Պարոյր Սկայորդի

Կաղապար:Տեղեկաքարտ միապետ Պարոյր Սկայորդի, Ք.Ա. VII դարու Հայոց թագաւոր, կը նշուի Մովսէս Խորենացիի կողմէն։ Ըստ Պատմահոր տուեալներու, Պարւյր «ոչ փոքր օգնութիւն ցոյց տուած է մարացի[1] Վարբակեսին՝ թագաւորութիւնը Սարդանապալէն[2] վերցնելու» գործին մէջ, որովհետեւ Վարբակես իր կողմը գրաւած է «քաջ նախարար Պարոյրին՝ անոր խոստանալով թագաւորութեան պատիւ եւ ձեւ»[3]։ Խորենացի այնուհետեւ նշելով, որ մարացի Վարբակեսը Պարոյրին թագադրած է, անոր Հայոց առաջին թագաւորը։ Ան մեծ օգնութիւն ցոյց տուած է մարերու թագաւորին Ասորեստանը գրաւելու համար։

Հայ ժամանակակից ուսումնասիրողներէն ոմանք Պարոյրը կը նմանցնեն Ք.Ա. VII դարու 70-ական թթ. Հայաստան եւ Ասորեստան արշաւած սկիւթներու առաջնորդ Պարտատուա յի հետ, որ յոյն պատմիչ Հերոդոտոսի կողմէն յիշուած է, ինչպէս նաեւ ասորեստանեան արձանագրութիւններուն մէջ։ Կ՛ենթադրուի, որ այս մէկը եղած է Արմէ Շուպրիա ցեղային միութեան առաջնորդը եւ առաջին հայկական պետական միաւորումը հիմնադրած է։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. այսինքն՝ Մարաստանի թագավոր
  2. Ասորեստանի թագավոր
  3. Խորենացի, Հայոց պատմություն, գիրք Ա, գլուխ ԻԲ