Սիւնիք մարզ Հայաստանի մէջ։ Կը Գտնուի հանրապետութեան հարաւային բաժինին մէջ։ Սահմանակից է Իրանին, արեւմուտքէն՝ Նախիջեւանին, արեւելքէն ԼՂՀ-ին, իսկ հիւսիսէն Վայոց ձորին։

Մարզ
Սիւնիքի մարզ
Երկիր  Հայաստան
Ներքին բաժանում Կապան, Ագարակ, Գորիս, Դաստակերտ?, Մեղրի, Քաջարան?, Սիսիան, Ագարակ?, Աղիտու?, Աղուանի, Ախլաթեան, Ակներ, Ալվանք?, Անգեղակոթ?, Անտառաշատ?, Առաջաձոր?, Արավուս?, Արեւիս, Արծուանիկ, Աշոտաւան, Աճանան?, Բալաք?, Բարձրաւան, Բնունիս?, Բռնակոթ?, Ճակատեն?, Չապնի?, Դարբաս?, Դաւիթ Բեկ, Ձորաստան, Գեղանուշ?, Գեղի?, Գետաթաղ?, Գորայք?, Գուդեմնիս?, Հալիձոր գիւղ, Հարթաշեն?, Հարժիս?, Հացաւան, Իշխանասար?, Քաջարանց?, Կաղնուտ?, Քարահունջ?, Քարաշէն, Կարճևան?, Քաշունի?, Խդրանց?, Խնածախ?, Խնձորեսկ?, Խոտ?, Խոզնավար?, Կոռնիձոր?, Կուրիս?, Լեհվազ?, Լեռնաձոր?, Լիճք?, Լոր?, Լծեն?, Մուցք?, Ներքին Հանդ?, Ներքին Խնձորեսկ?, Ներքին Խոտանան?, Նժդեհ?, Նոր Աստղաբերդ?, Նորաշէնիկ, Նորաւան, Նռնաձոր?, Օխտար?, Սալվարդ?, Սառնակունք?, Սևաքար?, Շաղատ?, Շաքի?, Շէնաթաղ, Շիկահող?, Շինուհայր?, Շրվենանց?, Շուռնուխ?, Շվանիձոր?, Սպանդարեան, Սրաշեն?, Սվարանց?, Սիւնիք, Թանահատ?, Տանձատափ?, Տանձավեր?, Տաշտուն?, Թասիկ?, Տաթեւ, Տավրուս?, Տեղ?, Տորունիք?, Տոլորս?, Ծավ?, Ծղուկ?, Ույծ?, Ուժանիս?, Վաղատին?, Վաղատուր?, Վահրավար?, Վանեք?, Վարդանիձոր?, Վարդավանք?, Վերին Խոտանան?, Վերիշէն, Որոտան (Սիսիանի տարածաշրջան)?, Որոտան?, Եղէգ եւ Եղուարդ
Տարածութիւն 4506,0 քմ²
Բնակչութիւն 137 600 մարդ (2019)
Փոստային ցուցանիշ 3201–3519
Պաշտօնական կայքէջ syunik.mtaes.am

Աշխարհագրութիւն Խմբագրել

Սիւնիքի մարզի տարածքին մեծ մասը կը կազմեն ժայռերը, լեռնաշղթաները եւ անդնդախոր ձորերը, որոնց մէջէն անցնելով կը հոսին լեռնային գետակներ։ Ամենամեծ գետը Որոտանն է։ Սիւնիքի միջին բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն 2.200 մ. է։ Ամենաբարձր լեռնագագաթներն են Կապուտջուղը (3.904), Ծղուկը (3.581), Մեծ Իշխանասարը (3.550) եւ այլն։ Սիւնիքը կը կոչուի նաեւ Զանգեզուր, Սիսական։

 
Սիւնիքի բնապատկեր. ժայռերէն կախուած ծառեր
 
Բաղաբերդ, Սիւնիքի ամենահին ու հռչակաւոր ամրոցներէն մէկը

Պատմութիւն Խմբագրել

Պատմականօրէն Սիւնիքը մէկն է Մեծ Հայքի 15 նահանգներէն եւ վարչականօրէն բաժնուած եղած է 12 գաւառներու։ Սիսական աշխարհը հռչակաւոր եղած է իր երկնամբարձ ամրոցներով ու հազարամեայ վանքերով։ Այստեղ կը գտնուէր 13-րդ դարուն ստեղծուած Հայաստանի ամենահին համալսարանը՝ Գլաձորը։

Միջնադարեան Սիւնիքը շատ աւելի մեծ տարածք գրաւէր, քան՝ այժմ։ Այն ժամանակ Վայոց Ձորը, Գեղարքունիքը, Նախիջեւանի մեծ մասը եւ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի մէկ մասը կը մտնէին Սիւնիքի իշխաններուն տիրոյթներուն մէջ։

X-XII դարերուն Սիւնիքը թագաւորութիւն էր, ուր կ՛իշխէր Սիսական տոհմը։ Յետագային այստեղ իշխանած է Օրբելեան տոհմը։ Յայտնի է յատկապէս կոմս Տարսայիճ Օրբելեանը։ Անոր զաւակ Ստեփանոս Օրբելեանը XIII դարուն գրած է «Սիւնիքի Պատմութիւն» մեծարժէք պատմագրութիւնը։

1918-1920 թ.թ. Նախիջեւանի եւ Արցախի նման Սիւնիքը եւս դարձած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հանրապետութիւններու միջեւ վիճելի տարածք։ 1920Դեկտեմբեր 2-ին Թուրքիան, որ այդ ժամանակ գրաւած էր Հայաստանի Հանրապետութեան մեծ մասը, ստիպեց հայկական կառավարութեան ստորագրել Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը, որով Հայաստանը Ատրպէյճանին կը յանձնէր Սիւնիքը։ Սակայն Սիւնիքի հայ բնակչութիւնը չընդունեց այս համաձայնագիրը եւ զինուած պայքարի ելաւ՝ Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեամբ։

Սիւնիքը անկախ մնաց նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ պոլշեւիկները ամբողջութեամբ գրաւած էին Հայաստանի Հանրապետութեան մնացած մասը։ 1920-ի սկիզբներուն, երբ պոլշեւիկները ճնշեցին հայերու Փետրուարեան ապստամբութիւնը, կառավարութեան շատ անդամներ եւ սպաներ նահանջեցին Սիւնիք։ Շուտով այստեղ հռչակուեցաւ Լեռնահայաստանի հանրապետութիւնը, իսկ Գարեգին Նժդեհ ընտրուեցաւ վարչապետ։ Կարմիր բանակը միայն կատաղի կռիւներ եւ բազմաթիւ զոհեր տալէ ետք կարողացաւ 1921-ին այն գրաւել։

Հայկական ԽՍՀ-ի մէջ Սիւնիքը առանձին վարչական միաւոր չէր կազեր, այլ բաժնուած էր քանի մը շրջաններու։ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք Սիւնիքը կրկին վերածուեցաւ առանձին մարզի։

Քաղաքներ Խմբագրել

 
Տաթեւի վանք
 

Ենթակառուցուածք Խմբագրել

2006 թուականէն սկսեալ Սիւնիքէն կ՛անցնի Հայ-իրանական կազամուղը։ Կը Նախատեսուի մօտ ապագային ստեղծել երկաթուղային հաղորդակցութիւն։

Պատմամշակութային յուշարձաններ Խմբագրել

Երեւան-Գորիս ավտոճանապարհի համայնապատկեր Սիւնիքի մարզում


Ծանոօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Կապանի պաշտօնական կայք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-06-21-ին։ արտագրուած է՝ 2015-02-14