Ռոզեթայի քարը, Ռոզեթան քարի կտոր մըն է` մեծ կոթողէ մը, որուն վրայ Ք. Ա. 196 թուականէն քանդակուած գրութիւն մը կայ: Գրութեան իմաստը ինքնին հետաքրքրական չէր. անիկա քուրմերուն յատուկ հրովարտակ մըն էր, զանոնք տուրքերէ զերծ կը պահէր: Այս գրութիւնը երեք անգամ ընդօրինակուած էր երեք տարբեր գրութիւններով. եգիպտացիներուն սուրբ լեզուով, մեհենագրերով, եգիպտացիներուն առօրեայ խօսակցական լեզուով տեմոթիք եւ հին դասական յունարէնով[1]: Ք. Ա. 332 թուականին Մեծն Աղեքսանդրի կողմէ Եգիպտոսի նուաճումէն ետք, երկրին վարչական լեզուն յունարէնը դարձած էր:

Ռոզեթայի քար

Անիկա աշխարհի ամէնէն ծանօթ կտորներէն մէկն է, եւ ամէնէն շատ այցելուածը Բրիտանական թանգարանին մէջ, ուր ան կը գտնուի: Այս քարը, որուն անկանոն ձեւը անմիջապէս ուշադրութիւն չի գրաւեր անգին է. անոր շնորհիւ է, որ եգիպտացիներուն մեհենագրերը կարելի եղաւ կարդալ:

Շատ աւելի ուշ, 1799 թուականին, Նափոլէոն Պոնափարթի բանակէն ֆրանսացի սպայ մը այս քարի կտորը գտած է Էլ Ռաշիտ, ֆրանսերէն՝ Ռոզեթ, գիւղին մօտ, եւ այս քարին տրուած է Ռոզեթա անունը[2]: Իր նուաճումին ընթացքին Պոնափարթին բանակին կ՛ընկերանային բազմաթիւ ֆրանսացի գիտնականներ: Այս գիտնականները հաւաքած էին շատ հարուստ վաւերագրութիւն եւ բազմաթիւ հնադարեան կտորներ, որոնց գլխաւոր կտորը Ռոզեթայի քարն էր:

Ժան-Ֆրանսուա Շամփոլէոն

1801-ին Նափոլէոնի պարտութիւնը զայն մղեց Անգլիոյ հետ կնքելու Աղեքսանդրիոյ դաշնագիրը: Այս դաշնագրին իբրեւ արդիւնք` ան Անգլիոյ յանձնեց գիտնականներուն գտած բազմաթիւ հնագիտական կտորներ[3] : Այս ձեւով է, որ Ռոզեթայի քարը փոխադրուեցաւ Լոնտոն, ուր ցուցադրուեցաւ Բրիտանական թանգարանին մէջ, 1802 թուականէն սկսեալ:

Այդ ժամանակէն սկսեալ բազմաթիւ հմուտ անձեր, անոնց մէջ ըլլալով անգլիացի Թոմաս Եանկ, փորձեցին քարին յունարէն գրութիւնը գործածել մեհանագրերով գրութիւնը կարդալու համար, որովհետեւ ոչ մէկը այդ գրութիւնը այլեւս կարդալ գիտեր աւելի քան 1400 տարիներէ ի վեր:

Վերջապէս, ֆրանսացի գիտնական Ժան-Ֆրանսուա Շամփոլէոն (1790-1832) գրութենէն օրինակ մը ուսումնասիրելով` կը հասկնայ, թէ մեհենագրերէն իւրաքանչիւր պատկերը հնչիւն մը կը ներկայացնէր: Ան կրցած էր լուսաբանել մեհենագրերուն գաղտնիքը: Անոր շնորհիւ` մեհենագրերով գրութիւնները հասկնալի կը դառնային եւ մեզի ուղղակիօրէն կը կապէին հին եգիպտացիներուն աշխարհին հետ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Ray (2007) p. 3(անգլերէն)
  2. Parkinson et al. (1999) p.20(անգլերէն)
  3. Parkinson et al. (1999) p. 23(անգլերէն)
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։