Նաւ, լողացող փոխադրամիջոց մը, նախատեսուած՝ բեռներու կամ ուղեւորներու տեղափոխման համար բաւարար խորութիւն ունեցող ջրային զանգուածներով, կամ նախատեսուած այլ մասնագիտական գործողութիւններ կատարելու համար, օրինակ՝ մարտական գործողութիւններ, գիտական հետազօտութիւններ, ձկնորսութիւն եւ այլն։

Նաւու մասեր՝ 1:Ծխնելոյզ 2:Նաւախել 3:Պտուտակ եւ Ղեկ 4:Նաւակող 5:Խարիսխ 6:գունտ 7:Ցռուկ 8:Տախտակամած, 9:Վերնայարկ:

Նաւ եզրը կը վերաբերի ճարտարագիտական կառոյցի մը, որ ունի անջրաթափանց իրան, կրնայ լողալ ջուրին վրայ կամ սուզուիլ ջուրին յատակը (սուզանաւ

Նաւը աւելի մեծ է քան նաւակը, եւ նախատեսուած է աւելի երկար նաւարկութիւններու համար։

Նաւերը մեծ դեր ունեցած են մարդիկ փոխադրելու եւ առեւտուրի զարգացման մէջ։ Նաւերու օգտագործման միջոցով մեծ զարգացում ապրած են գաղութատիրութիւնն ու ստրուկներու առեւտուրը։ ԺԵ. դարէն սկսեալ, նոր սննդատեսակներ տեղափոխուած են Ամերիկա եւ Եւրոպա, ինչ որ զարկ տուած է բնակչութեան շեշտակի աճին[1]։ Նաւերով տեղի կ'ունենան համաշխարհային վաճառականութեան մեծ մասը։

Նաւ
Նաւակ
Նաւակ

Հազարաւոր տարիներու ընթացքին, նաւերը կը շինուէին փայտէ եւ կը յառաջանային առագաստներով կամ թիերով: Մերօրեայ նաւերը ունին շարժակներ: Կը շարժին մէկ կամ բազմաթիւ մղապտուտակներու միջոցով:

Շարժակներով Նաւեր Խմբագրել

Մղապտուտակները կը ծառայեն շարժակներով նաւերու մղումին: Կը գտնուին ջուրին տակ կամ նաւուն յետսամասին: Նաւերու մեծամասնութիւնը ունի տիզել շարժակներ, որոնք մղապտուտակին կցուած հունը կը դարձնեն:

Ղեկ Խմբագրել

Ղեկը կը ծառայէ նաւուն ուղղութիւնը փոխելու: Երբ զայն դէպի աջ թեքեն, ջուրին հակազդող ուժը ետեւէն դէպի ձախ կը ճնշէ եւ նաւուն «քիթը» դէպի աջ կը դառնայ:

Խորաչափ (Sonar) Խմբագրել

Խորաչափը նաւու մը տակ գտնուող խորութիւնը կը չափէ: Անիկա ձայնային ալիքներ կ'արձակէ, որոնք կը վերադառնան երբ յատակին կամ այլ արգելքի հանդիպին: խորաչափը կ'արձանագրէ անոնց արձագանգը: Խորութիւնը կը չափուի, երբ ձայնային ալիքներուն մինչեւ յատակը՝ երթ ու դարձի համար դրած ժամանակը գիտցուի:

Ջրասահ Նաւ Խմբագրել

Ջրասահ նաւ մը կը սուրայ ջուրի մակերեսէն վեր կրող չմուշկներու վրայ: Երբ դանդաղի, ջուրին վրայ կը ծփայ սովորական նաւու մը պէս: Երբ արագանայ, չմուշկները ուժ մը կը ստեղծեն, որ նաւը կը բարձրաձնէ: Շատ բարձր արագութիւններու կրնայ հասնիլ:

Ռատիոտեղակայանք Խմբագրել

Կը գործածուի մօտակայ նաւերու եւ ծովեզերքներու դիրքերը ճշդելու:

Ընդծովեայ Խմբագրել

Ընդծովեայ մը տեղափոխուելու համար շինուած է ծովերու եւ ովկիանոսներու մակերեսին վրայ, ինչպէս նաեւ ջուրին յատակը: Անիկա կը ծփայ, երբ իր ջրամբարները պարապ ըլլան: Երբ անոնք ջուրով լեցուին, ընդծովեան կը ծանրանայ եւ կը սուզուի:

Օդասահ Նաւ Խմբագրել

Օդասահ նաւը կը նմանի կառքի մը, որուն անիւները փոխարինուած են օդային բարձով մը: Անիկա շատ աւելի արագ կը տեղափոխուի՝ սովորական նաւու մը հետ բաղդատաբար:

Առագաստանաւ Խմբագրել

Առագաստանաւ մը կը տեղափոխուի հովին ազդեցութեան տակ: Առագաստանաւերուն ուղղութիւնը փոխելով, նաւաստիները պէտք եղած ձեւով կը գործածեն հովուն ուժը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. "The Columbian Exchange Archived 2011-07-26 at Wikiwix" The University of North Carolina.

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս, Հրատարակութիւն CCM, էջ 18 - 19։