Ուրֆայի Հերոսամարտ

Ուրֆայի հերոսամարտ, Ուրֆայի հայերու ինքնապաշտպանական մարտերը 1915-ի սեպտեմբեր-հոկտեմբերին։

Հայոց Ցեղասպանութիւն

Պատմութիւն Խմբագրել

Պաշտպանութեան սկիզբը Խմբագրել

Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Ուրֆայի մէջ կը բնակէր շուրջ 35 հազար հայ։ 1915 թուականի ամրան կիսուն քաղաք ժամանած են «Թեշքիլաթ-ը մահսուսեի» անդամներ, երիտթուրքեր Ահմէդ եւ Խալիլ բեյերը՝ կազմակերպելու Ուրֆայի հայութեան աքսորը։ Ձերբակալելով քաղաքի երեւելիներուն՝ բնակիչներէն պահանջած են 48 ժամուան ընթացգին հանձնել իրենց մօտ եղած զէնքերը։ 19 Օգոստոսին իշխանութիւններու սադրանքով իսլամանական ամբոխը դաժանօրէն կոտորած է հայերուն (զոհուած է 300-400 մարդ)։ Այս իրադարձութիւնները կը վկայեն, որ կը պատրաստուէր դաժան հաշուեհարդար, հայերու նկատմամբ։ Ուրֆահայերը վճռած են դիմել ինքնապաշտհանութեան, զայն ղեկավարելու համար ստեղծուած է զինուորական խորհուրդ, կազմին մէջ՝ Մկրտիչ Յոթնեղբայրեան, Յարութիւն Ռասթկելէնեան, Յարութիւն Իմիրզեան, Լեւոն Էղբերլերեան, Արմենակ Աթարեան եւ Խորէն Քիւփելեան։ Կազմակերպուած է նաեւ պարենամթերքի հայթայթման եւ բաշխման ծառայութիւն, զէնքի եւ զինամթերքի պատրաստման եւ վերանորոգման արհեստանոց, բուժօգնութիւն։ Ինքնապաշտպաններու թիւը, ըստ մէկ աղբիւրի, կազմած է 800, իսկ ըստ մէկ այլ աղբիւրի՝ 2000 մարդ, հիմնականին՝ պատանիներ եւ աղջիկներ։

Բուն հերոսամարտը Խմբագրել

Հայերու թաղամասը, որ ունէր բարձր դիրք, ծածկուած է բարիկադներով եւ ամրութիւններով, բաժանուած է 6 պաշտպանական շրջաններու՝ 32 դիրքերով, փակուած են թաղամաս տանող 12 փողոցներու մուտքերը։ 1 Հոկտեմբերին հակառակորդը անցած է հարձակման։ Կատաղի կռիւէն ետք թշնամին, տալով 300 զոհ, նահանջած է։ Յաջորդ յարձակումը տեղի ունեցած է հոկտեմբեր 2-ի լոյս 3-ի գիշերը։ Զգալով, որ հնարաւոր չէ դիմագրաւել հակառակորդի գերազանց ուժերուն, զինուորական խորհուրդը վճռած է կեղծ նահանջ կատարել, թոյլ տալ յարձակողներուն մտնել թաղամաս, ապա յարձակիլ թիկունքէն եւ ոչնչացնել անոնց։ Իսլամանական խաժամուժը, տեսնելով, որ հայերը լքած են դիրքերը, ներխուժած է թաղամաս եւ սկսած թալանը։ Օգտուելով հակառակորդի անհոգութիւնէն՝ հայ ինքնապաշտպանները յարձակման անցած են եւ ոչնչացուցած մօտ 1200 թուրք։ 6 Հոկտեմբերին Հալեպէն Ուրֆա բերուած է մօտ 11 հազար զինուոր՝ թնդանոթներով եւ գնդացիրներով, թուրք, շտաբի պետը գերմանական սպայ էր։ Սկզբը բոլոր գրոհները ինքնապաշտպաններուն, հերոսաբար ետ մղած են, սակայն հակառակորդը, շնորհիւ հրետանիի, աստիճանաբար իր ձեռքը վերցուցած է նախաձեռնութենէն։ Հերոսամարտի վերջը հայկական թաղամասի 2300 տունէն միայն 50 կանգուն մնացած էր։ Թրքական հրամանատարութիւնը անընդհատ ուժեղացուցած է ճնշումը հայկական դիրքերու վրայ, պաշարման օղակը սեղմուած է աստիճանաբար։ Հրետանին քարուքանդ ըրած էր հայկական բոլոր ամրութիւնները, եւ զինուորական խորհուրդը հրամայած էր ամրանալ ամերիկեան բարեգործական հաստատութիւններուն մէջ, մայր եկեղեցիին մէջ դիմագրաւելու հարմար շինութիւնները։ Ի վերջոյ, թուրքերը յաջողած են, 23 Հոկտեմբերին, ճնշել ընդդիմութեան հիմնական կետերը, սակայն ինքնապաշտպանները անձնուիրաբար կռուած են մինչեւ նոյեմբերի կեսը, բազմաթիւ հայեր, այդ թիւին՝ Մ. Յոթնեղբայրեանը, թշնամիին ձեռքը չինալու համար, դիմած են ինքնապաշտպանութեան։ Մօտ 15 հազար կին եւ երեխայ աքսորոծւ են։ Միայն Հալեպի մէջ սովէն եւ վարակիչ հիւանդութիւններէն օրական մահացած են 150-200 տարագիր հայեր։

Զոհեր Խմբագրել

Ինքնապաշտպանական մարտերու ընթացքին թուրքերու կորուստները, ըստ գերմանակն աղբիւրի, կազմած են 50 զոհ եւ 120-130 վիրաւոր, ըստ Ջ. Բրայսի՝ 7 սպա եւ 400 զինուոր սպանուած, ըստ թրքական աղբիւրի՝ 20 սպանուած եւ 50 վիրաւոր, անգլ. հրամանատարութեան ներկայացուած տուեալներով՝ 3000 զոհ, իսկ հերոսամարտի մասնակից Օ. Թիթոեանի տուեալով՝ 2000 զոհ։

Գնահատական Խմբագրել

Ուրֆայի հերոսական պաշտպաններուն բարձր գնահատած են ժամանակակիցները։ Ֆրիտյոֆ Նանսենը գրած է. որ Ուրֆայի հայերը զոհուեցան շատ անգամ, թիւով գերազանց թշնամիին դէմ կատաղի պայքարէն ետք, իսկ Անրի Բարբին գրած է.«... Ուրֆայի մէջ հայերը իսկական կռուի մէջ մտան թուրք ջարդարարներու դէմ եւ տեղի տուին միայն կառավարութեան կողմէն ուղարկուած զորքերու բազմաքանակութեանը»։

Ուրֆայի հայերու արիութիւնը ընդունեց նաեւ թշնամին՝

  Ինչ կը լիներ մեր վիճակը, եթէ այս ծանր օրերին, մի քանի Ուրֆաներ մեր դէմ այսպէս ծառանային։
- Ֆահրի փաշա
 


Ուրֆայի 24-օրուան հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը հայ ժողովուրդի ազգ-ազատագրական պայքարի պատմութեան փառաւոր էջերէն է։

Գրականութիւն Խմբագրել

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։