Ոսկրափխրութիւն (Osteoporosis), հիւանդութիւն, որ կը յայտնուի ոսկորներու խտութեան նուազումով եւ վատառողջ ոսկրային հիւսուածքով։ Հիւանդութեան հետեւանքով ոսկորները կը դառնան բարակ, տկար ու դիւրաբեկ՝ նուազագոյն մարմնական շարժումի եւ հարուածի մը պարագային, մասնաւորաբար՝ կոնքի, ողնայարի եւ դաստակի ոսկորները։

Ոսկրափխրութիւնը կարելի է բաժնել երկու խմբաւորումներու՝

1.- Հիմնական

2.- Երկրորդական

Ոսկրափխրութեան պատճառները Խմբագրել

Հիմնական ոսկրափխրութիւնը տեղի կ՚ունենայ երկու պատճառներով՝

ա.- Ծերութիւն

Մեր մարմնի ոսկորները իրենց գոյութիւնը մեր ծնունդէն սկսեալ կը պահեն համաձայն ոսկրային կազմաւորման (bone formation) եւ ոսկրային քայքայման (bone destruction) յարաբերական հաւասարակշռուած ընթացքին. ոսկորներու կազմաւորումը եւ քայքայումը ընդհանրապէս կ՚ընթանայ հաւասարապէս, սակայն երբ այս ընթացքը խախտի եւ քայքայումը տիրապետէ ոսկորներու գոյութեան, կը յառաջանան զանազան հիւանդութիւններ։ Բնական պայմաններու մէջ, մինչեւ 25-30 տարեկան, ոսկրակազմութիւնը կը գերիշխէ ոսկրաքանդումին։ Այս տարիքէն ետք բոլորս կ’ունենանք տարեկան 0.3 տոկոս համեմատութեամբ ոսկորի կորուստ. այս կորուստը կիներու մօտ յետդաշտանադադարի ընթացքին կը հասնի մինչեւ 5 տոկոս ի։

բ.- Յետդաշտանադադարի ներազդակային (hormonal) փոփոխութիւններ.

Դաշտանադադարի ընթացքին կիները կ՚ունենան էսթրոժէն (estrogen) ներազդակի քանակական անկում. այս ներազդակի յատկութիւններէն մէկն է՝ ոսկորներու պաշտպանութիւնը. անոր նուազումով ոսկորները կը դառնան դիւրաբեկ:

Երկրորդական ոսկրափխրութիւնը տեղի կ’ունենայ զանազան պատճառներով՝

ա.- Գեղձային հիւանդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ վահանագեղձի գերաշխատանքը (hyperthyroidism) եւ շաքարախտը.

բ.- Երկարատեւ անշարժութիւն.

գ.- Որոշ դեղերու երկարատեւ գործածութիւն, ինչպէս՝ քորթիզոն (cortisone) եւ հեփարին (heparine).

դ.- Կարգ մը երկարատեւ եւ մնայուն հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ յօդային ռոմաթիզմը եւ երիկամներու անբաւարարութիւնը եւ ձախողանքը (renal failure).

ե.- Որոշ քաղցկեղային եւ արեան հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ սպիտակարիւնութիւնը (leukemia) եւ մայըլոման (myeloma).

զ.- Քիչ քանակութեամբ կիր (calcium) պարունակող կերակուրներու սպառում.

Ոսկրափխրութիւնը առաւել կը զարգանայ կարգ մը վնասակար ազդակներով՝

1.- Ծխախոտի յարատեւ գործածութիւն.

2.- Ոգելից ըմպելիներու երկարատեւ գործածութիւն.

3.- Չափազանց քանակութեամբ սուրճի եւ քաֆէինի գործածութիւն.

4.- Ֆիզիքական աշխատանքի նուազում.

Ոսկրափխրումը յստակ ախտանշաններ չունի. ան կը մնայ առանց ախտանշանի երկար տարիներ եւ ի յայտ կու գայ յանկարծակիօրէն` ոսկորի մը կոտրուածքով, ընդհանրապէս դաստակի, ողնայարի, ուսի եւ կոնքի հատուածներուն մէջ։

Ոսկրափխրումի ախտաճանաչումը Խմբագրել

Ոսկրափխրումի ախտաճանաչումը տեղի կ՚ունենայ հետեւեալ գործընթացքով՝

1.- Բժշկական ընդհանուր քննութիւն.

2.- Արեան քննութիւններ.

3-. Շողանկարահանում.

4.- Ոսկորներու խտաչափութիւն (osteodensitometry ), որուն միջոցով կը չափուի ոսկորներուն խտութիւնը։ Ողնայարի, ձեռքի-դաստակի եւ կոնքի ոսկրային խտաչափութիւնը ամէնէն կարեւոր քննութիւններն են. ասոնց արդիւնքներով կը կատարուի ոսկրափխրութեան ախտաճանաչումը եւ տարողութիւնը։ Այս քննութիւնները պէտք է կիրարկուին 50 տարիքը բոլորած բոլոր անհատներուն եւ մանաւանդ կիներուն համար. ոսկրափխրումի ախտաճանաչումով կարելի է կասեցնել զայն եւ արգելք հանդիսանալ ոսկրային կոտրուածքներու։

Ոսկրափխրութեան բուժումը Խմբագրել

Ոսկրափխրութեան հիմնական բուժում չկայ, սակայն կարելի է կասեցնել անոր յառաջխաղացքը հետեւեալ միջոցառումներով՝

1.- Ոսկորներու հակաքայքայիչ դեղերու գործածութեամբ.

2.- Էսթրոժէն ներազդակային դեղերու գործածութեամբ.

3.- Կիրի եւ D կենսանիւթի (vitamine D) գործածութեամբ.

Ոսկրափխրութեան հետեւանքով պատահած ոսկրային կոտրուածքները կը բուժուին վիրաբուժութեամբ եւ կամ պահելով կոտրուած ոսկորը անշարժութեան մէջ։

Ոսկրափխրութիւնը կարելի է կանխարգիլել կանխազգուշական հետեւեալ միջոցառումներով՝

1.- Ունենալ առողջ սննդառութիւն, որ ըլլալու է հարուստ կաթնեղէններով եւ կիրով փոքր տարիքէն սկսեալ. D կենսանիւթը կ՚օգնէ կիրի ծծուելուն մարսողական համակարգին մէջ.

2.- Կատարել յարատեւ եւ չափաւոր մարզանք, ինչպէս նաեւ ունենալ բնական մարմնական շարժումներ.

3.- Ենթակայ ըլլալ ուղղակի արեւու ճառագայթներուն օրական նուազագոյնը կէս ժամ, որովհետեւ անոնք հարուստ են D կենսանիւթով.

4.- Հեռու մնալ ոգելից խմիչքներէ եւ ծխախոտէ:

Քանատայի առողջապահական հաստատութիւններու վերջին տուեալներուն համաձայն, 1.4 միլիոն քանատացիներ կը տառապին ոսկրափխրութենէ եւ առաւել 2 միլիոն քանատացիներ ոսկարափխրութիւն ունենալու հակամէտ են. 50 տարիքը բոլորած կիներուն 1/4ը կը տառապի այս հիւանդութենէն, իսկ տղամարդոց մօտ այս համեմատութիւնը 1/8 է։

Գրականութիւն Խմբագրել