Նիքիֆորոս Լիթրաս

Նիքիֆորոս Լիթրաս (յուն․՝ Νικηφόρος Λύτρας ‎, 1832, Փիրղոս, Թինոս, Քիքլատես - 13 Յունիս, 1904 Աթէնք, Յունաստան), յոյն գեղանկարիչ եւ գեղանկարչութեան ուսուցիչ։ Կը նկատուի Միւնիխի գեղանկարիչներու ակադեմիայի գլխաւոր ներկայացուցիչներէն եւ Յունաստանի Գեղարուեստի դասաւանդութեան կարապետը։

Նիքիֆորոս Լիթրաս
Նիքիֆորոս Լիթրաս, Νικηφόρος Λύτρας ինքնակենդանագիր
Ծնած է 1832
Ծննդավայր Փիրղոս, Թինոս, Քիքլատես Յունաստան
Մահացած է 13 Յունիս, 1904
Մահուան վայր Աթէնք, Յունաստան
Քաղաքացիութիւն  Յունաստան
Ազգութիւն Յոյն
Մայրենի լեզու Յունարէն
Ուսումնավայր Միւնիխի Գեղարուեստի Ակադեմիա
Աթէնքի Գեղարուեստի Դպրոց
Ազդուած է Միւնիխի արուեստի հոսանքներէն
Մասնագիտութիւն յոյն գեղանկարիչ եւ գեղանկարչութեան ուսուցիչ
Աշխատավայր Աթէնքի Գեղարուեստի Դպրոց
Ծնողներ Հածիանտոնիս Լիթրաս

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Առաջին տարիները Խմբագրել

Նիքիֆորոս Լիթրաս ծնած է Թինոս կղզին։ Հայրը՝ Հածիանտոնիս Լիթրաս, մարմարի քանդակագործ էր եւ ապրուստը ճարելու համար Պալքանեան թերակղզիին քաղաքները կը թափառէր մինչեւ որ կը վերադառնայ Թինոս կղզին (Քիքլատես)։ Ան, Նիքիֆորոսին կը փոխանցէ արուեստի հանդէպ սէրը։ Նիքիֆորոս փոքր տարիքէն կը ցուցնէ տաղանդը։

1850-ին, Նիքիֆորոս Լիթրաս, 18 տարեկան հասակին կ՛ արձանագրուի Աթէնքի Արուեստի Դպրոցը (հետագային՝ Աթէնքի Գեղարուեստի Բարձրագոյն Դպրոց)։ Ուսուցիչներն են գերմանացի Լուտվիկ Թիրս (որ նաեւ Դպրոցին տնօրէնն է), Մարղարիթի եղբայրներ եւ իտալացի Րաֆայէլօ Չեքոլի։

Միւնիխ Խմբագրել

1860-ին, Օթոնաս թագաւորին շնորհած կրթաթոշակով Միւնիխ կ՛ երթայ, ուր գեղանկարչութիւն կ՛ ուսանի Գեղարուեստի Թագաւորական Ակադեմիան, ուսուցիչ ունենալով Քարլ Վոն Փիլոթի՝ Գերմանիոյ մէջ իրապաշտութեան հոսանքի գլխաւոր ներկայացուցիչը։ Միւնիխ այդ ժամանակ եւրոպական արուեստի կեանքի կեդրոնն է։ 1865-ի ամառը, Միւնիխ կը հասնի Քարլ Վոն Փիլոթիին մօտ գեղանկարչութիւն ուսանելու համար Նիքոլաոս Կիզիս։ Միասին կ՛ այցելեն զանազան թանգարաններ եւ ցուցահանդէսներ։

 
«Նիքիֆորոս Լիթրաս»․ 1893, հեղինակ՝ Տիոմիտիս Փաւլոս
 
Նիքիֆորոս Լիթրաս․ ինքնակենդագիր՝ գծագրութիւն

Ասպարէզին ընթացքը Աթէնք Խմբագրել

Աթէնք վերադարձին, անմիջապէս Գեղարուեստի Դպրոցին գեղանկարչութեան բաժնի ուսուցիչ կը նշանակուի։ 38 տարիներ կը դասաւանդէ բացառիկ բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ։ Աշակերտներէն են՝ Եորղոս Եաքովիտիս, Փոլիհրոնիս Լեպեսիս, Փերիքլիս Փատազիս, Եորղոս Ռոյլոս եւ Նիքոլաոս Վոքոս։

Շրջապտոյտներ Խմբագրել

Ընտանիք Խմբագրել

1879-ի ձմրան, կ՛ամուսնանայ Իրինի Քիրաքիտիին հետ (Իզմիրցի յոյն առեւտրականի մը դուստր)։ Կը բախտաւորուին վեց զաւակներով՝ 5 տղաք եւ 1 աղջիկ։

Մահը Խմբագրել

1904-ի ամրան, 72 տարեկան հասակին կը մահանայ։ Մահէն ետք, Գեղարուեստի Դպրոցին տնօրէնութիւնը յանձն կ՛առնէ իր աշակերտներէն Եորղոս Եաքովիտիս։

Գործը Խմբագրել

Միւնիխ Խմբագրել

Միւնիխ գտնուած տարիներուն, երբ Փիլոթի ուսուցիչն էր, կը զբաղի «պատմական գեղանկարչութեամբ»․ նիւթերն են ընդհանրապէս յունական դիցաբանութիւնն եւ յունական պատմութիւնը։

«Պատմական գեղանկարչութիւն» եզրին մէջ, Լիթրասի գլխաւոր գործերէն նմուշներ Խմբագրել

Յունաստան Խմբագրել

Յունաստան վերադարձին, արդէն ծանօթ ու սիրուած Լիթրաս կը զբաղի դիմանկարներով։ Կը մասնակցի զանազան ցուցահանդէսներու, ուր նաեւ պարգեւներու կ՛ արժանանայ․-

  • Փարիզ՝ 1855, 1867, 1878, 1889 եւ 1900,
  • 1873՝ Վիեննայի համաշխարհային ցուցահանդէս,
  • Զափիօ Տան (Աթէնք) եւ «Փարնասոսի Գեղարուեստներու Միութեան» (Աթէնք) հերթական ցուցահանդէսներ։

Աթէնքի ազնուական եւ վերի խաւերու դիմանկարիչը կը դառնայ։ Կը գեղանկարէ «Ազգային Դրամատան» տնօրէններուն եւ Աթէնքի ազնուական եւ վերի խաւերու անձնաւորութիւններու կոթողական կենդանկարներ։

Յունաստանի արուեստի պատմութեան մէջ, Նիքիֆորոս Լիթրաս ձգած է իր ուրոյն դրոշմը։ 1903-ին կը պարգեւատրուի «Փրկիչի Սուրբ Խաչ»ով։

Յետ մահու Խմբագրել

  • 1909․ Միւնիխի Heinemann սրահին մէջ «Փիլոթի Դպրոց 1885-1886» ցուցահանդէսին Լիթրասի
  • գործերը կը ցուցադրուին,
  • 1933․ Աթէնքի Գեղարուեստի Բարձրագոյն Դպրոցին մէջ կը կատարուի յատուկ ցուցահանդէս, ուր Լիթրասի 186 գործերը կը ներկայացուին։
  • Յունաստանի Նամակատունները, Լիթրասի յիշատակը կը պատուեն դրոշմաթուղթ հրատարակելով։

Պատկերասրահ Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել