Սիսակ Վարժապետեան

Սիսակ Վարժապետեան (1905, Մարաշ - 14 Սեպտեմբեր 1982, Ինտիանա, ԱՄՆ), լիբանանահայ մանկավարժ, թարգմանիչ։

Սիսակ Յակոբի Վարժապետեան
Ծնած է 1905
Ծննդավայր Մարաշ
Մահացած է 14 Սեպտեմբեր 1982
Մահուան վայր Ինտիանա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն Կաղապար:Country data Լիբանան Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն Առեւտրական Գիտելիքներ
Աշխատավայր մանկավարժ
Երեխաներ Շահնուր Վարժապետյան?

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Հայոց վրայ գործադրուած Ցեղասպանութենէն ճողոպրելով, Վարժապետեան նախ կ'ապաստանի Յորդանան (Ալ Թաֆիլէ, Քերէկ), իսկ զինադադարէն ետք կ'անցնի Լիբանան, ուր Ամերիկեան Նպաստամատոյցի Ճիպէյլի որբանոցին մէջ կը ստանայ իր նախնական եւ միջնակարգ ուսումը։

1929-ին կ'աւարտէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, մասնագիտանալով Առեւտրական Գիտելիքներու մէջ։

Կը պաշտօնավարէ քարիւղի միջազգային ընկերութեան մէջ, միաժամանակ դասաւանդելով Առեւտրական Գիտելիքներ, Սղագրութիւն, Մեքենագրութիւն Լիբանանի շարք մը հայկական դպրոցներուն մէջ։

1960ականներուն Պէյրութի մէջ կը հիմնէ իր սեփական առեւտրական վարժարանը, որ կը գործէ տասնամեակէ մը աւելի։

Հակառակ իր առեւտրական մասնագիտական կողմնորոշումին, Սիսակ Վարժապետեան մեծ նպաստ բերած է հայ թարգմանական գրականութեան եւ սփիւռքի պատմութեան։

Կեանքի վերջին տարիներուն, Վարժապետեան կը փոխադրուի ԱՄՆ՝ իր զաւակներուն քով, ուր կը մահանայ 1982 Սեպտեմբեր 14-ին, Մունսթըրի մէջ (Ինտիանա, ԱՄՆ)

Գրական աշխատանք Խմբագրել

Քերթուածներ Խմբագրել

1939-ին, լոյս կ՚ընծայէ իր միակ բանաստեղծական հատորը «Սիրվանա» վերնագրով[1]։

Թարգմանութիւններ Խմբագրել

1933-ին, Վարժապետեան կը թարգմանէ Իսկենտէր Աբգարիոսի «Սարսափներու Գիրքը», որ կը պատմէ 1860-ականներուն Լիբանանի մէջ ծագած ներքին խռովութիւններուն մասին։

Վարժապետեանի թարգմանութեամբ եւ յառաջաբանով, հայ ընթերցողի սեղանին դրուած են 3 նշանաւոր արաբ գրողներու գործերէն թարգմանութիւններ, որոնք յաջորդաբար լոյս տեսած են հետեւեալ հատորներով. «Ճպրան Խալիլ Ճպրան» (1966), «Ապու Ալա Էլ Մաարի» (1972), «Միքայէլ Նայիմի» (1979)։

Հանրագիտարանային Խմբագրել

Սիսակ Վարժապետեան, անձնական նախաձեռնութեամբ, տարիներու ընթացքին հաւաքած է լիբանանահայ գաղութին մասին հազարաւոր նիւթեր, որոնք ամփոփուած են հինգ հատորներու մէջ, «Հայերը Լիբանանի Մէջ» ընդհանուր խորագրով։

Առաջին հատորը ենթախորագրուած է «Պատմութիւն Լիբանանահայ Գաղութի՝ Հնագոյն Դարերէն Մինչեւ Ա. Ընդհանուր Պատերազմին Վերջաւորութիւնը», եւ լոյս տեսած է 1951-ին, (բ. տպագրութիւն՝ 1982)[2]։ Երկրորդ հատորը ենթախորագրուած է «Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի։ Պատկերազարդ։ 1920-1980 շրջան։ Լիբանանահայ նորոգ գաղութին կազմաւորումը եւ զանազան հաստատութիւնները, եկեղեցի, դպրոց, եւլն.». լոյս տեսած է 1981-ին[2]։ Երրորդ հատորը ենթախորագրուած է «Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի։ Պատկերազարդ։ 1920-1980 շրջան։ կազմակերպութիւններ, մշակութային կեանք եւ շրջաններ». լոյս տեսած է 1981-ին։[2]։ Չորրորդ եւ հինգերորդ հատորները կազմուած են նախորդ երկուքին սկզբունքով եւ լոյս տեսած են 1983-ին։

1977-ին Շիքակոյի մէջ լոյս կը տեսնէ Վարժապետեանի "The Armenians" հատորը։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել