Վարդան Մամիկոնեան

Վարդան Մամիկոնեան (388 - 451), Ե. դարու հայ զօրավար, հայոց զօրքերու սպարապետ,«Քաջ Վարդան», «Կարմիր վարդան», հայ պետական, քաղաքական, ռազմական, դիւանագիտական գործիչ, 450 – 451 թուականներու Սասանեան Պարսկաստանի դէմ Հայ ազատագրական շարժման առաջնորդ։

Վարդան Մամիկոնեան Աւարայրի ճակատամարտ ին հայոց զօրքերու հրամանատարն էր։ Ճակատամարտը տեղի ունեցած է 26 Մայիս , 451-ին, Վասպուրականի Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ։ Հայոց բանակը բաղկացած էր 66.000 զինուորներէ, իսկ պարսիկներու բանակը՝ 90.000- է, որոնք պաշտպանուած էին նաեւ փիղերով։ Պատերազմը վերջ գտած է պարսիկներու յաղթանակով։ Զօրավար Վարդան զոհուած է այդ ճակատամարտի ընթացքին։ Հետագային ան դասուած է սուրբերու շարքին։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Վարդան Մամիկոնեան սպարապետ Համազասպ Մամիկոնեանի եւ կաթողիկոս Սահակ Ա․ Պարթեւի դուստր՝ Սահականուշի, անդրանիկ որդին էր։ Ուսանած էր Վաղարշապատի Սահակ-Մեսրոպեան նորաբաց դպրոցին մէջ։ 420-ին Կոստանդուպոլսոյ Թէոդոսիոս Բ. կայսեր հրամանով, ճանչցուած էր Հայաստանի բիւզանդական մասի զօրավար։

422-ին մեկնած էր Պարսկաստանի մայրաքաղաք՝ Տիզպոն, ուր Սասանեան Վռամ Ե. Գոռ արքան զինք ճանչցած էր իբրեւ՝ Հայոց սպարապետ, իսկ հայ Արշակունիներու թագաւորութեան անկումէն (428) ետք, 432-ին, նշանակուած է Մարզպանական Հայաստանի զօրքերու սպարապետ։

Պարսից Յազկերտ Բ. արքային հրամանով, Հայոց այրուձին 442-ին, Վարդան Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ կռուած էր քուշաններու դէմ։

Վարդանանց պատերազմ Խմբագրել

 
Վարդան Մամիկոնեանի արձանը՝ Երեւան

Պարսկաստանի Յազկերտ Բ․ Սասանեան արքան 449-ին, հրովարտակով մը հայերուն կոչ ուղղած է հրաժարիլ քրիստոնէութենէն եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը (կրակապաշտութիւն)։ Վարդան Մամիկոնեանի մասնակցութեամբ՝ Արտաշատի մէջ գումարուած ժողովը մերժած է Պարսից արքայի կրօնափոխութեան առաջարկը։ Մերժողական պատասխան ուղարկած են նաեւ դրացի վրացիներն ու աղուանները։ Վարդանն ու Հայոց, Վրաց ու Աղուանից իշխանութիւններու ներկայացուցիչները կանչուած են Տիզպոն։ Մահապատիժի սպառնալիքի տակ անոնք՝ առերես, ուրացած են իրենց հաւատքը։

Յազկերտ Բ․, պատանդ պահելով մարզպան Վասակ Սիւնիի որդիներն ու Գուգարքի բդեշխ Աշուշան, հայ նախարարները 700 մոգերու եւ հսկիչ զօրախումբի մը ուղեկցութեամբ ճամբած է Հայաստան՝ յանձնարարելով մէկ տարուան ընթացքին եկեղեցիները վերածել մեհեաններու ու կրակատուներու եւ կառուցել ատրուշաններ։ Հայ նախարարները վերադարձած են հայրենիք՝ անհրաժեշտ դիմադրութիւն կազմակերպելու յոյսով։ Վարդան Մամիկոնեան, վերադառնալով հայրենիք, գլխաւորած է կրօնափոխութեան դէմ ծաւալուած ժողովրդական ընդվզումը։

Ռազմական դաշինք կնքելով Աղուանից եւ Վրաց մարզպանութիւններուն հետ՝ 450-ի սկիզբը ան օգնութիւն խնդրած է Բիւզանդիայէն, սակայն Մարկիանոս կայսրը ոչ միայն մերժած է, այլեւ այդ մասին գաղտնի տեղեկացուցած է Յազկերտ Բ.-ը։ 450-ին, Սպարապետին զօրագունդը Հայաստանէն վտարած է մոգերն ու անոնց աջակցող զօրքերը, Խաղխաղ (այժմ՝ Ղազախ, Ատրպէյճան) քաղաքի մերձակայքը պարտութեան մատնած է պարսիկ Սեբուխտ զօրավարին գլխաւորած պատժիչ զօրքերը, ապա զանոնք քշած է նաեւ Աղուանքի բերդերէն։ Վարդան Մամիկոնեանի զօրախումբը հասած է մինչեւ Ճորա պահակի ամրութիւնները (այժմեան Դերբենդ քաղաքի մօտ) եւ փոխօգնութեան դաշինք կնքած հոներուն հետ։

