Վահէ Օշական

սփիւռքահայ բանաստեղծ եւ արձակագիր

Վահէ Օշական (9 Հոկտեմբեր 1922 Փլովտիւ, Պուլկարիա - 30 Յունիս 2000), սփիւռքահայ բանաստեղծ, արձակագիր։

Վահէ Օշական
Ծնած է 9 Հոկտեմբեր 1922(1922-10-09)[1]
Ծննդավայր Փլովտիւ, Պուլկարիայի թագաւորութիւն
Մահացած է 30 Յունիս 2000(2000-06-30) (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2]
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ազգութիւն Հայ[3]
Ուսումնավայր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն
Սեն Ջորջ քոլեջ?
Փարիզի Արուեստներու Բաժանմունք
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրականագէտ, գրագէտ
Աշխատավայր Միջազգային Գոլէճ, Պէյրութ
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Հայկազեան Համալսարան
Փենսիլվանիոյ Համալսարան
Մակքուորի համալսարան?[4]
Քալիֆորնիոյ Համալսարան, Պըրքլի
Բագին
Արցախի Պետական Համալսարան
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ծնողներ հայր՝ Յակոբ Օշական

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Վահէ Օշական ծնած է 1922-ին Փլովտիւ, Պուլկարիա։ Որդին է յայտնի գրագէտ եւ վիպասան Յակոբ Օշականի։ Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Կիպրոս եւ Երուսաղէմ։ 1933-ին աւարտած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, իսկ 1939-ին՝ Երուսաղէմի անգլիական Սէն Ճորճ քոլէճը։ 1951 թուականին աւարտած է Սորպոնի համալսարանը (Փարիզ), ուր 1968-ին պաշտպանած է տոքթորական աւարտաճառը բաղդատական գրականութեան մէջ (նիւթը՝ արեւմտահայ գրականութիւն)։

Երկար տարիներ ապրած է Պէյրութ։ 1960-1975 թուականներուն դասաւանդած է տեղւոյն Ամերիկեան միջազգային քոլէճին մէջ, 1962-1975-ին՝ Ամերիկեան համալսարանին մէջ, 1972-1975 թուականներուն՝ «Հայկազեան» քոլէճին մէջ, ուր հայագիտական բաժնի տնօրէնը եղած է։ 1960-ական թուականներուն «Բագին» ամսագրի խմբագրական կազմի անդամ եղած է։ Լիբանանեան պատերազմի հետեւանքով, 1976-ին փոխադրուած է Ֆիլատելֆիա, ուր 1976-1982-ին դասաւանդած է Փենսիլվանիոյ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնին մէջ։ 1987-2000-ին հիմնած ու խմբագրած է "Raft" հայ բանաստեղծութեան ու գրաքննադատութեան անգլերէն տարեգիրքը։ Խմբագրած է Յակոբ Օշականի «Երեք թատերախաղեր» հատորը (1991)։

Գրական վաստակ Խմբագրել

Վահէ Օշական հեղինակած է բանաստեղծութեան եւ պատմուածքներու տասնեակ հատորներ. ինչպէս նաեւ գրական, գրականագիտական եւ քննադատական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ու յօդուածներ։[5]

Գրիկոր Պըլտեան Վահէ Օշականի մասին
  Գրելու, ստեղծելու արարողութեան Օշականեան ըմբռնումը. հետզհետէ գրելը կը դառնայ առեղծուածային, կարելի է գրել, անկարելի է, մէկ խօսքով, գրելուն կապը էութեան հետ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ։

Օշականի իր արձակ գրութիւններուն տակ անպայման նշած է անոնց արձակ ըլլալը, տպագրութեան թուականը, տեղն ու հեղինակին անունը, իսկ բանաստեղծական հատորները կը պարզեն այլ պատկեր։ Բանաստեղծական 8 հատորներուն սկիզբը երբեք չկայ Վահէ Օշական անունը։ Հեղինակին անունը գրուած է վերջին էջին վրայ։ Արդեօ՞ք հեղինակը կարեւոր չէ։ Հեղինակին անունին տեղը նշան մըն է ու երբ որ կը դրուի վերջը, կը դառնայ արդիւնք, ոչ թէ հայրը գրութեան, այլ՝ որդին։ Հեղինակը եւ հեղինակութիւնը չկայ ի սկզբանէ։ Բառին Օշականեան ըմբռնումը հետաքրքրական է՝ բառերը որդեգրուած որբեր են, որ ուրիշ որբեր կ՛որդեգրեն։ Օշականի աշխարհը, որ կը յատկանշուի բազմաթիւ ինչուներով եւ անպայման չէ, որ այս ինչուները տողերու ընդմէջէն ստանան ընկալեալ պատասխաններ։ Թերեւս Օշականի գրականութիւնը կը յատկանշուի բազմաթիւ ինչուներ առաջադրելու իր խիզախութեամբ նաեւ։

 


Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Բանաստեղծական երկեր Խմբագրել

  • «Պատուհան (Պէյրութ, 1956)
  • «Քաղաքը» (Պէյրութ, 1963)
  • «Քառուղի» (Պէյրութ, 1971)
  • «Ահազանգ» (Նիւ Եորք, 1980)
  • «Խուճապ» (Նիւ Եորք, 1983)
  • «Արուարձաններ» (Սիտնի, 1991)
  • «Համբոյրը» (Սիտնի, 1996)
  • «Ինքնութիւն» (Անթիլիաս, 1996)
  • «Ճամբորդը»

Վէպ /արձակ գրութիւններ Խմբագրել

  • «Փախստականը» (Անթիլիաս, 1987)
  • «Թակարդին շուրջ» (Նիւ Եորք, 1988)
  • «Հատընտիր» (Պէյրութ, 1994)
  • «Սերունդներ» (Պէյրութ, 1995)

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել