Ստեփանաւան (նախապէս` Ջալալօղլի) կը գտնուի Ձորագետի անդնդախոր ձորուն աջ ափին տարածուող լայնատարած հարթութեան վրայ: Անիկա կանաչազարդ լեռներով, ծաղկաւէտ ձորերով եւ ականակիտ առուներով շրջապատուած գեղեցիկ ոստան մըն է,Հայաստանի Լոռիի մարզին մէջ։ Անուանուած է Ստեփան Շահումեանին անունով։

Բնակավայր
Ստեփանաւան
Զինանշան

Երկիր  Հայաստան
Հիմնադրուած է՝ 1810
Առաջին յիշատակում 978
Տարածութիւն 14 քմ²
ԲԾՄ 1375±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 23 782 մարդ (2010)
Ժամային գօտի UTC+4։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 374 256
Փոստային ցուցանիշ 1901–1905
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 37
Պաշտօնական կայքէջ stepanavan.am

Կլիմայ Խմբագրել

Ունի բարեխառն խոնաւ կլիմայ։ Միջին ջերմաստիճանը Յունուարին -4,2°C է, Յունիսին՝ +16,7°C, տեղումներու տարեկան միջին քանակը՝ 683 մմ։ Ձմեռը ձիւնառատ է։ Շրջակայքը կան անտառներ եւ բնական շինանիւթերու մեծ պաշար։ Քաղաքը իր բնակլիմայական պայմաններուն շնորհիւ կը հանդիսանայ Հայաստանի առողջարանային բնակավայրերէն մէկը։

Ստ. Շահումեան Ստեփանաւան քաղաքին կլիման եւ բնութիւնը համեմատած է Զուէներիոյ բնութեան եւ կլիմային հետ[1]։

Պատմութիւն Խմբագրել

Ստեփանաւան քաղաքը դարերու պատմութիւն ունի։ Ք.Ա. 2-րդէն Առաջին դարերուն Ստեփանաւանը իր շրջակայքով կազմած է Մեծ Հայքի Գուգարք նահանգին Տաշիր գաւառին մէկ մասը եւ մտած է Արտաշիսեան թագաւորութեան մէջ։ Ք.Ե. Ա.-Դ. դարերուն եղած է Արշակունեաց թագաւորութեան կազմին մէջ։ 385-ին Մեծ Հայքի բաժանումէն ետք, Տաշիր գաւառին մէջ մնացած է հայկական մարզպանութեան կազմին մէջ։ Ժ. դարուն եղած է պատմական Տաշիր-Ձորագետի (Կյիւրիկեաններու) թագաւորութեան մայրաքաղաքը՝ Լոռի բերդաքաղաքով։

Դաւիթ Անհողինի (989-1048 թուականներուն) օրով Կյիւրիկեաններու թագաւորութիւնը կը հզօրանայ եւ կ'ընդլայնէ թագաւորութեան տարածքները, իսկ Ստեփանաւանի տարածքը «Լոռէ» անուանումով կը կազմէ թագաւորութեան կալուածին մէկ մասը։ 1185 -էն սկսեալ Ստեփանաւանը իր շրջակայ տարածքներով Լոռիի կազմին մէջ կը տրուի Զաքարեաններուն։

 
Ստեփանաւանի նոր յուշարձաններէն մէկը (քանդակագործ՝Գր.Մանուկեան)

1118-1122 թուականներուն վրաց թագաւոր Դաւիթ Շինարարը կը մաքրէ Լոռին թուրք սելճուքներէն եւ զայն կը միացնէ Վրաստանին։

ԺԷ. դարուն սկիզբին Ստեփանաւանի տարածք կը գաղթեն Շահ Աբասի հալածանքներէն փախած հայեր եւ կը հիմնեն Չեչմանիս բնակատեղին։

1801-ին Տաշիր գաւառի կազմին մէջ Ստեփանաւանի տարածքը նոյնպէս կը կցուի Ռուսաստանին։ Այդ տարիներուն Ցարական Ռուսաստանի Քաթրին կայսրուհիին գահակալութեան օրերուն, այս տարածքները կ'աքսորուին մեծ թիւով սպաներ, նաեւ կուսանոցներու կոյսեր, որոնք ընտանիք կազմելով կը հիմնեն Սլաբոդկա անունով նոր թաղամասը։ Ներկայիս անոնք Կոմիտաս, Մայակովսկի եւ Անդրանիկ փողոցներն են, ուր մինչեւ օրս կան ռուսական տիպի տուներ։ Անդրանիկ (նախկին՝ Լենինի) փողոցին 64 տան մէջ բնակած են 1883-1889 թուականներուն ռուս բանաստեղծ Վլատիմիր Մայակովսկիի ծնողքը։

1810-ին տարածքը կրած է Ջալալօղլի («ջալալի որդի» թուրք.) անուանումը՝ ի պատիւ Արցախի իշխանական Հասան-Ջալալեաններ տոհմին։ Այս մասին կը վկայէ Ստեփանաւանի մէջ գտնուող գերեզմանատան յուշաքարը՝ «Աւանս հիմնեց որդին իշխան Դաւիթ Հասան-Ջալալեանց՝ 1810»։

Ջալալօղլի քաղաքին հիմնադիրներէն եւ քաղաքը շէնցնողներէն են նաեւ Գրիգորեաններու, Առաքելեաններու, Յակոբեաններու, Ջիլաւեաններու, Մելիքսեթեաններու, Չիլինգարեաններու, Սարգսեաններու, Դադիվանեաններու եւ այլ առեւտրական ընտանիքները։

ԺԹ. դարուն Ջալալօղլին եղած է Լոռիի միակ քաղաքը։ Տիգրան Տէր-Դաւթեանի ջանքերով հոս գործած է չորսամեայ երկսեռ դպրոց մը, ուր 1879-1883 թուականներուն ուսած է Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը։ ԺԹ. դարու վերջին այս դպրոցին մէջ դասաւանդած է ազգային- ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչ, դաշնակցական Յովսէփ Արղութեանը։

1918-ի գարնան Ջալալօղլիի մէջ գտնուած է հայկական ջոկատ մը՝ ազգային հերոս-հրամանատար Անդրանիկ Օզանեանի գլխաւորութեամբ, որոնք երկու օր կռիւ մղած են թուրքերուն դէմ։ Այս ժամանակաշրջանին հայ ազգային-ազատագրական պայքարը նկարագրած է Խաչիկ Դաշտենցը իր «Ռանչպարների կանչը» գիրքին «Բերդ» գլխուն մէջ։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Բուսաբանական Այգին Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Տեղական տնտեսական զարգացում։ Ստեփանաւան»։ www.smednc.am։ Հայաստանի Փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ազգային կեդրոն։ Մայիս, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 18 Օգոստոս, 2016-ին։ արտագրուած է՝ 16 Յուլիս, 2018-ին 

Արտաքին յղումներ Խմբագրել