Սեֆեան Պարսկաստան

Սեֆեան պետութիւն (պարս․՝ دولتْ صفویۀ` տաոուլաթ սաֆաուիէ), միջնադարեան պետութիւն Իրանի մէջ եւ իրեն հարող տարածքները 1501-1722 թուականներուն։ Հիմնադրեր է Իսմայիլ I-ը 1501 թուականին։ Երկիրը կառավարած է Սեֆեանների թագաւորական տոհմը[1]։ Տարածքը կազմեր է առաւելագոյնը 3.450.000 քառ. քմ՝ Իսմայիլ I շահի օրոք (1501-1524)։

Առաջին շրջանին մայրաքաղաքն էր Թաւրիզը (1501-1555), ապա՝ Ղազվինը (1555-1598)։ 1598 թուականէն շահ Ապպաս I Սեֆին մայրաքաղաքը կը տեղափոխէ իրանական մշակութային, քաղաքական ու տնտեսական կեդրոն Սպահան։ Հզօրութեան շրջանին, երբ անկում կ'ապրէին Աքքոյունլուներու պետութիւնը եւ Լենկթեմուրի կայսրութիւնը, ներառեր է բազմաթիւ հարեւան եւ հեռաւոր երկիրներ։ Ոսկեդարի շրջանին այն կը ներառէր Իրանական լեռնաշխարհն ու Միջագէտքի դաշտավայրը, Միջին Ասիայի հարաւն ու Աֆղանիստանը, Կովկասեան լեռները եւ Հայկական լեռնաշխարհը՝ տարածուելով Հինտուստան եւ Փոքր Ասիա թերակղզիներու միջեւ։

17-րդ դարու վերջը Իրանը կը սկսի տկարանալ. անոր տարածքի վրայ առաջացած բազմաթիւ կուսակալութիւնները, ղեկավարուելով թրքալեզու առաջնորդներու կողմէն, յաճախ կը սատարէին Օսմանեան կայսրութեանը։ Սեֆեան պետութիւնը խիստ կը տկարանայ գոյութեան իր գրեթէ ամբողջ ընթացքին թուրք-պարսկական պատերազմներու հետեւանքով. 1722 թուականին, երբ սկսած էին գահակալական կռիւները, աֆղանական զորահրամանատար Միր Մահմուտը կը գրաւէ մայրաքաղաք Սպահանը։

Սեֆեան պետութիւնը իսլամական Արեւելքի շիադաւան հզօրագոյն թագաւորութիւնն էր, որ կը հանդիսանար պարսիկներու՝ դարեր առաջ կորսուած պետականութեան՝ Սասանեան Պարսկաստանի (226-642) իրաւայաջորդը։ Թէեւ փաստացի կը ղեկավարուէր թրքալեզու ղզլպաշներու կողմէն, սակայն մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական վերնախաւի տեսանկիւնէն իրանական պետութիւն էր։ Իշխող արքայատոհմը, ընդունելով Սասանեաններու «շահնշահ» տիտղոսը, աստիճանաբար կը կորսնցնէ քրտական արմատները՝ դառնալով պարսիկ ժողովուրդի մէկ մասը։

Անուանում և ծագում Խմբագրել

Երկրի պաշտօնական անուանումը եղեր է «Սեֆեան պետութիւն» (Dawlat-i Safaviyya)[2][3]։ Միջնադարեան արեւելքի մէջ տարածուած էր պետութիւն կոչել ոչ թէ երկիր, ազգութեան տեսանկիւնէն, այլ պետութիւնը կառավարող ընտանիքի կամ հարստութեան: Պատմական, ռազմաքաղաքական եւ այլ աղբիւրներու մէջ երբեմն կը հանդիպին նաեւ այլ անուանումներ, որոնցմէ առաւել յայտնի է «ղզլպաշներու պետութիւն» անուանումը։ Անոնք թրքալեզու ռազմատենչ ցեղեր էին, որոնք կ'ապրէին Կուր եւ Արաքս գետերու շրջանը, կը զբաղուէին քոչուոր կամ կիսաքոչուոր անասնապահութեամբ: Տասներկու իմամներու խորհուրդով՝ անոնք կը դնէին տասներկու կարմիր շերտ ունեցող գլխաշորեր: Սեֆեանները համախմբեր են ղզլպաշներուն եւ հիմնադրեր նոր պետութիւն[4]։

