Պօղոս Նուպար Փաշա

Պօղոս Փաշա Նուպար (2 Օգոստոս 1851(1851-08-02), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 25 Յունիս 1930(1930-06-25)[1][2][3], Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ[4]), հայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, Եգիպտոսի վարչապետ Նուպար Փաշայի որդին։

Պօղոս Նուպար Փաշա
Ծննդեան անուն Պօղոս Նուպար
Ծնած է 2 Օգոստոս 1851(1851-08-02)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 25 Յունիս 1930(1930-06-25)[1][2][3] (78 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ[4]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Եգիպտական սուլթանութիւն
 Եգիպտոսի թագավորություն
Ազգութիւն Հայ[5]
Մասնագիտութիւն գործարար, քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ
Աշխատավայր Cairo Electric Railways and Heliopolis Oases Company?
Վարած պաշտօններ կազմակերպութեան նախագահ եւ Նախարարութեանց խորհուրդի նախագահ
Ծնողներ հայր՝ Նուպար Փաշա
Երեխաներ Զարեհ Նուպար

Մեծանուն դիւանագէտին զաւակը ծնած է 1851 թուականին եւ ժառանգած իր հօր գեղեցիկ ձիրքերը։ Իր երիտասարդութեան Եւրոպայի մէջ հետեւած է բարձրագոյն կրթութեան եւ վերադարձին եգիպտական կառավարութեան բազմաթիւ օգտակար ծառայութիւններ մատուցանելէն զատ 1900-թուականին հեղինակած է երկրագործական շոգեշարժ արօր մը՝ այնպիսի կատարելագործեալ վիճակով մը, որուն համար Ֆրանսական կառավարութիւնը «Պատւոյ Լէգէոն»ի պատուանշանով պատուած է զինքը։ Եւրոպական մամուլը մեծ գովեստով խօսած է Պօղոս Փաշայի մասին, այդ գիւտին առթիւ, եւ 1900 թուականին Փարիզի արուեստահանդէսին ստացած է ոսկի մետալ։ Եթէ Նուպարեանց բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը չըլլար՝ ո՛չ Եգիպտոս ո՛չ ալ Ֆրանսա, այնքան լայն պիտի չբանային իրենց դռները այն ահագին գաղթականութեան առջեւ, որ կազմուեցաւ 1895-1895 եւ 1896-1896 թուականի ջարդերէն փախչողներէն։ Անոնք էին, որ հայթայթեցին հազարաւոր ոսկիներ ու որոնց մատակարարութիւնը յանձնուած էր մասնաւոր յանձնաժողովի մը։

Տարիներէ ի վեր Տէր եւ Տիկին Պօղոս Նուպար փաշա եւ որդին Առաքէլ պէյ, ամէն մէկը ամիսը 17-ական ոսկի կը վճարեն Ալեքսանդրիոյ Աղքատախնամին, շարոնունակելով մասնաւորներու ամսական նպատակներ տալ, ըստ իրենց ընտանեկան սովորութեան։

Պօղոս Փաշա գեղեցիկ ծրագիր մը յղացած էր առեւտրական եւ երկրագործական վարժարան մը հաստատելու համար՝ Եգիպտոսի մէջ, յատկացնելով այն նպատակին միլիոն մը Ֆրանկ: Սակայն գործին բազմազան դժուարութիւնները նկատի առնելով յետաձգուեցաւ ու իբրեւ փոխարինութիւն շինեց՝ «Պուլազի» մէջ, Ազգ. Երկսեռ վարժարան մը բոլոր գոյքերով կահաւորուած եւ այսպիսով փրկեց Հայ ուսանողութիւնը խոնաւ ու մութ փողոցի խարխուլ, փլչելու վրայ եղող շէնքէն՝ Գալուստեան վարժարանէն։ Պօղոս փաշայի մեծագոյն փառքը պիտի ըլլայ իր իսկ նախաձեռնութեամբ հիմնած Եգիպտոսի Հայկական Բարեգործական միութիւնը, որուն նպատակին էր.-

  1. Ասիաբնակ Հայ ժողովուրդին մտաւոր եւ բարոյական զարգացմանը նպաստել։
  2. Անոնց նիւթական եւ տնտեսական կացութիւնը բարւոքելու աշխատիլ։
  3. Այս արդիւնքը յառաջ բերելու ծառայող որեւէ ձեռնարկ կամ հրատարակութիւն քաջալերել։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • «Յիշատակարան» (Վ. Գ. Զարդարեան)։
  1. 1,0 1,1 1,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 Swartz A. Open Library — 2007.
  3. 3,0 3,1 3,2 Faceted Application of Subject Terminology
  4. 4,0 4,1 4,2 1930 , Décès , 16
  5. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 111. — ISBN 978-2-905686-93-0