Պելճիքայի Զինանշան

Պելճիքայի զինանշանի ներկայիս տեսքը հաստատուած է 17 Մարտ 1837-ին, արքայական հրամանագիրով, որ նաեւ կը նկարագրէ զինանշանին տարբեր չափերու հետ կապուած մանրամասնութիւնները։ Ըստ Պելճիքայի Սահմանադրութեան 193-րդ (նախապէս՝ 125-րդ) յօդուածին, «Պելճիքայի ժողովուրդը կ՛ընդունի կարմիր, ոսկեգոյն եւ սեւ գոյները իբրեւ պետական զինանշանին գոյները, Պելճիքայի առիւծն ու «Միասնութիւնը ուժ կու տայ» կարգախօսը»։

Մեծ զինանշան Խմբագրել

 
Միջին զինանշան

Սեւ վահանին վրայ պատկերուած է ոսկեգոյն, ծառս կանգնած առիւծ, կարմիր ճանկերով եւ դուրս ցցուած կարմիր լեզուով (Պելճիքայի առիւծ)։ Վահանին վերը հատուածը տեղակայուած է ոսկեգոյն սաղաւարտ՝ բացուած երեսկալով։ Սաղաւարտին վրայ տեղադրուած է մեծ դքսութեան թագ, որուն ետին կը գտնուին գայիսոնները, մէկը` «Արդարութեան ձեռքով», իսկ միւսը՝ առիւծով։ Վահանը կը պատէ Լեոպոլտի շքանշանի ոսկի շղթան։ Վահանը բռնած առիւծները պահած են նաեւ պելճիքական դրօշակները ոսկիէ ձողերու վրայ։ Ներքեւը կը գտնուի կարմիր ժապաւէնը։ Անոր վրայ ոսկի տառերով գրուած է «Միասնութիւնը ուժ կու տայ» (L’UNION FAIT LA FORCE ֆրանսերէնով կամ EENDRACHT MAAKT MACHT հոլանտերէնով)։ Այս ամբողջը տեղակայուած է ոսկիէ ծոպերով եւ վրձիններով պատմուճանի վրայ։ Պատմուճանը կը պահեն կղաքիսները եւ այն պսակուած է մեծ դքսութեան թագով։ Պատմուճանին վրայ բարձրացուած են 1837-ի դրութեամբ Պելճիքայի բոլոր մարզերուն դրօշակները (մարզերու քանակի փոփոխութիւնը չէ ազդած զինանշանին վրայ)։

Մեծ զինանշանը հազուադէպօրէն կ՛օգտագործուի։ Այն կը զարդարէ օրէնքներու կնիքները եւ միջազգային պայմանագրերը:

Փոքր զինանշան Խմբագրել

 
Փոքր զինանշան

Պելճիքայի կառավարութեան կողմէ օգտագործուող Փոքր զինանշանը կազմուած է սեւ վահանի վրայ պատկերուած առիւծէ, խաչուած գայիսոններէ, կարգախօսէ, թագէ, Լեոպոլտի շքանշանէ։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել