Վարդան Քէշիշեան

Վարդան Քէշիշեան Խաչերի (1883, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 20 Յունուար 1920(1920-01-20), Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ դեղագործ։

Վարդան Քէշիշեան
Ծնած է 1883
Ծննդավայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 20 Յունուար 1920(1920-01-20)
Մահուան վայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրթութիւն Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարան
Մասնագիտութիւն դեղագործ
Ծնողներ հայր՝ Խաչեր Քէշիշեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1883 թուականին Օսմանեան կայսրութեան Հալէպի նահանգի, Մարաշի գաւառի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ։ Դեղագործ-բժիշկ Խաչեր Քէշիշեանի աւագ որդին է։ Ուսանած է ամերիկացի մի­սի­ո­ներնե­րու Մարաշի «Ակա­դե­մի» բարձրագոյն վարժարանին մէջ, այնուհետեւ՝ ամերիկացի միսիոներներու Տարսոնի Սէյնթ Փօլ գոլէճին մէջ, որ թերաւարտ հեռացած է։ 1906 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարան]]ի դեղագործական բաժինը եւ դեղագործի վկայական ստացած։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ուղարկուած՝ Զեյթուն, որպէս զինուորական դեղագործ ծառայելու։ Զէյթունի մէջ 8 ամիս ծառայելէ ետք տարագրուած է Քոնիա, ուրկէ ալ ընտանիքով՝ Մեսքենէ։ Այստեղէն փախած է Հալէպ, ուր կրկին մտած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական դեղագործ ծառայած՝ Նապլուսի (Պաղեստին) ռազմաճակատի վրայ։ 1918 թուականի զինադադարէն ետք վերադարձած է Մարաշ։ 1920 թուականի Յուն­ուա­ր 26-ին՝ Մարաշի հայերու կոտորածի ժամանակ, թուրքերը զինք սրախողխողի ենթարկած են՝ 37 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934։
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988։
  • «Գե­ղարդ» սուրիահայ տարեգիրք, Ե. գիրք, Հա­լէպ, 1996։

Աղբիւր Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։