 
Վարդան Մամիկոնեանի յուշարձանը՝ Կիւմրի

450-ի վերջերուն, Վարդան Մամիկոնեան ընտրուած է Հայոց տանուտէր՝ ի հակակշիռ մարզպան Վասակ Սիւնիի, որ դէմ էր յառաջացած ապստամբութեան։ Վարդան Մամիկոնեան վերականգնած է հայ նախարարներու եւ հոգեւորականութեան ոտնահարուած իրաւունքները, ամրացուցած բերդերը եւ նախապատրաստուած վճռական մարտին։

Ճակատամարտը տեղի ունեցած է 26 Մայիս, 451-ին, Աւարայրի դաշտին վրայ։ հակառակ անոր որ Վարդան Մամիկոնեան զոհուած է, բայց պարսիկները, տեսնելով հայերու յամառ դիմադրութիւնը, հարկադրուած ետ կանչած են իրենց զօրքերը։ Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, Պարսից արքունիքը հրաժարած է բռնի կրօնափոխութեան ծրագիրէն, ճանչցած է Հայաստանի ներքին ինքնավարութիւնը, թեթեւցուցած՝ հարկերը եւ որոշ ժամանակ վարած է հայերը սիրաշահելու քաղաքականութիւն։ Պարսիկներուն զգալի վնաս պատճառած են նաեւ հոները, որոնք Վարդան Մամիկոնեանի հետ կնքած պայմանագիրին համաձայն, ասպատակած են պարսկական նահանգները։

Վարդան Մամիկոնեանի ճառը՝ պատերազմի նախօրեակին Խմբագրել

  Բազմաթիւ պատերազմներու մէջ մտած եմ ես, դուք ալ ինծի հետ: Աւելի յաղթած ենք, եւ քիչ անգամ ալ պարտուած: Այդ բոլորը մարմնաւոր պարծանքներ էին սակայն: Ով որ փախչէր՝ վատանուն կը սեպուէր եւ անողորմաբար կը սպաննուէր: Իսկ ով որ կտրճութեամբ առաջ նետուէր՝ քաջի անուն կը ժառանգէր եւ մեծամեծ պարգեւներ կ'ընդունէր երկրաւոր Թագաւորէն: Մեզմէ իւրաքանչիւրն ալ իր մարմինին վրայ կը կրէ բազմաթիւ վէրքեր ու սպիներ, եւ ցոյց տուած քաջագործութիւններ՝ որոնց համար վարձատրուած ալ է: Այս քաջագործութիւնները ես կը համարեմ անօգուտ, եւ պարծանքները՝ ոչինչ:

Չվախնաք թշնամի բանակին ստուարութենէն, ոչ ալ թիկունք դարձնենք մահկանացուին սուրին: Եթէ Տէրը մեզի շնորհէ յաղթութիւն՝ մենք կը խորտակենք անոր զօրութիւնը, եւ կը բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը: Իսկ եթէ հասած է ժամանակը մեր կեանքի մահուան ն պատերազմի սուրբ մահով՝ ուրախ սիրտով ընդունինք զայն. միայն թէ մեր քաջութեան հետ վատութիւն չխառնենք: Ան, որ կը կարծէր, թէ զգեստի մը նման հագած ենք մենք քրիստոնէութիւնը՝ հիմա ահա անկարող է փոփոխել զայն, ինչպէս գոյնը մարմինէն երբեք ալ պիտի չկարենայ՝ մինչեւ յաւիտեան: Մեր կրօնքին հիմը հաստատուած է անշարժ վէմի վրայ, ոչ այստեղ՝ երկրի վրայ, այլ այնտեղ՝ երկինքին մէջ։ Եկած է ժամանակը, որ մեր արատաւորուած անունը սրբենք: Երկիւղը նշան է թերահաւատութեան: Մենք վաղուց հեռացուցինք մեր մէջէն թերահաւատութիւնը: Անոր հետ երկիւղն ալ պէտք է փախչի մեր միտքերէն ու խորհուրդներէն:

 


Վարդան Մամիկոնեանի կերպարը՝ զանազան արուեստներու մէջ Խմբագրել

Վարդան Մամիկոնեանի կերպարն արտացոլած է գեղարուեստական գրականութեան՝ (Ղեւոնդ Ալիշանի, Դերենիկ Դեմիրճեան)ի, քանդակագործութեան (Երուանդ Քոչար)ի, գեղանկարչութեան (Էդուարդ Իսաբեկեանի, Գրիգոր Խանճեանի, Վահան Խորէնեան)ի մէջ եւ թատերարուեստին մէջ։ Վարդանանց նուիրուած է կաթողիկոսներ՝ Պետրոս Ա․ Գետադարձի «Արիացեալք» եւ Ներսէս Դ․ Կլայեցիի (Ներսէս Շնորհալի) «Նորահրաշ» շարականները։

Վաղ միջնադարէն Վարդան Մամիկոնեանին եւ Վարդանանց նուիրուած եկեղեցիներ ու վանքեր կառուցուած են Հայաստանի տարբեր նահանգներու մէջ, հայկական գաղթավայրերու, հետագային՝ նաեւ Սփիւռքի տարածքին։

Վարդանանց Ուխտավայր Խմբագրել

Վարդանանց մասունքներու շարքին կարեւոր ուխտավայր մը կը համարուի Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ գտնուող Վարդան Մամիկոնեանի տնկած կաղնին (ծառը ապրած է 1500 տարի), որու քովէն անցնելով, ըստ աւանդութեան, պատերազմի դաշտ յառաջացած են հայ զինուորները: Այսօր այդ աւանդութիւնը կը շարունակուի հայոց բանակի զինուորներուն պարագային. ամէն տարի, զօրակոչէն առաջ, շրջանի բնակիչները կը հաւաքուին եւ հոնկէ բանակ կը ճամբեն իրենց որդիները: Ժողովրդական այդ արարողութիւնը կը կոչուի «Վարդանանց կանչ», որու վերջին տարիներուն կը մասնակցին նաեւ հոգեւորականներ` ճիշդ կաղնիին քով օրհնելով զօրակոչիկները: Քանի որ կաղնին տապալած է եւ պահպանուած է միայն հաստաբուն, բայց չորցած կմախքը, կաղնիին մօտակայքը վերջին տարիներուն կառուցուած է եկեղեցի մը, որ իւրայատուկ խորհուրդ մը կը հաղորդէ «Վարդանանց կանչ» աւանդոյթին: Կաղնին կը համարուի Ակնաղբիւր գիւղի խորհրդանիշը:

Ժամանակակիցները եւ Վարդան Մամիկոնեանը Խմբագրել

 

Ե. դարուն հայ պատմիչ՝ Եղիշէն գրած էր «Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին» գործը։ Անկէ հիմք առած, Հայրենական Մեծ պատերազմի տարիներուն, Դերենիկ Դէմիրճեան գրած է «Վարդանանք» պատմավէպը՝ հայ զինուորներու ոգին բարձրացնելու համար։

ՀՀ-ը սահմանած է «Վարդան Մամիկոնեան» շքանշանը, որմով կը պարգեւատրուին, հայրենիքի հանդէպ պարտքը կատարելու ընթացքին, ցուցաբերած բացառիկ խիզախութեան եւ բանակաշինութեան մատուցած ակնառու ծառայութիւններու համար։

Աւարայրի ճակատամարտին զոհուած մարտիկները դասուած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօնելի սրբերուն շարքին եւ կոչուած՝ «Սրբոց Վարդանանք»։

Հայոց սպարապետ՝ Վարդան Մամիկոնեան Սասանեան Պարսկաստանի դէմ 450–451 թուականներուն «յանուն հաւատքի եւ հայրենեաց» ազատագրական պատերազմի (Վարդանանց պատերազմ) առաջնորդն է։ Մեծարուած է՝ «Քաջ Վարդան» պատուանունով։

2002-ին, կը սկսի եւ 2014-ին իր աւարտին կը հասնի, հոլիուտեան այն նախագիծը, որ կը պատմէ այս պատերազմին մասին։ Հեղինակը հայազգի ՌոՃըր Գուբէլեանն է։ Ֆիլմը կը կոչուի «Բիւզանդիայի արեւելք, պատերազմ, աստուածներ ու սուրբ նահատակներ» («East of Byzantium։ War Gods and Warrior Saints», (անգլերէն))։ Այստեղ կը նկարագրուին Դ. եւ Ե. դարերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները՝ սկսած քրիստոնէութեան ընդունումէն։ Ֆիլմին հիմնական թեման Վարդանանց պատերազմն է։

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

Կաղապար:Wikiquote