«Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ», հայ ժողովրդական հերոսավէպ կամ էպոս։ Վիպասացներու եւ բանահաւաքներու կողմէ կոչուած է նաեւ «Սասնայ փահլեւաններ», «Սասնայ տուն», «Ջոջանց տուն», «Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ», «Դաւիթ եւ Մհեր», «Դաւիթի պատմութիւն», «Դաւիթի հեքիաթ» եւ այլն։ «Սասնայ ծռեր» հայ ազգային դիւցազնավէպը ստեղծուած է միջնադարուն՝ արաբական արշաւանքներու ժամանակ։ Էպոսի գաղափարական ոգին, հայ ժողովուրդի հերոսական մաքառումն է թշնամիներու դէմ, յանուն ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախութեան, հայրենիքի եւ պետականութեան պահպանման։

Ոչ նիւթական՝ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան կառավարութիւնը միջկառավարական կոմիտէի 7-րդ նստաշրջանը 2012 թուականի Դեկտեմբերի 5-ին «Սասնայ ծռեր կամ Սասունցի Դաւիթ էպոսի կատարողական դրսեւորումները» ընդգրկեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ։

Բովանդակութիւն Խմբագրել

 
Սասնայ ծռեր

«Սասնայ ծռերը» բաղկացած է վիպական 4 մասերէ կամ ճիւղերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կոչուի հերոսներու մէկ սերունդի անունով՝ «Սանասար եւ Պաղտասար», «Մեծ Մհեր», «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Փոքր Մհեր»։

«Սանասար եւ Պաղտասար» Խմբագրել

Հայոց Գագիկ թագաւորը հարկատու էր Պաղտատի կռապաշտ խալիֆային։ Վերջինս, լսելով արքայադստեր՝ Ծովինարի գեղեցկութեան մասին, կ'ուզէ կնութեան առնել զայն, բայց կը մերժուի։ Կատղած խալիֆան կը սկսի աւերել Հայոց երկիրը։ Ծովինարը կ'որոշէ յօժարակամ դառնալ կռապաշտի կինը, որպէսզի հայրենիքը փրկուի աւերումէն։ Հայրենի լեռներուն մէջ շրջելով ան կը ծարաւնայ եւ Աստուծմէ ջուր կ'աղերսէ։ Յանկարծակի բխած Կաթնաղբիւրէն Ծովինարը բուռ մը ջուր կը խմէ ու կը յղիանայ։ Յետոյ ան կը մեկնի Պաղտատ։ Որոշ ժամանակ անց կը ծնին Սանասարն ու Պաղտասարը, որոնք օրէ օր կը մեծնան ու կը հզօրանան։ Խալիֆան կ'ուզէ սպանել երկու եղբայրները, բայց անոնք կը սպանեն խալիֆան եւ իրենց մօր հետ կը փախչին կու գան հայրենիք, կը հիմնեն իրենց բերդը՝ Սասունը, կը հզօրացնեն ու կը շէնցնեն զայն։ Սանասարը կ'ամուսնանայ Դեղձուն-Ծամի հետ։ Կ'ունենայ 3 զաւակ՝ Մհերը, Ձէնով Օհանը եւ Վերգօն։

«Մեծ Մհեր» Խմբագրել

Սանասարին կը յաջորդէ որդիներէն ամէնաքաջը՝ Մհերը։ Այդ տարիներուն Սասունը հարկատու էր Մսրայ Մելիքին։ Չափահաս դառնալով՝ Մհերը երկրին տիրութիւնը ու ժողովուրդին. հացի ճանապարհը փակող հսկայ առիւծի երախը պատռելով՝ երկու կէս կը ստանձնէ, որուն համար զինք կ'անուանեն Առիւծաձեւ Մհեր, Սպիտակ Դեւէն կ'ազատէ գեղեցկուհի Արմաղանին ու անոր ամուսինը, մենամարտին կը յաղթէ Մսրայ Մելիքին եւ Սասունը կ'ազատէ հարկերէն, կը հիմնէ Մարութայ Բարձրիկ Աստուածածինը, Ծովասարը կը դարձնէ իր որսատեղին, կը շինէ բերդեր ու կամուրջներ։ Մսըրի մէջ կը մեռնի Մելիքը։ Անոր կինը՝ Իսմիլ Խաթունը, կը խնդրէ Մհերէն գալ եւ տէր կանգնիլ իր երկրին՝ գաղտնի մտադրութիւն ունենալով ժառանգ ունենալ անկէ։ Կը ծնի արու զաւակ մը, որուն Իսմիլ Խաթունը կը կոչէ Մելիք՝ ի յիշատակ մեռած ամուսնոյն։ 7 տարի ան Մհերին կը պահէ իր մօտ՝ արբեցնելով թունդ գինիով։ Ի վերջոյ սթափելով եւ զգալով իր սխալը՝ Մհերը կը վերադառայ Սասուն։ Արմաղանը դժուարութեամբ կը ներէ զինք։ Մհերը դարձեալ կը շէնցնէ Սասունը։ Որոշ ժամանակ անց Արմաղանը կը ծնի տղայ մը, որուն կ'անուանեն Դաւիթ։ Երեխայի ծնելուն պէս Մհերն ու Արմաղանը, պայմանի համաձայն, կը մեռնին։

«Սասունցի Դաւիթ» Խմբագրել

Որբացած նորածին Դաւիթին կ'ուղարկեն Մսըր՝ Իսմիլ Խաթունի մօտ, ուր քաջազունը կը մեծնայ ժամ առ ժամ։ Մսրայ Մելիքը կը փորձէ խորամանկութեամբ սպանել Դաւիթին, բայց պատանի դիւցազնը կը յաղթահարէ բոլոր փորձութիւնները եւ կը վերադառնայ Սասուն։ Ձէնով Օհանը Դաւիթին կը կարգէ գառնարած, ապա՝ նախրապան, որսորդ։ Դաւիթը կը սպանէ Սասունը կողոպտած դեւերը եւ երկրի ամբարները կը լեցուին բարիքներով, միայնակ կը կոտորէ Մըսրայ Մելիքի զօրքը, կը վտարէ նաեւ հարկահաւաք Կոզբադինին։ Մելիքը բազմահազար զօրքով կ'արշաւէ Սասուն։ Դաւիթը սուրի մէկ հարուածով երկու կէսի կը բաժնէ խոր հորի մէջ թաքնուած Մըսրայ Մելիքին։ Սասունը ազատագրելէն յետոյ Դաւիթը կը նշանուի Չմշկիկ Սուլթանի հետ, բայց լսելով Կապուտկողի արքայադուստր Խանդութի գեղեցկութեան մասին՝ կարգ մը քաջագործութիւններէ յետոյ կ'ամուսնանայ անոր հետ։ Ապա կ'երթայ Կիւրճիստան եւ 7 տարի կը մնայ այնտեղ։ Խանդութը կը ծնի արու զաւակ եւ անունը կը դնէ Մհեր։ Մհերը չափահաս դառնալով՝ կ'որոշէ երթալ եւ գտնել հօրը։ Ճանապարհին հայր ու որդի կը հանդիպին, եւ իրարու չճանչնալով, կը մենամարտին։ Դաւիթը Մհերի բազկապանէն կը ճանչնայ որդւոյն, չի ներեր, որ ան յանդգնած է մենամարտիլ իրեն հետ եւ կ'անիծէ. «Անմա՜հ ըլլաս, անժառա՜նգ»։ Դաւիթը կը սպանուի Չմշկիկ Սուլթանի աղջկայ թունաւոր նետէն, իսկ ամուսնոյն հաւատարիմ Խանդութը կը նետուի բերդէն վար։

«Փոքր Մհեր» Խմբագրել

Դաւիթին փոխարինած Փոքր Մհերը կը պատերազմի թշնամիներուն դէմ եւ կը յաղթէ, կը սպանէ Չմշկիկ Սուլթանին՝ լուծելով հօր վրէժը։ Ապա կ'ամուսնանայ գեղեցկուհի Գոհարի հետ։ Բայց կը կատարուի հօր անէծքը. Մհերը կը մնայ անժառանգ։ Կը մեռնի Գոհարը։ Հողը այլեւս չի դիմանար Մհերի ոտքերուն տակ։ Սասնայ վերջին քաջազունը կը փակէ Ագռաւաքար ժայռի մէջ՝ պատգամելով.

Քանի աշխարք չար է,
Հողն ալ ղալբցեր (ծուլացեր) է,
Մէջ աշխարհքին ես չեմ մնար։
Որ աշխարհք աւերուի, մէկ ալ շինուի,
Երբ որ ցորեն եղաւ քանց մասուր մի,
Ու գարին էղաւ քանց ընկոյզ մի,
Էն ժամանակ հրամանք կայ,
որ ելնենք այդտեղէն։

Քանի որ էպոսին մէջ հզօր ժառանգի թեման ունի յօրինուածքային կարեւոր արժէք, որով պայմանաւորուած են վիպական սերնդափոխութիւնը, ճիւղերու փոխադարձ կապը եւ յաջորդականութիւնը, ապա Փոքր Մհերի անժառանգ մնալով կ'աւարտի նաեւ հերոսավէպը։ «Սասնայ ծռերու» վիպական համակարգին մէջ միաձուլուած են, վերամշակուած ու փոխակերպուած հնագոյն առասպելները, աւանդական վիպական սիւժէները, հեթանոսական պաշտամունքային տարրերը (ջուր, արեգակ), պատմական երգ-զրոյցները։ Այդուհանդերձ, էպոսի վիպական զարգացումը, ճիւղերու յստակացումը, վերամշակումը կատարուած են միջնադարուն՝ VII–XIII դդ., նախ՝ Պաղտատի արաբական խալիֆայութեան, ապա՝ Եգիպտոսի (Մսրայ) Էյուբեան արաբ տիրակալներու դէմ XII–XIII դարերուն հայ ժողովուրդի մղած ազատագրական պայքարի ազդեցութեամբ։ Էպոսի հերոսներէն (նաեւ բացասական) շատերն ունին իրենց պատմական նախատիպերը։ «Սասնայ ծռերու» ամէնաբնորոշ գիծը՝ հայ դիւցազուններու անպարտելիութեան ոգին է, պայմանաւորուած՝ էպոսի նախահիմքին մէջ ինկած առասպելական հերոսներու սխրանքներով, եւ ոսոխներու՝ յատկապէս արաբական բռնակալութեան դէմ հայ ժողովուրդի մղած դարաւոր պայքարով։ Իր սիրելի հերոսներուն ժողովուրդը անուանած է «ծռեր», այսինքն՝ խենթ քաջեր։ Անոնք ակնյայտ կը դառնան գեղեցկութեամբ, դիւցազնական ուժով ու զօրութեամբ, որ կը ստանան մայր բնութենէն հայրենի հողէն ու ջուրէն։ Սանասարը զօրութիւն կը ստանայ Վանայ ծովէն, այնտեղէն կը հանէ իր ձին՝ Քուռկիկ-Ջալալին, զէնքն ու զրահը՝ Թուր Կայծակին, Թամքը սադաֆին, Կապան ղադիֆէն եւ Խաչ Պատերազմին եւ այլն, որոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ։

Էպոսի առասպելական հերոսները օժտուած են մարդկային վեհ յատկանիշներով՝ պատուասիրութեամբ, մարդասիրութեամբ, ազատասիրութեամբ, ունին նաեւ թուլութիւններ՝ պարզամտութիւն, դիւրահաւատութիւն։ Սասնայ քաջերը վեհանձն են ու շիտակ, անոնք կառուցող-շինարարներ են, հմուտ որսորդներ, անվեհեր մարտիկներ՝ պատրաստ մեռնելու իրենց հողին ու ժողովուրդին համար։ Սասնայ հերոսները որքան կ'ատեն բռնութիւնն ու ստրկութիւնը, այնքան ցասումով կը կռուին թշնամիներուն դէմ, բայց ամենեւին դաժան ու անհոգի չեն։ Սասնայ ծռերու առաքինութիւնները կատարելութեան հասցուած են Դաւիթի կերպարին մէջ, որուն ժողովուրդը դարձուցած է իր իտէալ հերոսը։ Էպոսի գլխաւոր հերոսուհիներուն նոյնպէս ժողովուրդը օժտած է առանձնայատուկ գիծերով. անոնք գեղեցիկ են, խոհեմ, զգայուն, պարկեշտ ու միշտ պատրաստ են իրենց կեանքը զոհելու հայրենիքի եւ ընտանիքի համար։ Վիպերգի կանայք նաեւ խիզախ են ու մարտնչող («Ինչպէս որ Դաւիթ՝ քաջ, խրոխտ մարդ էր, Խանդութ՝ թէ՛ խորոտ էր, թէ՛ քաջ էր»)։ Հայ ժողովուրդը չ'ստորադասեր կինը տղամարդոցմէ. «Առիւծն՝ առիւծ է, էղնի էգ, թէ որձ»։ Էպոսին մէջ գլխաւոր հերոսներու կողքին կը տեսնենք ժողովուրդի իմաստութիւնը մարմնաւորող Քեռի Թորոսը, Ձէնով Օհանը, արտատէր պառաւը, արաբ ծերունին եւ այլ տարեց մարդիկ, որոնք իրենց խրատներով կ'օգնեն Սասնայ քաջերուն։

«Սասնայ ծռեր» վիպերգը բանասացներու միջոցով տարբեր պատումներով (տարբերակներ) անցած է սերունդէ սերունդ եւ հասած է մեզի։ Անոր մասին առաջին անգամ յիշատակուած են XVI դ. փորթուկալցի ճանապարհորդներ Անթոնիօ Տենրէյնոն եւ Ալֆոնսօն։ Էպոսի պատումներէն մէկը առաջին անգամ 1873 թուականին գրի առած է Գարեգին Սրուանձտեանցը տարօնցի երեսփոխան Կրպոյէն եւ 1874 թուականին հրատարակած «Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ» վերնագրով։

«Սասնայ ծռերն» ունեցած է բազմաթիւ գրական մշակումներ, որոնցմէ լաւագոյնը Յովհաննէս Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ» (1903 թուական) անաւարտ պոէմն է։ «Սասնայ ծռերն» ամբողջական կամ մասնակի մշակած են նաեւ Աւետիք Իսահակեանը, Եղիշէ Չարենցը, Սողոմոն Տարօնցին, Վիգէն Խեչումեանը, Հմայեակ Սիրասը, Մկրտիչ Խերանեանը, Նայիրի Զարեանը եւ ուրիշներ։ Էպոսին բազմիցս անդրադարձեր են կերպարուեստի մէջ (Յակոբ Կոջոյեան, Երուանդ Քոչար, Մհեր Աբեղեան, Էտուարտ Իսաբէկեան, Արտաշէս Յովսէփեան եւ ուրիշներ), երաժշտութեան մէջ (Գէորգ Պուդաղեանի «Խանդութ» երաժշտական կոմպոզիցիան՝ ըստ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի երաժշտութեան, Էտկար Յովհաննիսեանի «Սասունցի Դաւիթ» պալէթ-օբերան եւ այլն), ֆիլմարուեստի մէջ («Սասնայ ծռեր», Արման Մանարեան, 2010 թուական, քարդոնֆիլմ), թատրոնի մէջ։ Երկրորդ աշխարհամարտի (1939–1945 թուականներ) տարիներուն սփիւռքահայերու հանգանականութեամբ ստեղծուած է «Սասունցի Դաւիթ» թանկային շարասիւնը, Ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն կազմաւորուած են «Սասնայ ծռեր» եւ «Սասունցի Դաւիթ» կամաւորական ջոկատները։ ՀՀ-ի մէջ էպոսի հերոսներու անուններով կոչուած են տեղանուններ, մեթրոյի կայարան՝ «Սասունցի Դաւիթ»՝ Երեւանի մէջ։

Նախնական յիշատակութիւններ Խմբագրել

Էպոսի հերոսներէն Սանասարի եւ Պաղտասարի մասին հնագոյն գրաւոր աւանդութիւնը պահպանուած է Աստուածաշունչի մէջ (Թագաւորաց չորրորդ, ԺԹ.), Յետագային Մովսէս Խորենացիի (գիրք Ա, ԻԳ) եւ Թովմա Արծրունիի (Թովմա Արծրունի եւ Անանուն, Պատմութիւն Արծրունեաց տան) երկերուն մէջ։ Իսկ Դաւիթի եւ Խանդութի մասին զրոյցներու, Սասունի մէջ եղած իրեղէն ապացոյցներու յիշատակութիւններ կան 16-րդ դարու փորթուգալցի ճանապարհորդներու (Ա. Տենրեյրոյ, Մ. Աֆոնսոյ) ուղեգրական նօթերուն մէջ։ Ուշ հայկական աղբիւրներու թռուցիկ յիշատակութիւնները կը վերաբերին 19-րդ դարուն հանդիպող վէպի հերոսներու անուններով տեղավայրերուն (Խանդութի ձոր, Խանդութի բեր, Դաւթի թշնամիներու գերեզմանները Խլաթի մօտակայքը )։

Գրառումներն ու հրատարակութիւնները Խմբագրել

«Սասնայ ծռերը» որպէս էպոս իր 4 ճիւղերով հանդերձ, ստեղծուած ու զարգացած է հնագոյն շրջանէն եւ իր վերջնական եւ աւարտուն տեսքը ստացած՝ VIII դ.։ Էպոսի Սասունցի Դաւիթ ճիւղը իր մէջ պահած է արաբական ազատագրական պայքարին մէջ աչքի ինկած ապստամբութիւններէն մէկուն՝ Տարօնի ապստամբներու կատարած սխրագործութիւնները, միայն այն տարբերութեամբ, որ արաբ ոստիկանին սպանողը ո՛չ թէ Դաւիթ Արքայիկն էր, այլ Խութեցի Յովնանը։ Էպոսի մնացած երեք ճիւղերուն մէջ մենք կրնանք գտնել հայ առասպելաբանութեան, հասարակութեան դասակարգերու, հնագոյն դիցարանի մասին տեղեկութիւններ, որոնք պէտք է օգտագործուին անցնելով խորաքննին ուսումնասիրութիւններէ։ Եւրոպայի էպոսը յայտնի դարձած է XVI դ. փորթուկալացի ճանապարհորդներ՝ Մեստրէ Աֆոնսոյի եւ Անթօնիօ Տենրեյրոյի շնորհիւ։

«Սասնայ ծռերը» յայտնաբերած եւ ամբողջութեամբ գրառած է Գարեգին Սրուանձտեանցը 1873 թվականին, Մշոյ Առնիստ գիւղին մէջ, երեսփոխան Կրպոյի կողմէ եւ հրատարակել Կոստանդնուպոլսոյ մէջ («Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ», 1874 թուական)։ Երկրորդ տարբերակը 1886 թուականին Էջմիածինի մէջ գրի է առած է Մանուկ Աբեղեանը՝ Նախոյ քեռի Մոկացիի կողմէ եւ հրատարակած՝ Շուշիի մէջ («Դաւիթ եւ Մհեր», 1889 թ.)։ Նորանոր տարբերակներ գրառած են Գ. Յովսէփեանը, Խ. Դադեանը, Ս. Հայկունին, Ա. Աբեղեանը, Ե. Լալայեանը, Կ. Մելիք–Օհանջանեանը, Ա. Ղանալանեանը եւ ուրիշներ։ 1938-1939 թուականներուն «Սասնայ ծռերու» 1000-ամեայ յոբելեանին առթիւ մինչ այդ գրառուած 60-էն աւելի պատումներու հիման վրայ, Մ. Աբեղեանի, Գ. Աբովի, Ա. Ղանալանեանի խմբագրութեամբ հիւսուած-կազմուած է մէկ միասնական համահաւաք բնագիր («Սասունցի Դաւիթ», 1939 թ.)։ Վէպի մէկ այլ համահաւաք բնագիր կազմած է Տ. Չիթունին Փարիզի մէջ («Սասունական», 1942 թ.)։

Այսօր յայտնաբերուած եւ գրառուած է շուրջ 160 պատում՝ «Սասունցի Դաւիթ», «Սասնայ փահլեւաններ», «Սասնայ տուն», «Ջոջանց տուն», «Թլոլ Դաւիթ», «Դաւիթի պատմութիւն», «Դաւիթի հեքիաթ» եւ այլ վերնագրերով։

Մէկ այլ տարբերակ՝ «Դաւիթ ու Մհեր», 1889 թուականին հրատարակած է Մանուկ Աբեղեանը (ասացող՝ մոկացի Նախոյ քեռի)։

Անոնք գրառուած են XIX–XX դդ. եւ կառուցուածքով, լեզուաբարբառային ու վիպական ներքին յատկանիշներով կը բաժնուին տիպաբանական-տեղագրական 3 մեծ խումբերու՝ Սասնայ, Մշոյ եւ Մոկաց։ Կ'ենթադրուի, որ նախնական պարզ ու կուռ տիպը եղած է Սասնայ խումբը, որուն տարածումէն ու տեղական մշակումներէն ալ առաջացած են միւսները։ «Սասնայ ծռերը» ժանրային առումով խօսքային-երաժշտական վիպերգ է։ Էպոսի եղանակաւոր հատուածներէն յայտնի են Կոմիտասի, Սպիրիդոն Մելիքեանի, Արամ Քոչարեանի եւ ուրիշներու՝ գլխաւորապէս Մոկաց խմբի պատումներէն գրառուած 30-էն աւելի կտորներ (կան նոյն երգի տարբերակներ), որոնք կարեւոր են նաեւ ազգային մոնոդիկ (միաձայն երգեցողութիւն կամ գործիքային նուագ) երաժշտութեան ձեւաւորման ու զարգացման պատմութեան ուսումնասիրման համար։ «Սասնայ ծռերը», դարեր շարունակ աւանդուելով բանաւոր, ներառել եւ գեղարուեստականօրէն համադրած է հայ ժողովուրդի տարբեր դարաշրջաններու նիւթական ու հոգեւոր կեանքի կարեւոր իրողութիւնները, դարձած պատմամշակութային արժէքաւոր յուշարձան։

Վիպասացներու հայրենիքը Խմբագրել

Էպոսի վիպասացներու բուն հայրենիքը Վանայ լիճի աւազանն ու անկէ հարաւ-արեւմուտք եւ հիւսիս-արեւելք ինկած գաւառներն են՝ Սասուն, Մուշ, Բաղէշ, Մոկք, Շատախ, Վան, Հայոց ձոր, Խլաթ, Արճէշ, Մանազկերտ, Ալաշկերտ, Պայազէտ, XIX-XX դդ. գաւառներէն պանդխտացած եւ գաղթած վիպասացներու ու անոնց սերունդներու միջոցով։ «Սասնայ ծռերն» անցած է Արեւելեան Հայաստան, մասամբ պարսկահայերու մէջ եւ Թիֆլիս։ Անոնց լեզուն արեւմտահայ բարբառներն ու ենթաբարբառներն են, երբեմն նկատելի է նաեւ արեւելահայ բարբառներու ազդեցութիւնը։ «Սասնայ ծռերը» աւանդուած է բանաւոր եւ անոր բնագրերը XIX-XX դդ. տարբեր վիպասաններէ գրառուած տարբերակներ են, որոնք կառուցուածքով, լեզուաբարբառային եւ վիպական ներքին յատկանիշներով կը բաժնուին տիպաբանական–տեղագրական երեք մեծ խումբի՝ Սասնայ, Մշոյ եւ Մոկաց։ Ասկէ բացի, կան նաեւ խառն։ Նախնական պարզ ու կուռ տիպը, հաւանաբար, եղած է Սասունինը, որուն տարածումէն ալ ստեղծուած են միւս տարբերակները։

Կառուցուածքն ու գլխաւոր հերոսները Խմբագրել

Էպոսին մէջ կը գործէ վիպական հերոսներու չորս հիմնական սերունդ. Սանասար եւ Պաղտասար, Մեծ կամ Ջոջ Մհեր (երբեմն՝ Առիւծաձեւ Մհեր), Դաւիթ (Թլոլ, Թլոր, Թլուատ, Թառլան մականուններով) եւ Փոքր կամ Պզտիկ Մհեր։ Հերոսներու այս չորս սերունդը իրարու հետ կապուած են ազգակցական կապերով։ «Սասնայ ծռերու» ամէնաբնորոշ գիծը հերոսական անպարտելի ոգին է, պայմանաւորուած՝ առասպելական դիւցազուններու սխրանքներով եւ հայ ժողովուրդի՝ իր ոսոխներուն, յատկապէս արաբական բռնակալութեան դէմ մղած դարաւոր պայքարով։

Գրական մշակումներն ու թարգմանութիւնները Խմբագրել

«Սասնայ ծռերու» գրական մշակումները սկսած են դեռեւս 1890-ական թուականներէն, սակայն Դաւիթի ճիւղի լաւագոյն մշակումը կը համարուի Յովհաննէս Թումանեանինը («Սասունցի Դաւիթ», 1903 թ.)։ Փոքր Մհերի ճիւղը բանաստեղծական մշակման ենթարկած են ռուս բանաստեղծ Ա.Կուլեբեակինը («Մհերի դուռ», Թիֆլիս, 1916 թ.) եւ Աւետիք Իսահակեանը («Սասմայ Մհեր», 1922 թ.)։ Դաւիթի ճիւղը մշակած են նաեւ Եղիշէ Չարենցը («Սասունցի Դաւիթը», 1933 թ.) եւ ուրիշներ։ Էպոսի ամբողջական, մշակուած տարբերակը 1939 թուականին թարգմանուած է ռուսերէնի։ Համահաւաք բնագիրը թարգմանուած է ֆրանսերէն, չինարէն, անգլերէն (թարգմանիչ՝ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան), գերմաներէն, վրացերէն, Ազրպէյճաներէն եւ այլ լեզուներու։