Ծագում Խմբագրել

Սեֆեաններու ծագումնաբանութեան մասին պատմող առաջին աշխատութիւնը գրուած է Իպն Պազզազի կողմէն՝ 1358 թուականին «Սաֆուաթ ազ-Սաֆա» անուանումով։ Համաձայն վերջինիս՝ անոնց ծագումը՝ ազգութեամբ քիւրտ Ֆիրուզ Շահ Զարին Քոլահէն է[5][6]։ Հետագային՝ Իսմայիլ I-ի գահակալման տարիներուն (1501-1524), Սեֆեաններու «պաշտօնական» ծագումը համեմուած էր նաեւ առասպելական տարբեր պատմութիւններով։ Ատոնց համաձայն՝ Սեֆեաններու ծագումը կը հասնէր մինչեւ եօթերորդ իմամ Մուսա Քազիմի ճիւղին Իսլամի վաղ շրջանին՝ 7-րդ դարուն, ստեղծուեր Արաբական խալիֆայութիւնը, որ միաւորեր էր գրեթէ ամբողջ Միջին Արեւելքը՝ յաղթելով ժամանակի երկու հզօրագոյն պետութիւններուն՝ ասպարեզէն վերացնելով Սասանեան Պարսկաստանը (226-642) եւ քառատելով Բիւզանդական կայսրութեան տարածքը։ Իսլամի հիմնադիր Մուհամմատ մարգարէյէն յետոյ իշխանութեան եկեր էին չորս ընտրովի առաջնորդներ՝ Ապու Պաքրը (632-634), Օմարը (634-644), Օսմանը (644-656) եւ Ալին (656-661)։ Վերջինս Մուհամմատի հօրեղբօր որդին էր եւ անոր դուստր՝ Ֆաթիմայի ամուսինը։ Այստեղ տեղի կ'ունենայ բաժանում իսլամական համայնքի մէջ. իսլամներու մէկ մասը կը պաշտպանէ Ալիի ու անոր սերունդներու թեկնածութիւնը՝ անոնց համարելով իմամ, քանի որ անոնք կը կրէին Մուհամմատ մարգարէի առաքելութիւնը իրենց արեան մէջ (շիաներ), սակայն մեծ մասը կը համարէ, որ մարգարէական առաքելութիւնը Մուհամմատի մահէն յետոյ վերացեր է, եւ էական չէ՝ թէ ով կը ղեկավարէ իսլամական պետութիւնը (սուննիներ)։ Աւելի ուշ երկփեղկում կ'ըլլայ նաեւ առանց այդ ալ փոքրաթիւ շիական համայնքը. Մուհամմատի 6-րդ ժառանգը՝ Ճաաֆար ալ-Սատտիքը, իր որդւոյն՝ օրինական 7-րդ իմամ Իսմայիլի մահէն յետոյ իմամ կը նշանակէ Մուսա ալ-Քազիմին՝ կրտսեր որդւոյն։ Շիաներու այն մասը, որոնք կը համարեն, որ մարգարէական ժառանգութիւնը Իսմայիլի մահով վերացեր է, կը համարուին եօթական շիաներ, իսկ մնացածները՝ տասներկուական շիաներ, քանի որ Մուսա ալ-Քազիմին յաջորդեր են եւս 5 իմամներ, իսկ վերջինը անհետացեր է՝ ապագային յայտնուելու եւ մարդկանց փրկելու պայմանով։ Հետեւաբար, Սեֆենները իրենց համարելով Մուսա Իպն Քազիմի ժառանգներ՝ տասներկուականներ էին եւ ըստ իրենց, ծագում ունէին Մուհամմատ մարգարէյէն։</ref>, եւ իրենք ալ՝ Մուհամմատ մարգարէին ու իմամ Ալիին։

 
Սաֆի ալ-Դինի դամբարանը Իրանի Արտապիլ քաղաք

Աղբիւրներու մէկ մասը կը շարունակէ հանգիլ այն եզրակացութեանը, որ Սեֆեանները ծագեր են 14-րդ դարուն[7], իսկ մէկ այլ մասի համաձայն՝ անոնց արմատները կը հասնին մինչեւ Եմէն։ Աղբիւրներու մէկ մասը այն նոյնիսկ կը համարէէ թրքական[8][9] կամ քրտական թագաւորութիւն[10]։ Երբեմն այն կը կոչեն «ատրպէյճանական» թագաւորւթիւն՝ յղումը կատարելով Ատրպատական (արաբերէն՝ أذربيجان‎՝ Ազրպէյճան) տարածաշրջանին, ոչ թէ ժողովուրդին, քանի որ Ատրպէյճան պետութիւնը առաջացեր էր 20-րդ դարուն։ Ուսումնասիրութիւնները կը հանգին այն բանին, որ Սեֆեան ընտանիքը իրանական է ըստ ծագման, սակայն աստիճանաբար թրքալեզու դարձեր է.այդ հետեւանք էր Ատրպատականի եւ բնիկ ազարի բնակչութեան՝ 16-րդ դարէն սկսած թրքացման։

Սեֆեաններու մայրենի լեզուն ինչպէս պարսկերէնն էր, այնպէս ալ թրքերէնը։ Անոնցմէ ոմանք ստեղծագործեր են այդ լեզուներով[11]։ Մասնաւորապէս, սաֆիական հոգեւոր-ասպետական միաբանութեան հիմնադիր Սաֆի ալ-Տինը (1252-1334), գրեր է թրքերենով, իսկ առաջին շահ Իսմայիլը կը համարուի թրքական գրականութեան դասականներէն մէկը։

Սաֆիական հոգեւոր-ասպետական միաբանութիւնը հիմնուեր է 13-րդ դարու վերջը՝ Իրանական Ատրպատականի Արտապիլ քաղաքին մէջ։ Անոր հիմքին մէջ ինկած էր Սաֆաուիա (մաքուր) սուֆիական ուսմունքը։ Անոր հիմնադիրը Սաֆի ալ-Տին Իսհակն էր, որ աշակերտեր էր Զահիտ Կիլանիին։ Վերջինիս դուստրի հետ ամուսնանալով՝ Սաֆին կը դառնայ միաբանութեան ղեկավարը, կը կատարէ վերափոխումներ, եւ որու շնորհիւ այն կը վերանուանուի իր անունով։ Զահիտի աշակերտները կ'ընդունին անոր գերակայութիւնը։ Միաբանութիւնը կ'ունենայ աճող ազդեցութիւն տարածաշրջանին մէջ, երբ այն կը գտնուէր թուրքմենական Քարա-Քոյունլու (սեւ ոչխարներ), ապա՝ Աքքոյունլու (սպիտակ ոչխարներ) ցեղերու տիրապետութեան ներքոյ։ Սաֆիի հետնորդները՝ որդին՝ Սատր ալ-Տինը, թոռ Ալին, վերջինիս որդի Իպրահիմը եւ թոռ Ճունեյտը, կը զօրեղացնեն միաբանութիւնը։ Ճունեյտը հակասութիւններ կ'ունենայ Քարա-Քոյոնլու առաջնորդ Ճահանշահի հետ, որ իր վերադասն էր, եւ փախուստ կու տայ իրեն թշնամի Աք-Քոյունլու Ուզուն-Հասանի մօտ։ Ճունեյտը կ'ամուսնանայ Ուզուն-Հասանի քրոջ հետ եւ կը վերանուաճէ Արտապիլը։ 15-րդ դարուն միաբանութեան շեյխերը սուննիզմէն անցում կը կատարեն շիա իսլամի։ Ճունեյտը կը զոհուիՇիրվանշահերու դէմ կռուի ժամանակ, եւ իր որդին Հեյտարը կը դառնայ միաբանութեան առաջնորդը, կ'ամուսնանայ Տրապիզոնի կայսր Յովհաննէս IV Քոմնենոսի դուստրի հետ: Այդ ամուսնութիւնից կը ծնի Իսմայիլը, որ պէտք է դառնար Իրանի շահ։

Վաղ շրջան Խմբագրել

Սեֆեաններու միաբանութեան մեջ շատ էին թրքալեզու ղզլպաշները։ Ատոնք Իրանի հիւսիսը հաստատուած թրքական ցեղեր էին, որոնք այդտեղ ապաստաներ էին Սելճուկեան սուլթանութեան հիմնադրումէն յետոյ (11-րդ դարու երկրորդ կէս)։ 14-րդ դարէն սկսած իրենց զանազան խումբերը կը հաւաքուին միաբանութեան դրօշի ներքոյ։ Թրքալեզու ցեղերու միաւորումը հետեւանք էր մոնղոլական արշաւանքներուն ու Լենկթեմուրի զօրքերուն դիմակայելու տեսանկիւնէն։ 15-րդ դարէն սկսած անոնք կը դառնան շիաներ՝ հակասելով մնացած թրքալեզու ցեղերուն եւ վերջնականապէս հեռանալով ինչպէս սելճուկներէն (Ռումի սուլթանութիւն), այնպէս ալ՝ 1299 թուականին Փոքր Ասիայի արեւմուտքի մէկ այլ թրքական պետութեան՝ Օսմանեան կայսրութեան թուրքերէն։ Այդպէսով ղզլբաշները կը մօտենան պարսիկներուն։

 
Ղզլբաշի հանդերձանք

Ղզլբաշներու առաջնորդներէն Հեյտարը, կը կրէր տասներկու կտորէ կազմուած կարմիր գլխարկ՝ խորհրդանշելով շիական 12 իմամներուն։ Սկզբնական շրջանին թրքալեզու ցեղերը եօթն էին՝ ուստաճլու, շամլու, ռումլու, աֆշար, զուլքատար, թեքելի եւ ղաճար[12]։ Ղզլբաշները կը սափրէին իրենց գլուխները եւ դէմքը՝ թողնելով միայն պեխեր։ Աւելի ուշ իրենց կը միանան խաշնարած այլ կիսաքոչուոր ցեղեր։

Արտաբիլի շուրջ գտնուող քանի մը գիւղեր գրաւելով՝ ղզլբաշներու Սեֆեան միաբանութիւնը տեղական ինքնիշխանութիւնը ձեռք կը բերէ։ Երբ 14-րդ դարու վերջը Լենկթեմուրը օսմանցիներուն յաղթելէն յետոյ կը վերադառնար Իրան, ճանապարհին կը գերեվարէ բազմաթիւ թրքալեզու ցեղապետերը։ Ատոնց մէկ մասին՝ ռումլու, շամլու եւ զուլքատար ցեղերուն, Լենկթեմուրը կը վերադարձնէ։ Լինելով Արտապիլի ղեկավարներ՝ միաբանութիւնը ձեռք կը բերէ նորանոր գիւղեր եւ պարբերաբար յարձակումներ կը կատարէ հարեւան պետութիւններու վրայ։ Ղզլբաշներու դիրքերը կը զօրեղանան, երբ Առաջաւոր Ասիոյ մէջ տեղի կ'ունենայ թուրքմենական թագաւորութիւններու փոփոխութիւն. Քարա-Քոյունլուներուն կը փոխարինեն Աք-Քոյունլուները։ Ղզլպաշները կը յարձակին Շիրվանշահերու պետութեան վրայ։ Որուն հետեւանքով կը սպանուին ինչպէս Ճունեյտը, այնպէս ալ՝ որդի Հեյտարը։ Վերջինիս աւագ որդի Սուլթան-Ալիի եւ աք-Քոյունլու սուլթան Ռուսթամի միջեւ հակասութեան հետեւանքով ան նոյնպէս կը զոհուի։ Միաբանութեան ղեկավար կը դառնայ մանկահասակ Իսմայիլը։ Աք-Քոյունլուները կը գրաւեն Արտապիլը, իսկ ղզլբաշները Հեյտարի զավակներուն կը փախցնեն Կիլան՝ Կասպից ծովին հարող լեռնային գաւառ։

Աք-Քոյունլուներու պետութեան թուլացման ընթացքին, երբ ղզլպաշները կարողացեր էին զօրեղանալ, այնտեղ կը սկսի գահակալական կռիւներ։ Օգտուելով ատկից՝ 1499 թուականին տասներեքամեայ Իսմայիլը կ'ուղղուի Արտապիլ։ 1500 հոգանոց զօրքը նախ ետ կը գրաւէ Արտապիլը, ապա մէկ տարի անց՝ ղզլպաշներու բանակը կը մտնէ Շիրվան, կը գրաւէ Շիրվանշահերու խոշոր քաղաքներ Շամախին ու Պաքուն։ Ղզլպաշները կը շարժուին Արաքս գետի հունով ու կը մտնեմ Հայկական լեռնաշխարհ. աք-Քոյունլուներու հետ վճռական ճակատամարտը տեղի կ'ունենայ Նախիջևանէն ոչ հեռու՝ Շարուրի դաշտը։ 1501 թուականին ղզլպաշները կը գրաւեն Թաւրիզը, ուր Իսմայիլը իրեն շահ կը հռչակէ։

1503 թուականին շահ Իսմայիլը աք-Քոյունլու սուլթան Մուրատին հնազանդութեան կոչ կ'ընէ։ Վերջինս չհամաձայնուելով՝ կը յարձակի ղզլպաշներու վրայ. 1503 թուականի Յունիսի 21-ին Համատանի մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին ղզլպաշները կը յաղթեն թուրքմեններուն եւ կը կործանեն անոնց պետութիւնը։ Սեֆեաններուն կ'անցնին Իրանի Ֆարս եւ Էրաք նահանգները, Միջագէտքը եւ Հայկական լեռնաշխարհը։

Պատմութիւն Խմբագրել

Հիմնադրում Խմբագրել

 
Շահ Իսմայիլ

Սեֆեան արքայական տոհմի հիմնադիր Իսմայիլն ունէր ինչպէս բուն քրտական, այնպէս ալ մասնակի թուրքմէնական, պոնտական եւ վրացական ծագում[13]: Իսմայիլը յայտնի էր որպէս խիզախ ու հրաշաձօն անձնաւորութիւն, որ կը հաւատար իր աստուածային ծագումին: Այդպէս ան կը համախմբէ ղզլպաշներուն իր շուրջ[14]: 1500 թուականին Իսմայիլը ներխուժեց Շիրվանշահերու պետութիւն, վրեժխնդրելու իր հօր՝ շեյխ Հեյտարի մահուան համար: Յաջորդ տարի Իսմայիլը նուաճեց Թաւրիզը, ուր ան իրեն հռչակեց Ատրպատականի շահ[15][16][17], ապա նաեւ՝ ամբողջ Իրանի շահ[18][19][20]: Իսմայիլը շիա իսլամը հռչակեց իր պետութեան կրօն[21]: Թաւրիզի նուաճումէն մէկ տարի անց, Իսմայիլը կործանեց Աք-Քոյունլուներու պետութիւնը, սկսաւ նուաճումներ ամբողջ Իրանի տարածքի վրայ, իրեն հռչակելով «փատիշահ Իրան» կոչումը:

1502 թուականին Իսմայիլն իր տիրապետութեանը կ'ենթարկէ Շիրվանը՝ Շամախի կեդրոնով, հարաւային Տաղստանը՝ Տերպենթ կեդրոնով, Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիսը[22]: Քարթլիի եւ Քախեթի թագաւորութիւնները յայտարարուեցաւ վասալներ, իշխաններ [23]: Ատկից ետք, հ շարունակուեցան հարաւային արշաւանքները. 1503 թուականին նուաճուեցաւ Համատանը, մինչեւ 1507 թուականը՝ Շիրազը եւ Քերմանը: Միեւնոյն ժամանակ շարունակելով տարածել իշխանութիւնը արեւմուտքի մէջ՝ ղզլպաշները կը գրաւեն Տիարպեքիր, Նաճաֆը եւ Քերպելան (1507), Վանը (1508), Պաղտատը (1509): 1510 թուականին Իսմայիլ շահի զօրքերը կը մտնեն Մաշհատ (Խօրասան) եւ Հերաթ (Աֆղանիստան): Հակառակ անոր, որ ուզպէկները կը շարունակէին պարբերաբար յարձակիլ Խօրասանի վրայ, Սեֆեան կայսրութիւնը ի վիճակի էր պահպանել ատոնք իր տիրապետութեան տակ:

Սեֆեաններու համար աւելի խնդրայարոյց էր հարեւան Օսմանեան կայսրութիւնը, որը կը գտնուէր իր հզօրութեան գագաթնակէտին: Սուլթան Պայազիտ II-ի (1481-1512) հրամանով կի հաւաքագրուին Փոքր Ասիոյ մէջ բնակող սուննի թուրքմէնները, ապա կ'արտաքսեն տեղի շիաներուն: Շահ Իսմայիլի զօրքերը մօտեցան Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն, եւ բախումը դարձաւ անխուսափելի: Նոր թագադրուած սուլթան Սելիմ Ահեղը (1512-1520) խիստ վճռական էր տրամադրուած Սեֆեաններու հզօրացման դէմ: Իր գահակալութեան երկրորդ տարին՝ 1514 թուականին անոր զօրքերը կտրեցին անցան ամբողջ Հայկական լեռնաշխարհը, հասան Խոյ քաղաքի մօտակայքը գտնուող Չալտրանի հարթավայր: Օսմանեան բանակը առնուազն կրկնակի գերազանցած եղած է Իսմայիլի զօրքերուն, զինուած եղած հրետանիով: Անոնք կը նախատեսէին ձմեռը անցնել Թաւրիզի մէջ եւ աւարտին հասցնել Պարսկաստանի նուաճումը յաջորդ գարնանը: Օսմանեան սպաներու միջեւ տեղի կ'ւնենայ խռովութիւն՝ կապուած Թաւրիզի մէջ ձմեռը անցնելու ծախսերէն հրաժարուելու հետ: Չալտրանի ճակատամարտը աւարտեցաւ օսմանցիներու յաղթանակով եւ Թաւրիզի գրաւումով: Պարտութիւնը ոչնչացուց Իսմայիլի հաւատը առ այն, որ ան ունէր աստուածային ծագում[21]: Անոր փոխյարաբերութիւնները ղզլպաշներու հետ նոյնպէս փոխուեցան: 1524 թուականին Իսմայիլի մահէն անմիջապէս յետոյ ղզլպաշները քաղաքացիական պատերազմ սկսեր էին սեֆեաններու դէմ (1524-1533): Շահի տասնամեայ որդին՝ Թահմասպը, որ ի սկզբանէ Խօրասանի կառավարիչն էր [24], վերադարձուց վերահսկողութիւնը պետութեան ներսը:

1526 թուականէն սկսան պարբերական մարտեր հիւսիս-արեւմտեան Իրանի ու Խօրասանի մէջ[25]: Ղզլպաշներու վերջին ապստամբ ցեղի գլխաւոր հրամանատար Ամիր Հուսէյն Խանը 1534 թուականին մահապատիժի ենթարկուեցաւ: Տասնամեայ ներքին խռովութիւնները լուծելէն յետոյ Թահմասպը կանգնեցաւ արտաքին վտանգի առջեւ. սկսաւ թուրք-պարսկական քսանամեայ պատերազմ (1532-1555): Օսմանեան զօրքերը գրաւեցին Թաւրիզը, սակայն անոնք չունենալով հաղորդակցութիւն՝ որոշ ժամանակ անց դուրս եկան այնտեղէն: Թահմասպը իր նստավայրը Թավրիզից տեղափոխեց Ղազվին:

 
Թահմասպի եւ Հումայունի հանդիպումը

Պատերազմի տարիներուն օսմանցիները գրաւեր են Երեւանն ու Նախիջեւանը, Ղարաբաղը: 1554 թուականի Սեպտեմբերին Թահմասպն իր պատուիրակութիւնը կ' ուղարկէ սուլթան Սուլէյման I-ի (1520-1566) ձմեռային նստավայր՝ Էրզրում[26]: Մէկ տարի անց երկու կողմերու միջեւ կը կնքուի Ամասիայի պայմանագիրը, որմով քսանամեայ հաշտութիւն կը հաստատուի երկու երկիրներու միջեւ: Այդպիսով Օսմանեան կայսրութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ Սեֆեան Պարսկաստանի գերիշխանութիւնը: Խաղաղութեան համաձայն, Հայաստանը բաժնուեցաւ երկու մասի. Արեւելեան հատուածը անցաւ Իրանին: Սուլէյմանը համաձայնեցաւ թոյլատրել սեֆեան շիաներուն ուխտագնացութիւն կատարել Մեքքա եւ Մատինա, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Արաբիոյ մէջ գտնուող սրբավայրերը:

Սեֆեան պետութեան առաջացման հետ մէկտեղ, գրեթէ միաժամանակ, Հարաւային Ասիոյ մէջ կ'առաջանայ Մեծ Մողոլներու կայսրութիւնը (1526-1540)՝ հիմնուելով Լենկ Թեմուրի ժառանգորդ Պապուրի կողմէ: Մողոլները կը հետեւէին իսլամի սուննի ուղղութեանը, իսկ բնակչութեան մեծամասնութիւնը հինտուիստներ էին: Պապուրի մահէն յետոյ անոր որդին՝ Հումայունը, 1543 թուականին կը փախչի Ղազուին դատարան, ուր զինք կայսերավայել ձեւով կը դիմաւորեն [27][28]: Հումայունը կ'ընդունի շիա իսլամ: 1545 թուականին իրանական-մուղալական միացեալ ուժը կարողացաւ զբաղեցնել Քապուլը: Աստիճանաբար վերականգնուեցաւ Մողոլներու կայսրութիւնը, գոյատեւելով եւս երեք հարիւրամեակ (1555-1857): Թահմասպ շահը որոշակի բարեփոխումներ մտցուց Իրանի քաղաքական եւեւ տնտեսական կեանքի մէջ, աշխուժացուց առեւտուրը Հնդկաստանի եւ եւրոպական տէրութիւններու հետ: Երկրի կառավարման մարմիններու մէջ բարձր պաշտօններու նշանակուեցան ոչ միայն ղզլպաշները, այլեւ իրանցիները: Բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելով հարեւաններու հետ՝ շահն իր կառավարման յաջորդ տասնամեակներուն՝ ընդհուպ մինչեւ մահը (1576), Իրանին բերաւ խաղաղ զարգացման հնարաւորութիւններ:

