Մկրտիչ Աճէմեան (10 Նոյեմբեր 1838(1838-11-10), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 28 Օգոստոս 1917(1917-08-28), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]), հայ բանաստեղծ ու թարգմանիչ։

Մկրտիչ Աճէմեան
Ծնած է 10 Նոյեմբեր 1838(1838-11-10)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 28 Օգոստոս 1917(1917-08-28) (78 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան[1]
Տեսակ բանաստեղծութիւն
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, թարգմանիչ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1838-ին Օրթագիւղ, Կ. Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած էր իր ծննդավայր թաղամասի Թարգմանչաց, ապա՝ Նարեկեան եւ, այնուհետեւ, Բերայի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ։ Ապա՝ որպէս ջանասէր աշակերտ, կը ղրկուի Վենետիկ եւ կ՛ուսանի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով եւ կրելով շեշտակի ազդեցութիւնը հայր Ղեւոնդ Ալիշանի։

Գործունէութիւն Խմբագրել

1858-ին վերադառնալով Պոլիս նուիրուած է գրականութեաբ։ Օսմաներէնի ու եւրոպական լեզուներու իր հմտութեան շնորհիւ, երկար ժամանակ պաշտօն վարած է Պոլսոյ հեռագրական եւ թղթատարական վարչութտան մօտ, որուն յարգուած պաշտօնեան մնացած է մինչեւ իր մահը[3]։

Ընտրուած է ազգային երեսփոխան, նաեւ՝ թաղական խորհուրդի անդամ։

1860-ականներու վերջերէն մնայուն մասնակցութիւն բերած է Պոլսոյ հայութեան մշակութային կեանքին, յատկապէս թատերական ասպարէզէն ներս։ Առաւելաբար գրած է բանաստեղծութիւններ, բայց իր ժամանակն ու գրիչը կը նուիրած է նաեւ թատերական գործերու յօրինման ու եւրոպական ծանօթ հեղինակներէ թարգմանութեանց։

Գործերէն Խմբագրել

  • «Լոյս եւ Ստուեր»,
  • «Գարնան Հովեր», բանաստեղծութիւններու ժողովածու (1892),
  • «Թրթռուն յանգեր - Խունկի բուրումներ» բանաստեղծութիւններու ժողովածու (1908):

Թարգմանութիւններ Խմբագրել

Թարգմանութիւններ կատարած է Շիլլերի, Լամընէի, Լա Ֆոնթէնի, Պերանժէի եւ ֆրանսացի այլ գրողներու հռչակաւոր գործերէն, որոնք եւ մէկտեղուած ու առանձին հատորով լոյս տեսած են 1911-ին՝ «Զանազան թարգմանութիւնք» խորագրով։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել