Նազարէթ (եբրայերէն՝ נָצְרַת‎, Նազրաթ; արաբ․՝ الناصرة‎‎, Ալ-Նասըրա; յուն․՝ Ναζαρέτ (Ναζαρὲθ,Ναζαράθ, Ναζαρά); լատ.՝ Nazareth), Գալիլիա քաղաք` Իսրայէլի հիւսիսը: Քրիստոնէական քաղաք, իր նշանակութեամբ երրորդը Երուսաղէմէն եւ Բեթղեհէմէն ետք: Ըստ Աւետարանին՝ Յիսուս Իր մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը հոն անցուցած է, այդ պատճառով ալ Ան կոչուած է նազարէթցի, նազովրեցի կամ הנוצרי — «հանոզրի», այսինքն` Նազարէթ քաղաքի բնակիչ:

Նազարէթ
եբր.՝ נצרת
արաբերէն՝ الناصرة
Զինանշան

Երկիր Իսրայէլ
Հիմնադրուած է՝ Ք.Ա. 2200 թ.
Առաջին յիշատակում 3 դար
Տարածութիւն 14,123 քմ²
ԲԾՄ 290 մեթր
Բնակչութիւն 83 400 մարդ (2019)
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Պաշտօնական կայքէջ nazareth.muni.il

Պատմութիւն Խմբագրել

Հակառակ որ Նազարէթը գոյութիւն ունի աւետարանական եւ ոչ ուրիշ աստուածաշնչեան բնագիրներու մէջ, այդ մասին յիշատակումները առաջին դարերու ընթացքին կը բացակային: Իր «Աստուածաշնչեան պատմութիւն» գիրքին մէջ հունգարացի փիլիսոփայ Կիւսթաւ Կեչէն կը գրէ.

Հետաքրքրական է, որ բացի Կտակարանէն եւ աւելի ուշ հրապարակուած քրիստոնէական գիրքերէն, Նազարէթ քաղաքը ոչ մէկ տեղ կը յիշատակուի: Ըստ Նոր Կտակարանին՝ անիկա կը գտնուի Գալիլիոյ մէջ. այս մասին կը յիշատակուի բազմաթիւ աղբիւրներու մէջ: Յովսէփ Ֆլավիոսը, նկարագրելով յուդայական պատերազմը, կը յիշատակէ Գալիլիոյ քաղաքները, բայց անոնց մէջ չկայ Նազարէթը: Նազարէթի գոյության մասին չեն գիտեր ո՛չ Հին Կտակարանի հեղինակները, ո՛չ ալ Մովսէսի օրէնքներու գիտակները: Անոր մասին կը լռեն նաեւ յոյն եւ լատին հեղինակները: Բացի աւետարաններու վրայ հիմնուած քրիստոնէական գիրքերէն, Նազարէթի մասին կը խօսի հրեայ հեղինակ Քալիրի Ելիասարային՝ (Է. или Ը. դարեր) երկու բանաստեղծութեան մէջ: Սակայն միայն այդ երկու բանաստեղծութիւնները աղբիւր չեն կրնար համարուիլ:


Ճէյմս Սթրէյնճ (անգլերէն՝ James Strange)` ամերիկացի հնագէտը, երկրորդ տեսակէտին կողմնակիցն է: Այդ կապակցութեամբ ան կը նշէ. «Նազարէթը չի յիշատակուիր հին հրէական աղբիւրներուն մէջ առաջին երեք դարերուն, հաւանաբար Գալիլիոյ մէջ անոր բացակայութեան պատճառով[1]: Սկիզբը Սթրէյնճ կը գրէ, թէ Նազարէթի բնակչութեան թիւը Քրիստոսի օրերուն եղած է մօտաւորապէս 1600-2000 հոգի, իսկ յաջորդ հրատարակութիւններուն մէջ կը նշէ հոն 480 հոգի ըլլալուն մասին[2]:

Բացի հրեայ բանաստեղծին յիշատակութենէն, Նազարէթի մասին տեղեկութիւն կարելի է գտնել «Եկեղեցական Պատմութեան» մէջ (Եվսեբիոս Կեսարացի, Գ.-Դ. դարեր), որուն մասին մէջբերում կ'ընէ Սեքթոս Յուլիոս Աֆրիքան (շուրջ 160-240 թուականներ).

Առաջին երկու դարերուն Նազարէթի մասին յիշատակութեան բացակայութիւնը կը սստիպէ մտածել, որ անիկա կամ գոյութիւն չէ ունեցած, կամ ալ այնքան փոքր եղած է, որ յիշատակութեան արժանի չէ եղած, հակառակ որ թալմուտական գրականութեան մէջ հաշուառուած են բոլոր բնակավայրերը, ուր գործեր են աղօթքի տուներ[3]։


Հին ժամանակներ Խմբագրել

Հնագիտական ​​պեղումները պարզած են, որ ներկայիս Նազարէթէն մօտաւորապէս 3,2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քֆար Հահորեշ (Kfar HaHores) տաճարը՝ պաշտամունքային կեդրոնը, թուագրուած է մինչեւ նէոլիթեան ժամանակաշրջանի մօտաւորապէս 9000 թուականով[4]: 65 հոգիի մարմինի մնացորդներ յայտնաբերուած են թաղուած հսկայական հորիզոնական կառոյցներու տանիքներուն տակ:

Յայտնաբերուած են նախշազարդ մարդկային գանգեր: Հնագէտներու կարծիքով անիկա եղած է սրբազան կեդրոն[5]։

1620-ին կաթոլիկ եկեղեցին տարածք ձեռք բերած է Նազարէթի շրջանին մէջ։

Ֆրանսացի քահանայ Պելլարմինօ Պակաթթին՝ քրիստոնէական հնագիտութեան տնօրէնը, նշուած վայրի մէջ 1955-1965 թուականներուն իրականացուցած է լայնածաւալ պեղումներ։ Պակաթթին՝ գտած է խեցեղէն՝ թուագրուած Միջին պրոնզի դարով (Ք. ա. 2200-1500), նաեւ Սերամիքա, սիլոս եւ մանրացուած հանքաքարեր երկաթէ դարուն պատկանող (Ք.ա 1500-586), որոնք կ'ապացուցեն Նազարէթի շրջանին մէջ այդ օրերուն բնակութեան մասին: Սակայն Նազարէթի մասին ասորական, բաբելոնական, պարսկական կամ հին հռոմէական ժամանակաշրջանի հնագիտական հետազօտութիւնները, 1955-1960 թուականի պեղումները կ'ապացուցեն, որ բնակչութիւնը, ինչպէս կ'երեւի, յանկարծակի վերացած է շուրջ Ք. ա. 720 թուականին, երբ ասորեստանցիները ոչնչացուցած են այդ տարածաշրջանի բազմաթիւ քաղաքներ[6]:

Հռոմէական կայսրութեան ժամանակաշրջան Խմբագրել

 
Պատմական լուսանկար

Ըստ Ղուկասի Աւետարանին` Նազարէթ եղած է Մարիամին հայրենի գիւղը։ Ըստ Մատթէոսի Աւետարանին` Յովսէփ եւ Մարիամ վերաբնակած են Նազարէթի մէջ Բեթղեհէմէն Եգիպտոս փախուստէն ետք։ Ըստ Աստուածաշունչին`Յիսուս մեծցած է Նազարէթի մէջ։ Սակայն ժամանակակից որոշ գիտնականներ Նազարէթը կը համարեն Յիսուսի ծննդավայրը[7]։ Ամերիկացի հնագէտները կը նշեն, որ հրէական աղբիւրներու մէջ Նազարէթը երրորդ դարէն առաջ չէ նշուած։ Քրիստոսի օրերուն Նազարէթ ունեցած է 1600-2000 բնակիչ։

2009-ին իսրայէլական հնագէտ Եարտեննա Ալեքսանտրը Նազարէթի մէջ յայտնաբերած է հնագիտական նիւթեր, որոնք կրնան թուագրուիլ Յիսուսի ժամանակով, եւ անոնք ունին կարեւոր նշանակութիւն[8][9]:

 
Խաչակիրներու ժամանակաշրջանի քանդակ Նազարէթի մէջ
 
Նազարէթը 1842 թուականին

Բիւզանդական ժամանակաշրջան Խմբագրել

Զ. դարուն տեղական քրիստոնեաներուն կողմէն կրօնական զրոյցները Սուրբ կոյս Մարիամին մասին կը սկսին հետաքրքրութիւն ցուցաբերել ուխտագնացներու ծիրէն ներս, որոնք հիմնած էին յունական ուղղափառ եկեղեցին աղբիւրի վայրի մէջ (այսօր յայտնի «Մարիամի ջրհոր» անունով): Կաթոլիկ գրող Ճերոմը, որ Ե. դարու գրող էր, կը նշէր, որ Նազարէթը պարզապէս գիւղ էր: Հրէական քաղաքին համար շահեկան էր քրիստոնէական ուխտագնացութիւնը, որ սկսած էր Դ. դարուն: Սակայն 614 թուականին կը սկսի հակաքրիստոնէական թշնամանքը, եւ պարսիկները կը ներխուժեն Պաղեստին: Նազարէթի հրեայ ժողովուրդը կ'օգնէ պարսիկներուն կատարելու քրիստոնեաներու սպանդը[10]: Բիւզանդիայի կամ Արեւելեան Հռոմէական Կայսրութեան կայսր Հերաքլիուսը 630-ին կը հեռացնէ պարսիկները:

Անուան ծագումը Խմբագրել

Տեսութեան մը համաձայն`«Нацрат» անուանումը եկած է եւրոպական ծագում ունեցող գոյական «нецер»-ից (եբր.՝ נֵצֶר‎), որ կը նշանակէ ճիւղ[11], սակայն Նեցերը, իբրեւ եւրոպական ծագում ունեցող բառ, բոլորին կողմէն իբրեւ ճիւղ նշանակութեամբ օգտագործուող բառ չէ ընդունուած: Անիկա ըմբռնուած է իբրեւ կոչում, ինչպէս գրուած է Եսայի մարգարէութեան մէջ.«Եւ այնտեղ է արմատը Հեսսէի, որմէ դուրս եկած է ճիւղը».[12][13][14][15]:

Նկարագրութիւն Խմբագրել

 


ժամանակակից Նազարէթի մէջ կը գտնուի Աստուածամօր Աւետման Այրը, որուն վրայ կառուցուած է Մերձաւոր Արեւելքի մեծ կաթոլիկեան Եկեղեցին` Աւետման տաճարը (1969), գեղատեսիլ ուղղափառ եկեղեցին կը կոչուի Աւետման (Գաբրիէլ հրեշտակի եւ Սուրբ աղբիւրի)։ Վայրը Քարքթի լեռն է, ուր բնակիչները փափաքած են տապալել Յիսուսը, եւ որմէ ետք ան ընդմիշտ ձգած է քաղաքը (երբեմն լեռը դիւրիմացութեամբ կ'անուանեն թռիչքի լեռ)[16]:

Նազարէթի հարեւանութեամբ կը գտնուի Սենֆորիսի ազգային այգին (հին յուդայական Յիփորի քաղաքը, կոյս Մարիամին պապենական տունը, ամրոցի մնացորդները եւ ուրիշ հնագիտական տեսարժան վայրեր)։ Քաղաքին արեւմուտքը Թափօր լեռն է` Տիրոջ Պայծառակերպութեան վայրը, գիւղ Նայինը` Քֆար Քանան, ուր Քրիստոս կատարած է Իր առաջին հրաշքը՝ հարսանիքի ընթացքին ջուրը գինիի դարձնելով:

Պատմական, այսինքն` Ներքին Նազարէթը, բնակեցուած է Իսրայէլի արաբներով, որուն 31 % կը կազմեն քրիստոնեայ արաբները եւ մօտաւորապէս 69 %-ը` իսլամները (31.12.2010-ի տուեալներով)[17]։ Նազարէթը քրիստոնէական քաղաք է եւ միակ քաղաքն է երկիրի մէջ, ուր Կիրակի օրը կը համարուի հանգստեան օր:

Խաչակիրներ Խմբագրել

 
Նազարեթի Մակամ ալ-Նաբի մզկիթը

1099-ին խաչակիր Տանկրիթը կը գրաւէ Գալիլիան եւ Նազարէթի մէջ կը հիմնէ իր մայրաքաղաքը (ան կառավարիչ էր Գալիալիա նահանգին)՝ 1099-ին իբրեւ Երուսաղէմի թագաւորութենէն կախեալ իշխանութիւն[18]: Նազարէթը նոյնպէս եղած է լատին պատրիարքին նստավայրը, որ նոյնպէս հիմնուած է Տանկրիթի կողմէ։ Սքիֆոփոլի հին եպիսկոպոսութիւնը գործած է Նազարէթի նախկին եպիսկոպոսութեան ներքոյ՝ իբրեւ Երուսաղէմի թագաւորութեան մէջ չորս արքեպիսկոպոսութիւններէն մէկը։ Երբ քաղաքը կ'անցնի իսլամներու վերահսկողութեան տակ 1187-ին Խաթթինի ճակատամարտին Սալահ ալտինի յաղթանակէն ետք, մնացեալ խաչակիրները եւ եւրոպական հոգեւորականութիւնը կը հեռանան քաղաքէն [19]։ Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան կայսր Ֆրետրիք Բ.-ը բանակցութիւն կը վարէ ուխտաւորներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար։

Լուիս ԺԱ. Ֆրանսայի թագաւորը, կնոջ հետ կ'այցելէ Կրոթթօ[19]։

Մեմլուքներու իշխանութիւն Խմբագրել

1263-ին մեմլուքներու սուլթան Պեյպարսը (Arabic: الملك الظاهر ركن الدين بيبرس البندقداري‎, al-Malik al-Ẓāhir Rukn al-Dīn Baybars al-Bunduqdārī) կը քանդէ քրիստոնէական շինութիւնները Նազարէթի մէջ եւ տարածքը հռոմէական հոգեւորականութեան համար կը յայտարարէ անհասանելի՝ նպատակ ունենալով մնացեալ խաչակիրները վռնտել Պաղեստինէն [19]։ Հակառակ անոր, որ արաբ քրիստոնեայ ընտանիքները կը շարունակէին ապրիլ Նազարէթի մէջ, Նազարէթը կը ստանայ աղքատ գիւղի կարգավիճակ։ Ուխտագնացները, որոնք կ'այցելեն հոն 1294-ին, Կրոթթոյի մէջ կը կառուցեն փոքրիկ եկեղեցի մը [19]։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Статья «Nazareth» в кн.: Anchor Bible Dictionary. — New York: Doubleday, 1992.
  2. E. Meyers & J. Strange, Archaeology, the Rabbis, & Early Christianity Nashville: Abingdon, 1981; Article «Nazareth» in the Anchor Bible Dictionary. New York: Doubleday, 1992.
  3. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named geche
  4. Goring-Morris, A.N. "The quick and the dead: the social context of Aceramic Neolithic mortuary practices as seen from Kfar HaHoresh." In: I. Kuijt (ed.), Social Configurations of the Near Eastern Neolithic: Community Identity, Hierarchical Organization, and Ritual (1997).
  5. «Pre-Christian Rituals at Nazareth»։ Archaeology: A Publication of the Archaeological Institute of America։ November–December 2003 
  6. «NAZARETH – The Holy Land»։ 2eyeswatching (en-US)։ 2012-02-10։ արտագրուած է՝ 2018-01-16 
  7. John P. Meier, A Marginal Jew: Rethinking the Historical Jesus: The Roots of the Problem and the Person,Vol. 1, Doubleday 1991, p.216; Bart D. Ehrman, Jesus: Apocalyptic Prophet of the New Millennium, Oxford University Press, 1999, p.97; E. P. Sanders, The Historical Figure of Jesus, Penguin 1993, p.85.
  8. «For the Very First Time: A Residential Building from the Time of Jesus was Exposed in the Heart of Nazareth (12/21/09)»։ Israel Antiquities Authority 
  9. Korb, Scott. Life in Year One. New York: Riverhead books, 2010. print, 109. ISBN 978-1-59448-899-3
  10. C. Kopp, "Beiträge zur Geschichte Nazareths." Journal of the Palestine Oriental Society, vol. 18 (1938), p. 215. Kopp is citing the Byzantine writer Eutychius (Eutychii Annales in Migne's Patrologia Graeca vol. 111 p. 1083)
  11. «The etymology of Nazara is neser» («Nazareth», The Catholic Encyclopedia, 1911.)
    «NAZARETH, NAZARENE — Place name meaning, 'branch.'» (Holman’s Bible Dictionary, 1994.)
    «Generally supposed to be the Greek form of the Hebrew netser, a „shoot“ or „sprout.“ (Easton’s Bible Dictionary, (1897)).
  12. Miller, Fred P., Isaiah’s Use of the word „Branch“ or Nazarene»
  13. «Квинт Септимий Флорент Тертуллиан О плоти Христа»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-04-27-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-15 
  14. В переводе НМ Исаия 11:1 Archived 2013-01-07 at the Wayback Machine. «Побег выйдет из пня Иессе́я, и отросток, отходящий от его корней, будет плодоносным.
  15. Официальные данные по населённым пунктам Израиля на 31.12.2015 (иврит). Центральное статистическое бюро Израиля. Проверено 1 декабря 2016.
  16. «Частные и индивидуальные экскурсии по Израилю Israbus Travel Елены Раутио»։ www.israbustravel.net։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-05-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-29 
  17. Данные ЦСБ Израиля Archived 2014-12-21 at the Wayback Machine.Կաղապար:Ref-he
  18. Murray, Alan, The Crusader Kingdom of Jerusalem: A Dynastic History 1099-1125 (Unit for Prosopographical Research, Linacre College, Oxford, 2000) p. 217.
  19. 19,0 19,1 19,2 19,3 Dumper, p. 273.

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Юрий Полторак Назарет и окрестности. Кафр-Кана, гора Фавор, Наин, Циппори. — Издательство Евгения Озерова, 2013. — 272 с. — ISBN 9789659215607

Կաղապար:Օրուայ յօդուած նախագիծի մասնակից Կաղապար:Արտաքին հղումներ