Ստեփան Յակոբեան

Ստեփան Յակոբեան (1851, Կ. Պոլիս - 15 Մարտ 1917), հայ բժիշկ։

Ստեփան Յակոբեան
Ծնած է 1851
Ծննդավայր Կ. Պոլիս
Մահացած է 15 Մարտ 1917(1917-03-15)
Մահուան պատճառ Ժանտախտ
Կրթութիւն Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական վարժարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Մոտայի հիւանդանոց

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1851 թուականին Կոստանդուպոլսոյ մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Կ. Պոլսոյ՝ Գուզկունճուք թաղամասի, միջնակարգ վարժարանին մէջ (իտատիէ): Ապա՝ Գումգափու թաղամասի Պէզճեան դպրոցին մէջ։ 1874 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական վարժարանը։ 1874-77 թուականներուն՝ որպէս զինուորական բժիշկ, ծառայած է Օսմանեան կայսրութեան դանուբեան նահանգներուն մէջ ու մասնակցած Սերպիական պատերազմին։

1877-1917 թուականներուն՝ 40 տարի, Կ. Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղամասի, Մոտայի հիւանդանոցի բժիշկ եղած է։

Այդ ընթացքին կատարելագործման կարճատեւ դասընթացքներու հետեւած է՝ Փարիզի եւ Վիեննայի մէջ։ Եղած է Ընկերութեանց տնօրէններու ժողովի անդամ եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի Ուսումնական խորհուրդի անդամ։ Տասը տարի Գատըգիւղի Արամեան վարժարանի հոգաբարձու եղած է ։

Գիտաբժշկական եւ գիտահանրամատչելի յօդուածները տպագրուած են «Երկ­րա­գունտ», «Մա­սիս», «Բիւ­զան­դի­ոն» եւ «Բժիշկ» թերթերուն մէջ։

Եղած է Գատըգիւղի բազմազգ բնակչութեան սիրելի եւ յարգելի բժիշկը։ Հակառակ անոր առաջացած տարիքին՝ առողջ, առոյգ, կենսախինդ անձնաւորութեան տէր մարդ մը եղած է։

Մահացած է 1917 թ.–ի Մարտի 15-ին՝ ժանտախտէ, 66 տարեկան հասակին։

Աշխատութիւններ Խմբագրել

  • Առողջապահական գիտելիք։ (Գրքոյկը տպագրած է՝ Սովելոց յանձնաժողովը եւ գրեթէ ձրի բաժնուած գաւառներուն մէջ)։
  • Հիւանդին բարեկամը, գիրք, 1884։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Ընդարձակ օրացոյց Սուրբ Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց, Կ. Պոլիս, 1905։
  • Ղազարեան Վահան, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Սթամպուլ, 1919։
  • Եարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։