Պալէն (թատերապար, բեմապար) կը յառաջանայ Իտալիոյ մէջ, վերածնունդի դարաշրջանին, ԺԵ. դարու սկիզբը: Պալէն երաժշտական-բեմական արուեստի բարդ տեսակ մըն է, ուր միաւորուած կ'ըլլան պարը, մնջախաղը, երաժշտութիւնը, թատերական մտայղացումը եւ գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ տարազները եւ յարդարանքը: Թատերապարին մէջ խօսքը փոխարինուած է պարով եւ երաժշտութեամբ, որոնց միասնութիւնը կը հարստացնէ ներկայացումի բովանդակութիւնը, կերպարներու էութիւնը, անոնց միտքերն ու յոյզերը:

1874
Ժան Ժորժ Նովեր

Պալէին զուգահեռ Ֆրանսայի մէջ կը ծաղկի Իտալիայէն նմանակուած արքայական պալէն՝ իբրեւ շքեղ հանդիսութիւն։ Առաջին պալէտներուն համար (թագուհի կատակերգական պալէն) երաժշտական հիմք կը հանդիսանան ժողովրդական եւ թագաւորական պարերը, որոնք մուտք կը գործեն աւանդավէպերէն ներս:

Պալէի հիմնական արտայայտչամիջոցներն են՝ իրարու հետ ընդելուզուած երաժշտութիւնն ու պարը։

Պալէի հիմնական տեսակներն են՝ դասական պարը եւ բովանդակային պարը։ Փոքր չէ պալէի մէջ նաեւ մնջախաղի դերը, որուն միջոցով դերասանը կ'արտայայտէ հերոսին զգացումները։

Ժամանակակից պալէի մէջ կ'օգտագործեն նաեւ ճիմնասթիք եւ աքրոպաթիք թեւածումներ:

Պալէին սկզբնաւորումը Խմբագրել

Հին ժամանակներուն ծիսական ներկայացումներուն մէջ պարն ու երգը միաւորուած կ'ըլլային: Միջին դարերուն թափառաշրջիկ դերասաններն ու երաժիշտները իրենց թատերականացուած ելոյթներուն մէջ կը միաւորէին երգը, պարն ու բանաստեղծութիւնը: ԺԶ.- ԺԷ. դարերուն Եւրոպայի մէջ թագաւորական եւ ազնուական ընտանիքները կարեւոր նշանակութիւն կու տային պարարուեստին: Յաճախ կը կազմակերպուէին «նրբակիրթ» պալատական խրախճանքներ, որուն ընթացքին պարարուեստին հմուտ պալատականներ կը մասնակցէին ներկայացումին: Ասմունքին կ'ընկերանային նուագը, պարն ու երգեցողութիւնը: Ժամանակի ընթացքին մէկ ներկայացումի մէջ արուեստի տարբեր տեսակները միաւորելու փորձերուն արդիւնքը կ'ըլլայ «Պալէ քոմիք»ի (Ballet comique) եւ «Օփերա Պալէ»ի (Opera-ballet) ստեղծումը:

Պալէն թատերական արուեստի ինքնուրոյն ձեւ կը դառնայ միայն ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն, ֆրանսացի պալէի հմուտ պարուսոյց (Choregraphe) Ժան Ժորժ Նովերիի (Jean-Georges Noverre) կատարած բարեփոխումներուն շնորհիւ։ Հիմնուելով ֆրանսացի լուսաւորիչներու գեղագիտութեան վրայ՝ ան կը ստեղծէ ներկայացումներ, որոնց բովանդակութիւնը կը բացայայտուի թատերական արտայայտիչ, ճկուն կերպարներու միջոցով, կը հաստատէ երաժշտութեան դերասանական դերը՝ իբրեւ պարողի շարժումները եւ գործողութիւնները որոշող ծրագիր։ Ան կը մշակէ հերոսական եւ ողբերգական Ballet-ներու սկզբունքները:

Նովեր համագործակցելով երաժշտահաններ Ռամոյի (Rameau) եւ Կլաքի (Gluck) հետ, կը ստեղծէ տրամաթիք թատերական ներկայացումներ: Նովերի նորարական գաղափարները կը նպաստեն պալէի արուեստի արմատական վերափոխման:

Պալէի հետագայ զարգացումը տեղի կ'ունենայ վիպապաշտութեան ծաղկման ժամանակաշրջանին։ ԺԸ. դարու 30-ական թուականներուն, ֆրանսացի պարուհի (պալերինա) Մարի Քամարկօ (Marie Camargo) կը կարճեցնէ կիսաշրջազգեստը եւ կը հրաժարի կրունկով կօշիկներէն։ Այսպիսով, պալէի զգեստը զգալիօրէն կը դառնայ աւելի թեթեւ ու ազատ, ինչ որ մեծապէս կը խթանէ պարի ճարտարութեան բուռն զարգացման։

 
«Փուան թեքնիք»

Իրենց պարը աւելի օդային դարձնելու համար, պալէի պարուհիները կը փորձեն կանգնիլ իրենց մատներուն ծայրը, որուն իբրեւ հետեւանք, կը յառաջանայ «փուան թեքնիք»ը (Pointe technique)։ Հետագային կանացի պարին մատնային ճարտարութիւնը արագ կը զարգանայ, եւ Մարիա Թալյոնի (Marie Taglioni) կը հանդիսանայ առաջինը, որ իբրեւ արտայայտչամիջոց պալէի մէջ կ'օգտագործէ «փուան թեքնիք»ը։

Պալէի բեմականացումը կը պահանջէր պալէի երաժշտութեան զարգացում, եւ արդէն Լուտուիկ վան Պեթհովըն իր «Պրոմեթեւսի ստեղծագործութիւններ»ով պալէի (1801) երգակցութեան առաջին փորձը կ'ընէ։ Վիպապաշտութեան ուղղութիւնը կը հաստատուի Աթանի «Ժիզել» (1841) եւ «Քորսարէ» (1856) պալէներուն մէջ։ Լէօ Տելիպի (Léo Delibes) «Քոփփելիան» (Coppélia) (1870) եւ «Սիլվիան» (Sylvia) (1876) կը համարուին առաջին երգակցուած պալէտները։ Անոր հետ միատեղ կը յառաջանայ նոր մօտեցում մը (Չ. Պունիի, Լ. Մինկուսի, Ռ. Տրիգոյի եւ այլոց կողմէն), որուն համաձայն պալէի երաժշտութիւնը կ'ընդունուի իբրեւ մեղեդի, հաստատուն չափ ունեցող երաժշտութիւն, որ կը ծառայէ միայն պարի ուղեկցելու համար[1]։

 


Օփերա-Պալէ Խմբագրել

Օփերա-Պալէն (Opera-ballet) երաժշտական ներկայացում մըն է, ուր միաւորուած են երգեցողութիւնը եւ պարը: Օփերա-Պալէի հիմնադիրն է Ժան Պաթիսթ Լիւլին (Jean-Baptiste Lully), որ Ֆրանսայի թագաւոր Լուդովիկոս 14-րդ թագաւորի (թագաւորած է 1643-1715 թուականներուն) պալատական երգահանն էր եւ օփերային թատրոնի ղեկավարը: Թագաւորին թելադրանքով, Լիւլի կը ստեղծագործէր եւ կը բեմադրէր Օփերա-Պալէներ, որոնց մէջ երգային դրուագներուն կողքին պարարուեստին կու տար նոյնքան կարեւոր տեղ: Իր հմուտ պարով ներկայացումներուն կը մասնակցէր Լուդովիկոս 14-րդը, որ կը համարուի պալէի դպրոցի հիմնադիրը:

Դասական Պալէ Խմբագրել

ԺԹ. դարուն պալէի պարարուեստին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ կը կատարուին: Կը կատարելագործուի ցատկային արհեստագիտութիւնը եւ մատներու վրայ կանացի պարը, ինչպէս նաեւ կը մշակուին բազմաթիւ բարդ պարաքայլեր: Ռուսիոյ մէջ ֆրանսացի յայտնի պարուսոյց Մարիուս Փեփիթա (Marius Petipa) պալէն կը հասցնէ բարձր արտայայտչականութեան եւ արհեստագիտական կատարելութեան: Անոր համագործակցութիւնը Չայկովսկիի եւ Կլազունովի հետ՝ պալէի թատրոնը կը հասցնէ նոր բարձունքներու: ԺԹ. դարու վերջաւորութեան ձեւաւորուած թատերապարի տեսակը կը կոչուի «դասական» եւ լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ A. Adam-ի «Giselle» պալէն:

 
Դասական Պալէ Պարող

Նշանաւոր Պալէներ Խմբագրել

  • «Քնացած Գեղեցկուհին» - Պ. Չայկովսկի
  • «Կարապի Լիճը» - Պ. Չայկովսկի
  • «Շչելկունչիկ» - Պ. Չայկովսկի
  • «Հազարան Պլպուլ» - Ի. Ստրաւինսկի
  • «Ռոմէօ Եւ Ժուլիէթ» - Ս. Պրոկոֆիեւ
  • «Սպարտակ» - Ա. Խաչատուրեան
  • «Ռայմոնտա» - Ա. Կլազունովի

Ի. դարու պալէն Խմբագրել

Ժամանակի ընթացքին պալէի արուեստը կ'ենթարկուի հիմնական փոփոխութիւններու: Երաժշտահաններն ու պարուսոյցները գործածելով անցեալի ոճական ուղղութիւններու գաղափարները կը սկսին ստեղծել նոր մօտեցումով եւ մտածողութեամբ պարեղանակներ ու պարեր: Ժամանակակից թատերապարին մէջ կը գործածուին նուագարանային երաժշտութեան տարբեր ոճերն ու տեսակները՝ ճազը, բանահիւսութիւնը, նաեւ (Electronique) եւ (Aleatoire) երաժշտութիւնը: Հետաքրքրական արդիւնք կու տայ «ազատ» պարի զուգորդումը դասականին հետ:

Պալէի որոշ եզրեր Խմբագրել

  • Balletmeister - պալէի, օփերային, օփերէթի, թատրոնի, շարժապատկերի եւ այլ բեմադրութիւններու պարերու յօրինողն ու ու բեմադրիչը:
  • ԺԹ. դարու կէսէն սկսեալ կը գործածուի նաեւ Choregraphe (պարուսոյց) բառը:
  • Ballerine - պալէի պարուհի:
  • Corps de ballet - պալէի հիմնական պարախումբը:
  • Pointe - պարելու յատուկ կօշիկ կարծր քթամասով:
  • Pas de deux - զուգապար:
  • Pas de trois - պար երեք պարողներով:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Wulff Helena (1998)։ Ballet Across Borders: Career and Culture in the World of Dancers։ Oxford: Berg։ էջ 44։ ISBN 1-85973-998-9 

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Երաժշտութիւն, Պատմութիւն Եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, Պէյրութ 2017, էջ 69-72: