա, Վլիհատա, Էլաթիա, Քինեթա, Քոցինարա, Քումինտրի, Լաքա, Լուպա, Մազի, Մելի, Միրինի, Փահի, Փեֆքենաս, Սթիքաս, դու Տոսքուրի օ Վրահոս, Մազարացի, Փերամա, Արմիրես, Մեղալօ Փեֆքօ, Քարտադաս, Ափողիրիսմա, Քաքիա Սքալա, Վլիհօ, Քոքինա եւ Րեվիթուսա։[3]

Պատկերասրահ Խմբագրել

Մշակոյթ Խմբագրել

 
Տիոնիսոս օ Սաթիրոս արձանը․ կը գտնուի Աթէնքի Հնագիտական Ազգային թանգարանը

Մեղարայի Հնագիտական թանգարան Խմբագրել

Հնագիտական պեղումները յայտնաբերած են Մեղարային հարուստ անցեալը (Ք․Ա․ 8-րդ դարէն մինչեւ Բ․ դար)։ Անոնք կը հիւրասիրուին Մեղարայի Հնագիտական թանգարանը։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Թէաղենիսի աղբիւր Խմբագրել

Թէաղենիսի աղբիւրը Յունաստանի տարածքին փրկուած ամենամեծ հին աղբիւրն է՝ Ք․Ա․ 5-րդ դար։ Աղբիւրը քաղաքին ջուր կը մատակարարէր Ք․Ա․ 5-րդ դարէն մինչեւ 396-ին։ Փրկուած մասը 35 սիւներով 19 մ․ երկայնք եւ 14 մ․ լայնութեամբ ըստ հնագէտներուն կը թուի ըլլալ միայն կէսը, քանի մնացեալը մեծ խորութեամբ տուներուն տակն է։

Քասթանիոյ Ժողովրդակագրական Թանգարան Խմբագրել

Քասթանիոյ Ժողովրդակագրական Թանգարանը կը հիւրասիրէ Մեղարացիներու մշակութային արժէք ներկայացնող մեծ հաւաքածոյ մը։

Սքիրոնիոյ Թանգարան Խմբագրել

Սքիրոնիոյ թանգարանը հիմնոած է քանդակագործ Քոսթաս Հրոնոփուլոս։ Բնութեան մէջ յղացական քանդակ-թանգարան մըն է․ կառուցումը շրջապատուած է արահետներով, բուսականութեամբ, արտաքին վայրերու յարմար քանդակներով, եւ 600 հոգիի համար բաց թատրոն։

[4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել