Յակոբ Փափազեան (հայագէտ)

Յակոբ Դաւիթ Փափազեան, (1 Սեպտեմբեր 1919(1919-09-01), Թաւրիզ, Իրան - 1997[1], Երեւան, Հայաստան[2]), խորհրդային հայագէտ, արեւելագէտ, պատմաբան։ Պատմական գիտութիւններու դոկտոր (1968), փրոֆէսոր (1972

Յակոբ Փափազեան
Ծնած է 1 Սեպտեմբեր 1919(1919-09-01)
Ծննդավայր Թաւրիզ, Իրան
Մահացած է 1997[1]
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Կոչում փրոֆէսոր
Մասնագիտութիւն պատմաբան, արեւելագէտ, հայագէտ
Աշխատավայր Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա
Մատենադարան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի արեւելեան բաժինը (19501954-1959 թուականներուն՝ ՀԽՍՀ ԳԱ պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող։ 1959 թուականէն Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի միջնադարեան մատենագրութեան եւ դիւանական վաւերագիրներու ուսումնասիրութեան բաժինի վարիչն է։ 1956 թուականէն դասաւանդած է Երեւանի համալսարանէն ներս։ 1962 թուականին ընտրուած է ԽՍՀՄ Գիտութիւններու Ակադեմիայի արեւելեան բնագրագիտութեան կեդրոնական յանձնաժողովի անդամ։ Գիտական ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին 15-18-րդ դարերու Արեւելեան Հայաստանի սոցիալ–տնտեսական եւ քաղաքի պատմութեան, ազատագրական շարժման, հայ–իրանական յարաբերութիւններուն, պատմական աղբիւրագիտութեան։ Հրապարակած է պարսկական, արաբական, թրքական, պատմութեան վաւերագիրներու բնագրեր եւ հայերէն ու ռուսերէն, թարգմանութիւններ («Մատենադարանի պարսկերէն վաւերագրերը», 1956-1959, 1968), Լ․ Ս․ Խաչիկեանի հետ՝ «Յովհաննէս Տէր-Դաւթեան Ջուղայեցու հաշուետոմարը» (1984)։ Մասնակցած է Հայ ժողովուրդի պատմութեան ակադեմական բազմահատորեակի ստեղծման։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #1158157967 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. «Փափազեան Յակոբ Դաւիթի»։ web.archive.org։ 2016-03-04։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2021-06-18 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։