Ստրաբոն (ՔԱ63[1], Ամասիա, Յունաստան[2][1] - ոչ վաղ քան 21 եւ ոչ ուշ քան 24, Ամասիա, Յունաստան), յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ։ Հեղինակն է «Պատմութիւն» (չէ պահպանուած) եւ «Աշխարհագրութիւն» երկերուն։

Ստրաբոն
Ծնած է ՔԱ63[1]
Ծննդավայր Ամասիա, Յունաստան[2][1]
Մահացած է ոչ վաղ քան 21 եւ ոչ ուշ քան 24
Մահուան վայր Ամասիա, Յունաստան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Geography?
Մասնագիտութիւն աշխարհագրագէտ, պատմաբան, փիլիսոփայ, գրագէտ

Ստրաբոն ծնած է ազնուական ընտանիքի մը մէջ, Ք. ա. շուրջ 63-ին, Պոնտոսի Ամասիա քաղաքը[3]։ Ուսանած է Նյուսայի եւ Հռոմի ճարտասանական դպրոցներուն մէջ։ Ստացած է փիլիսոփայական կրթութիւն։ Ստրաբոն ճամբորդած է Յունաստան, Փոքր Ասիա, Հայաստան, Իտալիա եւ Եգիպտոս։ Գրած է «Պատմական յիշատակարաններ»ը, որ բաղկացած է 43 գիրքերէ։ Ք.ա. 145 - Ք.ա.127 թուականներու իրադարձութիւններուն մասին պատմող այդ երկէն պատառիկներ հասած են մեզի։ Ք.ա. 7 թուականէն սկսած է գրել իր հռչակաւոր «Աշխարհագրութիւնը», որ շարունակութիւնն է «Պատմական յիշատակարաններ»ուն։ «Աշխարհագրութիւն» երկին մէջ Ստրաբոն շարադրած է ե՛ւ իր տեսածն ու ուսումնասիրածը, ե՛ւ օգտուած է բազմաթիւ հին հեղինակներու գործերէն։ «Աշխարհագրութիւն» երկը բաղկացած է 17 գիրքերէ։ Ան գրած է Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի երկիրներուն ֆիզիքական ու պատմական աշխարհագրութիւնը, հարուստ տեղեկութիւններ հաղորդած է այդ երկիրներուն քաղաքական պատմութեան եւ հասարակական յարաբերութիւններուն մասին։ Հեղինակին մտայղացումով՝ «Աշխարհագրութիւնը» պէտք է գործնական ձեռնարկ ըլլար Հռոմի պետական գործիչներուն համար։ Ստրաբոնի «Աշխարհագրութիւնը» անգնահատելի սկզբնաղբիւր մըն է նաեւ Հայաստանի բնութեան, պատմութեան, աշխարհագրութեան, տնտեսութեան եւ մշակոյթին մասին, անոր հաղորդած կարգ մը տեղեկութիւնները եզակի բնոյթ ունին, առանց որոնց կարելի չէ բաւարար չափով կողմնորոշուիլ Ք.ա. 2-1 դարերուն Հայոց պատմութեան բազմաթիւ հարցեր ուսումնասիրելու ատեն։ Ստրաբոնի «Աշխարհագրութիւն» երկը իր ժամանակին իւրայատուկ պատմաաշխարհագրական հանրագիտարան մըն է։

Ստրաբոն հայերուն մասին Խմբագրել

  «Բուն Հայաստանի մէջ կան շատ լեռներ եւ լեռնադաշտեր, ուր որթատունկը դիւրին չ'աճիր. (կան նաեւ) շատ հովիտներ, մէկ մասը՝ միջակ, միւսները՝ խիստ բերրի, ինչպէս Արաքսի դաշտը, որմով Արաքս գետը կը հոսի մինչեւ Ալպանիոյ (Աղուանք) եզրերը եւ կը թափի Կասպից ծով, այնուհետեւ՝ Շակաշէնը, որ սահմանակից է Ալպանիոյ եւ Կուր գետին, յետոյ՝ Գոգարենէն։ ...Կ'ըսեն, թէ հոն լեռնանցքներուն մէջ յաճախ ամբողջ քարաւաններ բուքի ընթացքին ձիւնին տակ կը մնան։ Նմանօրինակ վտանգներուն համար անոնք գաւազաններ ունին, որոնք ձիւնը մակերեսէն դուրս կը հանեն, ինչպէս նաեւ անցորդներուն նշան տալու համար, որպէսզի օգնութեան հասնին, դուրս հանեն եւ փրկեն զիրենք»:
- Ստրաբոն
 


Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել