Սերգէյ Փարաջանով


Սերգէյ Փարաջանով (Սարգիս Յովսէփ Փարաջանեան) (վրաց.՝ სერგეი (სერგო) ფარაჯანოვი)) (9 Յունուար 1924, Թիֆլիս, Վրաստանի ԽՍՀ - 21 Յուլիս 1990, Երեւան, ՀԽՍՀ), 20-րդ դարու հայ «կինոռեժիսոր» (ժապաւէնի «ֆիլմ»ի վարիչ ղեկավար - անգլ.՝ movie director կամ filmmaker), «սենարիստ» (ժապաւէնի կամ «ֆիլմ»ի նախօրինակ գրող - անգլ.՝ screenwriter կամ scriptwriter), ՀԽՍՀ ժողովրդական արուեստագէտ (1990), ՈՒԽՍՀ (Ուքրանիոյ խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն) ժողովրդական արուեստագէտ (1990)։

Սերգէյ Փարաջանով

Ընտանիք Խմբագրել

Սերգէյ Փարաջանովը ծնած է 1924 թուականին, Թիֆլիսի մէջ հինցած իրերու վաճառքով զբաղող ընտանիքի մէջ։ Այս մասնագիտութիւնը ժառանգական էր Փարաջանովներու ընտանիքէն ներս եւ հայրը՝ Իոսիֆ Փարաջանովը յոյսով էր, որ իր երեխաներն ալ կը շարունակեն իրենց նախնիներու գործը։ Իոսիֆ, մինչեւ յեղափոխական շրջանը, Թիֆլիսի ամենահարուստ մարդոցմէ մէկը կը համարուէր, բացի հնավաճառական խանութէն, ունէր նաեւ քանի մը այլ հաստատութիւններ, ներառեալ՝ «Ընտանեկան անկիւն» անունով հասարակական տունը։ Ամուսնոյն եկամտաբեր գործին կը մասնակցէր նաեւ կինը՝ Սիրանը, որ անձամբ կ՝ընտրէր զարդերը հասարակական տան համար։ Զանոնք կը բերէին Ֆրանսայէն[1]։

Երբ յեղափոխութիւնը սկսաւ, Իոսիֆը գրեթէ զրկուեցաւ իր ողջ ունեցուածքէն, սակայն հնավաճառքի գործը չձգեց։ Թանկարժէք իրերու առքուվաճառքը կը մնար անոր կեանքի գլխաւոր գործը։ Սակայն ժամանակները փոխուած էին, եւ իշխանութիւններն այլ կերպ կը վերաբերէին Փարաջանով աւագի արհեստին։ 1920-ական թուականներու վերջաւորութեան զինք առաջին անգամ ձերբակալեցին, այնուհետեւ ձերբակալութիւնները սկսան սովորական բնոյթ կրել։ Սակայն ան ոչ մէկ անգամ՝ մինչեւ իրեն հասնելիք ժամկէտը, չէր նստեր․ երբեմն զինք ազատ կ՝արձակէին օրինակելի վարքին համար, երբեմն ալ՝ իրեն ընդհանուր ներում կը շնորհուէր[1]:

Կենսագրութիւն Խմբագրել

1942 թուականին Սերգէյ Փարաջանով աւարտելով միջնակարգ դպրոցը՝ կը ստանայ աւարտական վկայական եւ կ՛ընդունուի Թիֆլիսի երկաթուղային փոխադրամիջոցի երկրաչափական հիմնարկի շինարարական բաժանմունքը։ Մէկ տարի ետք Փարաջանով հասկացաւ, որ արուեստն աւելի շատ կը սիրէ, հեռացաւ հիմնարկէն եւ ընդունուեցաւ մէկ անգամէն 2 հանգրուան՝ Թիֆլիսի կոնսերվատորիայի վոքալի բաժինը եւ Օփերային թատրոնին կից գործող պարային ուսումնարանը[2]։

1945 թուականին տեղափոխուեցաւ Մոսկուայի կոնսերվատորիա՝ Նինա Տորլիաքի դասարան։ Կոնսերվատորիայի մէջ սորվելուն զուգահեռ՝ Փարաջանովը 1946 թուականին ընդունուեցաւ նաեւ ՎԳԻԿ-ի ռեժիսորայի բաժանմունք։ Սկզբնական շրջանին կը սորվէր Իկոր Սաւչենքոյի, իսկ վերջինիս մահէն ետք՝ Ալեքսանտր Տովժենքոյի արուեստանոցին մէջ[3]։ Այս արուեստանոցին մէջ սորված են նաեւ շատ ուրիշ յայտնի ռեժիսորներ՝ Ալեքսանտր Ալով, Վլատիմիր Նումով, Եուրի Օզերով, Մարլէն Խուցիեւ, Ֆելիքս Միրոներ, Հենրիխ Կապայ, Նիկոլայ Ֆիքուրովսկի, Լաթիֆ Ֆայզիեւ եւ Գրիգոր Մելիք-Աւագեան։ Ուսանողները աշխուժօրէն կը մասնակցէին իրենց ուսուցիչի՝ Ի․ Սաւչենքոյի, ֆիլմերու նկարահանումներուն՝ 1948 թուականին՝ «Երրորդ հարուածը» եւ 1951 թուականին՝ «Տարաս Շեւչենքօ» ֆիլմերուն[1]։ 1949 թուականին սկսաւ աշխատիլ Քիեւի Տովժենքոյի անուան արուեստանոցին մէջ, որպէս ռեժիսորի օգնական, ուր աշխատեցաւ մինչեւ 1960 թուական[4]։

