Նիւթ, երկիրն ու Տիեզերքը կազմող զանգուածն է։ Հաստատուն մարմինները, հեղուկներն ու կազերը կը ներկայացնեն նիւթին երեք տարբեր վիճակները։ Տիեզերքի մէջ գտնուող ամէն ինչ կազմուած է հիւլէներէ, որոնք նիւթի հիմնական բաղկացուցիչներն են։

Հիւլէներ Խմբագրել

Հիւլէները այնքան փոքր են, որ մասնագիտական մանրադիտակներով միայն կարելի է տեսնել։ Զանոնք կը նմանցնեն ուժանիւթի շատ պզտիկ ամպոտ զանգուածներու, որովհետեւ մեծ համեմատութեամբ պարապութենէ կազմուած են եւ միայն որոշ թիւով՝ իրենցմէ շատ աւելի փոքր մասնիկներ կը պարունակեն։ Իւրաքանչիւր հիւլէի մէջ կը գտնուի կորիզ մը, որ կը պարունակէ ելեկտրական լիցք կրող բրոթոն մասնիկներ եւ չէզոք նէօթրոններ։ Կորիզին շուրթը թաւալումի մէջ գտնուղ աւելի փոքր եւ ելեկտրաժխտական լիցք կրող մասնիկներ ալ կան, որոնք կը կոչուին ելեկտրոն: Հիւլէներու մեծամասնութիւնը ունին հաւասար թիւով բրոթոններ եւ ելեկտրոններ, ինչ որ նիւթին ելեկտրական լիցքը կը չէզոքացնէ։

Հեղուկներ Խմբագրել

Հեղուկի մը հիւլէները շատ դիւրաւ կը տեղափոխուին։ Այդ պատճառով ալ, հեղուկները հեշտութեամբ կը հոսին եւ կ'առնեն զիրենք պարունակող ընդուրաններուն ձեւերը։

Կազեր Խմբագրել

Կազերու պարագային՝ հիւլէները ամբողջութեամբ ազատ են իրենց տեղափոխութեան մէջ։ Անոնց շարժումին արագութիւնը կ'աւելնայ ջերմաստիճանին հետ։ Կազերը մասնաւոր ձեւ մը չունին եւ շատ դիւրին է անոնց ծաւալը փոքրացնել՝ իրենց վրան ճնշելով։

Հաստատուն մարմիններ Խմբագրել

Նոյնիսկ հաստատուն մարմիններուն մէջ, ինչպէս՝ կարծրացած շաղախի, հիւլէները թեթեւ կերպով կը թրթռան։ Հակառակ այդ թրթռացումին, սակայն, հիւլէները հիմնականին մէջ կը պահեն իրենց դիրքերը։ Այդ պատճառով ալ, հաստատուն մարմինները չեն փոխեր իրենց ձեւերը։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 6-7