Նշան Պէշիկթաշլեան

Նշան Պէշիկթաշլեան (1898, Պէյօղլու, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1972, Փարիզ, Փարիզի շրջան), հայ գրող, երգիծագիր։

Նշան Պէշիկթաշլեան
Ծնած է 1898
Ծննդավայր Պէյօղլու, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1972
Մահուան վայր Փարիզ, Փարիզի շրջան
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, բանաստեղծ, թատրոնի դերասան, ուսուցիչ
Աշխատավայր Յառաջ
Դպրոցասէր Տիկնանց Վարժարան
Մենք
Զուարթնոց

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Կ.Պոլիս, ուր ստացած է նախակրթութիւն եւ միջնակարգ կրթութիւն (Բերայի նախակրթարաններուն մէջ)։ Սկսած է ստեղծագործել պատանի տարիքէն պոլսահայ մամլոյ էջերուն՝ քերթուածներ եւ պատմուածքներ հրատարակելով։ Միայն կարճ ժամանակ մը զբաղած է հայերէնի ուսուցչութեամբ, որմէ ետք ամբողջ կեանքը նուիրած է գրականութեան։

1922 թվականին՝ Զմիւռնիոյ մեծ աղէտէն ետք, անցած է Յունաստան, կարճ ժամանակ մը նուիրուած՝ Քորֆուի (Քերքիրա) որբանոցները հաւաքուած հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութեան[2]։ Մայիս 1923-ին Գէորգ Կառվարենցին հետ Քերքիրայի «Փուիքլիոն» թատրոնին մէջ կը բեմադրեն եւ հայ գաղթականներու հոծ ներկայութեան կը ներկայացնեն «Չարշըլը Արթին Աղա» թատերախաղը․ դերակատարները կ՛ըլլան թատերասէր հայ գաղթականներէն եւ որբերէն օրիորդներ եւ երիտասարդներ, որոնք կը հետեւին վերոնշեալ երկու հայ ուսուցիչներուն ուղղութիւններու։  Այնուհետեւ (1923-ին) վերջնականապէս հաստատուած է Փարիզ, ուր ամբողջ կէս դար իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է արեւմտահայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հոգեմտաւոր ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման նուիրական պայքարին։

Գրական վաստակ Խմբագրել

Գրել սկսած է տասներկու տարեկանին։ Քերթողական իր առաջին խաղերուն մէջ իսկ ի յայտ կու գայ երգիծելու տրամադրութիւնը։ Քնարական գգայուն խառնուածքները առ հասարակ դէպի երգիծելու տրամադրութիւն կը հակին։ Խորունկ թախիծներ եւ տրտմութիւններ, զօրաւոր անհատականութիւններու մէջ կը յանգին ... ժպիտին։

Ապրած է գրականութեամբ։ Աշխատակցած է սփիւռքահայ մեծաթիւ թերթերու՝ «Յառաջ»էն ու Պոսթընի «Հայրենիք»էն մինչեւ Աթէնքի «Ազատ Օր»ը, Պէյրութի «Ազդակ»ը եւ «Սփիւռք»ը, առաւելաբար երգիծաբանական գործերով։ Ան հայ լեզուի մասին կ'ըսէ․

  Քանի մը հայերէն բառերով անհիւրընկալ վայրերն անգամ կրնանք վերածել Հայաստանի: Ադամանդէ սանդուխ է հայ լեզուն, որուն միջոցաւ հայոց դպրութեան մշակները կը բարձրանան դէպի անմահութիւն
- Նշան Պէշիկթաշլեան[3]
 

1927-ին սկսած է հրատարակել։ Յաջորդ երեք տասնամեակներուն, արտադրած է բազմաթիւ հատորներ՝ մեծ մասը երգիծաբանական։ Ունի արձակ՝ քնարերգական երկեր, իսկ չափածոյ՝ առակներ։ Յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է թատրոնի հանդէպ։

1927-1972-ին Պէշիկթաշլեանի գրական վաստակը կը ներկայանայ բազմալար հետեւեալ ստեղծագործութիւններով.-

  • «Ընկեր Շահազար» (1927)
  • «Սիդոննա» (1928)
  • «Ռապպի» (1932)
  • «Երգիծական» (1933)
  • «Հիւանդտես» (1936)
  • «Ծաղրանկարներ» (1938)
  • «Հայ Աղբրտիք» (1941)[4]
  • «Երգիծավէպեր» (1942)
  • «Լուլուտի» (1942)
  • «Ծիրանի գօտի» (1945)
  • «Զէն ու զարդ» (1946)
  • «Մեր պարտէզէն» (1947)
  • «Յակոբ Օշական» (1947)
  • «Մեր դրախտէն» (1948)
  • «Գրիգոր Նարեկացի եւ Սմրատ Բ.» (1950)
  • «Նոր ծազրանկարներ» (1952)
  • «Յուզումը» (1953)
  • «Մոմիաներ» (նորագոյն ծաղրանկարներ, 1954)
  • «Սադայէլին պոչին տակ ու շուքին» (1954)
  • «Թատերական դէմքեր» կոթողական գործը, աւելի քան 1100 մեծադիր էջերով (1969)
  • «Հրաշալուր պատմութիւն Հայոց» (1972, հրատարակուած՝ մահէն երկու ամիս ետք)

Ցրուած գրութիւններ ունի՝ երգիծավէպեր, կատակերգութիւններ, առակներ, պատմուածքներ եւ արձակ էջեր՝ առօրեայ մամուլի եւ պարբերականներու մէջ, ինչպէս նաեւ անտիպ էջեր։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 1977, էջ 188-190:

Արտաքին յղումներ Խմբագրել