Փարաջանով ՎԳԻԿ-ն աւարտեց 1951 թուականին։ Անոր շրջանաւարտական աշխատանքը կարճամեթրաժ «Անտրիէշ» ժապաւէնն էր։ Չորս տարի ետք ան ռեժիսոր Եակով Բազելեանի հետ Ալեքսանտր Տովժենքոյի անուան ֆիլմի արուեստանոցին մէջ նկարահանեց նոյն նիւթով, նոյն անուամբ ֆիլմի լիամեթրաժ տարբերակը[3]։

Անձնական Կեանք Խմբագրել

Վկայականային աշխատանքի ժամանակ Փարաճանովի՝ մոլտովական ժողովրդական բանահիւսութեան անդրադառնալը պատահական չէր: ՎԳԻԿ-ին մէջ ուսանելու տարիներուն Սերգէյ սիրահարուեցաւ Նիկեարին հետ՝ թաթար աղջկայ մը, որ ծնունդով Մոլտովայէն էր։ Իրենք պատահական ծանօթացած էին հանրախանութին մէջ։ Քանի մը ամիս տեւած սիրավէպը աւարտեցաւ ամուսնութեամբ, սակայն իրենց երջանկութիւնը երկար չտեւեց: Նիկեարը նահապետական հայեացքներ ունեցող ընտանիքէ էր, ուր չափազանց խիստ կանոններ կ'իշխէին: Երբ աղջկան եղբայրները Մոսկուա եկան եւ տեղեկացան, որ ան առանց հարազատներուն տեղեակ պահելու ամուսնացեր է, Փարաճանովէն մեծ գումար պահանջեցին: Ուսանող Փարաճանովը այդքան գումար չունէր, սակայն խոստացաւ վճարել՝ յոյսը դնելով հօր օգնութեան վրայ։ Նոյն օրը Սերգէյ հօրը նամակ ուղարկեց, ուր կ'աղաչէր հօրը իրեն տալ պահանջուող գումարը՝ խոստանալով ժամանակի ընթացքին անպայման վերադարձնել: Սակայն Իոսիֆը շատ վիրաւորուած էր որդիէն այն բանի համար, որ վերջինս արհամարհած էր ընտանեկան աւանդոյթը, չէր գացած հօր մասնագիտական ուղիով եւ մերժեց: Աղջկան հարազատները պահանջեցին իրմէ հեռանալ ամուսինէն եւ վերադառնալ հայրենիք: Նիկեարը մերժեց եւ հարազատները, համաձայն իրենց նահապետական բարքերուն, նետեցին վերջինիս շոգեկառքի տակ[5]:

Մոլտովական թեմային անդրադառնալը յիշատակի տուրք էր սիրելի կնոջը, որուն Փարաճանովը չմոռցաւ մինչեւ կեանքին վերջը, թէեւ արտասուքը անոր համար անձնական կեանքը այդ ողբերգութենէն ետք բաւականին լաւ կը դասաւորուէր: 1950-ական թուականներուն կէսերուն, Քիեւի մէջ ըլլալով, ամուսնացաւ Սուետլանա Շչերպատիուկի հետ, որ 2 տարի ապած էր Քանատայի մէջ։ Ծնաւ իրենց որդին՝ Սուրէնը[6], որ մօր պէս շիկահեր էր եւ Փարաճանովին շատ քիչ մը նման: Սերգէին շատ դժուար էր ապրիլ ընտանիքին մէջ։ Ինք անկախատեսելի, տարօրինակ մարդ էր։ Երբ կը սկսէին Փարաճանովի խենթութիւնները, Թիֆլիսի հարեւանները կ'ըսէին. «Խենթը ազատութեան մէջ է»: Ինքն իր կնոջը կը ստիպէր եւս մասնակցիլ իր խենթութիւններուն. կը պահանջէր, որ վերջինս խնձորները մաքրել իւրայատուկ ձեւով, կոտլետները ափսէին մէջ դնել իւրայատուկ ձեւով, բաժակը սեղանին վրայ դնել իւրայատուկ ձեւով[2]:

Սուետլանա Շչերպատեուկը այդպէս ալ չկարողացաւ յարմարիլ ամուսինին խենթութիւններուն եւ 1961 թուականին առնելով որդին՝ հեռացաւ տունէն[1]:

Ստեղծագործական Կեանք Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել