Մետաղագործութիւն

Մետաղագործութիւն (մետալուրգիա), սկզբնական իմաստով՝ հանքաքարէն մետաղներու արտազտման արուեստ։ Արդի նշանակութեամբ՝ գիտութեան ու թէքնիք բնագաւառ եւ արդիւնաբերութեան ճիւղ, որոնք կ'ընդգրկեն հանքաքարէն կամ այլ նիւթերէն մետաղներու ստացման, ինչպէս նաեւ ատոնց քիմիական բաղադրութեան, կառուցուածքի եւ մետաղական համաձուլուածքներու յատկութիւններու փոփոխման հետ կապուած գործողութիւններ։ Մետաղագործութեան կը վերաբերին նաեւ երկրի ընդերքէն ստացուած մետաղներու ու համաձուլուածքներու նախնական մշակման ու ատոնց ձեւի եւ յատկութիւններու փոփոխման գործողութիւնները (զտում, ձուլում, ճնշմամբ մշակում, ջերմամշակում եւ այլն)։

Ընդհանուր Բնութագիր Խմբագրել

Ներկայ ժամանակի արուեստագիտութեան մէջ կը տարբերին սեւ եւ գունաւոր մետաղագործութիւնը։ Ան կ'ընդգրկէ երկաթի հիմքով համաձուլուածքներու՝ թուշի, պողպատի, ֆեռոհամաձուլուածքներու արտադրութիւնը։ Մետաղներու համաշխարհային արտադրանքի մօտ 95%-ը բաժինը կ'իյնայ սեւ մետաղներուն։

Գունաւոր մետաղագործութիւնը կը զբաղի մնացած բոլոր մետաղներու եւ ատոնց համաձուլուածքներու արտադրութեամբ։ Մետաղագործութեան գործողութիւնները կը կիրառուին նաեւ կիսահաղորդիչներու եւ ոչ մետաղներու (սիլիցիում, գերմանիում, սելեն, թելուր, ծծումբ եւ այլն) ստացման համար։ Ընդհանուր առմամբ մետաղագործութիւնը կը զբաղի Մենտելեեւի պարբերական համակարգի գրեթէ բոլոր տարրերով, բացառութեամբ հալոժենները եւ կազերը։

Մետաղագործութեան Զարգացում Խմբագրել

 

Մարդիկ մետաղագործութեամբ զբաղած են հնագոյն ժամանակներէն (Ք.ա. 7-6-րդ հազարամեակներ)։ Այդ կը վկայեն Փոքր Ասիոյ մէջ պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած պղինձ հալեցնելու հետքերը։ Մետաղագործութեան հնագոյն օճախներէն է նաեւ Կովկասը։ Յիշատակութեան արժանի է Մեծամորի մետաղագործութեան համալիրը։ Բնածին մաքուր մետաղներու (ոսկի, արծաթ, պղինձ)՝ սկիզբը սառը, ապա տաք կռմամբ մշակելու զուգընթաց զարգացած է ժանգոտած պղնձաքարէն՝ պղինձի ստացման եւ ձուլուած շինուածքներու պատրաստման գործողութիւնը (Ք.ա․ մօտ 5-4-րդ հազարամեակներ)։

Սակայն ժանգոտած պղինձի հանքավայրերու սահմանափակ քանակը եւ պաշարներու նուազումը պայմանաւորեցին, աւելի բարդ գործողութիւններու կիրառմամբ սուլֆիտային հանքաքարի վերամշակման անհրաժեշտութիւնը։ Ատոր շնորհիւ մեծցաւ պղինձի եւ անոր համաձուլուածքներու (պրոնզներ) ստացման ու օգտագործման ծաւալը (Պրոնզի դար)։

Մօտաւորապէս Ք.ա․ 2-րդ հազարամեակի կէսերուն, մարդը սկսած է իւրացնել հանքաքարէն երկաթի ստացման դժուարին ու աշխատատար գործողութիւնը։ Այդ նպատակով սկիզբը՝ կը կիրառէին խարոյկներ, իսկ հետագային՝ հալման փոսեր, որոնց մէջ օդ ներփչելով (բնական հոսքով կամ փուքերով) ժանգոտացման անմիջական վերականգնումով հանքաքարը կը վերածուէր փափուկ, կռելի երկաթի (սպունգային երկաթ)։ Այս գործողութեան հետագայ զարգացումը (ածխածինով երկաթի հարստացումը, այսինքն՝ պողպատի ստացումը եւ մխումը) նպաստեց երկաթի աւելի լայն կիրառման (Երկաթի դար)։ Հետագային երկաթի մետաղագործութեան զարգացման շնորհիւ 14-րդ

դարու կէսերուն սկսան կիրառուիլ տոմնային վառարաններ, որոնց մէջ, ստացուած թուշը վերամշակուելով կը վերածուէր պողպատի (Մարտենեան արտադրութիւն, Պեսեմերեան գործողութիւն եւ այլն)։ Բացի պղինձի եւ երկաթի ստացումէն, մարդիկ ծանօթ եղած են նաեւ ոսկիի, արծաթի, անագի, կապարի եւ սնդիկի ստացման եղանակներուն։

Ոսկիի Մետաղագործութիւն Խմբագրել

Ոսկիի ստացումը եւ անոր անջատումը արծաթէն սկսած է Ք.ա․ 2-րդ հազարամեակի կէսերուն։ Արծաթէն եւ այլ խառնուրդներէն ոսկին մաքրելու համար կիրառած են ժանգոտացման, քլորացման եւ զտման գործողութիւններ։ Ոսկիի մետաղէն աւելի ուշ սկսան կիրառել ամալկամը եւ ցիանացման գործողութիւնները, որոնք այժմ ալ հանքաքարէն ոսկիի ստացման հիմնական եղանակներէն են։ Ոսկիի կորզման համար կը կիրառուին հանքաքարի ֆլոտացիոն եւ գրաւիտացիոն հարստացման եղանակներ։

Արծաթի Մետաղագործութիւն Խմբագրել

Արծաթի ստացումը Ք.ա․ 2-րդ հազարամեակին, եղած է հալենիտէն (կապարի հանքաքար), կապարի եւ արծաթի համաձուլուածքի ստացման եւ լիքուացիոն հալման եղանակով անոնց առանձնացման գործողութեամբ։ Արդի պայմաններուն մէջ, արծաթը կը ստացուի բազմամետաղ հանքաքարի մշակմամբ։

Ժամանակակէն Մետաղագործութիւն Խմբագրել

Հինէն անագի ստացման արուեստագիտութիւնը եղած է հանքաքարի մանրման եւ պարզ գործողութիւններով հարստացման, պարզ հորանաձեւ վառարաններուն մէջ հալման, լիքվացիոն եւ ժանգոտացնող զտման փուլերով։ Ժամանակակէն արուեստագիտութիւնը կ'ընդգրկէ հանքաքարի բարդ մշակման գործողութիւններ։ Սնդիկի արտադրութեան առաջին եղանակները հիմնուած էին հանքաքարի թրծման ժամանակ առաջացող գոլորշիներու խտացման գործողութեան կիրառման վրայ։ Ժամանակակէն արուեստագիտութիւնը, որպէս մետաղներու եւ համաձուլուածքներու արտադրութեան հիմնական արուեստագիտական գործողութիւններ կը համախմբէ եւ կ'ընդգրկէ՝

  • հանքաքարի նախապատրաստումն ու հարստացումը,
  • հիմնական մետաղի կորզումը հրամետաղագործնական, ջրամետաղագործնական կամ ելեկտրոլիտային եղանակով,
  • հիմնական մետաղի մաքրումն ու զտումը,
  • հիմնական մետաղին ուղեկցող այլ մետաղներու ու միացութիւններու ստացումը,
  • մետաղներէն եւ համաձուլուածքներէն ձուլուկներու կամ ձուլուածքներու ստացումը,
  • ճնշմամբ մետաղներու մշակումը,
  • եռակալման եղանակով մետաղական փոշիներէն շինուածքներու պատրաստումը,
  • բիւրեղա-ֆիզիքական կամ այլ բնագիտատարրական եղանակներով մետաղներու զտումը եւ բարձր մաքրութեան, յատուկ յատկութիւններով մետաղներու ստացումը,
  • մետաղներու ջերմային, ջերմամեքանիկական մշակումը,
  • պաշտպանական պատուածքներու ստեղծումը։

Մետաղագործութեան հետ սերտօրէն կապուած է կոքսաքիմիական եւ հրակայուն նիւթերու արտադրութիւնը։

Մետաղամշակում Խմբագրել

Մետաղամշակումը լայն կիռարում ունէր նաեւ զէնքի եւ զինամթերքի արտադրութեան ասպարէզին մէջ։ Յարձակողական եւ պաշտպանական զէնքը կազմուած էր տարբեր ձեւերու նիզակներէն, դաշոյններէն, թրերէն, կացիններէն, գուրզերէն։ Գտնուած են նաեւ ոսկիէ եւ արծաթէ օրինակներ։

Մետղագործութիւնը Հայաստանի Մէջ Խմբագրել

ՀԽՍՀ-ի մէջ, զգալի զարգացում ստացաւ պղինձի մետաղագործութիւնը (Ալավերտի լեռնամետաղագործութեան ընկերութիւն), ալիւմինի մետաղագործութիւնը (Քանաքեռի ալիւմինի գործարան), պղնձամոլիպտենային եւ բազմամետաղ հանքաքարերու հարստացման արտադրութիւնը (Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւն)։ Կիրառում գտան նաեւ պղինձի փոշեմետաղագործութեան եւ երկաթի ուղղակի վերականգնման գործողութիւնները։ Ժամանակակէն մետաղագործութեան արտադրութեան համար բնորոշ են՝ հումքի լրիւ օգտագործումը, բազմամետաղ հանքաքարերու բարդացման մշակումը, արտադրութեան կազմակերպումը առանց թափոններու, արտադրական մեքենականութիւնը ու բարձր մակարդակը։

Վանի Թագաւորութիւն Խմբագրել

Վանի թագաւորութեան բանակի զինուորներու զրահը եւ հանդերձանքը կազմուած են քանի մը տեսակներէ։ Դատելով Պալաւաթեան դարպասներու վրայ եղած պատկերներէն՝ Արամ թագաւորի զինուորները հանդէս կու գան երկար, մինչեւ ծունկերը հասնող գօտեկապ վերնաշապիկներով, գլուխներուն կատարաւոր սաղաւարտներով, փոքրիկ վահաններով. անոնք զինուած են կարճ թրերով եւ նետ ու աղէղով։ Այս նկարագրութենէն պարզօրէն կը նկատուի, որ այստեղ պատկերուած են թեթեւ հետեւակի մարտիկները։ Ծանր հետեւակի սպառազինութիւնը կազմուած էր նաեւ տարբեր տիպի զրահաշապակներէն, մարտական վահաններէն եւ պրոնզէ գօտիներէն։ Վերջիններս նախշազարդ են, եւ բազմաթիւ նմոյշներ կը պահուին Մյուխէնի, Նիւ Եորքի թանգարաններուն մէջ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։