Ստեփանոս Օրբելեան

Ստեփանոս Օրբելեան (1250 - 1303), հայ պատմագիր, աստուածաբան, բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ, արքեպիսկոպոս, Սիւնիքի Առաջնորդ։

Ստեփանոս Օրբելեան
Ծնած է 1250
Մահացած է 1303
Ուսումնավայր Գլաձորի համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան
Վարած պաշտօններ Մետրոպոլիտ?
Ծնողներ հայր՝ Տարսայիճ Օրբելյան?

Կենսագրութիւն եւ գործունէութիւն Խմբագրել

 
Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ ճակատային մասը

Օրբելեաններու իշխանական տոհմէն է։ Հայրը՝ Տարսայիճ Օրբելեան, Սիւնիքի Իշխանաց իշխան, հայոց եւ վրաց Աթաբեկն էր։ Ստեփանոս մանուկ հասակէն կ՚որդեգրուի իր հօրեղբօր՝ Սիւնիքի գահերէց իշխան Սմբատի կողմէ։ Ուսումը կը ստանայ Տաթեւի վանքին եւ Գլաձորի համալսարանին մէջ։ 1273 թուականին, Սմբատ Օրբելեանի մահէն ետք, Տարսայիճ Օրբելեանի ընտանիքը կը տեղափոխուի Վայոց ձորի իշխանանիստ Եղեգիս գիւղաքաղաքը։ Ստեփանոս Օրբելեան ուսումը կը շարունակէ Ամաղուի Նորավանք դպրոցին մէջ, դպիր կը կարգուի, ապա սարկաւագ, ետքը կուսակրօն քահանայ՝ 1280-ին։ 1285 թուականին, երբ հայրը՝ Տարսայիճ Օրբելեանը Սիւնիքի իշխան կը նշանակուի, վարդապետական գաւազան ստացած Ստեփանոս Օրբելեանը կ՚ուղարկուի Կիլիկեան Հայաստան՝ Հայոց Կոստանդին Բ. Կատուկեցի կաթողիկոսին ձեռամբ եպիսկոպոս օծուելու եւ Սիւնեաց Առաջնորդ կարգուելու համար, Հռոմկլայի մէջ եւ 1287-ին կը վերադառնայ Սիւնիք։ Իր հօր աջակցութեամբ կը միաւորէ Սիւնեաց՝ Տաթեւի ու Նորավանքի առաջնորդութիւններու երկփեղկուած թեմը եւ զայն կ՚ենթարկէ իր հոգեւոր իշխանութեան՝ «մէկ առաջնորդ եւ մէկ իշխեցող» նշանաբանով։

Ստեփանոս Օրբելեանը մոնղոլ իշխաններ Արղունէն (1284–91), Քեյղաթուէն (1291–95) եւ Ղազանէն (1295–1304) ձեռք կը բերէ Սիւնեաց հոգեւոր կեդրոններու եւ եկեղեցականներու ապահարկութեան վիճակը հաստատող արտօնագրեր։ Սիւնեաց Առաջնորդը իր իշխանական ժառանգաբաժինէն առատ նուիրատուութիւններ կը կատարէ Սիւնեաց նահանգի գրչութեան եւ կրթական կեդրոններուն, կը նպաստէ Գլաձորի համալսարանի բարգաւաճման, կ՚աջակցի դասախօսներուն եւ ուսանողներուն, ընդօրինակել կու տայ շարք մը ձեռագրեր՝ Աւետարաններ, մեկնողական եւ պատմական երկեր։ Կը կարգաւորէ Սիւնեաց առաջնորդութեան վարչատնտեսական խնդիրները, կը ծաւալէ շինարարական գործունէութիւն՝ հիմնովին վերակառուցելով Տաթեւի վանքը (1297-ին)։ Եղած է Հայ եկեղեցւոյ ուղղափառութեան ու աւանդութեան ինքնուրոյնութեան պահպանման մեծ գաղափարախօսներէն ու պաշտպաններէն, արեւելեան վարդապետներու հետ պայքար մղած է Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ միաւորուելու փորձերուն, Հայ եկեղեցւոյ մէջ ծիսադաւանական նորամուծութիւններու, Կիլիկեան Հայաստանի մէջ մեծ ազդեցութիւն ձեռք բերած լատինամետ հոսանքի եւ քաղկեդոնականութեան դէմ։ 1297 թուականին կը հրաւիրէ եկեղեցական ժողովի, ուր կը մերժէ Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին ու ծէսերուն մէջ նորամուծութիւններ մտցնելու եւ Հռոմի պապի գերիշխանութիւնը ընդունելու՝ կաթողիկոս Գրիգոր Է. Անավարզեցիի պաշտօնական առաջարկը։

Կը վախճանի 1303 թուականին[1]։ Աճիւնները ամփոփուած են Նորավանքի Օրբելեաններու տոհմական գերեզմանատան մէջ։