Անկում Խմբագրել

 
Նատիր շահ

1639 թուականէն թուրք-պարսկական պատերազմները դադրեցան ութ տասնամեակով: Երկրի ներսը սկսեր էին գահակալական կռիւներ: Ի յաւելումն իր բազմադարեայ թշնամիներու, Իրանը ստիպուած էր պայքարիլ նաեւ Ռուսաստանի դէմ: Անոնք մեծցուցած էին իրենց ազդեցուիւնը Եւրոպայի մէջ, անցեր էին Կովկասեան լեռները եւ մուտք գործեր Կեդրոնական Ասիա: Արեւելեան սահմաններուն Մեծ մողոլները ընդարձակուեր են դէպի Խօրասան եւ Աֆղանիստան:

Հոլանտական եւ բրիտանական արեւելա-Հնդկաստան ընկերութիւնները օգտագործեր են իրենց ծովային ուժի իրենց բարձրակարգ միջոցները՝ վերահսկելու Հնդկական ովկիանոսի արեւմուտքի առեւտրային երթուղիները: Ի հետեւանք, Իրանը հեռացուած է Արեւելեան Ափրիկէյի, Արաբական թերակղզիի եւ Հնդկաստանի օտարերկրեայ կապերէն: Ապպաս II-ի թագաւորութեան աւարտէն կը սկսի Սեֆեաններու թուլացման շրջանը: Ամենուր կը սկսին ժողովրդական ապստամբութիւններ: Սուլթան Հուսէյնը (1694-1722) կը ճնշէ ատոնք, որուն ի պատասխան աֆղաններու միապետ Միր Հոթաքը, ապստամբեցաւ եւ սպանեց Սեֆի նահանգապետ Կորկին Խանին: 1722 թուականին աֆղանական բանակը Միր Մահմուտի գլխաւորութեամբ թագաւորական զօրքերուն պարտութեան մատնած է Կոլնապադի ճակատամարտին: Այնուհետեւ ան պաշարեց Սպահան մայրաքաղաքը: Միեւնոյն ժամանակ, Պետրոս Մեծի գլխաւորութեամբ ռուսները նուաճեր էին Հիւսիսային Կովկասը եւ Պաքուն՝ Կասպիական արշաւանքի միջոցով (1722-1723): Արեւմուտքէն օսմանցիները ներխուժեցին Սեֆիներու հիւսիս-արեւմտեան տիրոյթներ, հայերու ինքնապաշտպանութիւնէն յետոյ գրաւեցին Երեւանը, ապա կոտրեցին դիմադրութեան շարժումները Սիւնիքի մէջ (1722-1730) եւ Արցախի մէջ (1724-1731): 1724 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ օսմանցիները ռուսներու հետ միասին անոնք համաձայնեցան բաժնել եւ պահպանել իրենց նուաճած իրանական տարածքները:


Նաղշէ Ճահան հրապարակ


Գրականութիւն Խմբագրել

  • Roemer, H. R. (1986). «The Safavid Period». The Cambridge History of Iran, Vol. 6: The Timurid and Safavid Periods. Cambridge: Cambridge University Press
  • Vladimir Minorsky. «The Poetry of Shah Ismail», Bulletin of the School of Oriental and African Studies, University of London, Vol. 10. No. 4, 1942
  • Ronald W. Ferrier, «The Arts of Persia». Yale University Press. 1989.
  • Roger Savory. «Iran Under the Safavids». Cambridge University Press, 2007
  • И. В. Пигулевская, А. Ю. Якубовский А. Ю., И. П. Петрушевский, Л. В. Строева, А. М. Беленицкий. «История Ирана с древнейших времен до конца XVIII века». 1958

