Միլիցա Եովովիչ, ծանօթ է իբրեւ Միլա Եովովիչ (անգլերէն՝ Milla Jovovich), (17 Դեկտեմբեր 1975(1975-12-17)[1][2][3], Քիեւ, Ուկրաինական ԽՍՀ, Խորհրդային Միութիւն[4]), ամերիկեան դերասանուհի է ռուս-սերպական ծագումով, ինչպէս նաեւ երաժիշտ, մոտել եւ հագուստներ յարդարող։ Հանդիսատեսին ծանօթ է «Հինգերորդ Տարրը», «Ժանն տ'Արք», «Հրացանակիրները» եւ «Չարի Կացարան» ֆիլմերէն։

Միլա Եովովիչ
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "lang-sh-latn" does not exist։
Ծննդեան անուն ուքր.՝ Милиця Богданівна Йовович
Ծնած է 17 Դեկտեմբեր 1975(1975-12-17)[1][2][3] (48 տարեկան)
Ծննդավայր Քիեւ, Ուկրաինական ԽՍՀ, Խորհրդային Միութիւն[4]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
 Ուքրանիա
Ազգութիւն Չեռնոգորցիներ?[5] եւ Ռուս[5]
Մայրենի լեզու ուքրաներէն, անգլերէն եւ ռուսերէն
Տեսակ փոփ երաժշտութիւն, ֆոլկ ռոք?, ալտերնատիվ ռոք? եւ սոֆթ ռոք?
Մասնագիտութիւն կինոդերասանուհի, մարդապատկեր, երգչուհի, հեռուստատեսային դերասան, ֆոտոմոդել, Հնչիւնաւորող, Գործադիր արտադրող, կիթառահար, բանաստեղծուհի, Երգահան, գլամուրային մոդել
Ամուսին Փոլ Ուիլյամ Սքոթ Անդերսոն?
Ծնողներ հայր՝ Bogdan Jovovich?, մայր՝ Գալինա Յովովիչ?
Երեխաներ Ever Anderson?, Dashiel Edan Anderson? եւ Osian Lark Elliot Jovovich-Anderson?
Կայքէջ millaj.com(անգլերէն)

Եովովիչ ծնած է Քիեւ, հինգ տարեկանին, իր ծնողներուն հետ բնակութիւն հաստատած է ԱՄՆ-ի մէջ։ 1987-ին՝ 12 տարեկանին, Միլա կը դառնայ մոտել Herb Ritts-ի մէջ, ուր զայն կը լուսանկարէին իտալական ամսագիրի համար։[6][7] Ռիչարտ Աւետըն անոր դեր տուած Revlon-ի «Աշխարհի Ամէնէն Անմոռանալի Կիները» խորագրով ծանուցումին մէջ։[8] 1988-ին Եովովիչ ստացաւ իր առաջին դերը «Գիշերային Գնացք Դէպի Կատմանտու» պատկերասփիւռի ֆիլմին մէջ, իսկ մէկ տարի ետք նկարահանուեցաւ «Երկու Լուսիններու Միաձուլումը» ֆիլմին մէջ։

Եովովիչի ուշադրութեան արժանի դերը 1991-ին «Վերադարձ Դէպի Երկնագոյն Ծովալճակ» ֆիլմի մէջ էր, ուր ան 15 տարեկան էր։[9] Կը կարծուի, որ անոր նշանակալից դերը 1997-ին լոյս տեսած «Հինգերորդ Տարրը» ֆիլմի մէջ էր, որուն թատերական ուրուագիծը գծողն ու բեմադրիչը Լիուք Պեսոնն էր։ Այդ թուականին ալ Միլան ամուսնացաւ Պեսոնի հետ, սակայն անոնց միութիւնը երկար չտեւեց։ 1999-ին Միլան Ժանն տ'Արքի դերով հանդէս եկաւ «Ժանն տ'Արք» ֆիլմին մէջ։

2002-ին Եովովիչ նկարահանուեցաւ «Չարի Կացարան» գիտական առասպելական եւ սարսափի ոճի ֆիլմի մէջ, որը ստեղծուած էր Resident Evil համակարգչային խաղի հիման վրայ։ Ֆիլմը հաւանութեան չարժանացաւ քննադատներու կողմէ[10][11], բայց առեւտրական յաջողութիւն ունեցաւ։[12] 2004-ին եւ 2012-ին ան կրկին Էլիսի դերով հանդէս եկաւ ֆիլմաշարի շարունակութիւններուն մէջ։[13]

1994-ին Միլան թողարկած է The Divine Comedy ալպոմը։ Այնուհետեւ ան նոր երգերու փորձնական տարբերակներ տեղադրած է իր պաշտօնական կայքին վրայ եւ աշխատանք ծաւալած է ֆիլմերու սաունտթրեքներու մարզին մէջ։ 2003-ին Եովովիչ եւ Քարմէն Հաւք բացած են Եովովիչ-Հաւք հագուստներու արտադրութիւններու խանութը։ Եովովիչ ունի իր սեփական շարժանկարչութեան ընկերութիւնը՝ «Creature Entertainment» անունով։[14]

Վաղ Կեանքը Եւ Ընտանիքը Խմբագրել

Միլա Եովովիչ ծնած է 1975-ին Քիեւ, Ուքրանիա ԽՍՀ-ի մէջ:[15] Անոր հայրը ազգութեամբ եղած է սերպ, իսկ մայրը` ռուս:[16]

1980-ին, երբ Միլան դեռ 5 տարեկան էր, անոր ընտանիքը քաղաքական պատճառներով կը լքէ Սովետական Միութիւնը[17] եւ բնակութիւն կը հաստատեն Լոնտոնի մէջ։ Անկէ ետք անոնք կը հաստատուին Սաքրամենթոյի մէջ եւ եօթը ամիս ետք կը տեղափոխուին Լոս Անճելըս: Տեղափոխութենէն քիչ ժամանակ ետք Միլայի ծնողները կ'ամուսնալուծուին։

1988-ին Միլայի հայրը յարաբերութիւններու մէջ էր արժանթինցի կնոջ հետ։ Անոնք ունեցան որդի, որ կնքեցին Մարքօ Եովովիչ անունով։[18][19] Ծնողներու ամուսնալուծութեան պատճառով Միլան իր եղբայրը քիչ տեսած է։[20]

Լոս Անճելըսի մէջ անոր մայրը՝ Կալինա Եովովիչ, դերասանի աշխատանք կը փնտռէր, բայց քիչ յաջողութիւններ ունէր, որովհետեւ լեզուին լաւ չէր կրնար տիրապետել։ Ի վերջոյ ան ձգեց դերասանի աշխատանքը եւ գումար վաստակելու համար սկսաւ զբաղիլ տուն մաքրելու աշխատանքով։ Միլայի երկու ծնողներն ալ իբրեւ խոհարար եւ տան մաքրող կ'աշխատէին բեմադրիչ Պրայըն տէ Փալմայի համար։[21] 1994-ին Միլայի հօր վրայ գործ հարուցուեցաւ Բժշկական ապահովագրութեան մէջ անթոյլատրելի գործողութիւն կատարելու համար, որուն պատճառով դատապարտուեցաւ 20 տարուան բանտարկութեան[22], բայց 5 տարի անց՝ 1999 թուականին, զայն ազատ արձակեցին։[23] Ըստ Միլայի «Բանտը օգտակար էր իրեն համար: Ան դարձաւ աւելի լաւ մարդ: Անիկա անոր կարելիութիւն տուաւ պահ մը կանգնիլ ու խորհիլ:»[24]

Միլան յաճախեց Լոս Անճելըսի դպրոցներէն մէկը եւ 3 ամիսէն սկսաւ ազատօրէն անգլերէն խօսիլ։[25] Դպրոցը անոր դասընկերները կը ծաղրէին, քանի որ եկած էր Սովետական Միութենէն։ «Ինծի կ'ըսէին համայնավար եւ ռուսական լրտես: Ես երբեք ու երբեք զանոնք չեմ ընդունած», կը յիշէ Միլան։[26] 12 տարեկանին Միլան վերջացնելով 7-րդ դասարանը դուրս կու գայ դպրոցէն եւ կը կեդրոնանայ բնորդի ասպարէզին վրայ, որ ան սկսած էր ինը տարեկանին։[27] Միլան ըսած է, որ պատանեկան տարիքին ան բուռն բնաւորութիւն ունէր, կ'օգտագործէր թմրանիւթեր, կը զբաղէր վայրագութեամբ եւ դրամատան քարտերով խարդախութիւններ կ'ընէր։[24] 1994 թուականին՝ 19 տարեկան հասակին, Միլան դարձաւ ԱՄՆ-ի քաղաքացի։[28]

Մոտելի Ասպարէզ Խմբագրել

 
Եովովիչ 2013-ի Քաննի Շարժապատկերի Փառատօնին

Միլան աշխատած է Ռիցի, Ռիչարտ Աւետընի եւ Փիթըր Լինտպըրկի հետ՝ նկարահանուելով ծանուցումներու տեսահոլովակներու մէջ։ Ծանուցումներու մէջ ունեցած յաջողութեան պատճառով անոր հետ աշխատանքային պայմանագիր կնքած են Vogue եւ Cosmopolitan ամսագիրները, ուր ան պէտք է հանդէս գար իբրեւ երիտասարդ մոտել։[17] Այդ պահէն սկսեալ անոր նկարները զարդարած են 100-է աւելի ամսագիրներու կողքեր, որոնցմէ են նաեւ նորաձեւութեան վերաբերող ԱՄՆ-ի բոլոր հիմնական ամսագիրները։[29] Ան աշխատած է Banana Republic, Christian Dior, Damiani, Տոնա Քարան, Gap, Վերսաչէ, Քելվին Քլայն, DKNY, Coach, Ճորճիօ Արմանի, H&M եւ Revlon յարդարողներու եւ ընկերութիւններու հետ։ 1998-էն սկսեալ Եովովիչը L’Oréal օծանելիքի «միջազգային խօսնակ» էր։

Եովովիչ 2002-ին եղած է յարդարող Միակիա Փրատայի մուսան:[30] 2003-ի յօդուածը կը պնդէր, որ ան հանդիսացած է Ճանի Վերսաչիի լաւագոյն սուփըրմոտելը։[14] 2004-ին, ըստ «Forbes» ամսագիրի Միլան 10.5 միլիոն տոլար աշխատավարձով կը հանդիսանար աշխարհի ամենահարուստ սուփըրմոտելը։[31]

2006-ին Եովովիչ գրաւեց «Mango» սպանական հագուստի ընկերութեան ուշադրութիւնը եւ դարձաւ անոնց խօսնակ-մոտելը։[32] Զայն նաեւ կարելի էր տեսնել Etro-ի ծանուցումներու մէջ։ Միլան նշած է. «Մոտելի աշխատանքը երբեք առաջնութիւն չէ ունեցած իմ մօտ»[33] եւ «անով վաստկած գումարս ինծի կարելիութիւն տուած էունենալ ընտրողի դեր՝ ստեղծագործական աշխատանքներու մէջ»:[14]

2012-ին Եովովիչ հանդիսացաւ ձեռքի ժամացոյցներու եւ ոսկեայ իրերու համաշխարհային ծանուցումի «Jacob&Co» ընկերութեան նոր դէմքը։[34]

Դերասանական Ասպարէզ Խմբագրել

Վաղ Աշխատանք (1985–1993) Խմբագրել

Եովովիչի մայրը իր դուստրը մեծացուցած է իբրեւ դերասան։[24] Կալինան Եովովիչը 10 տարեկանին տարած է դերասանական վարպետութեան դասերու։ Անկէ ետք Միլան գացած է երիտասարդ դերասաններու դասերու։[17][35][36]

1988-ին Եովովիչը Լիլի ՄաքԼէօտի դերով առաջին անգամ հանդէս եկաւ «Գիշերային Գնացք Դէպի Կատմանդու» ֆիլմին մէջ։ Քիչ մը ուշ նոյն տարուան մէջ Միլա ունեցաւ իր սկիզբը Երկու Լուսիններու Միաձուլումը սիրային սարսափի մէջ, ուր ան կը մարմնաւորէր Սամանթա Տելոնգպրէն։ Ան դերեր ունեցած է քանի մը հեռուստաշարերու մէջ, որոնցմէ են «Դրախտ» (1988), «Ամուսնացած է Երեխաներու Հետ» եւ «Փարքըր Լեւիս Զայն Չի Կորսնցներ» (1990) սերիալները։

15 տարեկանին Միլան Լիլի Հարկրեւի դերով հանդէս եկաւ «Վերադարձ Դէպի Երկնագոյն Ծովալճակ» (1991) ժապաւէնին մէջ, ուր անոր խաղընկերն էր Պրայըն Քրուզը: Եովովիչի տարիքն ու գեղեցկութիւնը նկատի առնելով զայն յաճախ համեմատած են Պրուք Շիլտսի հետ, որ եւս եղած էր երեխայ մոտել եւ դարձած էր դերասան, ինչպէս նաեւ հանդէս եկած էր «Երկնագոյն Ծովալճակ» բնօրինակ ֆիլմին մէջ։[37] Դերը վիճելի էր, քանի որ Միլան ֆիլմին մէջ հանդէս եկած էր մերկ վիճակի մէջ, ինչպէս որ հանդէս եկած էր Շիլտսը «Երկնագոյն Ծովալճակ» ֆիլմին մէջ։[26] Այս դերի համար Եովովիչ Երիտասարդ դերասան մրցանակաբաշխութեան ներկայացաւ «լաւագոյն երիտասարդ դերասանուհիի գլխաւոր դեր» անուանակարգին մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ «վատագոյն նոր դերասան» անուանակարգին մէջ ներկայացաւ Ոսկիէ ազնուամորիի:

1992-ին Միլան Քրիսթիան Սլեթըրի հետ նկարահանուեցաւ «Քաֆս» կատակերգութեան մէջ։ Նոյն տարին աւելի ուշ ան մարմնաւորեց Միլտրըտ Հարիսը Չարլի Չափլինի մասին պատմող կենսագրական «Չափլին» ֆիլմին մէջ։ 1993-ին ան նկարահանուեցաւ Ռիչարտ Լինկլէյթըրի «Հաճոյքի Եւ Շփոթմունքի Մէջ» ժապաւէնին մէջ։ Ան կը մարմնաւորէր Միշէլ Պուրոութսը, որ կը հանդիսանար Փիկֆորտի ընկերուհին։ Նկարահանումներու ժամանակ Փիկֆորտին մարմնաւորած Շոն Էնդրիւն եւ Միլան եղած են յարաբերութիւններու մէջ։ Միլան տխրած էր, երբ անոր մասնակցութիւնը ֆիլմին մէջ կրճատեցին։[37] Յուսահատ, ան դադար առաւ շարժապատկերի ասպարէզէն[38] եւ տեղափոխուեցաւ Եւրոպա։ Այնտեղ ան սկսաւ աշխատիլ երաժշտութեան մարզին մէջ։

Ճանաչում (1997–2001) Խմբագրել

 
Եովովիչ 2000-ի Քաննի Շարժապատկերի Փառատօնին

Եովովիչ շարժապատկերի աշխարհ վերադարձաւ 1997-ին՝ հանդէս գալով ֆրանսացի բեմադրիչի գիտական եւ առասպելական «Հինգերորդ Տարրը» ֆիլմին մէջ, ուր անոր խաղընկերներն էին Պրիուս Ուիլիսը եւ Կարի Օլտմէնը: Ֆիլմի ուրուագիծն ու բեմադրիչը Լիուք Պեսոնն էր։ Միլան կը մարմնաւորէր այլմոլորակային Լիլուն, որ եկած էր աշխարհը փրկելու։ Եովովիչ ըսած է.« Ես կ'աշխատէի ինչպէս դժոխքի մէջ` ոչ ակումբ, ոչ հանգիստ,[39] որպէսզի կարենայի տպաւորել Պեսոն եւ ձեռք բերել դերը»: 14 Դեկտեմբեր 1997-ին Պեսոնն ու Միլան ամուսնացան, բայց հետագային ամուսնալուծուեցան։[37]

Եովովիչ իր դերի համար Պեսոնի հետ միասին ստեղծեց այլմոլորակային լեզուի աւելի քան 400 բառ։[37] Դերի համար անոր հագած հագուստը ստացաւ «ACE պանտաժ» անունը։ Հագուստը պատրաստուած էր Ժան Փոլ Կալաթերի կողմէ բժշկական վիրակապերով։[37][40] «Հինգերորդ տարրը» ֆիլմը ցուցադրուեցաւ 1997-ի Քաննի Շարժապատկերի Փառատօնի բացման ժամանակ եւ համաշխարհային շուկայի մէջ ձեռք բերաւ 263 միլիոն տոլար, որ երեք անգամ կը գերազանցէր ֆիլմի 80 միլիոն ելեւմտացոյցը։[41] Ֆիլմը կը գովաբանէին տեսանելի էֆեկտներու համար։ Քննադատ Ճէյմս Բերարդինելին գրած էր. «Եովովիչ տպաւորել է, հակառակ որ էֆեկտիվ չէր անոր խաղը և երկխօսութիւնները»:[42] «Blockbuster Entertainment» մրցանակաբաշխութեան Եովովիչը առաջադրուած է «Լաւագոյն կանացի սկզբնաւորութիւն», իսկ «MTV Movie» մրցանակին առաջադրուած է «Լավագոյն մարտ» անուանակարգերու մէջ։ Ֆիլմը ներշնչեց վիտէօխաղ արտադրողները, որոնք ստեղծեցին «The Fifth Element» խաղը։[43] 2003-ի հարցազրոյցի ընթացքին Եովովիչ ըսած է, որ Լիլուն իր նախասիրած դերն է։[44]

1998-ին Միլան նկարահանուեցաւ Սփայք Լիի «Ան Լաւ Կը Խաղայ» ֆիլմին մէջ, ուր ան կը մարմնաւորէր շահագործուող մարմնավաճառ Տակոտ Պըրնսը։ Ֆիլմին մէջ անոր խաղընկերներն էին Տենզըլ Ուաշինկթընը եւ Ռէյ Ալէնը: 1999-ին ան հանդէս եկաւ Լենի Քրաւիցի «If You Can't Say No» երգի տեսահոլովակին մէջ։ Նոյն թուականին ան վերադարձաւ մարտական ոճի ֆիլմերուն՝ մարմնաւորելով Ժանն տ'Արքի բեմադրիչ Լիուք Պեսոնի «Ժանն տ'Արք» ֆիլմին մէջ։ Միլան կտրեց մազերը եւ զրահով հանդէս եկաւ քանի մը լայնածաւալ մարտերու տեսարաններու մէջ։ Ընդհանուր առմամբ Եովովիչ իր դերի համար լաւ գնահատականներու արժանացաւ, չնայած որ Ոսկիէ ազնուամորին զայն ներկայացուց «Վատագոյն դերասանուհի» անուանակարգին մէջ։[37] Պատմական թատերգութիւնը բաւականին մեծ յաջողութիւն ունեցաւ համաշխարհային շարժապատկերի վարձոյթին մէջ՝ ձեռք բերելով 66 միլիոն տոլար։[45]

2000-ին Եովովիչ անհանգիստ Էլոիզի դերով հանդէս եկաւ «Միլիոն Տոլարնոց Պանդոկը» ֆիլմին մէջ, որուն ուրուագիծը հիմնուած էր Պոնոյի, U2 խումբի եւ Նիքոլաս Քլէյնի պատմութեան հիման վրայ։ Ֆիլմի բեմադրիչը Վիմ Վենտըրսն էր։ Եովովիչի հետ ֆիլմին մէջ հանդէս կու գային նաեւ Ճերեմի Տէյվիսն ու Մել Կիպսընը: Միլան ձայնագրած է ֆիլմի սաունտթրեքը։ Նոյն թուականին Լուսիայի դերով Միլան հանդէս եկաւ «Հաւանութիւն» (2000) բրիտանական ուեսթեռնին մէջ։ Յաջորդ տարի Կատինկայի դերով հանդէս եկաւ «Օրինակելի Արու» (2001) կատակերգութեան մէջ։

Միջազգային Յաջողութիւն (2002–2006) Խմբագրել

 
Եովովիչ 2002-ի Քաննի շարժապատկերի փառատօնին

2002-ին Եովովիչ նկարահանուեցաւ Capcom համակարգչային խաղի ուրուագիծի վրայ հիմնուած «Չարի Կացարան» ֆիլմին մէջ, որ ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսաւ 15 Մարտ 2002-ին։ Համակարգչային խաղը կը հանդիսանար «Չարի կացարան» խաղի շարքերէն մէկը։ Միլան կը մարմնաւորէր Էլիսը` ֆիլմի գլխաւոր հերոսուհին, որ կը մարտնչէր «Umbrella» ընկերութեան կողմէ ստեղծուած զոմպիներու դէմ։ Եովովիչ համաձայնեցաւ նկարահանուիլ ֆիլմին մէջ, քանի որ ինքն իր եղբօր հետ կը հանդիսանար այդ խաղի երկրպագուները։[46] Միլան ինք կատարած է ժապաւէնին իր հերոսուհիի բոլոր հնարքները, բացառութեամբ մէկ հատը, ուր իր հերոսուհին կը թռցնէ կուպրէ հարթակի վրայ։ Միլայի ղեկավարները զայն բաւականին վտանգաւոր հնարք համարած էին։[47] Բացի այդ Միլան ֆիլմի համար զբաղած է կարատէով, քիքպոքսինկով:[48] Ֆիլմը առեւտրական տեսանկիւնէն յաջողութիւն ունեցաւ։ Առաջին իսկ շաբթուան ընթացքին ֆիլմը վաստկեց 17 միլիոն տոլար, իսկ ընդհանուր առմամբ տեղական շուկայի մէջ վաստկեց 40 միլիոն, իսկ համաշխարհային շուկայի մէջ` 102 միլիոն տոլար։[49]

Այնուհետեւ Միլան հանդէս եկաւ կէնկըսթըր Էրինի կնոջ դերով «Տուն Թրքական Փողոցի Վրայ» (2002), Նատինի դերով «Դուն Ինչ Յիմար Ես» (2002) սիրային կատակերգութեան մէջ, պանկ ռոքըր Ֆանգորայի դերով «Տիկնիկ» (2003) ֆիլմերու մէջ։ Բացի այդ Միլան հնչիւնաւորած է «Բլուրի արքան» մուլտսերիալը։ «Տիկնիկ» ֆիլմին մէջ Եովովիչ նկարահանուեցաւ օսկարակիր Էտրիէն Պրոուտիի հետ։ Ան հեշտութեամբ մարմնաւորեց Ֆանգորայի դերը, քանի որ ըստ դերասանուհիի հերոսուհին իր սեփական կեանքի հետ ընդհանուր գիծեր ունէր։[44]

2004-ին Եովովիչ կրկին հանդէս եկաւ Էլիսի դերով` «Չարի կացարան 2՝ Ապոկալիփսիս» ֆիլմի մէջ։ Ֆիլմը դերասանուհիէն պահանջեց օրական երեք ժամ մարտարուեստի դասերու հետեւիլ[44] եւ երեք ամսուան մէջ հրաձգութիւն սորվիլ։[50] «Ապոկալիփսիսը» քննադատներու կողմէ աւելի բացասական կարծիքներու արժանացաւ, քան նախորդ ֆիլմերը, եւ առեւտրական տեսանկիւնէն ալ աւելի եկամտաբեր էր, քան առաջին ֆիլմը։ Ֆիլմի աւարտէն ետք Եովովիչ դժգոհ մնաց քննադատներու գնահատականէն եւ բեմադրիչ Ալեքսանդր Ուիթի ջանքերէն։[51] Այդ տարուան հարցազրոյցի ընթացքին Միլան ըսած է. «Մասնակցութիւնս մարտական ֆիլմերու մէջ կ'օգնէ իմ ասպարէզիս աճին, մինչ փոքրիկ, անկախ շարժապատկերի ստուտիաներու ֆիլմերը հոգ կը տանին իմ դերասանական տաղանդի աճին: Անիկա լաւ բան է:».[44] Յաջորդ տարի ան Յուլիա Տրուզիլլայի դերով հանդէս եկաւ Կոռ Վիտալի «Քալիկուլա» ֆիլմին նուիրուած թրէյլըրի մէջ։

2006-ին Եովովիչ հանդէս եկաւ «Անդրմանուշակագոյն» գիտական եւ առասպելական ֆիլմի մէջ, որ լոյս տեսաւ 3 Մարտին։ Միլան ֆիլմին մէջ կը մարմնաւորէր գլխաւոր հերոսուհու`ոստիկան Վիոլեթի դերը։ Ֆիլմը բաւականին հարուստ էր մարտնչելու տեսարաններով։ Ֆիլմը ցուցադրուեցաւ քննադատներուն, բայց վերջիններուս կողմէ ֆիլմը դրական գնահատականի չարժանացաւ։[52] Միջազգային շուկայի մէջ ֆիլմը ձեռք բերաւ 31 միլիոն տոլար եկամուտ։[53] Այդ նոյն տարուան մեջ Միլան նաեւ նկարահանուեցաւ «45 քալիպր» ֆիլմի մէջ, ուր կը մարմնաւորէր զէնքերու եւ թմրանիւթերու վաճառական սկովտիացի դերասան եւ տիճէյ ՄակՖայտընի վրիժառու կինը։

Նոր Դերերը (2007–այժմ) Խմբագրել

 
Եովովիչ WonderCon-ի մէջ կը խօսի «Չարի կացարանի» մասին, 2012

2007-ին Եովովիչը երրորդ անգամ մարմնաւորեց Էլիսը «Չարի կացարան» ֆիլմաշարի «Չարի Կացարան» ֆիլմին մէջ։ Առաջին շաբթուան ընթացքին ֆիլմը ցուցադրուեցաւ 2,828 շարժապատկերի սրահներու մէջ եւ վաստակեց 24 միլիոն տոլար։[54] Ֆիլմը աւելի եկամտաբեր էր, քան նախորդ «Չարի կացարան 2: Ապոկալիփսիս» ֆիլմը, որ առաջին շաբաթը ցուցադրուած էր 3,284 շարժապատկերի սրահներու մէջ եւ վաստակած ընդամէնը 23 միլիոն տոլար։[55] 2006-ի հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին Միլան ըսած է, որ ինք երկար ժամանակ պիտի չմասնակցի մարտական ֆիլմերու` ի մտի ունենալով հանդէս գալու զանազան դերերով, սակայն «Չարի կացարանի» շարունակութիւնը մօտիկ ապագային կարելի է։[56][57]

2009-ին Եովովիչ նկարահանուեցաւ Տէյվիտ Տուիի «Կատարեալ փախուստ» ֆիլմին մէջ, ուր անոր խաղընկերներն էին Քիլէ Սանչեսը, Թիմոտի Օլիֆանտը եւ Սթիւ Զանը: Միլան կը մարմնաւորէր Սիտնի Անտերսոնը։ Ֆիլմը թրիլեր էր չամուսնացած զոյգի (Միլա եւ Զան) Հաուայեան կղզիներու վրայ անցուցած մեղրամսի մասին։

Եովովիչ այնուհետեւ մարմնաւորեց Լուսետան` բանտարկեալի դերը, նաեւ կը մարմնաւորէ Էդուարդ Նորթոնի կինը «Սթոուն» հոգեբանական թատերգութեան մէջ։ Ֆիլմի գլխաւոր դերակատարը Ռոպերթ Տէ Նիրօն էր։ Ֆիլմի նկարահանումները սկսան Մայիս 2009-ին` Հարաւային Միչիկանի Ճէքսըն քաղաքի վերջերս փակուած ուղղիչ գաղութին մէջ։[58]

Այնուհետեւ Միլան մարմնաւորեց տոքթոր Ապիկէյլ Թայլըրը «Չորրորդ տեսք» գիտական եւ առասպելական թրիլերի մէջ[59] եւ գլխաւոր դեր ստանձնեց «Դէմքեր ամբոխում» հոգեբանական սարսափներու մէջ,[60] որուն բեմադրիչն ու ուրուագծողը Ճուլիան Մագնատն էր։[61] Վերջին ֆիլմին մէջ անոր հերոսուհին սերիական մարդասպանէն մազապուրծ եղած աղջիկ մըն էր, որ կը տառապէր փրոզապագնոզիայով, որուն պատճառով չէր կրնար դէմքեր զանազանել.[62]

Եովովիչ կրկին հանդէս եկաւ Էլիսի դերով[63] «Չարի կացարան» ֆիլմաշարի «Չարի կացարան 4: Կեանք Մահէն Ետք» ֆիլմին մէջ, որուն բեմադրիչն էր իր ամուսինը` Փոլ Ուիլիամ Սքոթ Անտըրսընը:[64] Անկէ ետք Միլան նկարահանուեցաւ «Անպիտան Աղջիկը» ֆիլմին մէջ, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 12 Սեպտեմբեր 2010-ին` Թորոնթոյի շարժապատկերի փառատօնի ժամանակ։ Ֆիլմին մէջ անոր խաղընկերներն էին Ճունօ Թեմփլը, Ուիլիամ Մէյսին, Մերի Ստինպըրկընը եւ Թիմ ՄաքԿրօն:

