Պապիրոսը գրելու համար նախատեսուած թղթանման նիւթ մըն էր, որ կ'արտադրուէր Նեղոս գետին ափերուն աճող պապիրուս բոյսին միզուկէն: Անիկա լայնօրէն կ'օգտագործուէր հին Եգիպտոսի մէջ Գ. դարուն եւ հին աշխարհին մէջ յայտնուած է Է. դարուն, երբ արաբներուն կողմէ Եգիպտոսի գրաւումէն ետք անիկա դժուարամատչելի կը դառնայ ու անոր կը փոխարինէ մագաղաթը, իսկ հետագային՝ թուղթը[1]:

Պապիրոսը կ'օգտագործուէր ճահիճներու շրջակայքը ապրող ժողովուրդին կողմէ: Անոնք Նեղոս գետին ճահիճներուն մէջ աճող պապիրոս կոչուող եղէգէն առնուած խիւսը կը տարածէին հարթ, ողորկ մակերեսի վրայ, կը չորցնէին զայն ու կը ստանային թերթեր: Դպրոցներու մէջ գործածուող պապիրոսները բազմաթիւ անգամներ կը լուացուէին ու նորէն կը գործածուէին: Պապիրոսին վրայ կը գրէին եղէգէ գրիչով, մոխիրէ պատրաստուած սեւ թանաքով:

Պապիրոսը կ'օգտագործուէր նաեւ կառուցելու համար առաստաղներ, պարաններ եւ ցանկապատեր:

Եգիպտոսի մէջ, խոնաւ պայմաներուն մէջ բորբոսասունկերու պատճառով պապիրուսը արագօրէն կը քայքայուէր: Ներկայիս գրադարաններուն մէջ պապիրուսները կը պահպանեն արձաններու տեսք ունեցող փայտէ արկղներու մէջ:

Պապիրոսի վրայ գրութիւն

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Leach, Bridget, and William John Tait. 2000. "Papyrus". In Ancient Egyptian Materials and Technology, edited by Paul T. Nicholson and Ian Shaw. Cambridge: Cambridge University Press. 227–253. Thorough technical discussion with extensive bibliography.
  • Leach, Bridget, and William John Tait. 2001. "Papyrus". In The Oxford Encyclopedia of Ancient Egypt, edited by Donald Bruce Redford. Vol. 3 of 3 vols. Oxford, New York, and Cairo: Oxford University Press and The American University in Cairo Press. 22–24.
  • Parkinson, Richard Bruce, and Stephen G. J. Quirke. 1995. Papyrus. Egyptian Bookshelf. London: British Museum Press. General overview for a popular reading audience.