Պերճ Պռօշեան (3 Յունիս 1837(1837-06-03)[1], Աշտարակ, Էջմիածին - 23 Նոյեմբեր 1907(1907-11-23), Պաքու, Ռուսական Կայսրութիւն), հայ գրող։

Պերճ Պռօշեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Հովհաննես Ստեփանի Տեր–Առաքելյան
Ծնած է 3 Յունիս 1837(1837-06-03)[1]
Ծննդավայր Աշտարակ, Էջմիածին
Մահացած է 23 Նոյեմբեր 1907(1907-11-23) (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Պաքու, Ռուսական Կայսրութիւն
Մայրենի լեզու հայերէն[1]
Ուսումնավայր Թիֆլիսի Հոգեւոր Ճեմարան
Ներսիսեան դպրոց
Թիֆլիսի Գիմնազիոն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Սօս եւ Վարդիթեր
Մասնագիտութիւն գրագէտ, վիպասան, բանաստեղծ, արձակագիր
Աշխատավայր Ներսիսեան դպրոց
Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մշակ
Փորձ
Երեխաներ Պռօշ Պռօշեան, Պերճանուշ Պռօշեան, Աշխէն Պռօշեան, Շուշանիկ Պռօշեան եւ Էաչի Պռօշեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Աշտարակ: Համեստ, գրեթէ չքաւոր ընտանիքի զաւակ։ 1851-ին, աւարտելէն ետք գիւղական վարժատան ընթացքը, Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսը միջնորդութեամբ որդեգիր ուսանող (անվճար) կ'արձանագրուի Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանին։ 1855-ին՝ յաջողութեամբ կը լրացնէ ուսման ընթացքը եւ կը նուիրուի ուսուցչութեան, Աշտարակի մէջ։ Պաշտօնի բերումով՝ շրջած է գիւղէ գիւղ, դիտած է մեր ժողովուրդի կեանքը՝ իր արտին մէջ, իր տան, իր աւանդութիւններուն եւ սովորութեանց։ 1858-ին կը հրաւիրուի Թիֆլիզ, ուսուցչական պաշտօնով, 1859-ին՝ իր առաջին բանաստեղծական փորձը կջերեւի «Մեղու Հայաստանի»ի մէջ։ 1860-ին մաս կը կազմէ «Կռունք» խմբագրութեան։ Քարասունեւհինգ տարիներու իր ուսուցչական գործունէութեան ընթացքին, պաշտօնավարած է նաեւ Շուշիի եւ Ագուլիսի մէջ։ Այս վերջին քաղաքին մէջ՝ հիմնած է աղջկանց վարժարան մը, 1876-ին։ 1876-ին Ասրախարն է, ուր եւս ծխական վարժարան մը կը հիմնէ։ Երեք տարի ետք, կը նշանակուի Երեւանեան թեմի եւ Կարսի շրջանի կրթական քննիչ։ 1885-ին, երբ հայկական վարջարանները կը փակուին, անձկութեանց կը մատնուի։ Պաշտօնի կը հրաւիրուի Ներսիսեան վարժարանի մէջ։ 1898-ին հանգստեան կը կոչուի։ 1907-ին կը վերադառնայ Աշտարակ, ուրկե կ'անցնի Պաքու։ Կը մեռնի նոյն տարին, Պաքուի մէջ։

Գործերը Խմբագրել

Պռօշեանի գործերը վիպական բնոյթ ունին առավելապէս։ «Սօս եւ Վարդիթեր»էն ետք, 1877-ին, Աբգար Յովհաննէսեանի «Փորձ» ամսագրին մէջ հրատարակութեան կու տայ «Կռուածաղիկը»ը, 1879-ին՝ «Հացին Խնդիր» եւ 1883-ին՝ «Շահէն»: Գրած է «ցեցեր»ը, «Բղղէ» (1890), «Սկիզբն Երկանց» (1892) եւ վերջին գործը՝ «Յունոն» (1900)[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохоров — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  2. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։