Վասպուրական՝ Մեծ Հայքի 8-րդ նահանգը։ Հիւսիսէն սահմանակից էր Այրարատ, հիւսիս–արեւելքէն՝ Սիւնիք, արեւելքէն՝ Փայտակարան եւ Պարսկահայք, հարաւէն՝ Կորճայք, Մոկք եւ Աղձնիք, արեւմուտքէն՝ Տուրուբերան նահանգներուն։ Կը ներառէ 34 գաւառ։

Վարչական բաժանում Խմբագրել

Ըստ կարգ մը հայ պատմաբաններու, ժամանակին տարածուած էր այն տեսակէտը, թէ Աղիովիտ գաւառը կիսուած էր Տուրուբերանի եւ Վասպուրականի միջեւ։ Սուրէն Երէմեան, «Աշխարհացոյցի» բոլոր ձեռագիրներու տարընթերցումները չունենալով, գաւառը կը բաժնէ երկու մասի, որու արեւմտեան հատուածը իբրեւ Աղիովիտ գաւառ, կը յատկացնէ Տուրուբերանին, իսկ արեւելեան հատուածը՝ իբրեւ Աղիովիտ գաւառ, Վասպուրականին։ Անոր կարծիքով, ըստ երեւոյթին սկիզբը գոյութիւն ունեցած է մէկ Աղիովիտ գաւառ, որ հետագային վաճառաշահ Զարիշատ քաղաքի բարձրանալուն հետեւանքով, որ «արքունի քաղաք»ի իրաւունք ստացած էր, կը բաժնուի երկու մասի, որոնցմէ արեւմտեանը կը դառնայ Զարիշատի քաղաքային տարածք։

Վասպուրականը Աղիովիտ անունով գաւառ չէ ունեցած, հետեւաբար անկախ ներքին բաժանմունքէն, Աղիովիտը ամբողջութեամբ կը պատկանի Տուրուբերանին։ Այդ իրողութիւնը յստակ կը դառնայ նաեւ այն իրողութենէն, որ Հայաստանի 591-ի երկրորդ բաժանման ատեն պարսկա-բիւզանդական սահմանագիծը կ'անցնէր ոչ թ իրականութեան մէջ գոյութիւն չունեցող երկու Աղիովիտներու մէջէն, այլ Առեստի անմիջական հարեւանութեամբ, որմով կարծես թէ Վասպուրականի մէկ հատուածը եւս կ'անցնէր Բիւզանդիոնին։ Վերջինս Վասպուրականի մէջ տարածքային ձեռքբերումներ չունէր, պարզապէս Աղիովիտ գաւառը ամբողջութեամբ անցած էր կայսրութեան։

Այսպիսով, Վասպուրականը կազմուած էր հետեւեալ 34 գաւառներէն (նախապէս տարածուած 35 գաւառներուն փոխարէն, հանելով Աղիովիտը Վասպուրականի գաւառներու ցանկէն).

Աղբիւրներ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել