Վարդան Տօնիկեան (բուն անունով՝ Մինաս Տօնիկեան, 1864, Սեբաստիա - 8 Յունիս 1959(1959-06-08), Պէյրութ, Լիբանան), ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ, հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի։

Վարդան Շահպազ
Ծնած է 1864
Ծննդավայր Սեբաստիա
Մահացած է 8 Յունիս 1959(1959-06-08)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Մասնագիտութիւն ֆետայի
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Տօնիկեան ծնած է 1864-ին, Սեբաստիոյ Տիւրիկ գաւառի Օտուր գիւղը: 25 տարեկանին անցած է Պոլիս, 1890-ական թուականներուն միացած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Այնուհետեւ ճանչցուած է իր յեղափոխական անունով՝ Վարդան Շահպազ: Չորս հայրենակիցներով մասնակցած է Պանք Օթոմանի գրաւման՝ Բաբգէն Սիւնիի, Արմէն Գարոյի եւ Հրաչ Թիրեաքեանի կողքին, որոնց հետ անցած է Մարսէյլ, Պուէնոս Այրէս, ետքը Լոնտոն եւ Պուլկարիա: Վերադարձած է Պարսկաստան եւ 1897-ին մասնակցած՝ Խանասորայ արշաւանքին: Ապա գործուղուած է Վասպուրական` շրջան մը կատարելով կուսակցութեան ներկայացուցիչի դերը:

1904-ին, իբրեւ պատգամաւոր, մասնակցած է ՀՅԴ երրորդ Ընդհանուր ժողովին[1]:

Շրջան մը, Վասպուրականին զէնք ապահովելու համար Վարդան Շահպազ մեկնած է Կովկաս, ուր ճաշակած է ցարական բռնակալութեան բոլոր արհաւիրքները: Իբրեւ դաշնակցական գործիչ, ան աքսորուած է Սիպերիա:

1909-ին Ատանայի ջարդէն ետք լուծուած է ժողովուրդի զինելու եւ զայն ինքնապաշտպանութեան պատրաստելու գործին: 1917-ին մասնակցած էՂարաքիլիսէի կռիւներուն:

1918-ին մասնակցած է Նուրի փաշայի դէմ եղած կռիւներուն: Ան եղած է զօրավար Անդրանիկի խումբերու մատակարար: 1927-ին անցած է Սուրիա` զբաղելու քրտական շարժումներով: Ապա հաստատուած է Քեսապ, հոնկէ՝ Պէյրութ:

1946-ին ներգաղթի աւետիսը փոթորկած է զայն, որովհետեւ ուզած է իր վերջին օրերը անցընել մայր հայրենիքին մէջ։ Սակայն երբ լսած է, որ Հայաստան երթալու պայմանը Դաշնակցութենէն հրաժարիլն է, մերժած է, որովհետեւ այդ քայլը ինքնին մահ կը նշանակէր: Մեծ յուսախաբութիւն ապրելով կեանքը շարունակած է ճգնաւորի մը նման: Մահացած է 8 Յունիս 1959-ին եւ թաղուած՝ Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։