Ոչ ֆորմալ կրթութիւն

Ոչ ֆորմալ կրթութիւն, ցանկացած տեսակի կազմակերպուած եւ համակարգուած կրթական գործունէութիւն է, որ կրնայ չհամընկնիլ դպրոցներու, ճեմարաններու, համալսարաններու եւ ֆորմալ կրթութեան մէջ մտնող այլ կազմակերպութիւններու գործունեութէան հետ: Հասարակական գիտութիւններուն մէջ եւ ժամանակակից մանկավարժական փորձառութեան մէջ եզրը կը կիրառուի «շարունակական կրթութիւն», «յաւելեալ կրթութիւն», «ինքնակրթութիւն» հասկացութիւններով, որ ցոյց կու տայ, որ ժամանակակից կեանքին մէջ անձի կայացման համար կարեւոր է կրթուիլ եւ զարգանալ ամբողջ կեանքին ընթացքին: Որպէս կանոն, ոչ ֆորմալ կրթութիւնը կը հակադրուի ֆորմալ կրթութեան, որ կ՛իրականացուի պետական կրթական հաստատութիւններուն մէջ, կրթութեան վերաբերեալ պաշտօնապէս ընդունուած փաստաթուղթերով, թէպէտ ոչ ֆորմալ կրթութեան իրականացման համար հաւաստագրի բացակայութիւնը պարտադիր պայման չէ[1]:

Ոչ ֆորմալ կրթութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ այն երեխաներու ու մեծահասակներու կրթութեան գործին մէջ, որոնք չեն ունեցած դպրոց յաճախելու հնարաւորութիւն: Ոչ պետական հաստատութիւնները, որոնք կը զբաղուին կրթութեամբ եւ անձի զարգացմամբ, կ՛իրականացնեն ոչ ֆորմալ կրթութիւն[2]։

Ոչ ֆորմալ կրթութեան կը նպաստէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն:

Ոչ ֆորմալ կրթութեան օրինակներ Խմբագրել

Ոչ ֆորմալ կրթութիւն կ՛իրականացնեն.

  • ընդլայնուած կրթական կեդրոնները,
  • մեծահասակներու համար գրագիտութեան խումբերը,
  • աշխատանքային հմտութիւններու ուսուցումը, մասնագիտական վերապատրաստումը ճիշդ աշխատավայրին մէջ,
  • հեռաւոր մարզերուն մէջ ապրողներու համար հեռակայ ուսուցումը,
  • զարգացած եւ զարգացող երկիրներուն մէջ հասարակագիտութեան եւ կրթութեան շարունակականութեան ուսուցումը երիտասարդներու եւ մեծահասակներու համար,
  • բարձրագոյն ոչ ֆորմալ կրթութիւնը:

Ոչ ֆորմալ կրթութեան հիմնական սկզբունքներ Խմբագրել

Ոչ ֆորմալ կրթութիւնը հիմնականին մէջ կը տարբերի ֆորմալ կրթութենէն հետեւեալով.

  • ուսուցում ըստ անհրաժեշտութեան եւ կարիքի,
  • կապը փորձառութեան հետ,
  • ճկուն կրթական ծրագիրները, դասացուցակը եւ իրականացման վայրի ընտրութիւնը:

Ոչ ֆորմալ կրթութիւնը միջազգային համալսարաններու մէջ Խմբագրել

Պոլոնեան համակարգի փաստաթուղթերուն մէջ , ՄԱԿ-ի, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, ԵՄ-ի, ԵԽ-ի հրապարակումներուն մէջ բարձրագոյն ոչ ֆորմալ կրթութիւնը կը համարուի առաջնային:

Ոչ ֆորմալ կրթութեամբ զբաղուող առաջին համալսարանը ԱՊՀ եւ Պալթեան երկիրներու տարածքին եղած է Քրիստոնէական հումանիտար-տնտեսագիտական բաց համալսարանը, որ ստեղծուած է 1997-ին Օտեսա քաղաքումին մէջ ռուս եւ ուքրանիացի մտաւորականներու ու հոգեւորականներու կողմէ: Համալսարանը կը պատրաստէ տնտեսագէտներ, իրաւաբաններ, հոգեբաններ, լրագրողներ եւ այլ մասնագէտներ՝ հիմնուելով քրիստոնէական աշխարհայեացքի ոչ պետական ծրագիրների վրայ: Համալսարանի շրջանաւարտները կ՛աշխատին պետական, մասնաւոր, միջազգային եւ կրօնական հաստատութիւններու մէջ:

Տես նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել