Շուշիի Ազատագրումը (1992)

Շուշիի ազատագրումը հայկական ռազմական ուժերու առաջին նշանակալի յաղթանակն էր Արցախեան ազատամարտին ընթացքին։ Ճակատամարտը տեղի ունեցած է 8 Մայիս, 1992-ին, ռազմավարական կարեւոր դիրք ունեցող Շուշի բերդաքաղաքին մէջ։ Մարտական գործողութիւնները ճշգրիտ ձեւով հաշուի առնուած էին եւ արդէն միւս օրը Շուշին ամբողջութեամբ ազատագրուած էր ազրպէյճանցիներէն, որոնք ողջ հակամարտութեան ընթացքին Շուշիէն կը ռմբակոծէին ԼՂԻՄ-ի, հետագային՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտը։

Շուշիի Ազատագրումը
Արցախեան ազատամարտ
Գագիկ Աւշարեանի վերականգնուած Տ-72 թնդանօթը որպէս յուշարձան Շուշիի ազատագրման։
Թուական 8 Մայիսէն- 9 Մայիս
Վայր Շուշի, Արցախ
Արդիւնք Շուշիի ազատագրում
Հակառակորդներ
Արցախի Հանրապետութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն Ազրպէյճան Ազրպէյճանական Հանրապետութիւն
Չեչեն Իջքերիոյ Հանրապետութիւն Չեչեն կամաւորներ
Հրամանատարներ
 ԼՂՀ Գուրգէն Տալիպալթաեան
 ԼՂՀ Արկադի Տէր-Թադէոսեան
 ԼՂՀ Ժիրայր Սեֆիլեան
 ԼՂՀ Սամուէլ Պապաեան
 Ազրպէյճան Էլպրուս Օրուջեւ
Ազրպէյճան Էլխան Օրուջեւ
Չեչեն Իջքերիոյ Հանրապետութիւն Շամիլ Պասայէկ
Կողմերու ուժեր
3000 զինուոր[աղբիւրի կարիք ունի] 2500 զինուոր[1][աղբիւրի կարիք ունի]
Կորուստներ
35[2] – 50[3] 159 - 200[4]

Ընդհանուր տեղեկութիւններ Խմբագրել

8 Մայիս, 1992-ին, Հայաստանի նախագահ՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնակատար՝ Եաղուպ Մամետովի, ինչպէս նաեւ միջնորդ երկիրի՝ Իրանի նախագահ՝ Հաշէմի Ռաֆսանժանին, ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման մասին կը ստորագրեն համատեղ յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն՝ Մահմուտ Վայէզի պէտք էր կրկին ժամանէր տարածաշրջան՝ Պաքու, Երեւան եւ Ստեփանակերտ, զինադադարը իրականացնելու եւ համապատասխան մեքենականութիւն մշակելու համար։

Իրան առաջին երկիրն էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով հանդէս կու գար միջնորդական առաքելութեամբ մը։ 6 Մայիս, 1992-ին, Իրանի նախագահ՝ Հաշեմի Ռաֆսանժանիի հրաւէրով Թեհրան կը ժամանէ ՀՀ առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Կողմերը, կը խօսին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ ԻԻՀ ԱԳ նախարար, Ալի Աքպար Վիլայեթիի՝ Երեւան կատարած այցէն որոշ ժամանակ ետք փոխ-արտաքին գործոց նախարար Մահմուտ Վայեզի կը ժամանէ Ազրպէյճան եւ Հայաստան, ուր ան կը փորձէ կողմերը համոզել, որ զինադադար հաստատեն։

8 Մայիսին, այդ նոյն յայտարարութեան ստորագրման օրը, հայկական զինուժին կողմէն կ'ազատագրուի Շուշին, որմէ ետք վերջ կը գտնէ Իրանի միջնորդական առաքելութիւնը։

Թէեւ Շուշիի ազատագրումով կը խափանուի Իրանի միջնորդական առաքելութիւնը, սակայն անցնող տարիներու ընթացքին՝ Իրան, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ազդեցիկ անդամ ըլլալով, ԼՂ հակամարտութեան նկատմամբ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը կը վարէ, որ շարք մը իսլամական երկիրներու համար ստեղծուած է, որպէսզի չ'ենթարկուին Ազրպէյճանի՝ ԼՂ հակամարտութեան կրօնական պայմաններուն եւ ԼՂ հակամարտութեան նկատմամբ չէզոք դիրք ունենան։

Իրան կը գտնէ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբը արդիւնաւէտ չէ, այդ պատճառով վերջին շրջանին հակամարտող կողմերուն կրկին կ'առաջարկէ իր միջնորդական առաքելութիւնը։

Թէեւ Ազրպէյճան արցախեան պատերազմին կրած պարտութեան համար Իրան կը մեղադրէ Հայաստանին աջակցելուն համար, սակայն փաստն այն է, որ ինչպէս Իրանցի պաշտօնեաները կը խոստովանին, պատերազմական գործողութիւններու ատեն Իրան Ազրպէյճանին բաւականաչափ ռազմական եւ նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ։[5]

Անհրաժեշտութիւնն ու նախադրեալները Խմբագրել

 
Անյայտ կորած եւ նահատակուած զինծառայողներու թանգարան Ստեփանակերտի մէջ

Շուշիի ազատագրումը պատմական անհրաժեշտութիւն էր՝ վերականգնելու հայկական հողին վրայ Հայերուն ապրելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու մարտերու ընթացքին կոփուած Հայոց յաղթական ոգին։ Այդպիսով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը կը դառնայ աւելի քան իրական։

Շուշիի ազատագրումը նաեւ տնտեսական անհրաժեշտութիւն էր, ցամաքային եւ օդային ճամբաներու շրջափակման, ելեկտրականութեան, կազի ու ըմպելի ջուրի չգոյութեան եւ Շուշիի մէջ անընդհատ հրթիռակոծութիւններու պատճառով Ստեփանակերտի ու բնակավայրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ողջ հանրապետութեան մէջ անդամալուծուած տնտեսութեան պատճառով։ Նոյեմբեր 1991-էն մինչեւ 1992, Մայիսի սկիզբը Շուշիի, Ջանհասանի, Քէօսալարի, Ղայբալուի եւ Ստեփանակերտի վրայ կ'արձակուին շուրջ 4740 հրթիռներ, որոնցմէ շուրջ երեք հազարը «Կրատ» կայաններէն էին։ Այդ հրետակոծութիւններուն հետեւանքով կը զոհուին 111 եւ կը վիրաւորուին՝ 332 խաղաղ բնակիչներ, կը քանդուին 370 բնակելի տուներ եւ շինութիւններ։

Ինքնապաշտպանութեան ուժերուն, 1991-ի վերջը եւ 1992-ի սկիզբը, յաջող գործողութիւնները, Խոջալուի ազատագրումը (25-26 Փետրուար 1992) եւ օդակայանի բացումը կը ստեղծեն տնտեսական, ռազմական եւ բարոյահոգեբանական բոլոր նախադրեալները, Շուշիի ազատագրումը նախապատրաստելու համար։

Այս առումով առանձնայատուկ նշանակութիւն կ'ունենայ 25 - 26 Յունուար, 1992-ին Քարինտակի ինքնապաշտպանութիւնը, երբ փոքրաթիւ Հայ մարտիկները կը յաջողին ետ մղել թշնամիին բազմաքանակ ուժերու յարձակումը, ոչնչացնել Շուշիի մէջ հակառակորդներու աւելի քան 8 տասնեակ զինուորները։

Սակայն կը շարունակուին Ստեփանակերտի ու շրջակայ Հայկական բնակավայրերու անխնայ հրթիռահրետակոծութիւնները։ Շուրջ մէկ շաբթուան ընթացքին կ'արձակուին շուրջ 1000 հրթիռներ, որոնց հետեւանքով կը զոհուին 20 խաղաղ բնակիչներ։ 27 Ապրիլ, 1992-ին Շուշիէն դուրս կը բերուին խաղաղ բնակիչները եւ հոն կ'ամբարուին մեծ քանակութեամբ ռազմական զինամթերքներ։

Շուշիի ազատագրման նախապատրաստման շրջանակներուն մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ԳԽ 19 Փետրուարի դիմումով, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին, ԵԱՀԽ-ին եւ շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրուի Ազրպէյճանի կողմէն իրականացուող ցեղասպանութեան վրայ՝ մասնաւորապէս յիշատակելով Մարաղայի կոտորածը (Ապրիլ 1991-ին)։

1 Մայիս-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ԳԽ նախագահութիւնը կրկին կը դիմէ միջազգային հանրութեան՝ յայտարարելով, որ արցախահայութիւնը սովահար է, զրկուած ջուրէն, ելեկտրականութենէն, դեղորայքէն... Ուստի Շուշիի ազատագրումը Ստեփանակերտի եւ Արցախի շահերէն բխող պարտադրուած անհրաժեշտութիւն էր։ Մարտ - Ապրիլ 1992-ին, իբրեւ պատասխան այդ դիմումին, շարք մը երկիրներու ներկայացուցիչները, այդ թուականին՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին յատուկ ներկայացուցիչ՝ Սայրուս Վենս եւ ԵԱՀԽ լիազօր պատասխանատու Յ. Կուբիչ, Իրանի ԱԳ փոխ նախարար Մահմուտ Վայեզ եւ ՌԴ ԱԳ նախարար Անտրէյ Քոզիրեւ, կը ժամանեն տարածաշրջան։ Կը սկսի նաեւ բանակցային գործընթացը: Իրանի մայրաքաղաք, Թեհրանի մէջ 6 Մայիսին կը հանդիպին՝ ՀՀ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, ԻԻՀ նախագահ Հաշեմի Ռաֆսանժանին եւ Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնակատար՝ Յ. Մամեդովը։

Ազատագրման ռազմական գործողութիւնը Խմբագրել

Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը տեղի կ'ունենայ 8-9 Մայիս 1992-ին։ Մշակման եւ իրականացման առումով, Հայ ռազմարուեստի մէջ եզակի ռազմական գործողութիւնը, արմատական բեկում կը յառաջացնէ Արցախեան ազատագրական պատերազմին մէջ։

Գործողութիւնը կ'իրականանայ չորս ուղղութիւններով՝ միաժամանակեայ յարձակումներով՝ 8 Մայիսի գիշերը ժամը 2:30-ին, Քիրսի ռազմական դիրքերը կը գրաւեն Լաչին-Շուշի ճանապարհը։ Ռազմական գործողութիւնը կը ղեկավարէ Ինքնապաշտպանութեան ուժերու (ԻՊՈւ) հրամանատար Արկադի Տէր-Թադէոսեանը։ Հրամանատարական կէտեր էին, Գուրգէն Տալիպալթաեանը, Սերժ Սարգսեանը, Ռ. Գզողեանը, Զօրի Բալայեանը, կապը, բուժօգնութիւնը, հրետանային նախապատրաստութիւնը եւ ճարտարապետական ծառայութիւնը։ Աշխատանքները կը համակարգեն՝ համապատասխանաբար Արթուր Փափազեանը, Վ. Մարութեանը, Լ. Մարտիրոսովը, Ռ. Աղաջանեանը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ Օլեգ Եսայեանը, Գ. Պետրոսեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Ռոբերտ Քոչարեանը եւ ուրիշներ։

Շուշիի ազատագրման ծրագիրը կ'օրհնէ եւ ԻՊՈՒ անդամներուն յաջողութիւն կը մաղթէ Արցախի թեմի առաջնորդ՝ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը։

Շուշիի ազատագրման գործունէութիւնը կը մշակուի Ա. Տէր Թադէոսեանի գլխաւորութեամբ, որուն զինուորականները կը մասնակցին Խոջալուի ազատագրութեան, այս մէկէն անմիջապէս ետք։ Գործողութիւնը կը ծրագրուի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն՝ խումբերու կողմէն հակառակորդին ուժերու տեղակայումէն, դիրքերն ու քանակական տուեալները ճշդելէ ետք։ Յարձակման ճակատային գիծը շուրջ 25 քմ. էր։ Հակառակորդը հայկական կողմը կը գերազանցէր կենդանի ուժով եւ սպառազինութեամբ։ Ռազմական գործողութիւններուն իրավիճակը կը վերահսկէին եւ փոփոխութիւններու մասին անմիջապէս կը տեղեկացնէին Վազգէն Սարգսեանը ու Սերժ Սարգսեանը։ Ծրագիրը կը կազմուի գաղտնի պայմաններով՝ Ա. Տէր Թադէոսեանին, Ռ. Գզողեանին, Ս. Սարգսեանին, Լ. Մարտիրոսովին, Ռ. Քոչարեանին կողմէն, ինչպէս նաեւ հիմնական ուղղութիւններու հրամանատարներուն Սամուէլ Պապաեանի, Ա. Կարապետեանի, Սէյրան Օհանեանի, Վ. Չիթչեանի եւ ուրիշներու օգնութեամբ։

28 Ապրիլ-ին արդէն վերջնականապէս կ'որոշուին եւ կը ճշդուին յարձակման գլխաւոր ուղղութիւնները, հրամանատարները եւ առկայ զէնք ու զինամթերքի քանակները։

Լ. Մարտիրոսովի յանձնարարութեամբ կը պատրաստուի Շուշիի տեղանքի մանրակերտը, որուն վրայ հրամանատարները կը ճշդեն իրենց գործողութիւններն ու ընթացիկ ուղղութիւնները։ Ռազմագործողութիւնը կը ղեկավարուի Շուշիի Հիւսիսը գտնուող բարձունքին վրայ տեղակայուած եւ չորս այլ հրամանատարական դիտակէտէրէն։

Յարձակումը կը նախատեսուէր, որ սկսէր 4 Մայիսին, բայց տարբեր պատճառներով (սպառազինութեան պակաս, վատ եղանակ եւ այլն) կը յետաձգուի։ ԻՊՈՒ-ի շուրջ 1200 մարտիկներէն բաղկացած չորս յարձակողական եւ մէկ պահեստազօրային խումբերը 8 Մայիսի գիշերը միաժամանակ կ'անցնին յարձակման։

Շուշիի ազատագրման մարտական հրամանը կը ստորագրուի 4 Մայիսին հետեւեալ մանրամասնութիւններով. 1.Հակառակորդը շրջանաձեւ դիրքեր կը գրաւէ Շուշիի բարձունքներուն՝ շուրջ 1200 մարդուժով, Զառսլու գիւղին մէջ՝ շուրջ հարիւր հոգի, Լիսագորի մէջ՝ շուրջ 300-350 հոգի, Քէօսալարի ուղղութեամբ՝ շուրջ 300 հոգի։

2.Մեր հարցը՝

  • ջախջախել հակառակորդը Լիսագորի, Զառսլուի, Ջանհասանի եւ Կարագեաւ բնակավայրերուն մէջ,
  • ջախջախել հակառակորդը Շուշիի մատոյցներուն մէջ եւ զայն ազատագրել կանաչներէն (հակառակորդի պայմանական անուանումը),
  • ապա յարձակիլ Բերդաձորի ուղղութեամբ եւ Բերդաձորի ենթաշրջանը ազատագրել կանաչներէն։

1.Հակառակորդը հիմնական ուժերը կեդրոնացուցած է Քէօսալարի, Լիսագորի, Զառսլուի, Շուշիի մատոյցներուն մէջ ու քաղաքին մէջ։

Հակառակորդը ջախջախելու միջոցները՝ գրաւել բարձունքը եւ դիրքաւորուիլ հոն։ Ուժերու վերախմբաւորումէն ետք, նոյն ժամանակին սկսիլ յարձակումը Լիսագորի ու Զառսլուի վրայ եւ յարձակումը անցընել չորս ուղղութիւններով.

Ստեփանակերտի կողմէն հակառակորդը ջախջախել բարձունքներուն մէջ, դիրքաւորել Շուշին իր երեք ծայրամասերով, ապա ոչնչացնել թշնամին եւ ազատագրել Շուշին։

Ռազմական գործողութեան ելքը կանխորոշուած էր արդէն իսկ 8 Մայիսին, երբ Լաչինի եւ միւս ուղղութիւններու ստորաբաժանումները նպաստաւոր բնագիծեր գրաւած էին Շուշիի մատոյցներուն մէջ։ 8 Մայիսի երեկոյեան տրուած զինադադարը հակառակորդին հնարաւորութիւն կու տայ, որպէսզի յատկացուած միջանցքով հեռանայ բերդաքաղաքէն։

Կէսօրուան մօտ յարձակումի կ'անցնին հակառակորդին մէկ ռազմական ինքնաթիռը եւ այլ ուղղաթիռներ, որոնք կը ռմբակոծեն հայկական ուժերու մարտաշարքերը, ինչպէս նաեւ Շուշին ու Ստեփանակերտը։ Աւելի ուշ կը պարզուի, որ այդ օդային յարձակման նպատակը Շուշիի մէջ ձգուած զինապահեստները պայթեցնելն էր, այսպիսով ազրպէյճանցիները յոյս ունէին կործանել ամբողջ քաղաքը, սակայն չէին յաջողած։ Իրիկուան կողմ, հիմնականօրէն կ'աւարտի Շուշիի «մաքրման» գործողութիւնը։ 9 Մայիս-ին հայոց բերդաքաղաքը կ'ազատագրուի։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. Ոգի եւ հաւատք
  2. "Շուշիի մարտը եւ ազատագրումը" Հարցազրոյց գեներալ Գուրգէն Դարիբալթեանի հետ։(ռուս.)
  3. Մելիք-Շահնազարով, Արսէն, "Нагорный Карабах: факты против лжи(ռուս.)
  4. Տը Ուաալ, Թոմաս, «Սեւ Այգի» (Black Garden, էջ. 314.
  5. Աղբյուր՝

Գրականութիւն Խմբագրել

  • «Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմ 1988-1994» հանրագիտարան։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել