Ռանիա Ալ–Եասին (31 Օգոստոս 1970(1970-08-31)[1][2][3], Մայրաքաղաք Քուէյթ, Քուէյթ), ի ծնէ տրուած անուն՝ Ռանիա Ֆայսալ Ալ-Եասին, արաբերէն՝ رانيا فيصل الياسين‎, ծնած՝ 31 Օգոստոս 1970, Քուէյթ), Յորդանանի թագուհի, Յորդանանի Հաշիմեան թագաւորութեան թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդ Իպն Ալ-Հուսէյն Ալ-Հաշիմիի կինը։

Ռանիա Ալ-Եասին
արաբերէն՝ رانيا العبد الله
Ծննդեան անուն արաբերէն՝ رانيا فيصل صدقي الياسين
Ծնած է 31 Օգոստոս 1970(1970-08-31)[1][2][3] (53 տարեկան)
Ծննդավայր Մայրաքաղաք Քուէյթ, Քուէյթ
Քաղաքացիութիւն  Յորդանան
Պաղեստին
Մայրենի լեզու Արաբերէն
Կրօնք Իսլամութիւն[4]
Ուսումնավայր Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարան
Ամերիկեան Համալսարան
Ժընեւի համալսարան
New English School?
Երկեր/Գլխաւոր գործ The Children's Museum Jordan?, Q42332173? եւ MOOC Arab World?
Մասնագիտութիւն Կոնսորտ թագուհի
Աշխատավայր Էփըլ[5]
Վարած պաշտօններ Consort of Jordan?
Կուսակցութիւն անկախ քաղաքական գործիչ?
Ամուսին Աբդալլահ II?
Ծնողներ հայր՝ Faisal Sedki al-Yassin?
Երեխաներ Հուսեյն իբն Աբդուլլահ?, Սալմա բինթ Աբդուլահ?, Հաշիմ իբն Աբդուլլահ? եւ Իման բինթ Ադուլլահ?
Կայքէջ queenrania.jo
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ռանիա Ալ–Եասինը ծնած է 31 Օգոստոս 1970–ին Քուէյթի մայրաքաղաք Քուէյթի մէջ, պաղեստինցի ընտանիքի մէջ, որ կը պատկանէր միջին դասակարգի[6]։ Ռանիան մանկաբոյժի դուստր է։ Ան դպրոցը եւ համալսարանը աւարտած է բարձր յառաջադիմութեամբ։ Կրթութիւնը շարունակած է արտասահմանեան ուսումնական հաստատութիւններու մէջ. սորված է Քուէյթի New English School դպրոցին մէջ, ապա Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ (American University in Cairo) ուսումնասիրած է առեւտրական կառավարում։

 
Ռանիա Ալ–Եասին, 2005 թ

1990-ականներու սկիզբը Ռանիային ընտանիքը ստիպուած կ'ըլլայ Քուէյթէն փախչիլ՝ Յորդանան, որովհետեւ Քուէյթի՝ իրաքեան գրաւումի ազատագրելէ ետք պաղեստինցիներուն կը մեղադրէին նուաճողներու հետ համագործակցելու մէջ։

Ատկէ ետք, երբ Apple ընկերութեան յորդանանեան ներկայացուցչարանի մէջ Ռանիային կը մերժէն ղեկավար պաշտոն տալ (այդ ժամանակ ան 22 տարեկան էր), ան բարկացած կը հեռանայ եւ աշխատանքի կ'անցնի Ամմանի Citibank-ին մէջ, որ կը պատկանէր Ապտուլլա արքային քրոջ եւ փեսային։ Այդ դրամատան գրասենեակին մէջ 1993 թուականի գարնան առաջին անգամ կը հանդիպին աղջկան եւ արքայազնի հայացքները[7]։ 10 Յունիս 1993-ին կատարուեցաւ զոյգի հարսանեկան արարողութիւնը։ Ռանիան թագուհիի տիտղոս ստացաւ Հուսէյն թագաւորի մահուան եռամսեայ պաշտոնական սուգէն ետք[8]։

Ռանիա Ալ–Եասինը ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամենագեղեցիկ թագուհին[9]։

Ընտանիք Խմբագրել

Երեխաները՝

  • Արքայազն Հուսէյն, ծնած է՝ 28-06-1994
  • Արքայադուստր Իման, ծնած է 27-09-1996
  • Արքայադուստր Սալմա, ծնած է՝ 26-09-2000
  • Արքայազն Հաշեմ, ծնած է՝ 30-01-2005

Հասարակական եւ պետական գործունեութիւն Խմբագրել

1995 թուականին իր կողմէն հիմնադրուած Յորդանանի ֆոնտ՝ ոչ պետական կազմակերպութեան գլխաւոր՝ թագուհին կանանց կ'օգնէ մասնակցութիւն ունենալ երկրի տնտեսական կեանքին մէջ եւ ստեղծել նոր ընկերութիւններ։

Ռանիա Ալ-Եասինը Էքստեռնեան համալսարանի (Մեծ Բրիտանիա, 2001) պատուաւոր դոկտոր է. կոչումը ստացած է «ժամանակակից աշխարհի կնոջ դէրի բարձրացման եւ արաբա-եւրոպական հարաբերութիւններու զարգացման մէջ ունեցած ներդրման համար»։ Կը հովանաւորէ մարաթոնեան վազորդներու «Անապատի գաւաթ» ամենամեայ միջազգային մրցոյթը (կ'անցնէ Wadi Rom անապատի մէջ, Յորդանան), ինչպէս նաեւ կենդանիներու պաշտօանութեան ուղղուած շարք մը միջոցառումներ։

Հետաքրքիր փաստեր Խմբագրել

  • Ռանիան կը սիրէ հագնիլ մաքուր ոսկիէ պատրաստուած կոշիկներ (զոյգի կշիռքը մօտ 400 կրամ է), որոնք զարդարուած են ադամանդներով[7]։
  • Ռանիա թագուհին ստացած է երկրին զինուած ուժերու պատուաւոր գնդապետի կոչումը։ Միաժամանակ իր ամուսինը՝ Ապտուլլա արքան, Ռանիային նշանակած է զինուորականներու եւ անոնց ընտանիքներուն պաշտպանութեան միութեան ղեկավար[10]։
  • Ռանիան կարդացած է Հերի Փոթըրի մասին բոլոր գիրքերը։
  • 30 Դեկտեմբեր 2008-ին Ռանիա թագուհին այցելած է Հուսէյն թագաւորի անուան հիվանդանոցի՝ նուիրատու արեան ընդունման բաժինը եւ արիւն յանձնել անոր համար, ովքեր տուժած էին Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլական «Հալած կապար» ռազմական գործողութեան ժամանակ[11]։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել