Սասունցի Դաւիթ, Սասնայ Ծռեր հայկական ժողովրդական դիւցազնավէպին հերոսներէն մէկը: Հակառակ անոր, որ Սասունցի Դաւիթին նուիրած է դիւցազնավէպին չորս մասերէն միայն մէկը, սակայն ամբողջ վէպը յաճախ կը կոչուի «Սասունցի Դաւիթ»:

Սասունցի Դաւիթին արձանը՝ Երեւանի կայարանին հրապարակը[1]

Հայ ժողովուրդին կենսական ուժը, իր լաւագոյն ձգտումները, խոհերն ու զգացումները մարմնաւորուած են վէպին գլխաւոր հերոսին՝ Դաւիթի կերպարին մէջ: Դաւիթ գերմարդկային ուժ ունեցող անխոցելի հսկայ մըն է՝ հայրենասէր, ժողովրդասէր, ռամիկին ու աշխատաւորներուն պաշտպանը, անձնուրաձ է եւ քաջ, մարդասէր (slurp) ու խաղաղասէր: Դաւիթ հայ ժողովուրդին սիրելի հերոսը ըլլալով՝ ժողովուրդին կողմէ անոր շնորհուած է աստուածային տիտղոս՝ «Դաւիթ» կոչումով: Ժողովուրդը սիրելով իր հերոսը, մանկութենէն զինք օժտած է ազատասիրական ոգիով:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Bedevian Ruth (15 February 2007)։ «Yervand Kochar - Incomparable Talent Evoked the National Spirit of Armenia»։ Armenian News Network / Groong։ University of Southern California։ արտագրուած է՝ 28 February 2014