Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան

Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան (21 Ապրիլ 1925(1925-04-21)[1], Պերլին, Գերմանական ռայխ - 19 Յունիս 1996(1996-06-19)[2][3], Փարիզ), Ֆրանսա) Ա­մե­րի­կա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ գիւ­տա­րար գիտ­նա­կա­նը[4] ,Բ­նա­գէտ ու ճար­տա­րա­գէտ, կեն­սա­բան եւ հիւ­լէա­կան գի­տու­թեանց ան­խոնջ հե­տա­զօ­տող ու տա­ղան­դա­ւոր գիւ­տա­րար: ­Տէր-­Պօ­ղո­սեան եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րը հան­դի­սա­ցան աշ­խար­հի տա­րած­քին գոր­ծող PETի մար­զի ան­վի­ճե­լի վար­պետ­նե­րը։ «­Փո­զիթ­րո­նա­յին ճա­ռա­գայթ­ման թո­մոկ­րա­ֆիի (Positron emission tomography PET)) յայտ­նա­գոր­ծող­նե­րէն եւ գիւ­տա­րար հայ­րե­րէն մէ­կը»:

Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան
Ծնած է 21 Ապրիլ 1925(1925-04-21)[1]
Ծննդավայր Պերլին, Գերմանական ռայխ
Մահացած է 19 Յունիս 1996(1996-06-19)[2][3] (71 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Ուայմարի Հանրապետութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն ֆիզիքոս, գիւտարար
Աշխատավայր Վաշինգտոնի համալսարան Սենտ Լուիսում?

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան, միակ զա­ւակն էր ծնող­քին, որ 1915-ին թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զա­պուրծ՝ ա­պաս­տա­նած էր ­Գերմանիա։ ­Մի­քա­յէլ տա­կա­ւին մա­նուկ էր, երբ ծնող­քը ո­րո­շեց տե­ղա­փո­խո­ւիլ եւ Ֆ­րան­սա հաս­տա­տուիլ։ Այդ­պէս, մին­չեւ 21 տա­րե­կա­նը եւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը, ա­պա­գայ գիտ­նա­կա­նը ու­սա­նե­ցաւ եւ կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ Ֆրանսայի մէջ։

1943-ին ան ստա­ցաւ Պ­սա­կա­ւոր Ա­րո­ւես­տից աս­տի­ճա­նը բնա­կան գի­տու­թեանց մէջ՝ ­Փարիզի հա­մալսա­րա­նէն։ Այ­նու­հե­տեւ եր­կու տա­րի ու­սա­նե­ցաւ տի­կին ­Ժո­լի ­Քիւ­րիի մօտ՝ ֆրան­սա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր ­Ռա­տիու­մի ­Հիմ­նար­կին մէջ։

1946-ին իբ­րեւ շրջա­նա­ւարտ ու­սա­նո­ղի իր ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու դի­մում կա­տա­րեց Միացեալ Նահանգներ­ու հռչա­կա­ւոր Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մալ­սա­րա­նը, ուր ըն­դու­նո­ւե­ցաւ եւ նոյն տա­րո­ւան աշ­նան իսկ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ։ Մինչ կ­’ու­սա­նէր ­Մա­գիստ­րո­սի աս­տի­ճա­նին տի­րա­նա­լու հա­մար, ­Մի­քա­յէլ ­Տէր-­Պօ­ղո­սեան սկսաւ օգ­նա­կան հե­տա­զօ­տո­ղի աշ­խա­տանք տա­նիլ միեւ­նոյն հա­մալ­սա­րա­նի բնա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քին մէջ։ ­

Հիւ­լէա­կան բնա­գի­տու­թեան մէջ ­Տոք­թո­րա­յի աս­տի­ճան ստա­ցաւ 1950-ին եւ նոյն տա­րին իսկ միա­ցաւ ­Մա­լինք­րոթ ­Հիմ­նար­կի (Mallinckrodt Institute) դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մին։

1961-ին ան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ նոյն հիմ­նար­կու­թեան ճա­ռա­գայ­թու­մի գի­տու­թեանց (radiation sciences) դա­սա­խօս։ Միա­ժա­մա­նակ, հա­յազ­գի գիտ­նա­կա­նը հա­մա­տե­ղու­թեան կար­գով բնա­կազ­մու­թեան մէջ կեն­սաբ­նա­գի­տու­թեան դա­սա­խօ­սի պաշ­տօն ստանձ­նեց Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մալ­սա­րա­նի Բժշ­կու­թեան Դպ­րո­ցէն ներս։

1973-ին ­Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան հա­սաւ ա­կա­դե­մա­կան-դա­սա­խօ­սա­կան իր աս­պա­րէ­զի գա­գաթ­նա­կէ­տին, երբ ­Մա­լինք­րոթ ­Հիմ­նար­կի ճա­ռա­գայ­թու­մի գի­տու­թեանց բա­ժան­մուն­քը գլխա­ւո­րե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը յանձ­նո­ւե­ցաւ ի­րեն։

Թէեւ հա­յազ­գի գիտ­նա­կա­նը ա­մե­նայն ձեռն­հա­սու­թեամբ ղե­կա­վա­րեց ի­րեն վստա­հո­ւած հա­մալ­սա­րա­նա­կան բա­ժան­մուն­քը, այ­սու­հան­դերձ — ինչ­պէս որ կեն­սա­գիր­նե­րը կ'ընդգ­ծեն — ա­նոր սիր­տը հե­տա­զօ­տա­կան իր ա­ռա­քե­լու­թեան վե­րա­դառ­նա­լու մտա­սե­ւե­ռու­մով կը բա­բա­խէր, մին­չեւ որ 1990-ին ան կա­մո­վին հրա­ժա­րա­կան տո­ւաւ վար­չա­կան իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան եւ լրիւ ժա­մա­նա­կով տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ տար­րա­լու­ծա­րա­նա­յին աշ­խա­տան­քի՝ հե­տա­զօ­տա­կան եւ գիւ­տա­րա­րա­կան իր մտայ­ղա­ցում­նե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար։

Իբ­րեւ մարդ ան­հա­տի՝ հա­յազ­գի գիտ­նա­կա­նը սի­րո­ւած ու յար­գո­ւած անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր, ինչ­պէս որ կը վկա­յեն իր կեն­սա­գիր­նե­րը։ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան կը սի­րէր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, նաեւ՝ ճա­շեր համ­տե­սելն ու պատ­րաս­տե­լը։

Սրտի կա­թո­ւած ու­նե­ցաւ Խմբագրել

1996-ի ­Յու­նիս 19-ի օ­րը, այ­ցե­լու­թեամբ ­Փա­րիզ գտնո­ւող ա­մե­րի­կա­հայ աշ­խար­հահռչակ գիտ­նա­կան մը՝ ­Մի­քա­յէլ ­Տէր-­Պօ­ղո­սեան ա­նակն­կա­լօ­րէն սրտի կա­թո­ւած ու­նե­ցաւ եւ առ­յա­ւէտ բաժ­նո­ւե­ցաւ այս աշ­խար­հէն։

«­Փո­զիթ­րո­նա­յին ճա­ռա­գայթ­ման թո­մոկ­րա­ֆիի (Positron emission tomography PET)) յայտ­նա­գոր­ծող­նե­րէն եւ գիւ­տա­րար հայ­րե­րէն մէ­կը»: Խմբագրել

Հա­յազ­գի այս ար­ժա­նա­ւո­րը 71 տա­րեկանին, իր փառ­քի օ­րե­րուն, ա­նակնկալ կա­թո­ւա­ծահար եղաւ: Իր ա­պա­ժամ մա­հո­ւան ա­ռի­թով, ա­մե­րի­կեան «Բ­նա­գի­տու­թիւ­նը Այ­սօր» (Physics Today) ա­կա­դե­մա­կան հան­դէ­սը, ­Նո­յեմ­բեր 1996-ի իր հա­մա­րով, մեծ գիտ­նա­կա­նին կեանքն ու գոր­ծը հան­գա­մա­նօ­րէն ար­ժե­ւո­րող մա­հագ­րու­թիւն մը լոյս ըն­ծա­յեց՝ Michael J. Welchի եւ Vicki L. Kunklerի ստո­րագ­րու­թեամբ, եր­կուքն ալ դա­սա­խօս­ներ ու գի­տաշ­խա­տող­ներ ­Մի­զու­րիի Ս. ­Լո­ւիզ քա­ղա­քի Mallinckrodt Institute of Radiology հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, ուր ­Մի­քա­յէլ ­Տէր-­Պօ­ղո­սեան եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ ծա­ռա­յած էր իբ­րեւ դա­սա­խօս, եւ գիւ­տա­րար հե­տա­զօ­տող։ ­Մա­հագ­րու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը շեշ­տէր, որ ­Մի­քա­յէլ ­Տէր-­Պօ­ղո­սեան կը հան­դի­սա­նայ «­Փո­զիթ­րո­նա­յին ճա­ռա­գայթ­ման թո­մոկ­րա­ֆիի (Positron emission tomography PET)) յայտ­նա­գոր­ծող­նե­րէն եւ գիւ­տա­րար հայ­րե­րէն մէ­կը»:

Հնարեց հիւ­լէա­կան բժշկու­թեան նկա­րա­հան­ման գոր­ծիք մը Խմբագրել

Ս­կիզ­բէն իսկ ­Միքայէլ Տէր-Պօղոսեանի յայտ­նա­գոր­ծում­ներն ու գիւ­տա­րա­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը ուղ­ղուած էին բժշկա­կան նկա­րա­հան­ման բնա­գա­ւա­ռի կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մին։

Յայտ­նա­գոր­ծեց ճա­ռա­գայ­թու­մի մի­ջո­ցաւ բժշկա­կան բուժ­ման նոր ե­ղա­նակ­ներ՝ հա­մա­պա­տաս­խան գիւ­տեր կա­տա­րե­լով եւ, յատ­կա­պէս, հնա­րե­լով հիւ­լէա­կան բժշկու­թեան նկա­րա­հան­ման գոր­ծիք մը, որ իր ա­նու­նով կո­չո­ւե­ցաւ «­Տէր-­Պօ­ղո­սեա­նի քա­մե­րա» (Ter-Pogossian camera)։ ­Բայց իր բա­զում ի­րա­գոր­ծում­նե­րու շար­քին, ան ա­մէ­նէն ա­ւե­լի պի­տի յի­շա­տա­կո­ւի իբ­րեւ « PETի ­Հայ­րը» (PET — Positron emission tomography)։

Գլխաւորեց քի­միա­գէտ­նե­րէ եւ բժիշկ­նե­րէ բաղ­կա­ցած հե­տա­զօ­տա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան խումբ մը Խմբագրել

1970ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, ան գլխա­ւո­րեց բնա­գէտ­նե­րէ, քի­միա­գէտ­նե­րէ եւ բժիշկ­նե­րէ բաղ­կա­ցած հե­տա­զօ­տա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան խումբ մը, որ մշա­կեց PET-ի հաս­կա­ցու­թիւ­նը։ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան հիմ­նա­կան դեր խաղ­ցաւ PETի մշակ­ման մէջ՝ կար­ճա­կեաց այ­զո­թոփ­ներ (isotopes) օգ­տա­գոր­ծե­լով բժշկու­թեան մէջ, ինչ որ ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը ըն­ծա­յեց հի­ւանդ­ներ ու­սում­նա­սի­րե­լու՝ ցածր չա­փի ճա­ռա­գայ­թու­մի կի­րար­կու­մով։

PETի ա­ռա­ջին նկա­րա­հան­ման գործիքը (scanner) Խմբագրել

Ա­նոր ղե­կա­վա­րած հե­տա­զօ­տա­կան խում­բը, Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մալսա­րա­նին մէջ, յա­ջո­ղե­ցաւ մշա­կել եւ կա­ռու­ցել PETի ա­ռա­ջին նկա­րա­հան­ման գործիքը (scanner), հե­տա­գա­յին PETի ա­ւե­լիով կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւած գործի­քներ հնա­րե­լով։

PETի գործի­քնե­րը կ­’օգ­տա­գոր­ծո­ւին քաղց­կե­ղա­յին գո­յա­ցու­թեան յայտ­նա­բեր­ման հա­մար, ինչ­պես նաեւ՝ սրտա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու վե­րահսկ­ման ժա­մա­նակ: PETը յե­ղաշր­ջում ա­ռաջ բե­րաւ ու­ղե­ղի գոր­ծո­ղու­թեանց ըմբռն­ման աս­պա­րէ­զին մէջ:

Գի­տա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր հան­դէս­նե­ր եւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­ր Խմբագրել

Եր­կա­րա­մեայ իր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին ­Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան մաս կազ­մեց նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին հռչակ վա­յե­լող գի­տա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր հան­դէս­նե­րու խմբագ­րա­կան մար­մին­նե­րուն, ինչ­պի­սին են American Journal of Roentgenology, Journal of Nuclear Medicine եւ Journal de Biophysique et Medecine Nucleaire ա­կա­դե­մա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն։

Գի­տա­կան զե­կոյց­ներ եւ ժո­ղո­վա­ծու­նե­րու մէջ տեղ գտած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ Խմբագրել

Միքայէլ Տէր-Պօղոսեանի վաս­տա­կը մեծ է նաեւ գի­տա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ։ Ա­ւե­լի քան 250 գի­տա­կան զե­կոյց­ներ եւ ժո­ղո­վա­ծու­նե­րու մէջ տեղ գտած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կը կազ­մեն ա­նոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել