Ուղեղ (լատիներէն՝ cerebrum, հին յունարէն՝ ἐγκέφαλος), կեդրոնական նիարդային համակարգի օրկան։ Տեղադրուած է գանկի խոռոչին մէջ, անոր զանգուածը կը տատանի 1300-1400 կ․ սահմաններուն մէջ։ Յատուկ պարագաներուն այն կրնայ ունենալ 1100-2000 կ․ զանգուած։ Ուղեղին կապուած են 12 զոյգ գանկուղեղային նիարդեր, որոնցմէ է ներքին օրկաններու աշխատանքը կարգաւորող թափառող նիարդը։ Մարդու գլխուղեղը՝ սաղմնային շրջանին ու կեանքին մէջ, առաջին տարիներուն ուժգնօրէն կ՛աճի եւ 20 տարեկան հասակին կը հասնի իր վերջնական մեծութեան։ Ուղեղին մէջ ջղաբջիջներու մարմինները կ՛առաջացնեն գորշ նիւթ, որ կը գտնուի՝ ինչպէս գլխուղեղի մակերեսին, ձեւաւորելով կեղեւ, այնպէս ալ գլխուղեղի ներսը՝ սպիտակ նիւթի մէջ, կորիզներու ձեւով։ Սպիտակ նիւթը կազմուած է ջղաբջիջներու երկար ելուստներէն։ Գլխուղեղը կազմուած է հետեւեալ բաժիններէն՝ երկարաւուն ուղեղ, կամուրջ, միջին ուղեղ, միջանկեալ ուղեղ, ուղեղիկ եւ մեծ կիսագունդեր (ծայրային ուղեղ)։ Երկարաւուն ուղեղը, կամուրջը, միջին եւ միջանկեալ ուղեղը կազմում են ուղեղաբունը։

Ուղեղ
1.' Ուղեղ' 2. ԿՆՀ 3. Ողնուղեղ