Յարութիւն Ալամդարեան

Ալամդարեան Յարութիւն (Գէորգ) Մանուկի (25 Յունուար 1795, Ասթրախան, Ռուսիոյ Կայսրութիւն- 5 Յունիս 1834, Նոր Նախիջեւան) հայ բանաստեղծ, մանկավարժ, հասարակական-քաղաքական եւ եկեղեցական գործիչ։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 14 (25) Յունուարին, Ասթրախանի մէջ, արհեստաւոր ընտանիքի մէջ։ Աւարտած է Աղապապեան դպրոցը[1]։ 1813-ին կը հրաւիրուի Մոսկուա. Լազարեաններու մօտ դպիր կ'ըլլայ, ապա՝ Լազարեան ճեմարանի առաջին տեսուչը եւ ուսուցիչ։

Միաժամանակ դասախօսութիւններու ներկայ կը գտնուի Մոսկուայի համալսարանին մէջ։ 1824-1830 թուականներուն Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի տեսուչն էր. այդ տարիները դպրոցի պատմութեան մէջ յայտնի են «դար Ալամդարեան» անունով։

Ռուս-պարսկական պատերազմի ատեն Ալամդարեան կ'օգնէ հայ կամաւորական գումարտակի կազմակերպման (1827)։ Ռուսական կողմնորոշում ունենալով հանդերձ, կը պաշտպանէ հայ եկեղեցական եւ ազգային-լուսաւորական հաստատութիւններու ինքնուրոյնութիւնը՝ դիմադրելով ցարիզմի ձուլման քաղաքականութեան։

Կը մեղադրուի որպէս Ներսէս Աշտարակեցիի գաղափարակից, եւ Ի. Պասկեւիչի թելադրանքով Էջմիածնի Սինոտը զինք կ'աքսորէ Հաղբատ (1830)։ Կեանքին վերջին տարիները կ'ապրի Նոր Նախիջեւանի Ս. Խաչ վանքին մէջ (1832-1834), ուր դաւադրաբար կը սպաննուի 25 Մայիս (6 Յունիս)ին։

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Ալամդարեան կը գրէ քնարական-սիրային բանաստեղծութիւններ, ձօներ, առակներ, պատմական ողբերգութիւն («Հրադամիզդ եւ Զենոպիա», 1824-1828, անաւարտ)։ Մեզի հասած բանաստեղծութիւններուն[2] առաջինը կը գրէ կնոջ մահուան առիթով, ողբալով իր վաղանցիկ սէրը («Նազելւոյս դէմքն էր ճերմակ ու կարմիր», 1821

Նոյն տրամադրութեամբ համակուած են նաեւ «Կոծ», «Սուգ», «Ողջոյն հրաժեշտ զաւակաց իմոց» եւ այլ բանաստեղծութիւններ։

Ան կ'օգտագործէ «վարդի ու սոխակի» աւանդական մոթիֆը, կը բացայայտէ թշուառ մարդու տառապանքը («Թշուառութիւն սոխակի», «Վարդակորոյս», «Կոկովանք վարդի», «Սոխակի յոգնարս», «Պարերգութիւն»)։

Կրօնական տաղեր Խմբագրել

Ալամդարեան կը գրէ կրօնական տաղեր, ուր միստիք մտածողութեան հետ առկայ է նաեւ բողոքը ճակատագիրի դէմ։ Հին Կտակարանի մոթիֆներով գրուած բանաստեղծութիւններուն մէջ մարդկային ողբերգութիւնը, կ'ըմբոստանայ մահուան դէմ («Աղօթք», «Կողկողանք առ խաչ Փրկչին», «Ողբերգութիւն Իսրայէլի» եւայլն)։ Ալամդարեան հայ դասականութենէն դէպի զգացողութիւն եւ ռոմանթիզմ անցման շրջանի բանաստեղծ է։

Ունի բազմաթիւ նամակներ, ճառեր, յօդուածներ, թարգմանած է հատուածներ Տ. Տասսոյի «Ազատագրուած Երուսաղէմ»ի մէջ, զբաղած է բառարանագրութեամբ եւ լեզուի հարցերով, ռուսաց լեզուի ծանօթութիւն ունի («Համառօտ բառարան ի ռուսաց լեզուի ի հայ», 1821, «Ռուս-հայերէն գործնական համառօտ քերականութիւն», 1814-1816, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, ձեռքի համար 3754)։

Գաղափարներ Խմբագրել

Ալամդարեանի համոզմամբ մանկավարժը ոչ թէ «վարձկան» պաշտօնեայ է, այլ «անձնուրաց հովիւ»։ Ան կ'առաջարկէ դաստիարակութեան յառաջադէմ ուղիներ, կ'առաջարկէ ծեծն ու աշակերտին հետ կոպիտ վարուելակերպը ուսուցիչի անզօրութեան հետեւանք համարել։ Ըստ իրեն, երեխայի մը ընդունակութիւնները պէտք է զարգացնել աստիճանաբար՝ պարզէն բարդ: Իսկ առարկաներու տեսական իմացութիւնը ամրապնդել գործնականօրէն։ Ան կը մշակէ Ներսիսեան դպրոցի վարչական, ուսումնական եւ բարոյակրթական աշխատանքներու կանոններ՝

  «Առաջարկութիւնք դպրոցական կարգադրութեանց ի պետս հայկական ուսումնարանին Տփխիս քաղաքի», 1825  

Ալամդարեանին կ'աշակարտեն Խաչատուր Աբովեանը, Ս. Նազարեանցը, Ս. Ներսիսեանը, Մ. Մսերեանը եւ ուրիշներ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։