Յովհաննէս Հիսարեան

Յովհաննէս Հիսարեան (24 Յունիս 1827(1827-06-24)[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1916[2][3], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ արձակագիր, գրական, մշակութային գործիչ։

Յովհաննէս Հիսարեան
Ծնած է 24 Յունիս 1827(1827-06-24)[1]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1916[2][3]
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն արձակագիր, Խմբագիր, հնաբան
Աշխատավայր Բանասէր

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1827 Յունիս 24-ին Պոլսոյ «Րումելի Հիսար» թաղը. իր հայրն էր Գէորգ Հիսարեան։ 1837-ին հազիւ ստացած կրթութեան նախատարերքը, առաջարկութեամբ՝ Հ. Գէորգ Հիւրմիզեանի, Վենետիկ կը ղրկուի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ աւարտելու համար իր ուսումը։ Հոն 6-7 տարիի չափ մնալով յաջողապէս կ՝աւարտէ վարժարանին ընթացքը մթերելով հայերէնի, իտալերէնի, յունարէնի եւ լատիներէնի ու բոլոր գիտութեանց սկզբունքները։

1844-ին Եւրոպայէն Պոլիս վերադարձող առաջին լուսաւորութեան ջահերէն մէկը կ՝ըլլայ, իրեն զբաղում ընտրելով՝ գրագրութիւն, իսկ իր տան մէջն ալ, ուսուցչութեան պաշտօնները կը ստանձնէ։

1845-1847-ին կ՝աշխատակցի Տէրոյենցի եւ Աղաթոնի հրատարակած Պատրիարքարանի պաշտօնաթերթին՝ Հայաստանին, որուն մէջ մաս առ մաս հրատարակած Նաբոլէոնի կենաց համառօտ պատմութիւնը գիրքի կը վերածէ 1847-ին։

1851-ին կը սկսի հրատարակել «Բանասէր» անունով ամսաթերթ մը, որուն ուղղութիւնը, ձեւը, յօդուածներն ու լեզուն մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց մէջ հրապոյր մը, որուն համար իրաւամբ կարելի է ըսել, թէ՝ «իր ժամանակի հրատարակութեանց ամէնէն գիտունն ու բարեկշռեալն էր»։

«Բանասէր»ի մէջ կը հրատարակէ մաս առ մաս «Խոսրով Եւ Մաքրուհի» անունով վէպը, իր ժամանակի կեանքէն առնուած ինչ որ հայ միտքին առաջին վէպերէն կարելի է համարել։ Այս վէպը 1869-ին թարգմանուած է Ֆրանսերէնի, իսկ 1903-ին կրկին հրատարակուած է շաբաթաթերթ Ծաղիկի մէջ։ 1852-ին, յաջողապէս բոլորէ յետոյ ամբողջական տարեշրջան մը, «Բանասէր»ը կը դադրի։

Այդ ժամանակները, Հիսարեան միջոց մը, տպարանատէր Քայօլի հետ կը հրատարակէ «Journal Asiatique»ը, որուն մէջ հայերէնով մաս մը յատկացուած էր։ 1858-ի միջոցներուն, «Բանասէր»ի վերստին հրատարակութեան փորձ մը ըրած է, սակայն միայն մէկ թիւ հրատարակուած է։ Այդ միջոցներուն գրած է՝ «Ծռախօսութիւն» անուն փոքրիկ տետր մը, Տօքթ. Ռուսինեանի Ուղղախօսութիւնը քննադատող։

1852-1882-ի երեսուն տարուան շրջանի մէջ, ստէպ առիթներ ունեցած է ուղեւորելու Եւրոպա եւ Կովկասեան գաւառները ու հոն յառաջ տարած է իր ուսումնասիրութիւնները՝ հայկական բեւեռագիրներու վրայ եւ որոնց իբր արդիւնք գրած է հոյակապ աշխատասիրութիւն մը Ֆրանսերէն լեզուով, զոր դժբախտաբար անտիպ կը մնայ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Յիշատակարան» (կազմուած՝ Վ. Գ. Զարդարեանի կողմէ)։
  • «Դիմաստուերներ», Հրանդ Ասատուր, 1921, էջ 36-43։