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Ստեփանոս Օրբելեանը պատմական եւ դաւանական բնոյթի երկերու եւ թուղթերու, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ է։ Ամէնէն յայտնի գործը «Պատմութիւն Նահանգին Սիսական» կամ «Պատմութիւն Տանն Սիսական» (1297) աշխատութիւնն է, ուր ան կը ներկայացնէ Սիւնեաց աշխարհի եկեղեցական եւ քաղաքական ամբողջական պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը։ Աշխատութիւնը հիմնուած է ո՛չ միայն հայ եւ օտար պատմիչներու երկերու, այլեւ վաւերագրերու վրայ (Հայոց թագաւորներու եւ Սիւնեաց իշխաններու, Հայոց կաթողիկոսներու եւ Սիւնեաց եպիսկոպոսներու նամակներ, հրովարտակներ, կալուածագրեր, ընծայագրեր եւ վիմական արձանագրութիւններ)։ Երկը ժամանակագրական առումով կ՚ընդգրկէ Հայոց թագաւոր Տրդատ Ա-էն մինչեւ 13-րդ դարու վերջին իրադարձութիւնները։ Արժէքաւոր են պատմութեան այն հատուածները, որոնք հեղինակը շարադրած է իբրեւ ականատես։ Երկին մէջ յիշուած է Սիւնեաց նախարարութեան առաջացման, Հայաստանի մէջ անոր դերին, Սիւնիքի մէջ քրիստոնէութեան տարածման, Սիւնեաց եպիսկոպոսութեան, վանքերու հոգեւոր-մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքի, գրչութեան կեդրոններու, վարդապետարաններու, Օրբելեան իշխանական տան պատմութիւնը։ Ան կազմած է Սիւնիքի նախարարներու, եպիսկոպոսներու, ինչպէս նաեւ Հայոց կաթողիկոսներու ժամանակագրութիւնները։

Պատմութեան մէջ զետեղած է Գրիգոր Է. Անավարզեցիին ուղղուած արեւելեան վարդապետներու, Սիւնեաց նախարարներու ու հոգեւորականներու ստորագրութեամբ վաւերացուած իր թուղթը, ուր Հայոց կաթողիկոսին խորհուրդ տրուած է «անթերի պահել երեք աստուածագումար ժողովներու, Սուրբ Գրիգորի եւ անոր որդիներու ու թոռներու հաւատքի սահմանը», ազգային-եկեղեցական ժողովներու կանոնները, հայոց աւանդութիւններն ու ծիսադաւանական ուղղափառ սկզբունքները եւ յորդորած է հեռու մնալ Հայ եկեղեցւոյ մէջ նոր կարգեր ներմուծելու մտադրութենէն։

Անոր ջանքերով մեզի հասած են Տաթեւի, Վանեւանի, Մաքենեաց վանքի եւ Նորավանքի վիմագիր արձանագրութիւնները, որոնցմէ շատերը այժմ ոչնչացած կամ անընթեռնելի են։

«Պատմութիւն Նահանգին Սիսական»ը առաջին անգամ հրատարակուած է Կ. Շահնազարեանի կողմէ՝ 1859-ին, Փարիզի մէջ։ Ռուսերէն թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը կատարուած է Մկրտիչ Էմինի կողմէ 1861-ին, Մոսկուայի մէջ (նոր ձեռագրերու համեմատութեամբ ու հակիրճ ծանօթագրութիւններով)։ Մ. Պրոսսէի թարգմանութեամբ տպագրուած է ֆրանսերէն (հ. 1, 2, 1864, 1866), հատուածաբար՝ նաեւ վրացերէն։ Աշխարհաբար թարգմանուած է 1986-ին Ա. Աբրահամեանի կողմէ[2]։

Ստեփանոս Օրբելեանը հեղինակ է նաեւ այլ պատմական երկի մը՝ «Ժամանակագրութիւն», որուն հեղինակային պատկանելութեան հարցը երկար ժամանակ քննարկուեցաւ[3]։

Խաչատուր Կեչառեցիի խնդրանքով ան կը գրէ «Ողբ Ի Ս․ Կաթուղիկէն» (1299) բանաստեղծութիւնը՝ նուիրուած Էջմիածինի՝ հոգեւոր կեդրոնի կորսուած փառքին։ Երկը կը կրէ Ներսէս Դ. Կլայեցիի (Ներսէս Շնորհալի) «Ողբ Եդեսիոյ» երկի ազգեցութիւնը։

Ստեփանոս Օրբելեանի դաւանաբանական բնոյթի ամէնայայտնի գործը «Հակաճառութիւն Ընդդէմ Երկաբնակաց» (1302) ծաւալուն երկն է։ Բաղկացած է 12 գլուխներէ, որոնք նուիրուած են քաղկեդոնականներու (երկաբնակներու) եւ աղանդաւորներու ուսմունքներու հերքումներուն, Քրիստոսի բնութիւններու, մարմնի անապականութեան, Պատարագի «Երգ Երեքսրբենի» սրբասացութեան «խաչեցար»ի յաւելման, Ս. Ծնունդն ու Մկրտութիւնը միասին տօնելու եւ ծիսական խնդիրներուն։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Ստեփանոս Օրբելեան», Գ. Մ. Գրիգորեան, «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 1976, թիւ 4, էջ 156
  2. Ստեփանոս Օրբելեան, Սիւնիքի պատմութիւն, Երեւան, 1986
  3. Բաղդասարյան Է Մ (1971-08-03)։ «XIII դարի ժամանակագրության հեղինակի մասին»։ Պատմա-բանասիրական հանդես № 2: 210–216։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020 թ․ ապրիլի 25-ին։ արտագրուած է՝ 2019 թ․ մայիսի 24 

Գրականութիւն Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ Խմբագրել