Պահաէտտին Շաքիր

Պահաէտտին Շաքիր (1874[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Ապրիլ 1922(1922-04-17)[1], Պերլին, Գերմանական ռայխ[2] ), թուրք քաղաքական գործիչ, հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակեչպիչներէն[3], «Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան 2-րդ քարտուղար։

Պահաէտտին Շաքիր
թրք.՝ Bahaeddin Şakir
Ծնած է 1874[1]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Ապրիլ 1922(1922-04-17)[1]
Մահուան վայր Պերլին, Գերմանական ռայխ[2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Միութիւն Եւ Յառաջադիմութիւն

եղած է օսմանեան պետութեան դատական բժշկութեան եւ բժշկական բարոյագիտութեան փրոֆեսէօր:

Վարած է Պոլսոյ բժշկական դպրոցին բարոյագիտութեան  բաժանմունքին  բժշկապետութիւնը: Եղած է  ուսուցիչ կայսերական բժշկական վարժարանին մէջ, «Իթթիհատ»ի կեդրոնական վարչութեան ղեկավարներէն մէկը, անդամ՝ հայկական տեղահանութեան եւ ջարդերու մասնաւոր յանձնախումբին, եւ ընդհանուր հրամանատարը ու պատասխանատուն բոլոր սպանութիւններուն Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին: Ան բծաւոր տենդի (typhus) շիճուկի առաջին օրինակները փորձարկած է հայերու վրայ[4]:

17 Ապրիլ 1922-ին Պերլինի մէջ, Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան կը տապալեն Պահաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին[5]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել