Մէքս Ռիէմէլթ (գերմաներէն՝ Max Riemelt, ծնած Արեւելեան Պերլին, Արեւելեան Գերմանիա, 7 Յունուար, 1984), գերմանացի դերասան մըն է: Ամէնէն շատ ճանչցուած է իր Ուոլֆկանկ Պոկտանո դերով Netflix համացանցային կապակցութեան Sense8 հեռուստաշարին մէջ, իբրեւ հեռուստաշարի գլխաւորներէն:

Մէքս Ռիէմէլթ
գերմաներէն՝ Max Riemelt
Մէքսը 2012-ին
Ծնած է 7 Յունուար, 1984
Ծննդավայր Արեւելեան Պերլին, Արեւելեան Գերմանիա
Քաղաքացիութիւն  Գերմանիա
Մասնագիտութիւն Դերասան
Կայքէջ maxriemelt.com(անգլերէն)

Գործի Ասպարեզ Խմբագրել

Մէքս սկսաւ իր դերասանական ասպարեզը «սխալմամբ», որովհետեւ ան որեւէ դերասանական խումբի մաս չէ կազմակ պատանութեան տարիներուն: Իր կարծիքով, դատերական դպրոցներոն ու վարժարանները լաւ ձեւերով չեն մարզէր դերասան մը, այլ անոնք «կը շինեն իրենց ուզած կերպարը քու մէջդ, եւ երբ իրենց ուզածը լրանայ, կը կոտրեն քեզ», այդ պատճառաւ ալ ան չ'ուզէր այդ «վտանգին» ենթարկուիլ[1]:

Ըստ Մէքսի, ան շատ աւելի ուրախ է լուսանկարչական գործիքի մը դիմաց, քան թէ բեմի մը վրայ։ Ան միշտ հետաքրքրուած է դերեր ունենալով հեռուստաշարներու մէջ, որոնց «հետաքրքրութիւն արթնցնող հեռուստաշարներ են, ունին լաւ թատերագրական գրութիւն եւ լաւ մտածուած կերպարներ»:

Ան նաեւ միշտ կ'ուզէ մաս կազմել աշակերտներու ֆիլմերու մէջ, որովհետեւ կը կարծէ, թէ մեր գիտցած ֆիլմերու գունդէն դուրս ելլելու համար պէտք է պատանիներու մտածած ձեւերը տեսնենք, եւ իր միջոցը իրենց ֆիլմերու մէջ դեր ունենալն է[2]:

Ան գլխաւոր դեր ունեցած է Տէնիս Կանզըլի բոլոր ֆիլմերուն մէջ, ներառեալ Mädchen, Mädchen ֆիլմին մէջ:

Մրցանակներ Խմբագրել

  • 2004: Best Actor for Napola (Karlovy Vary International Film Festival)[3]
  • 2006: Best Young Actor for Der Rote Kakadu (Bavarian Film Awards)

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Max Riemelt»։ renlifang.msra.cn։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 29 April 2014-ին։ արտագրուած է՝ 28 April 2014 
  2. «The Last Combat of Max Riemelt vs Jessica Schwarz»։ Lastcombat.com։ արտագրուած է՝ 28 April 2014 
  3. «Karlovy Vary International Film Festival - Festival Photos»։ kviff.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 29 April 2014-ին։ արտագրուած է՝ 28 April 2014