Յարութիւն Սվաճեան

Յարութիւն Սվաճեան (1831[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1874[1], Կոստանդնուպոլիս)՝ 19-րդ դարու հայ յառաջադէմ մտաւորական, «Մեղու» պարբերականի հիմնադիրն ու խմբագիրը։

Յարութիւն Սվաճեան
Ծնած է 1831[1]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1874[1]
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն Խմբագիր
Աշխատավայր Մեղու

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Սվաճեան ծնած է Պոլիս։ Ան թէպէտ չէ կարողացած ստանալ կանոնաւոր կրթութիւն, սակայն ինքնաշխատութեամբ ձեռք բերած է լայն տեսական պատրաստութիւն ու դարձած է արեւմտահայ յառաջադէմ մտաւորականութոան ականաւոր ներկայացուցիչը։ Սվաճեան համարձակօրէն կը պայքարէր կղերա-ֆէոտալական հոսանքի եւ այլ հակաժողովրդական, պահպանողական խումբերու դէմ։ Այդ պատճառով ալան բազմիցս հալածանքներու ենթարկուած է թուրք պաշտօնեաներու, ազգադաւ հայ հարուստներու ու մտաւորականների կողմէ։ Եղած է Միքայէլ Նալբանդեանի համախոհը[2]։

Սվաճեան Կ.Պոլսոյ մէջ՝ 1856-ին, հիմնած եւ խմբագրած է «Մեղու» պարբերականը (1856-1874)։ «Մեղու» պարբերականին մէջ հատարակած է Նալբանդեանի յեղափոխական դյառաջադիմական գաղափարներով տոգորուած յօդուածները։

Սվաճեանի խմբագրած «Մեղու»ն արեւմտահայ իրականութեան մէջ կարեւոր դեր կատարած է ինչպէս հակաժողովրդական հոսնքներու դէմ մղած պայքարին մէջ, այնպէս ալ աշխարհիկ գրականութեան ստեղծման, գիտութեան, լուսաւորութեան ու կրթութեան տարածման գործին մէջ։ Միքայէլ Նալբանդեան յայտարարած է.

  «Մեղուն» կենդանի ժողովրդի մաքուր բերանն է, ազգերի ցաւերի ու ուրախութեան ճշմարտապէս յայտարարը։  

1872-1874 թուականներուն «Մեղուն» շարունակած է հրատարակել Յակոբ Պարոնեանը։

Գրականութիւն Յ. Սվաճեանի մասին Խմբագրել

  • Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն, հատոր 2 (հատորին մէջ զետեղուած է «Յարութիւն Սվաճեան» գլուխը, որ գրած է Ասատուր Ասատրեանը), Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ, 1962, 516 էջ։
  • Ասատուր Ասատրեան, Յարութիւն Սվաճեան, Երեւան, 1967, 238 էջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Թ. Գ. Ճուհարեան «Հայ Գրականութիւն», 1990 թ, «Լոյս» հրատարակչութիւն։