Յոյն-թրքական Պատերազմներ

Յոյն-թրքական պատերազմներ, յոյներու եւ թուրքերու միջեւ տեղի ունեցած շարք մը պատերազմներ են:

Առաջին պատերազմ Խմբագրել

Պատերազմ Քրեթէի համար: Առիթը 1896 թուականին Քրեթէի մէջ բռնկած ապստամբութիւնն էր, որուն նպատակն էր ազատագրուիլ թրքական լուծէն եւ վերամիաւորուիլ Յունաստանի հետ: 1897 թուականի Փետրուարին ապստամբներուն օգնութեան հասած է յունական 2 հազարանոց ջոկատ մը, միաժամանակ քրեթական ջուրեր ժամանած են յունական ռազմական նաւատորմը: 17 Ապրիլ 1897-ին Թուրքիան պատերազմ յայտարարած է Յունաստանի դէմ: Թրքական մեծաթիւ բանակը Թեսալիոյ եւ Էպիրոսի մէջ պարտութեան մատնած է յունական փոքրաքանակ ուժերուն: 19 Մայիս-ին կնքուած է զինադադար, իսկ 4 Դեկտեմբեր-ին Կ. Պոլսոյ մէջ ստորագրուած է յաշտութեան պայմանագիր, որով Յունաստանը Թուրքիոյ զիջած է (ժամանակաւորապէս) 55 քառ. քմ տարածք Թեսալիոյ մէջ եւ վճարել ռազմատուգանք: Չնայած Յունաստանի պարտութեանը Քրեթէի մէջ, փաստօրէն վերացած է թրքական տիրապետութիւնը, կղզիին շնորհուած է «ինքնուրոյնութիւն», անիկա անցած է եւրոպական տիրութիւններու հովանաւորութեան տակ:

Յոյներու կողմը պատերազմին մասնակցած են նաեւ 600 հայեր, որոնցմէ շատերը պարգեւատրուած են Յունաստանի կառավարութեան կողմէ:

Երկրորդ պատերազմ Խմբագրել

 
Յունական զօրքերը Զմիւռնիոյ մէջ:

Յունական բանակի արշաւանքը Փոքր Ասիա: Մուտրոսի զինադադարի (1918) կնքումէն ետք, միջազգային համաձայնագիրներու (Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիր 1916, Փարիզի հաշտութեան կոնֆերանս 1919-1920) հիման վրայ, Անտանտի երկիրները ձեռնամուխ եղան իրականացնելու Օսմանեան կայսրութեան բաժանման քաղաքականութիւնը, որ առարկայօրէն կը նպաստէր թրքական լուծին տակ հեծող ժողովուրդներու, որոնցմէ՝ հայերու ազատագրման, եւ գրաւեցին Օսմանյան կայսրութեան որոշ տարածքներ: Յունաստանին իրաւունք վերապահուած էր վերագրաւել վաղեմի յունական տարածքներ Արեւելյան Թրաքիան (բացի Կ.Պոլիսէն) եւ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան շրջանները: 15 Մայիս 1919-ին յունական զօրքերը ազատագրեցին հին յունական Սմիւռնա (Զմիւռնիա, Իզմիր) քաղաքը:

Օսմանեան կայսրութեան մասնատման դէմ հանդէս եկաւ թրքական քաղքենիքի շահերը արտայայտող ազգայինական շարժումը՝ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի (Աթաթիւրք) գլխաւորութեամբ: Քեմալականները մերժեցին Օսմանեան կայսրութեան ճնշուած ժողովուրդներու՝ յոյներու, հայերու, արաբներու իրենց անկախութիւնն ու պետականութիւնը վերականգնելու ձգտումները եւ պայքար սկսան անոնց դէմ: 1920 թուականի Ապրիլին անոնք օգնութեան խնդրանքով դիմեցին Խորհրդային Ռուսաստանին, որ 1920 թուականի Յունիսին ճանչցաւ քեմալականներու կառավարութիւնը:

Յունական զօրքերը 1920 թուականի ամրան գրաւեցին Պալըքեսիրը, Պրուսան, Ատրիանապոլիսը: Մինչդեռ սուլթանի կառավարութիւնը 10 Օգոստոս 1920-ին ստորագրեց Սեւրի պայմանագիրը, որով, մասնաւորապէս, Թուրքիան Յունաստանին կը վերադարձնէր Արեւելեան Թրաքիան՝ Ադրիանպոլսոյ հետ, Կալիփոլի թերակղզին եւ Զմիւռնիան, Հայաստանը կը ճանչնար ազատ ու անկախ պետութիւն եւ այլն: Քեմալականները չճանչցան Սեւրի պայմանագիրը եւ 1920 թուականի ամրանը Խորհրդային Ռուսաստանէն ստացած նիւթական օգնութեան (10 միլիոն ռուպլի ոսկիով, մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք), ինչպէս նաեւ Անտանտի երկիրներէն գնած զէնքի շնորհիւ յաջող ռազմական գործողութիւններ ծաւալեցին արեւմուտքի մէջ՝ յոյներու, Կիլիկիոյ մէջ՝ հայերու, արեւելքի մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Քեմալականներու յաջողութիւններուն նպաստեցին եւ անոնց դիրքերը ամրապնդեցին խորհրդա-թրքական (ըստ էութեան՝ հակահայկական) Մոսկուայի պայմանագիրը (1921), Թուրքիոյ հարցի Անտանտի տիրութիւններու միջեւ եղած հակասութիւնները: 10 Յունուար 1921-ին եւ 31 Մարտ-ին Ինիոնիւ գիւղի մօտ թրքական զօրքերը յաղթեցին յոյներուն, սակայն 1921 թուականի Յուլիսին յունական բանակը գրաւեց Էսքիշեհիրը, Աֆիոն Գարահիսարը, Օգոստոսին մօտեցաւ (մինչեւ 40  կմ) քեմալականներու կեդրոն Անքարային: Թրքական հրամանատարութիւնը օտարերկրեայ մարտավարութեան օրինակով մշակեց յունական զօրքերը ջախջախելու ծրագիր (այդ գործին մէջ կարեւոր դեր խաղաց 1921-ի Նոյեմբեր - 1922 թուականի Յունուար Թուրքիոյ մէջ գտնուող խորհրդային զօրավար Մ.Վ. Ֆրունզէն): 23 Օգոստոս 1921-էն 13 Սեպտեմբեր-ը Սանգարիոս (Սաքարիա) գետի մօտ տեղի ունեցած մեծ ճակատամարտին Զմիւռնիայէն հեռացած եւ հիմնական հենակէտերէն կտրուած, եւրոպական պետութիւններու օգնութենէն զրկուած յունական բանակը պարտուեցաւ: Ատիկա արագացուց Անտանտի հակաթրքական դաշինքի քայքայումը:

20 Հոկտեմբեր 1921-ին Ֆրանսան անջատ հաշտութիւն կնքեց Թուրքիոյ հետ (տես Թուրք-ֆրանսական համաձայնագիր (1921)), որով հրաժարեցաւ Թուրքիոյ դէմ պայքարէն, իր զօրքերը հանեց Կիլիկիայէն՝ թուրքերուն տալով հայկական նոր կոտորածներու հնարաւորութիւն: 30 Օգոստոս 1922-ին Տումլու Փընարի մօտ յունական բանակը նոր պարտութիւն կրեց: 9 Սեպտեմբեր-ին թրքական զօրքերը ներխուժեցին Զմիւռնիա, կոտորեցին յոյն եւ հայ խաղաղ բնակչութիւնը, ջրասուզ ըրին այն նաւերը, որոնցմով յոյն եւ հայ կանայք, երեխաները եւ ծերունիները կը փորձէին փրկուիլ թուրք ջարդարարներէն: Մինչեւ 18 Սեպտեմբեր-ը յունական բանակը դուրս եկաւ Փոքր Ասիայէն: 11 Հոկտեմբեր 1922-ին Մուտանիա քաղաքին մէջ (Մարմարա ծովու ափին) ստորագրուեցաւ զինադադար Թուրքիոյ եւ Անտանտի երկիրներուն միջեւ, որուն 13 Հոկտեմբեր-ին միացաւ Յունաստանը: Մուտանիոյ զինադադարով, ապա Լոզանի պայմանագիրով (1922-1923) պատերազմը աւարտեցաւ:

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Սարգսեան Ե.Ղ., Սահակեան Ռ.Գ., Հայ ժողովուրդի նոր շրջանի պատմութեան նենգափոխումը թուրք պատմագրութեան մէջ, Երեւան, 1963, էջ 42-47:
  • Севрский мирный договор и акты, подписанные в Лозанне, Мосвка, 1927;
  • Корсун Н.Г., Греко-турецкая война 1919–1922, Москва, 1940.
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։