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Ṣafavid dynasty, Britannica
  2. И. В. Пигулевская, А. Ю. Якубовский А. Ю., И. П. Петрушевский, Л. В. Строева, А. М. Беленицкий. «История Ирана с древнейших времен до конца XVIII века». 1958
  3. И. П. Петрушевский. Очерки по истории феодальных отношений в азербайджане и армении в XVI — начале XIX вв.
  4. Վ. Պարսամեան, Հայկական մշակոյթ IX-XIV դարերուն, [{{{յղում}}} Հայ ժողովուրդի պատմութիւն], Երևան, «Հայպետուսմանկ», 1963 — 484 էջ։
  5. F. Daftary, «Intellectual Traditions in Islam», I.B.Tauris, 2001. pg 147: «But the origins of the family of Shaykh Safi al-Din go back not to Hijaz but to Kurdistan, from where, seven generations before him, Firuz Shah Zarin-kulah had migrated to Adharbayjan»
  6. Savory. Ebn Bazzaz. // Encyclopædia Iranica
  7. B. Nikitine. Essai d’analyse du afvat al-Safā. Journal asiatique. Paris. 1957, стр. 386)
  8. David Ayalon. Gunpowder and Firearms in the Mamluk Kingdom: A Challenge to a Mediaeval Society. Vallentine, Mitchell, 1956. Стр. 109)
  9. Zeki Velidi Togan, Sur l’origine des Safavides, в Mélanges Louis Massignon, Institut français de Damas, 1957, стр. 345—357
  10. Эдмунд Босуорт. «Мусульманские династии» (Перевод с английского и nримечания П. А. Грязневича), страница 226
  11. V. Minorsky. «The Poetry of Shah Ismail», Bulletin of the School of Oriental and African Studies, University of London, Vol. 10. No. 4, 1942
  12. Н. В. Пигулевская, А. Ю. Якубовский, И. П. Петрушевский, Л. В. Строева, А. М. Беленицкий. История Ирана с древнейших времён до конца XVIII века. — Л.: Изд-во Ленинградского университета, 1958. Стр. 252. В XV в. главной опорой Сефевидов стали тюркские кочевые племена, говорившие на азербайджанском языке. Они были разного происхождения, большая их часть откочевала в Азербайджан и Иран из Малой Азии, из вражды к османским султанам и их централистской политике. Первоначально таких племен было семь: шамлу, румлу, устаджлу, текели, афшар, каджар и зулькадар.
  13. Roemer, H.R. (1986). "The Safavid Period" in Jackson, Peter; Lockhart, Laurence. The Cambridge History of Iran, Vol. 6: The Timurid and Safavid Periods. Cambridge University Press. pp. 214, 229
  14. Blow, David (2009). Shah Abbas: The Ruthless King Who Became an Iranian Legend. I.B.Tauris. p. 3
  15. Richard Tapper. "Shahsevan in Safavid Persia", Bulletin of the School of Oriental and African Studies, University of London, Vol. 37, No. 3, 1974, p. 324.
  16. Lawrence Davidson, Arthur Goldschmid, A Concise History of the Middle East, Westview Press, 2006, p. 153.
  17. Britannica Concise. "Safavid Dynasty", Online Edition 2007.
  18. George Lenczowski, "Iran under the Pahlavis", Hoover Institution Press, 1978, p. 79: "Ismail Safavi, descendant of the pious Shaykh Ishaq Safi al-Din (d. 1334), seized Tabriz assuming the title of Shahanshah-e-Iran".
  19. Stefan Sperl, C. Shackle, Nicholas Awde, "Qasida poetry in Islamic Asia and Africa", Brill Academic Pub; Set Only edition (February 1996), p. 193: "Like Shah Ni'mat Allah-i Vali he hosted distinguished visitors among them Ismail Safavi, who had proclaimed himself Shahanshah of Iran in 1501 after having taken Tabriz, the symbolic and political capital of Iran".
  20. Heinz Halm, Janet Watson, Marian Hill, Shiʻism, translated by Janet Watson, Marian Hill, Edition: 2, illustrated, published by Columbia University Press, 2004, p. 80: "...he was able to make his triumphal entry into Alvand's capital Tabriz. Here he assumed the ancient Iranian title of King of Kings (Shahanshah) and setup up Shiʻi as the ruling faith"
  21. 21,0 21,1 RM Savory, Safavids, Encyclopedia of Islam, 2nd ed.
  22. Ward, Steven R. (2014). Immortal, Updated Edition: A Military History of Iran and Its Armed Forces. Georgetown University Press. p. 43. ISBN 978-1-62616-032-3.
  23. Rayfield, Donald (2013). Edge of Empires: A History of Georgia. Reaktion Books. p. 165. ISBN 978-1-78023-070-2.
  24. Colin P. Mitchell, "Ṭahmāsp I" Encyclopædia Iranica (July 15, 2009).
  25. H.R. Roemer, "The Safavid Period" in The Timurid and Safavid Periods ed. by Peter Jackson and Laurence Lockhart, volume 6 of The Cambridge History of Iran (Cambridge, U.K.: Cambridge University Press, 1968–1991) ("Roemer"), p. 233-34.
  26. Mikheil Svanidze, "The Amasya Peace Treaty between the Ottoman Empire and Iran (June 1, 1555) and Georgia," Bulletin of the Georgian National Academy of Sciences, Vol. 3, pp. 191–97 (2009) ("Svanidze"), p. 192
  27. John F. Richards, The Mughal Empire (Cambridge, U.K.: Cambridge University Press, c. 1995), p. 11.
  28. Riazul Islam; Indo-Persian Relations: A Study of the Political and Diplomatic Relations between the Mughal Empire and Iran (Tehran: Iranian Cultural Foundation, 1970), pp. 22–47.

Արտաքին յղումներ Խմբագրել