Սանասարեան Վարժարան

Սանասարեան Վարժարանը, հիմնադրուած է 8 Մարտ 1882 թուականին Կարինի մէջ, Մկրտիչ Սանասարեանի միջոցներով եւ Կարապետ Եզեանի ջանքերով[1]։

Կարնոյ Սանասարեան Վարժարան

Յաչս կառավարութեան վարժարանին օրինական պատասխանատու եւ վերատեսուչ ճանչցուած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը: Մինչեւ 1892 վերին հսկողութիւնը կը վարէ հիմնադիրը: Սանասարեան վարժարանը գերմանացիներու միջնակարգ վարժարաններու հաւասար աստիճան ունէր, իննամեայ ընթացքով: Կարնոյ մէջ վարժարանին վրայ կը հսկէր ուսումնական խորհուրդ մը, որ կը բաղկանար Մաղաքիա Օրմանեան վարդապետէ, Գէորգ Աբուլեանէ, Յովսէփ Մատաթեանէ եւ Սարգիս Սողիկեանէ, որոնք կը վարէին ներքին տեսչութեան պաշտօնը հաւաքական պատասխանատուութեամբ:

Վարժարանին ծրագիրը կը պարունակէր հետեւեալ ուսումները՝ կրօնք/ Հայերէն աշխարհաբար/ պատմութիւն/ աշխարհագրութիւն/ բնական գիտութիւններ/ Օսմաներէն/ Ֆրանսերէն/ Անգլերէն/ Գերմաներէն/ ուսողութիւն/ գեղագրութիւն/ գծագրութիւն եւ նկարչութիւն/ ձայնական երաժշտութիւն/ գործիական երաժշտութիւն/ մարմնամարզ եւ չմշկութիւն:

Մկրտիչ Սանասարեանի թողած կտակը կ՚ ապահովէր վարժարանին գոյութիւնը: Կտակակատարներէն Կարապետ Եզեանց պատրաստեց նոր կանոնագրութիւն մը ու ուսման շրջանը վերածուեցաւ եօթը տարիի: Սոյն կանոնագրութեան համաձայն վարժարան մտնել ուզող աշակերտները պատք է գիտնային հայերէն կարդալ, ընթեռնելի կերպով գրել, քերականութեան մասունք բանին սորված ըլլալ, շարադրութիւն մը առանց ուղղագրական խոշոր սխալներու գրել եւ թուաբանութեան չորս գործողութիւնները լաւ կերպով կատարել:

1892էն յետոյ յատկացուեցաւ գումար մը ուսուցիչներ պատրաստելու Սանասարեան վարժարանին համար: 1906-ին վարժարանին կից բացուեցաւ երկամեայ դասընթացքով վարժապետանոց-ուսուցչանոց մը, որու նպատակը ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի պատրաստելն էր հայկական գաւառներու համար: Ըստ կտակի վարժարանին մէջ պէտք է ուսանէին առնուազն 30 ձրիավարժ Սանասարեան Սաներ: 1882-83 տարեշրջանէն սկսեալ տեղի ունեցան հրապարակային քննութիւններ, որոնց ներկայ կը գտնուէին Կարնոյ առաջնորդը, Մաարիֆի ներկայացուցիչներ, քաղաքային եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հիւպատոսական մարմնի ներկայացուցիչներ, Գաւառական Ժողովներու անդամներ, աշակերտներու ծնողքներ եւ հայ ու օտար ունկնդիրներ: Եզեանցի վերապահուած իրաւասութենէ զատ, վարժարանը ունեցաւ հետեւեալ վարիչ մարմինները:

Պոլսոյ Խնամակալութիւնը Խմբագրել

Պոլսոյ խնամակալութիւնը, որ Սրբազան Պատրիարքի նախագահութեամբ, Ազգ. Վարչութեան կողմէ ընտրուած պոլսաբնակ 6 անդամներէ բաղկացած մնայուն մարմին մըն է: Կը քննէ տեղական հոգաբարձութեան ներկայացուցած ելմտացոյցը, կը վաւերացնէ հաշիւները, կ՚ ընտրէ եւ կը հրաժարեցնէ վարժարանին վերատեսուչը եւ ընդհանուր պաշտպան կը հանդիսանայ վարժարանին նիւթական եւ բարոյական շահերուն:

Տեղական Հոգաբարձութիւն Խմբագրել

Կը նախագահէ տեղւոյն առաջնորդը: Հոգաբարձութեան կ՚ անդամակցին բացի վերաըեսուչէն տեղւոյն եկեղեցւոյ հօտին ընտրած 6 անձեր: Պաշտօնն է՝ վարժարանին գոյքերուն պահպանութիւնը, պատրաստել ելեւմտացոյցը, որոշել ուսուցիչներու թոշակները, ընտրել ձրիավարժ աշակերտները եւ Եւրոպա ղրկուելիք սաները:

Վերատեսուչը Խմբագրել

Կ՚ ընտրէ Պոլսոյ խնամակալութիւնը եւ որ կը հաստատուի պատրիարքական պաշտօնագրով, պետն է վարժարանին ներքին վարչութեան: Պաշտօնն է հոգ տանիլ վարժարանին օրէնքներուն եւ կանոններուն անթերի գործադրութեան, ընտրել եւ արձակել ուսուցիչները, հսկել անոնց պաշտօնավարութեան եւ վարժարանին կարգապահութեան եւլն.:

Ուսուցչական Մասնաժողովը Խմբագրել

Կը բաղկանայ վարժարանին բարձրագոյն երեք դասարաններուն գիտութեանց եւ լեզուներու ուսուցիչներէ, ատենապետութեամբ վերատեսուչին: Մասնաժողովին պաշտօնն է, որոշել դասաւանդուելիք ուսմանց նիւթերն ու արհեստները, կազմել անոնց մանրամասն ծրագիրը, ընտրել դասագիրքերը եւլն.:

Ուսումնական բաժնէն զատ մասնաւոր խնամք տարուած է նաեւ վարժարանին արհեստական բաժնին, որուն ընթացքը չորս տարի որոշուած էր։ Արհեստի հետեւող տղաքը երկու տեսակ էին եւ օրական մէկ երկու ժամ կը յատկացնէին արհեստ սորվելու եւ անոնք որոնք միայն արհեստ կը սորվէին: Մինչեւ 1901 արհեստանոցը ունեցաւ 16 շրջանաւարտներ: Ասոնցմէ կազմարարները զբաղեցան վարժարանին գիրքերը կազմելով: 1892-93-ին արհեստաւոր ցերեկեայ աշակերտներուն յատուկ կարգադրութիւն մը ըրաւ հոգաբարձութիւնը, ըստ որուն աշակերտներուն նուիրել որոշեց վաճառելի ապրանքներու զուտ շահին %25ը, որ պէտք էր յանձնուէր աշակերտին, իր արհեստագիտական ուսման ընթացքը աւարտած ժամանակ:

Իր գոյութեան 34 տարիներուն ընթացքին Սանասարեան Վարժարանը տուած է 1000էն աւելի ընթացաւարտներ: 1915-ին աւերուած է Սանասարեանը:

Կեդրոնական - Սանասարեան Խմբագրել

Թուաբանագէտ Պետրոս Ատրունիի Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան օրով Սանասարեանցի 10 աշակերտի համար Սանասարեան խնամակալութեան օրուայ ատենապետ՝ Նարոյեան Պատրիարք հօր եւ ժողովի վաւերոցումով 1927էն սկսեալ երեք շրջան յատկացում կը կատարուի Ղալաթիոյ Կեդրոնականի խնամակալութեան: Իսկ 1930էն մինչեւ 1932 Կեդրոնական եւ Սանասարեան խնամակալութեանց համաձայնութեամբ Կեդրոնականը կը յիշուի «Կեդրոնական-Սանասարեան» անունով, կրթական Նախարարութեան եւս վաւերացումով: Սակայն Սանասարեան հիմնարկը լուծուած նկատուելով Պատրիարքարանի բացած դատի վերջաւորութեան Սիրքէճիի Սանասարեան Խանը կը պետականանայ եւ Կեդրոնականն ալ հինգ տարի յետոյ կը զրկուի կարեւոր հասոյթէ մը:

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Սանասարյան վարժարան» (հայերեն)։ 2017-05-22 

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայ Դպրոց Անցեալէն Դէպի Այսօր, Հրակատարակութիւն Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի, Պոլիս, 2017
  • Քսանամեայ Տեղեկագիրն Սանասարեան Վարժարանի (1881-1904), Պաշտօնական Հրատարակութիւն Ազգային Պատրիարքարանի, Պոլիս, 1903

Արտաքին յղումներ Խմբագրել