Եովովիչ նկարահանուեցաւ Տէյվիտ Էլիսի «Վատ բախտ» ֆիլմին մէջ, որ նկարահանուած էր Տէյվիտ Ճ. Շոուի ուրուագիծի հիման վրայ։[65] Ան նկարահանուած է Ֆամքէ Եանսենի «Վատ մայրիկը» բեմադրական սկիզբը, ուր անոր խաղընկերն էր Մարսիա Քրոսը: Անկէ ետք ան նկարահանուեցաւ ռուսական «Ձեւահնարներ» կատակերգութեան մէջ։

2007-ին Եովովիչ պէտք է մարմնաւորէր Ամալիա Պեժետսկայան «Ձմեռնային թագուհին» ֆիլմին մէջ, սակայն նախագիծը յետաձգուեցաւ մինչեւ 2011, երբ դերասանուհին յայտնեց իր յղութեան մասին լուրը։ «Seven Arts» եւ «GFM Films» շարժապատկերի հարթակները յայտարարեցին, որ անոնք ջանք պիտի տանին ֆիլմի ստեղծման ուղղութեամբ, իսկ բեմադրիչը պիտի ըլլայ Ֆէօտոր Պոնդարչուկը:[66]

Միլան կրկին Էլիսի դերով հանդէս եկաւ «Չարի կացարան» ֆիլմաշարի «Չարի կացարան: Վրէժ» ֆիլմին մէջ, որ լոյս տեսաւ 14 Սեպտեմբեր 2012-ին։[67] Դերասանուհին անգամ մը եւս կը պատրաստուի հանդէս գալ ֆիլմաշարին մէջ, որուն հերթական ֆիլմը պիտի կոչուի «Չարի կացարան՝ Եզրափակիչ Գլուխ»:[68]

Երաժշտական Ասպարէզ Խմբագրել

Եովովիչ երաժշտական ալպոմի վրայ աշխատած է 1988-ին, երբ ան պայմանագիր ստորագրեց SBK Records ընկերութեան հետ եւ տեմօ տարբերակ ձայնագրեց։[69] Օգոստոս 1990-ին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին ան պնդեց, որ իրմէ սպասուող ալպոմը պիտի ներկայացնեն Քէյթ Պուշ, Շինէյտ Օ'Քոնոր, This Mortal Coil եւ Cocteau Twins ոճերու համադրութիւն։[70] SBK Միլայէն պահանջեց փոփ ոճի ալպոմ կազմել, սակայն Միլան բողոքեց, քանի որ կ'ուզէր օգտագործել իր պոեզիան եւ սեփական երաժշտական գործիքները։[69] «In a Glade» ալպոմին մէջ Եովովիչ ձայնագրեց այն երգերը, որ գրած էր տասնհինգ տարեկանին: Բացառութիւն կը կազմէր միայն ուքրանական ազգային երգերը։ 1994-ին իր առաջին անուան տակ Միլան թողարկեց «The Divine Comedy» ալպոմը, որուն անունը կը յղուէր Տանթէ Ալիկիերի համանուն Աստուածային Կատակերգութիւն էպոսին։ Եովովիչ վերնագիրը ընտրած էր ռուս նկարիչ Ալեքսիս Ստիլի առաջարկած անանուն ալպոմի էսքիզէն ետք։ Եովովիչ նկատած էր. «էսքիզը կը ներկայացնէ այն ողջ մարտը, որ ես կ'երգեմ: Այդ է Աստուածային Կատակերգութիւնը:»[69] «The Divine Comedy»-ն լաւ ընդունուեցաւ քննադատներու կողմէ, իսկ երաժշտութեան մէջ ուքրանական ֆոլքլորի առկայութիւնը հիմքեր տուաւ, որ Միլան համեմատեն Թորի Ամոս եւ Քէյթ Պուշ երաժիշտներու հետ։[21] Rolling Stone-էն Ճոն ՄաքԱլէյ ալպոմը հիանալի անուանեց`ըսելով, որ «բաւականին հասունցած էր հարուստ պատկերացումներով»:[71]

Եովովիչ թողարկած է «Gentleman Who Fell» թրեքը վերջինիս երաժշտական տեսահոլովակի հետ: Երաժշտական տեսահոլովակի սկզբնական բեմադրիչը Լիզա Պոնեթը, իսկ ապա Հարի Տին Ստենթընը, բայց Եովովիչ բաւարարուած չէր արդիւնքներով եւ որոշեց նոր տարբերակ թողարկել: «Gentleman Who Fell»-ը հիմնուած էր Մայա Տերենի «Կէսօրեայ Ցանցեր» (1943) կարճամեթրաժ ֆիլմի նիւթի հիման վրայ։ Տեսաահոլովակը ցուցադրուեցաւ MTV ալիքով: Եովովիչ 1994-ին գրեթէ ամբողջ ընթացքին ԱՄՆ-ի մէջ շրջագայութեան մէջ էր, որպէսզի յառաջ տանէր Toad the Wet Sprocket եւ Crash Test Dummies խումբերու ալպոմը, ուր նա փոքր աքուսթիք հատուածներ նուագած էր։ Եովովիչ որոշեց երաժշտութեամբ զբաղիլ աւելի փոքր եւ հանգիստ միջավայրի մէջ, այնպէս որ ան մերժեց Շաբաթ երեկոյեան ուղիղ եթերով ծրագրին իր հանդէս գալու հրաւէրը: Եովովիչ նաեւ համագործակցած է իր վաղեմի ընկեր, երաժիշտ Քրիս Պրենըրի հետ: Պրենըր եղած է «The Divine Comedy» ալպոմի համահեղինակը եւ երաժշտական շրջագայութեան կազմակերպողը: Միլան եւ Պրենըրը հանդիպած են 1993-ին եւ այդ ժամանակէն սկսեալ քանի մը տարբեր նախագիծերու մէջ համագործակցած են իրարու հետ:[72] «The Divine Comedy» ալպոմէն ետք Միլան որոշեց թողարկել նոր ալպոմ, որուն համար արդէն 10 պատրաստ երգ ունէր: Անիկա կը նախատեսուէր լոյս ընծայուիլ 1996-ի ամառը:[26][27] Չնայած որ 1998-ին Եովովիչ թողարկեց «The People Tree Sessions» ալպոմը, այդ մէկ ալպոմը տակաւին լոյս չէ տեսած:

1999-ին Եովովիչ Քրիս Պրենըրի հետ միասին «Plastic Has Memory» անունով փորձնական երաժշտական խումբ ձեւաւորեց, ուր Միլան երգեր գրեց, երգեց եւ նուագեց ելեկտրակիթառի վրայ:[73] Խումբի երգերը աւելի ծանր եւ մթին էին, քան ուքրանական ֆոլք երաժշտութեան էլեմենտները:[74] «Plastic Has Memory» խումբը մօտ տասներկու ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքին մէջ Virgin Records-ի ալպոմի թողարկման համար:[75] Ալպոմին մէջ հանդէս եկած էր նաեւ Միք Ճակըրը:[76] Չնայած որ «Plastic Has Memory»-ին կազմեց «Hollywood Goes Wild» ալպոմը, խումբը երբեւէ ալպոմ չթողարկեց եւ խումբի գոյութիւնը երկար չտեւեց:[77]

Եովովիչը զբաղած է քանի մը ֆիլմերու սաունտթրեքներով, ինչպիսիք են օրինակ «Միլիոն Տոլարնոց Պանթոկը» (2000) եւ «Տիկնիկ» (2002) ֆիլմերը: Բացի այդ Միլան սաունտթրեքներ ներկայացուցած է ֆիլմերու համար, ուր ինք չէ նկարահանուած: Այդպիսի ֆիլմերէ է օրինակ «Ուրիշ աշխարհ» ֆիլմը: Սաունտթրեքի վրայ Միլան աշխատած է երաժիշտ Տենի Լոհնըրի հետ, որ քանի մը տարի կը հանդիսանար Nine Inch Nails խումբի պաս երաժիշտը: Եովովիչ յայտնի անձերէն մէկն է, որուն ձայնը կը հնչէ «We are Family» կազմին մէջ, որուն նպատակն է գումար հաւաքագրել Ամերիկեան Կարմիր Խաչի համար: Ան իբրեւ հրաւիրուած երաժիշտ հանդէս եկած է Տիպակ Չոփրայի «Former Lover» եւ The Crystal Method-ի «A Gift of Love II: Oceans of Ecstasy» (2002) «Legion of Boom» (2004) ալպոմներու մէջ:

2003-էն Եովովիչ աշխատած է Tool եւ A Perfect Circle խումբերու երաժիշտ Մայնարտ Ճէյմս Կինանի հետ` վերջինիս Puscifer նախագիծի վրայ[78]: «REV 22:20» թրեքը օգտագործուեցաւ քանի մը ֆիլմերու սաունտթրեքներու մէջ` բնօրինակ եւ ռեմիքս տարբերակներով:[79] 2009-ի Յունուարէն Միլան Մայնարտի եւ Տեննի Լոհնըրի հետ աշխատեցաւ Puscifer-ի «The Mission» թրեքի վրայ։ 13 Փետրուար 2009-ին Միլան Նեւատայի մէջ ելոյթ ունեցաւ Puscifer-ի առաջին կենդանի ելոյթի ժամանակ: Տեննի Լոհնըր եւ Քրիս Պրենըր թերեւս Միլայի հետ կը շարունակեն աշխատիլ նոր ձայնագրութիւններու վրայ:

Եովովիչ կը շարունակէ գրել նոր երգեր եւ անոնք ազատ տարբերակով MP3 ֆորմատով կը զետեղէ իր պաշտօնական կայքին վրայ։ Ան թոյլ կու տայ ազատօրէն ներբեռնելու երգերը, սակայն երգերու վաճառքի իրաւունքը կը պատկանի իրեն:[80]

Մայիս 2012-ին լոյս տեսաւ «Electric Sky» նոր սինկըլը:[81] 2012-ին երգը հաւական էր Life Ball-ի մրցանակին:

Նորաձեւութիւն Խմբագրել

Եովովիչ եւ մոտել Քարմէն Հավք 2003-ին հագուստներու վաճառանիշ բացին, որ կը կոչուէր «Եովովիչ-Հավք»: 13 Սեպտեմբեր 2005-ին անոնք Նիւ Եորքի Գրինվիչ-Վիլիճի մէջ սրահ բացին: «Եովովիչ-Հավք»-ի հագուստները չորս տարի գոյատեւեցին: Ընկերութեան բոլոր հագուստներու յարդարողները Եովովիչն ու Քարմէն Հավքն էին: Կարի գլխաւոր արհեստանոցը կը գտնուէր Լոս Անճելըսի մէջ, բայց զգեսնտները կը վաճառուէին Լոս Անճելըսի Ֆրետ Սեկալի, Հարվէյ Նիկոլսի եւ աշխարհի շուրջ 50 խանութներու մէջ։ Vogue ամսագիրը գովերգած է հագուստներու վաճառանիշը, ըսելով, որ ուրիշներ նման արդիւնքի հասնելու համար տարիներ կ'ուզեն:[82]

Նոյեմբեր 2006-ին ԱՄՆ-ի երիտասարդ յարդարողներու խորհուրդը եւ «US Vogue»-ը «Եովովիչ-Հավք» ընկերութեան ներկայացուցին CFDA/Vogue նորաձեւութեան հիմնարկի մրցանակի: Սակայն ի վերջոյ «Եովովիչ-Հավք»-ի փոխարէն մրցանակի արժանացաւ Doo-Ri Chung ընկերութիւնը:[83]

2007-ին Եովովիչ եւ Հավք տարազ պատրաստեցին «Չարի Կացարան 3» ֆիլմի Միլայի կերպարի համար: Էլիսի կարճ տաբատի օրինակով հագուստներ հանուեցաւ վաճառքի 2007-ի գարնան: Այդ հագուստը ստացած էր «Էլիսի Աստղ» անուանումը:[84] 2007-ին «Եովովիչ-Հավք»-ը պայմանագիր ստորագրեց «Target Corporation Go» միջազգային ընկերութեան հետ հետեւելով Լուելլայի, Փաուլ եւ Ճոյի, եւ Փրոենզա Սչուլըրի օրինակներուն:[85]

2008-ի վերջերուն Եովովիչն ու Հավքը որոշեցին ձգել գործը, քանի որ անիկա կամաց-կամաց իրենցմէ աւելի շատ ժամանակ կը պահանջէր: Եովովիչ մեկնաբանեց. «Ես դերասան եմ: Ես այն անձերէն չեմ, որ կրնայ գործ ունենալ առեւտուրի եւ հարկային տուրքերու հետ:»[86]

Անձնական Կեանք Խմբագրել

Եովովիչ ծնած է Ուքրանիոյ մէջ, երբ անիկա մաս կը կազմէր Սովետական Միութեան: Անոր հայրը չեռնոկորիացի բժիշկ էր[87], իսկ մայրը՝ ռուս դերասան:[16][88] Միլան բացի անգլերէնէն ազատօրէն կը խօսի ֆրանսերէն եւ քիչ մը ռուսերէն:[16][72][89][90] 2005-ին Միլան ըսած է. «Ես ունիմ ռուս մայր եւ ան յայտնի դերասան է ՍՍՀՄ-ի մէջ (Կալինա Լոկինովա): Եւ առաջին գիրքը, որ ես ընթերցած եմ, եղած է ռուսերէն: Ես դաստիարակութիւն ստացած եմ ռուսական դասական թատրոնի դպրոցին մէջ։ Ամէնէն իրապաշտ արուեստը Ստանիսլավսկիի ոճով ստեղծուած արուեստն է եւ ժամանակակից արուեստը հիմնուած է այդ սկզբունքի վրայ։ Ռուսերը կ'ուզեն գտնել ճշմարտութիւնը: Անիկա կը հանդիսանայ ռուսական մշակոյթի հիմքը: Ես երբեք այդ մէկը չեմ մոռնար, յատկապէս, որ ես ունիմ ռուսական արմատներ:»[88] 2005-ին Միլան հիմնեց հիմնարկ մը, որպէսզի օգնէ ուքրանացի երեխաներուն:[91] Իսկ իր մասին դերասանուհին ըսած է ինքն իրեն. «Ես ուժեղ ուքրանացի աղջիկ եմ եւ անոր համար շատ կ'աշխատիմ»:[91]

Եովովիչ ներկայիս կ'ապրի Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի տուներու մէջ[92] իր ամուսին, ուրուագծող եւ բեմադրիչ Փոլ Ու. Ս. Անտըրսընի հետ, որուն հետ ան ամուսնացած է 22 Օգոստոս 2009-ին:[93] Անոնք հանդիպած են 2002-ին` «Չարի Կացարան» ֆիլմի նկարահանումներու ժամանակ, ուր Անտըրսըն ֆիլմի ուրուագծողն ու բեմադրիչն էր, իսկ Եովովիչ ֆիլմի գլխաւոր հերոսուհին էր:[94] 3 Նոյեմբեր 2007-ին Եովովիչն ու Անտըրսընը ունեցան առաջին երեխան: Դուստը կնքեցին Էւէր Կապօ անունով:[95] Երեխան ծնաւ Լոս Անճելըսի Սետերս-Սինայի բժշկական կեդրոնին մէջ:[96] 2015-ին ծնաւ անոնց երկրորդ դուստրը:[97]

Մինչ Անտըրսընի հետ յարաբերութիւնները՝ Եովովիչը 1992-ին ամուսնացած էր «Հաճոյքի Եւ Շփոթմունքի Մէջ» ֆիլմի խաղընկեր Շոն Էնտրիուսի հետ: Էնտրիուս այդ ժամանակ 21 տարեկան էր, իսկ Միլան`16: Երկու ամիս ետք ամուսնութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ Միլայի մօր միջոցով:[98] Ամուսնալուծումէն կարճ ժամանակ ետք Եովովիչ տեղափոխուեցաւ Եւրոպա իր ընկերոջ, երաժիշտ, Քրիս Պրենըրի հետ: Այնուհետեւ 1994-ի Մայիսէն 1995-ի Հոկտեմբերը Միլան կ'ապրէր նոր ընկերոջ` Jamiroquai խումբի նախկին պասիստ Ստիուարտ Զենտըրի հետ:[22][72][99] 1995-էն 1997 ան կը հանդիպէր լուսանկարիչ Մարիօ Սորեթիի: 1997-ին Լոնտոնի մէջ Միլան ամուսնացաւ «Հինգերորդ Տարրը» ֆիլմի բեմադրիչ Լիուք Պեսոնի հետ: Ամուսնական արարողութենէն ետք անոնք անկարգելով թռիչք կատարեցին: Եովովիչ եւ Պեսոն ամուսնալուծուեցան 1999-ին:[14] 1998-էն 2001 ան ընկերութիւն կ'ընէր բանաստեղծ եւ երաժիշտ Աննօ Պիրկինի հետ: Եովովիչ եւ Պիրկին սիրային յարաբերութիւններու մէջ էին մինչեւ Պիրկինի մահը, որ տեղի ունեցաւ 8 Նոյեմբեր 2001-ին, ինքնաշարժի արկածէ:[37]

Միլան ըլլալով նախկին[100] ծխող,[101] փորձած է օրինաւոր դարձնել մարիկուանայի օգտագործումը: 1994-ին տպագրուած յօդուածին մէջ Միլան խոստովանած է, որ անոր միակ վատ սովորութիւնը ծխախոտի եւ մարիկուաննայի օգտագործումն է:[72]

Եովովիչ յաճախ կը զբաղի եոկայով եւ միտիտացիայով`փորձելով առողջ ապրելակերպ վարել: Միլան որեւէ կրօնի չի դաւանիր, բայց կ'աղօթէ եւ ինքն իրեն կը համարէ «ոգեղեն մարդ»:[51] Եովովիչ կը տիրապետէ պրազիլական ճիու-ճիցույի, ինչպէս նաեւ քանի մը այլ մարտաձեւերու: Միլան հրաժարած է վնասակար ճաշերէ եւ կը նախընտրէ զբաղիլ խոհարարութեամբ: Ան նաեւ հաճոյք կ'առնէ կիթառով երգեր նուագելէ եւ երգերու համար բանաստեղծութիւններ գրելէ:[102]

Ֆիլմագրութիւն Խմբագրել

Դերակատարումներ Խմբագրել

Թիւ Ֆիլմի անուն Բնօրինակի անուանումը Դերը Ոճ Բեմադրիչ Խաղընկերներ
1987-1997 Ամուսնացած է Երեխաներու Հետ Married with Children Իւեթ Սերիալ,
Կատակերգութիւն
Ճերի Քոեն
Լինտա Տէյ
Ամանտա Պիրզ
Էտ Օ’Նիլ,
Տէյվիտ Ֆաուսթինօ,
Քրիսթինա Էփլկէյթ,
Ամանտա Պիրզ,
Քեթի Սակալ
1988 Երկու Լուսիններու Միաձուլումը Two Moon Junction Սամանթա Տելենկրի Թատերգրութիւն,
Մելոտրամա
Զալման Քինկ Շերիլին Ֆէն,
Ռիչարտ Տայսոն,
Լուիզա Ֆլետչըր,
Պերլ Այվզ,
Քրիսթի ՄաքՆիկոլ
1988 Գիշերային Գնացք Դէպի Կատմանդու The Night Train to Kathmandu Լիլի Մաքլեոտ (տիտրերու մէջ՝ Միլա) երեւակայական,
թատերգութիւն,
Մելոտրամա,
Արկածային
Ռոպերթ Վայմըր Պերնել Ռոպըրտս,
Էտի Կասթրոտատ,
Կաւի Ռազ,
Թիմ Էյսթըր
1988-1990 Դրախտ Paradise Քէյթ սերիալ,
Մարտական,
Թատերգութիւն,
Արեւմտեան
Մայքըլ Լանժ
Ռոպերթ Շիրըր
Քլիֆ Պոուլ
Լի Հորսլի,
Ճենի Պեք,
Մեթիու Նիումարք,
Պրայըն Լանտօ,
Մայքըլ Փաթրիք Կարտըր
1990-1993 Փարքըր Լեւիս Զայն Չի Կորսնցներ Parker Lewis Can't Lose Ռոպին Ֆեքնովիչ Սերիալ,
Կատակերգութիւն
Պրայըն Սփայսըր
Ռոպ Պոումըն
Լարի Շոու
Քորին Նեմեք,
Պիլի Ջէյն,
Թրոյ Վ. Սլէյթըն,
Մելանի Չարտոֆ,
Մայա Պրուտըն
1991 Վերադարձ Դէպի Երկնագոյն Ծովալճակ Return to the Blue Lagoon Լիլի Մելոտրամա,
Արկածային
Ուիլիամ Ա. Կրեմ Պրայըն Քրաուզէ,
Լիզա Փելիքան,
Քորթնի Պարիլա,
Կերեթ Ռետլիֆ Հենսըն
1991 Քաֆս Kuffs Մայա Քառլտըն Մարտական,
Կատակերգութիւն,
Քրէական
Պրիուս Ա. Էւանս Քրիսթիան Սլէյտըր,
Ռիք Ռոման Վօ,
Սթիւ Հոլիտէյ,
Չատ Ռենտոլ
1992 Չափլին Chaplin Միտրետ Հարիս Թատերգութիւն,
Կենսագրական
Ռիչարտ Աթենպորօ Ռոպերթ Տաունի (կրտսեր),
Ճերալտինա Չափլին,
Փոլ Ռիս,
Ճոն Տոու,
Մոյրա Քելի
1993 Հաճոյքի Եւ Շփոթմունքի Մէջ Dazed and Confused Միշել Պուրոութս Թատերգութիւն,
Կատակերգութիւն
Ռիչարտ Լինքլէյթըր Ճէյսըն Լոնտոն,
Ճոի Լորեն Էտամս,
Շոն Էնդրիուս,
Ռորի Քոքրէյն
1993 Ճենթլմենը, որ Ինկաւ Gentleman Who Fell Կարճ Լիզա Պոնէ Կարի Տին Ստենթըն
1997-2010 Լերան Արքան King of the Hill Սերենա Շոու (հնչիւնաւորում) Սերիալ,
Մուլտֆիլմ,
Թատերգութիւն,
Կատակերգութիւն
Քլէյ Հոլ
Տրիշիա Կարսիա
Քիոնկ Հի Լիմ
Մայք Ճաճ,
Կետի Նեճիմի,
Փամելա Ատլըն,
Ճոնի Հարտվիկ,
Սթիւըն Ռուտ
1997 Հինգերորդ Տարրը The Fifth Element Լիլու երեւակայական,
Մարտական,
Թրիլըր,
Կատակերգութիւն
Լիուք Պեսոն Պրիուս Ուիլիս,
Կարի Օլտմեն,
Եէն Հոլմ,
Քրիս Տակըր
1998 Ան Լաւ Կը Խաղայ He Got Game Տաքոթա Պարնս Թատերգութիւն,
Մարզական
Սփայք Լի Տենզըլ Ուաշինկթըն,
Ռէյ Ալէն,
Ռոզարիօ Տոուսըն,
Հիլ Հարփըր
1999 Ժանն տ'Արք Joan of Arc Ժանն տ'Արք Թատերգութիւն,
Արկածային,
Ռազմական,
Կենսագրական,
Պատմական
Լիուք Պեսոն Տասթին Հոֆման,
Ֆէյ Տանաուէյ,
Ճոն Մալքովիչ,
Չեքի Քարիօ
1999 Միլիոն Տոլարնոց Պանթոկը The Million Dollar Hotel Էլոիս Թրիլըր,
Թատերգութիւն,
գաղտնի ոստիկանի
Վիմ Վենտըրս Ճերեմի Տեւիս,
Մել Կիպսըն,
Ճիմի Սմիթս,
Փիթըր Ստորմարէ
2000 Հաւանութիւն The Claim Լուսիա Թատերգութիւն,
Մելոտրամա,
Արեւմտեան
Մայքըլ Ուինթըրպոթոմ Փիթըր Մուլան,
Ուես Պենթլի,
Նասթասիա Քինսկի,
Սարա Փոլի
2001 Օրինակելի Արու Zoolander Կատինկա Կատակերգութիւն Պեն Սթիլըր Պեն Սթիլըր,
Օուէն Ուիլսըն,
Քրիսթին Թէյլըր,
Ուիլ Ֆերըլ
2002 Տիկնիկը Dummy Ֆանկորա Թատերգութիւն,
Մելոտրամա,
Կատակերգութիւն
Կրէկ Փրիտիկին Էտրիան Պրոուտի,
Իլիանա Տակլաս,
Վերա Ֆարմիկա,
Ճեսիքա Ուոլթըր
2002 Չարի Կացարան Resident Evil Էլիս Սարսափ,
Երեւակայական,
Մարտական,
սարսափըր,
Արկածային
Փոլ Ու. Ս. Անտըրսըն Միշել Ռոտրիկես,
Էրիք Մեպիաս,
Ճէյմս Փիուրֆոյ,
Մարթին Քրիուզ
2002 Դուն Ինչ Յիմար Ես You Stupid Man Նատին Մելոտրամա,
Կատակերգութիւն
Պրայըն Պարնս Տէյվիտ Քրամհոլց,
Ուիլիամ Պոլտուին,
Տենիս Ռիչարտս,
Տեն Մոնտկոմերի կրտ.
2002 Տուն Թրքական Փողոցի Վրայ The House on Turk Street Էրին Պոպ Ռէյֆելսըն Սեմիուէլ Ճէքսըն,
Սթելան Սքարսկարտ,
Տակ Հատչիսըն,
Ճոս Էկլենտ
2004 Չարի կացարան 2՝ Ապոկալիփսիս Resident Evil։ Apocalypse Էլիս Սարսափ,
Երեւակայական,
Մարտական,
սարսափըր
Ալեքսանդր Ուիթ Սիեննա Կիլորի,
Օտետ Ֆեր,
Թոմաս Քրեչմանն,
Սոֆի Վաւասօ
2005 Թրեյլըր Կալիգուլայի Ռեմէյկի Համար Trailer for a Remake of Gore Vidal's Caligula Տրուսցիլա Կարճ,
Թատերգութիւն,
Կատակերգութիւն,
Պատմական
Ֆրանչեսքօ Վեցցոլի Հելէն Միրեն,
Քարէն Պլէք,
Պենիսիօ Տէլ Թորօ,
Ճերարֆ Պատլըր
2006 Անդրմանուշակագոյն Ultraviolet Մանուշակագոյն Երգ Ճատ Շարիֆ Երեւակայական,
Մարտական
Քուրտ Ուիմըր Քեմերըն Պրայտ,
Նիք Չինլանտ,
Սեպասթըն Էնդրիօ,
Իտա Մարթին
2006 45 քալիպր .45 Քեթ սարսափըր,
Թատերգութիւն,
Քրէական
Հարի Լենըն Էնկուս ՄաքՖատըն,
Սթիւըն Տորֆ,
Այիշա Թայլըր,
Սարա Սթրէյնճ
2007 Չարի Կացարան 3 Resident Evil։ Extinction Էլիս Սարսափ,
Երեւակայական,
Մարտական,
սարսափըր
Ռասէլ Մալքէյ Օտետ Ֆեր,
Էլի Լարտըր,
Այէյն Կլեն,
Աշանթի
2009 Կատարեալ Փախուստ A Perfect Getaway Սինտի Մարտական,
սարսափըր,
Գաղտնի Ոստիկանական,
Արկածային
Տէյվիտ Տուի Սթիւ Զան,
Թիմոտի Օլիֆանտ,
Քիլէ Սանչեզ,
Մարլի Շելթըն
2009 Չորրորդ Տեսակը The Fourth Kind Էպպի Թայլըր / կը մարմնաւորէ ինք զինք Սարսափ,
Երեւակայական,
սարսափըր,
Գաղտնի Ոստիկանական
Օլատունդէ Օսունսանմի Ուիլ Պեթըն,
Հաքիմ Քայէ-Քազիմ,
Քորի Ճոնսըն,
Էնզօ Սիլենթի
2010 Չարի կացարան 4՝ Կեանք Մահէն Ետք Resident Evil։ Afterlife Էլիս Սարսափ,
Երեւակայական,
Մարտական,
Արկածային
Փոլ Ու. Ս. Անտըրսըն Էլի Լարտըր,
Լիմ Քոուտս,
Շոն Ռոպերտս,
Սերճիօ Փերիս-Մենչետա
2010 Սթոուն Stone Լուչեթա Քրիսոն Թրիլըր,
Թատերգութիւն,
Քրէական
Ճոն Քիորան Ռոպերթ Տէ Նիրօ,
Էդուարդ Նորթոն,
Ֆրենսիս Քոնրոյ,
Էնվըր Կոքայ
2010 Անպիտան Աղջիկը Dirty Girl Սիու Ան Թատերգութիւն,
Կատակերգութիւն
Ապէ Սիլվիա Ճունօ Թեմփըլ,
Ճերեմի Տոզէ,
Զեք Լեսրի,
Ճոնաթան Սլավին
2010 Ճարպիկ շարժումներ Выкрутасы Նատիա Մելոտրամա,
Կատակերգութիւն,
Ընտանեկան,
Սպորտային
Լեւան Գաբրիադզէ Կոնսթանտին Հաբենսկիյ,
Իւան Ուրգանտ,
Սերգէյ Գարմաշ,
Վլատիմիր Մենշով
2011 Հրացանակիրները The Three Musketeers Միլետի տէ Վինտեր Մարտական,
Արկածային
Փոլ Ու. Ս. Անտըրսըն Լոկան Լերման,
Մեթիու Մաքֆէյտըն,
Ռէյ Սթիւընսըն,
Լիուք Էւանս
2011 Վատ մայրիկը Bringing Up Bobby Օլայվ Թատերգութիւն,
Ընտանեկան
Ֆամքէ Եանսըն Սփենսըր Լիսթ,
Ռորի Քոքրէյն,
Մարսիա Քրոս,
Պիլ Փուլման
2011 Դէմքեր Ամբոխի Մէջ Faces in the Crowd Աննա Մարչանտ Թրիլըր,
Թատերգութիւն
Ժիւլէն Մանիա Ճուլիան ՄաքՄեխոն,
Տէյվիտ Ատրակչի,
Մայքլ Շէնքս,
Մարիաննա Ֆէյտֆուլ
2012 Չարի Կացարան՝ Վրէժ Resident Evil։ Retribution Էլիս Սարսափ,
Ֆանտաստիկ,
Մարտական,
Թրիլըր
Փոլ Ու. Ս. Անտըրսըն Սիէնա Կիլորի,
Միշէլ Ռոտրիկես,
Արիանա Էնճինիր,
Լի Պինպին
2014 Ձմեռնային Թագուհին Зимняя королева Ամալիա Պեզետսկայա Մարտական,
Թրիլըր,
Թատերգութիւն,
Քրէական,
Գաղտնի Ոստիկանական,
Պատմական
Ֆիոտոր Պոնտարչուկ
2014 Հազիւ Յայտնիները Resident Evil։ Retribution Սերիալ,
Կատակերգութիւն
Ճէյսըն Ա. Քարպոնէ Էրին Ֆոսթըր,
Սառա Ֆոսթըր,
Էպպի ՏիԿրեկորիօ,
Տենա ՏէԼորենցօ
2015 Ողջ Մնացածը Survivor Քէյթ Էպոտ Մարտական,
Թրիլըր,
Քրէական
Ֆիլիփ Շելպի Փիրս Պրոսնան,
Տիլան ՄաքՏերմոտ,
Անճելա Պասսետ,
Արիանա Էնճինիր
2015 Օրինակելի Արու 2 Zoolander 2 Քատինկա Կատակերգութիւն Պէն Սթիլըր Պէն Սթիլըր,
Օուէն Ուիլսըն,
Փենելեպէ Քրուզ,
Քրիսթըն Ուիկ
2016 Չարի Կացարան՝ Վերջին գլուխ Resident Evil: The Final Chapter Էլիս Սարսափ,
Երեւակայական,
Մարտական,
Թրիլըր
Փոլ Ու. Ս. Անտըրսըն Ռուպի Ռոուզ,
Էլի Լարտըր,
Եէն Կլեն,
Ուիլիամ Լեւի

