Սիմոն Աբգարեան (5 Մարտ 1962(1962-03-05)[1], Կոնէս, Վալ տ՛Ուազ, Ֆրանսա), Ֆրանսահայ յայտնի դերասան:

Սիմոն Աբգարեան
Ծնած է 5 Մարտ 1962(1962-03-05)[1] (62 տարեկան)
Ծննդավայր Կոնէս, Վալ տ՛Ուազ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Մայրենի լեզու հայերէն
Մասնագիտութիւն թատրոնի դերասան, Շարժապատկերի դերասան, Հեռատեսիլի դերասան, դերասան, բեմադրիչ
Ամուսին Catherine Schaub? եւ Կատրին Շաուբ-Աբգարյան?

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Դերասանական Ասպարեզ Խմբագրել

1971-1977 տարիներուն, երիտասարդ Աբգարեան իր հօր ու մօր հետ ապրած է Լիբանան, ուր յաճախած է հայկական վարժարան, միաժամանակ սորվելով նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուները: 1977-ին Աբգարեան վերստին տեղափոխուած է Փարիզ: Քանի մը տարի ետք ան փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր պարի եւ դերասանութեան իր դասերը շարունակած է Նիւ Եորքի Անդրանիկ Թատերախումբին հետ: Ապա տեղափոխուած է Լոս Անճելոս, Քալիֆորնիա:

1983-1985 ան ուսանած է դերասանութիւն եւ մաս կազմած է ՀԲԸՄ-ի Արտաւազդ Թատերախումբին, Ժերալտ Փափազեանի ղեկավարութեամբ:

1984-ին ան մասնակցած է աշխատանքային հանդիպումներուն հռչակաւոր Թէաթր տիւ Սոլէյի, որ Օլիմփիքս Արթ Ֆեսթիվըլի ծիրին մէջ կ'այցելէր Լոս Անճելոս:

1985-ին Սիմոն Աբգարեան կը վերադառնայ Փարիզ, ուր ձեռք կը բերէ թատերական դերասանական յաջողակ ասպարէզ եւ ութ տարի կը համագործակցի Արիան Մնուշքինի՝ Թէաթր տիւ Սոլէյի հռչակաւոր բեմադրիչին հետ:

2001-ին Աբգարեան կը տիրանայ ֆրանսական թատրոնի դերասանի ամէնէն բարձր մրցանակին՝ Մոլիէրի մրցանակին, ««Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղին մէջ իր ստանձնած դերին համար[2]::

1993-ին Աբգարեան եւ իր դերասանուհի-բեմադրիչ կինը՝ Քաթրին Շչոպը, Փարիզի մէջ հիմնեցին իրենց սեփական թատերախումբը՝ «T.E.R.A.» Թ.Ե.Ր.Ա. (Թէաթր Էսփաս Ռըշերշ Աքթէոր), ուր Սիմոն Աբգարեան դերեր ստանձնած եւ բեմադրած է դասական եւ ժամանակակից թատերախաղեր:

Շարժապատկերի Ասպարեզ Խմբագրել

Աբգարեան առաջին անգամ ժապաւէնի մէջ դեր ստանձնած է 1989-ին:

Շարժապատկերի իր ասպարէզի սկզբնական շրջանին Աբգարեան արդիւնաբեր համագործակցութիւն ունեցաւ Սետրիք Քլափիշչի հետ, ֆրանսական վեց ժապաւէններու մէջ, հռչակ ստանալով մրցանակակիր «Շաքէոն շերշ սոն շա» (1996) ժապաւէնով:

Ան արժանացաւ քննադատներու բարձր գնահատանքին Ատոմ Էկոյեանի մրցանակակիր «Արարատ» (2002) ժապաւէնին մէջ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի կերպարը մարմնաւորելու համար:

Սիմոն Աբգարեան մրցանակներ շահած է «Թու թէյք է ուայֆ» (2004) ժապաւէնին մէջ Էլիահուի դերը կատարելու համար (բեմադրիչ՝ Ռոնիթ Էլքապէց):

Իր շարժապատկերի ասպարէզին մէջ Սիմոն Աբգարեան մեծ ոստում արձանագրեց «Քազինօ Ռուայալ» (2006) ժապաւէնին մէջ Ալեքս Տիմիթրոսի երկրորդական դերով հանդէս գալով եւ Տանիէլ Քրէյկի կողքին քանի մը ուժեղ տեսարաններու մէջ խաղալով:

Ֆրանսական հեղինակաւոր «Մոլիէր» թատերական մրցանակաբաշխութեան, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2020-ին, Սիմոն Աբգարեան արժանացաւ երեք «Մոլիէր»ներու:[2]

Հայ Դատ Խմբագրել

Սիմոն Աբգարեան մեծապէս մասնակից է հայ ժողովուրդին առնչուող մարդասիրական դատերուն: Բազմաթիւ բարեսիրական եւ հայ դատի ձեռնարկներու ու հանդիսութիւններու ընթացքին, ան եղած է յաճախակի մասնակից, հիւրընկալ եւ հաղորդավար: 2006Հոկտեմբերին ան նաեւ մաս կազմած է Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի հետ Հայաստան այցելող պատուիրակութեան:

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել