Միջնադար (Միջին դարեր), պատմական ժամանակաշրջան, որ կը յաջորդէ Հին դարեշրջանին եւ կը նախորդէ Նոր ժամանակաշրջանին։ Միջնադարի սկիզբը կը համարուի Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան անկումը հինգերորդ դարուն (սովորաբար անկման տարեթիւը կը համարուի 476 սեպտեմբեր 4, երբ վերջին կայսրը՝ Հռումուլոս Ավգուստուլուսը գահազրկուեցաւ): Սակայն Միջնադարի աւարտին մասին կան տարբեր կարծիքներ։ Այդ կարծիքներէն են՝ Կոստանդնուպոլիսի անկումը (1453), տպագրութեան յայտնագործումը (տասնհինգերորդ դարու կէսեր), Ամերիկայի յայտնաբերումը (1492), Անգլիական յեղափոխութեան (1640) սկիզբը, Եռեսնամեայ պատերազմի սկիզբը եւայլն։

Աւատականական կարգերու հաստատումը Խմբագրել

Միջին դարերու հիմնական առանձնահյատկութիւնը համայնական եւ ստրկատիրական կարգերու փոփոխութիւնն է աւատականութեամբ։ Այդ կարգերու ժամանակ հիմնական թշնամական դասակարգերը, ոչ թէ ստրկատէրերն ու ստրուկներն էին, այլ աւատականական ու կախեալ գյիւղացիները։ Տարբեր ժողովուրդներու մօտ աւատականական կարգերը հաստատուած են ոչ միաժամանակ։ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ անոնք առաջացան Ե. դարավերջերը, այն շարժումէն ետք, երբ 476-ին ստրուկներու եւ գաղթօճախներուն ապստամբութեան հետեւանքով թուլացաւ ու «բարբարոսներու» ջախջախիչ հարուածներէն խորտակուեցաւ Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութիւնը։

Կախեալ գիւղացիներ Խմբագրել

Հողի օգտագործման դիմաց կախեալ գիւղացիները պէտք է կատարէին պարհակներ, այսինքն ՝ հարկադիր պարտականութիւններ։ Գիւղացիները պէտք է վարէին ու ցանէին տիրոջ դաշտը, իսկ այնուհետեւ հնձէին, տեղափոխէին ու կալսէին հաւաքուած հացահատիկը։ Անոնք աւանակականի տնտեսութեան կը կատարէին այլ աշխատանքներ՝ կը կառուցէին ու կը վերանորոգէին անոր տունը, շտեմարաններն ու կամուրջները, կը մաքրէին լճակները, կ՛ապահովէին աւանակականի պալատը բնամքերով։ Աւանակականի կառավարիչն ու ծառաները կ՛իրականացնէին հսկողութիւնը՝ բացառելու համար աշխատանքէն խուսափելու գիւղացիներուն ձգտումները։ Աւանակական տնտեսութեան մէջ գիւղացիին կատարած բոլոր աշխատանքները կը կոչուէին կոռ։

Գիւղացիները աւանակականին պէտք է տային նաեւ իրենց տնտեսութեան մթերքներուն մէկ մասը՝ հացահատիկ, անասուններ, թռչուններ, ձու եւ այլն։ Անոնք նաեւ պարտաւոր էին տալ իրենց արտադրանքի մէկ մասը՝ թաքան, մանուածք ու կաշի։ Մթերքներով ու իր տնտեսութեան մէջ պատրաստուած արտադրանքով գիւղացիին վճարումները հողատիրոջ կը կոչուէր բահրա։

Կոռն ու բահրան կախեալ գիւղացիներուն գլխաւոր պարհակութիւններն էին։ Աւելի ուշ աւանականականները մտցուցին նաեւ նոր հարկեր։ Գիւղացիներուն կը ստիպէին իրենց հացահատիկն աղալ միայն աանականի ջաղացքէն, հաց թխել տիրոջ փուռին մէջ եւ անոնց դիմաց կամ հարկեր վճարել, կամ ալ տալ ստացուած բերքի մէկ մասը։

Նմանատիպ կարգեր կը գործէին նաեւ այն գիւղացիներուն համար, որոնք կ՛ապրէին եկեղեցապատկան հողատարածքներուն մէջ։ Անոնք պէտք է տային եկեղեցոյ տասանորդ՝ բերքի եւ անասուններու ծնաճի մէկ տասներորդը։