Արտադրութիւններ Խմբագրել

Թիւ Ֆիլմի Անուն Բնօրինակի Անուանումը
1993 Ճենտլմենը, որ Ինկաւ Gentleman Who Fell
2011 Դէմքեր Ամբոխի Մէջ Faces in the Crowd

Սկաւառակագրութիւն Խմբագրել

Ստուդիայի ալպոմներ.

Երգեր Խմբագրել

Մրցանակաբաշխութիւն Խմբագրել

Եովովիչ առաջադրուած է բազմաթիւ մրցանակներու: 1992-ին ան Երիտասարդ դերասան մրցանակաբաշխութեան կողմէ առաջադրուած է «լաւագոյն երիտասարդ դերասանուհի» անուանակարգի մէջ «Վերադարձ Դէպի Երկնագոյն Ծովալճակ» ֆիլմի համար:[103] Նոյն դերի համար ան նաեւ առաջադրուած է Ոսկիէ Ազնուամորիի:

1998-ին Միլան «Հինգերորդ տարրը» ֆիլմի համար առաջադրուած է Սաթուրնի «լաւագոյն դերասանուհի»[104], «Blockbuster Entertainmen»t-ի կողմէ լաւագոյն նոր դերասանուհի[105] եւ MTV-ի կողմէ «լաւագոյն մարտի տեսարան» (Միլայի եւ այլմոլորակայիններու միջեւ) անուանակարգերու մէջ:[106] Նոյն դերի համար ան նոյնպէս առաջադրուած է Ոսկիէ Ազնուամորիի:[107]

2000-ին Ոսկիէ Ազնուամորիի կողմէ «Ժանն տ'Արք» ֆիլմի համար առաջադրուած է վատագոյն դերասանուհի անուանակարգի մէջ:

2002-ին Սաթուրնի կողմէ «Չարի կացարան» ֆիլմի համար առաջադրուած է «լաւագոյն դերասանուհի» անուանակարգի մէջ, իսկ 2008-ին «Scream»-ի կողմէ «Չարի կացարան 3» ֆիլմի համար արժանացած է «գիտական եւ երեւակայան մարտական ոճի ֆիլմի լաւագոյն դերասանուհի» անուանակարգի մրցանակի:

2010-ին «Scream»-ի կողմէ «Չորրորդ Տեսք» ֆիլմի մէջ տոքթոր Ապիկէյլ Թայլըրի կերպարի համար առաջադրուած է լաւագոյն սարսափի դերասանուհի անուանակարգի մէջ եւ «Hollywood Spotlight»-ի կողմէ արժանացած է լաւագոյն դերասանուհի անուանակարգի մէջ մրցանակի «Սթոուն» ֆիլմի մէջ Լուչետայի կերպարի համար:

2011-ին «Scream»-ի կողմէ «Չարի կացարան 4՝ Կեանք Մահէ Ետք» ֆիլմի համար արժանացած է մրցանակի գիտական եւ երեւակայական ոճի լաւագոյն դերասանուհի անուանակարգի մէջ։ 2012-ին «Teen Choice»-ի կողմէ առաջադրուած է «ընտրեալ ֆիլմի դերասանուհի» անուանակարգի:

Տարի Անուանակարգ Մրցանակաբաշխութիւն Ֆիլմ Արդիւնք
1992 Լաւագոյն երիտասարդ դերասանուհի ֆիլմի մէջ Երիտասարդ դերասան Վերադարձ Դէպի Երկնագոյն Ծովալճակ Առաջադրուած
1998 Լաւագոյն դերասանուհի Սաթուրն Հինգերորդ տարրը Առաջադրուած
1998 Լաւագոյն կին սկսնակ Blockbuster Entertainment Հինգերորդ տարրը Առաջադրուած
1998 Լաւագոյն կռիւ (ընդդէմ այլմոլորակայիններու) MTV Հինգերորդ տարրը Առաջադրուած
2003 Լաւագոյն դերասանուհի Սաթուրն Չարի Կացարան Առաջադրուած
2008 Գիտական եւ երեւակայական ոճի լաւագոյն դերասանուհի Scream Չարի կացարան 3 Յաղթած
2010 Լաւագոյն դերասանուհի Հոլիուուտի շարժապատկերի փառատօն Սթոուն Յաղթած
2010 Լաւագոյն սարսափի դերասանուհի Scream Չորրորդ տեսք Առաջադրուած
2011 Գիտական եւ երեւակայական ոճի լաւագոյն դերասանուհի Scream Չարի կացարան 4՝ Կեանք Մահէ Ետք Յաղթած
2012 Ընտրեալ ֆիլմի դերասանուհի՝ Մարտ Teen Choice Հրացանակիրները Առաջադրուած

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 Discogs — 2000.
  2. 2,0 2,1 filmportal.de — 2005.
  3. 3,0 3,1 Munzinger Personen
  4. 4,0 4,1 4,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #130895326 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  5. 5,0 5,1 Թվիթթեր(untranslated), 2006.
  6. «Millaj:Purple Love»։ Purple magazine։ MillaJ.com։ 1990։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  7. Leon Sarah (հոկտեմբերի 19, 2011)։ «Milla Jovovich Magazine Cover, 1987: A Look Back»։ The Huffington Post։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  8. Dolan Maggie (դեկտեմբերի 17, 2013)։ «Milla Jovovich's Paper Covers, a Retrospective»։ Paper (magazine)։ արտագրուած է՝ մայիսի 9, 2015 
  9. «Milla Jovovich Filmography»։ http://www.millaj.com։ MillaJ.com։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 28, 2013 
  10. «Resident Evil (2002)»։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  11. Roger Ebert (2005-08-11)։ «Ebert's Most Hated»։ Chicago Sun-Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-06-28-ին։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  12. «Resident Evil»։ Box Office Mojo։ Amazon.com։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  13. «Resident Evil: Afterlife Back to 2010»։ CraveOnline (ShockTilYouDrop.com)։ հունվարի 11, 2010։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  14. 14,0 14,1 14,2 14,3 «Milla's Tale»։ Harpers & Queen։ January 2003։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  15. «Mila Jovović peva zanimljive pesme»։ Glas Javnosti (Serbian)։ 2000-07-07։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  16. 16,0 16,1 16,2 50 facts about Milla Jovovich
  17. 17,0 17,1 17,2 Lopusina Marko (1998)։ «Holivud je srpsko selo»։ Svi Srbi sveta (Serbian)։ Belgrade: Princip։ ISBN 86-82273-07-1։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-07-09-ին։ արտագրուած է՝ 2006-09-07 [յղումը չկայ]
  18. Milla Jovovich (July 2002)։ Milla Jovovich։ Interview with J. Rentilly։ Gallery։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  19. «Frequently Asked Questions»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  20. «Milla Jovovich»։ E!։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-12-15-ին։ արտագրուած է՝ 2007-12-28 
  21. 21,0 21,1 Wang Jen։ «Thoroughly Modern Milla»։ California Style։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  22. 22,0 22,1 Morton Roger (June 1999)։ «The Real Life of Angels»։ Dazed & Confused (magazine)։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  23. Paperny Vladimir (May 2000)։ «Honest Milla»։ Vogue (Russia)։ արտագրուած է՝ 2007-11-19 
  24. 24,0 24,1 24,2 Rumbold Judy (2007-08-04)։ «A Slav to love»։ The Daily Telegraph (London)։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  25. Eaton Anne (March 1988)։ «Dressed to Kill»։ Star (magazine)։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  26. 26,0 26,1 26,2 Cushing Colin (1996)։ «Just Milla, please»։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  27. 27,0 27,1 Milla Jovovich (1994)։ Jovovich, Milla – supermodel, actress, singer, songwriter։ Interview with Dominick A. Miserandino։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-07-20-ին։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  28. Tyer Brad (դեկտեմբերի 15, 1994)։ «Milla in 3-D»։ Houston Press։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  29. «Profile of Milla Jovovich»։ Fashion Model Directory։ արտագրուած է՝ մայիսի 15, 2013 
  30. Kelly Catherine (1997)։ «Milla's Melody: Multiple-Media-Threat Milla Jovovich Discusses Modeling, Music And Money»։ Oneworld։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  31. «Milla: The world's richest model»։ Forbes։ 2004-07-28։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ May 15, 2013-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  32. Jones Dolly (2006-05-11)։ «Milla for Mango»։ Vogue (magazine)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-10-11-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  33. «The Official Milla Jovovich Website :: Allure June 1999»։ MillaJ.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  34. «Behind The Scenes Style! Milla Jovovich Models For Jacob & Co.»։ RadarOnline.com։ Radar Online 
  35. «Lookout»։ People (magazine)։ June 1988։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  36. Lebowitz Lisa (September 1988)։ «Milla»։ Model։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  37. 37,0 37,1 37,2 37,3 37,4 37,5 37,6 «Milla Jovovich Biography»։ Yahoo!։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 28, 2011-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  38. «Dazed and Confused (1993)»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  39. Brill Amy (May 1997)։ «Hollywoodland»։ Premiere։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  40. «Modeling/Picture Gallery»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  41. «The Fifth Element»։ Box Office Mojo։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  42. Berardinelli James (1997)։ «The Fifth Element»։ reelreviews.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  43. «The Fifth Element (1993)»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  44. 44,0 44,1 44,2 44,3 Howell Peter (2003-09-08)։ «Even zombie killers are insecure»։ Toronto Star։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  45. «The Messenger: The Story of Joan of Arc»։ Box Office Mojo։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  46. «Resident Evil (2002)»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  47. Resident Evil DVD commentary (2002)
  48. Bradberry Grace։ «Modern Milla»։ InStyle։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  49. «Resident Evil»։ Box Office Mojo։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  50. Grove David (September 2004)։ «Alice Get Your Guns»։ Film Review (UK)։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  51. 51,0 51,1 Milla Jovovich (2007-09-26)։ Resident champions։ Interview with CM Punk։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  52. «Ultraviolet»։ Rotten Tomatoes։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  53. «Ultraviolet»։ Box Office Mojo։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  54. «Resident Evil: Extinction (2007)»։ Box Office Mojo։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  55. «Resident Evil: Apocalypse»։ Box Office Mojo։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  56. Germain David (23 September 2007)։ «'Resident Evil' rules weekend box office»։ USA Today։ Associated Press։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  57. Milla Jovovich Goes To Chateau Marmont On Friday Night Եություպի վրայ
  58. «De Niro, Norton film at Jackson prison»։ Detroit Free Press։ 20 May 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-06-ին։ արտագրուած է՝ 2009-11-12 
  59. «Milla Jovovich Gets Shattered in 'Faces in the Crowd' Promo Art!»։ Bloody-disgusting.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  60. «Milla Jovovich Sees Faces in the Crowd»։ Dreadcentral.com։ 2009-10-28։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  61. «Milla Jovovich to Topline the Very Cool 'Faces in the Crowd'»։ Bloody-disgusting.com։ 2009-10-28։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  62. «Milla Jovovich FACES new terrors»։ Fangoria.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-11-07-ին։ արտագրուած է՝ 2010-12-10 
  63. «Milla Jovovich Tweeting from Resident Evil: Afterlife Set»։ Dreadcentral.com։ 2009-11-03։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  64. «Milla Jovovich Begins Tweeting from 'Resident Evil: Afterlife' Set»։ Bloody-disgusting.com։ 2009-11-03։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  65. «David R. Ellis on War Monkeys, Genesis Code and Bad Luck»։ Moviehole.net։ 2010-06-06։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-08-14-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  66. «Seven Arts Announces New Distribution Venture With GFM Films»։ Bloomberg L.P. (Hollywood)։ Marketwire։ 31 March 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 2, 2013-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013։ «The Venture will formally launch at this year's Cannes Film Festival focusing its efforts on Seven Arts' upcoming titles including "The Winter Queen" to be directed by Fedor Bonderchuk and starring Milla Jovovich and "Neuromancer, " the sci-fi epic based on the best selling novel by William Gibson which will be directed by Vincenzo Natali.» 
  67. Vlessing Etan (2011-08-16)։ «'Resident Evil 5' To Shoot In Toronto»։ The Hollywood Reporter 
  68. Final Resident Evil Movie "Much More Gritty and Raw, " Milla Jovovich Says – GameSpot
  69. 69,0 69,1 69,2 «Milla's Music»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  70. «Milla»։ Rolling Stone (Australia)։ August 1990։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  71. McAlley John (April 1994)։ «The Divine Comedy»։ Rolling Stone։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  72. 72,0 72,1 72,2 72,3 Boardman Mickey (Summer 1994)։ «Generation Oxymoron»։ Paper։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  73. Lessing Pieter (June 1999)։ «West Hollywood, California June 17, 1999 review»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  74. Lewis Richard (June 1999)։ «Review from Richard Lewis' Concert Calendar»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  75. Ehrman Mark (1999-09-05)։ «Milla goes Luna»։ Los Angeles Times Magazine։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  76. Manning Kara (1999-11-11)։ «Milla Jovovich On The Bono-Mick Jagger Connection»։ MTV։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  77. «Plastic Has Memory»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  78. «James Maynard Keenan Cooks Up New Side Project Puscifer»։ Sony։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-08-15-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  79. «Rocket Collecting»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  80. «Current Demos»։ millaj.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  81. «Electric Sky – Single»։ Amazon.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  82. Vogue (September 11, 2006)։ «JOVOVICH HAWK SPRING/SUMMER 2007»։ Vogue։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 27, 2007-ին։ արտագրուած է՝ 2006-10-03 
  83. Jones Dolly։ «Fashion choices»։ Vogue։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 11, 2007-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  84. Ward Chris։ «Up close: milla jovovich»։ Wizard Entertainment։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 21, 2007-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  85. Lee Helen։ «Jovovich-Hawk to design a collection for Target»։ SASSYBELLA.com։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  86. «Find It, Keep It»։ Town & Country։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  87. «Mila Jovovic is from Vasojevici, Montenegro»։ Kurir։ 2014-04-24։ արտագրուած է՝ April 24, 2014 
  88. 88,0 88,1 Я мечтаю сыграть Анну Ахматову։ russiannightsfest.com (Russian)։ April 11, 2005։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  89. Lopusina Marko (1998)։ «Holivud je srpsko selo»։ Svi Srbi sveta (Serbian)։ Belgrade: Princip։ ISBN 86-82273-07-1։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-07-09-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013։ «Srpski nikada nije dobro naucila, ruski joj je ostao maternji jezik» 
  90. Milla on Die Harald Schmidt Show (March 19, 2002) Եություպի վրայ
  91. 91,0 91,1 «Milla Jovovich opens foundation for disabled children in Ukraine»։ English pravda.ru։ 2005-08-23։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  92. Callender Cat։ «Milla's crossing»։ The Daily Telegraph։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  93. Von Judith Bonesky (2009-07-30)։ «Milla Jovovich: Hochzeit in Los Angeles»։ Bild.de։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-07-26-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  94. «Milla Jovovich Gives Birth to Baby Girl»։ US Magazine։ 2007-11-04։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 5, 2007-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  95. «From Milla»։ millaj.com։ 2007-11-07։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  96. «From Milla»։ millaj.com։ 2007-10-25։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  97. «Milla Jovovich Instagram photos and videos»։ millajovovich։ 2015-04-02։ արտագրուած է՝ April 2, 2015 
  98. «Milla Jovovich»։ newfaces.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ July 26, 2019-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  99. Musto Michael (1994-04-15)։ «Another Model with Aspirations»։ Entertainment Weekly։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  100. Jovovich Milla (February 28, 2012)։ «@ViniciusZini I quit smoking! I hve an e cig now and I'm already downed my nic levels by more than half!»։ Twitter։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  101. Zubtsova Jana (October 2003)։ «Milla, You’re No Angel»։ Domvoy (Russia)։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  102. «Milla's Sense of...»։ Celebrity (Germany)։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  103. «Thirteenth Annual Youth in Film Awards»։ Young Artist Foundation։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  104. Justin Sarachik (October 21, 2011)։ «Milla Jovovich Blasts Summit Entertainment for Ignoring 'Three Musketeers'»։ The Christian Post։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  105. 1996 Blockbuster Entertainment Awards Nominees Announced։ Billboard (magazine)։ January 17, 1998։ էջ 64։ արտագրուած է՝ May 15, 2013 
  106. «1998 MTV Movie Awards»։ MTV։ արտագրուած է՝ May 15, 2013  Note: Click on the 'Winners' tab.
  107. «1997 Archive»։ Golden Raspberry Award։ August 23, 2000։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ April 26, 2012-ին։ արտագրուած է՝ May 15, 2013